ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ ՀԵՌԱՑՄԱՆ ԱՄԻՍԸ
Հոկտեմբեր ամսուն կը համընկնին Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան (նոր տոմարով 8 հոկտեմբերին) եւ մահուան օրերը: Կոմիտաս մահացաւ 22 հոկտեմբեր (որոշ տուեալներով՝ 20 հոկտեմբեր) 1935 թուականին՝ Փարիզի Վիլժուիֆ հոգեբուժարանին մէջ, ուր փոխադրուած էր 1922 թուականին, որմէ առաջ խնամուած էր նախ Պոլսոյ, ապա՝ Ֆրանսայի ուրիշ հաստատութիւններու մէջ: Ֆրանսայի խնամքի երկու հաստատութիւններուն՝ Վիլ-Էվրարի եւ Վիլժուիֆի մէջ, վարդապետին այցելելու ազատ արտօնութիւն տրուած էր, բացառութեամբ երկու շրջաններու՝ 1921 թուականին եւ 1931 թուականին, երբ այդ այցելութիւնները սահմանափակուեցան վարդապետի Խնամատար յանձնախումբին դիմումով՝ առաջքը առնելու համար որոշ հայրենակիցներու պարզ հետաքրքրութեամբ ուղեկցող այցելութիւններուն, որոնցմէ ետք մամուլին մէջ անտեղի տպաւորութիւններ լոյս կը տեսնէին:
Բայց շատ էին սրտցաւ այցելուներուն թիւը, որոնք հիմնականօրէն Կոմիտասի բարեկամներն ու աշակերտներն էին, ինչպէս նաեւ՝ բժիշկներ, որ կը փորձէին իրենց օգնութիւնը ձեւով մը տրամադրել վարդապետին:
Այցելուներուն մէջ եղած են Մեծ պատերազմի Կամաւոր հայերու ռազմիկ եւ հայկական եկեղեցւոյ ժամկոչ Արամ Արամեանցը, երգահան եւ երաժշտապետ Նշան Սերգոյեանը, Փրոֆ. Աղաճանեանը, նկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանը, երգչուհի Հայկանոյշ Թորոսեանը եւ քոյրերը, բանաստեղծ Աստուր Նաւարեանը, երաժշտագէտ Մարգարիտ Պապայեանը, բժիշկ Արթինեանը, ուրիշներ:
1933 թուականի մարտին, երաժիշտ եւ երգահան Գուրգէն Ալէմշահ, հինգ ուրիշ անձերու հետ կ՚այցելէ վարդապետին. այդ անձերուն մէջ էր նաեւ երգիչ Արմենակ Շահմուրատեանը: Գուրգէն Ալէմշահ հոգեբուժարան այցելած է նաեւ վարդապետին մահէն ետք՝ Մխիթարեան հայրերու ընտրած պատուիրակութեան հետ եւ այդ այցին ընթացքին է, որ պատուիրակութիւնը արտօնութիւն ձեռք ձգած է հանելու վարդապետին մահադիմակը: Նկարիչ Արիէլ Աճեմեան հանած է Կոմիտասին մահադիմակը, իսկ Ալէմշահ լուսանկարած է մահացած Կոմիտասը:
Հոգեբուժարանին մէջ, Կոմիտասը խնամուելու տարիներուն, շատեր արտօնութիւններ ձեռք կը ձգէին՝ այն ժամանակուան համար բաւական ազատ պայմաններով: Փարիզի «Յառաջ» թերթի խմբագիր Շաւարշ Միսաքեան, ըստ ուսումնասիրողներուն, Կոմիտաս Վարդապետին վերջին այցելողներէն եղած է Վիլժուիֆի մէջ: Այցէն ետք Շաւարշ Միսաքեան խմբագրական մը գրած է այդ մասին, ապա Կոմիտասի մահէն ետք գրած է ստորեւ ներկայացուող միւս խմբագրականը: Իսկ երրորդն ալ գրած է թաղումին օրը՝ 27 հոկտեմբերին, «Յառաջ»ի այն թիւին մէջ, որ ամբողջութեամբ նուիրուած էր Կոմիտասին: Վերջին գրութիւնը Միսաքեան գրած է աւելի կանուխ՝ 1931 թուականին, Կոմիտասի ծննդեան 60-ամեակի հանդէսին առթիւ, Կոմիտասին նուիրուած թերթին մէջ: Կոմիտաս այդ ժամանակ ողջ էր եւ անհաղորդ՝ աշխարհին:
ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ ՄԵՌԱՒ, ԿԵՑՑԷ ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ
Ճիշդ երկու ամիս առաջ էր, - 25 օգոստոս։ Պատահաբար որոշուած ժամադրութիւն մը, - Եւ ահաւասիկ Վիլժուիֆ յիմարանոցին առջեւ, վարդապետին սենեակը։ Դուռը բաց են ձգած…
Գիտէինք որ ուրիշ անգամ ալ ունեցած է պայծառատեսութեան պահեր, բայց այդ օրուան երեւոյթը շատ խոր տպաւորութիւն գործեց։
Անկողնին մէջ երկնցած, մէկ թեւը գլուխին տակ, տմոյն ժպիտ մը աչքերուն մէջ, կը պատասխանէր հարցերուն։
Իրականին մէջ, ինքն էր որ բացաւ խօսակցութիւնը, դիմացը տեսնելով երեք օրիորդներ եւ երկու պարոններ։
Իմացեր էինք թէ վէրք մը բացուած է սրունքին վրայ, իբրեւ հետեւանք ներքին քայքայման։
-Վարդապետ, պարտէզ չէ՞ք ելլեր պտըտելու։
-Չեմ կրնար, որովհետեւ ոտքս վիրաւորուած է, բորբոքում եղաւ, բժիշկ եկաւ, նայեցաւ, մէկ ալ տեսայ քլինիք տարին, վրաս բան մը ձգեցին, բան մը չհասկցայ- մէկ մատ խորութիւնով ոտքս կտրեցին. հիմա չեմ կրնար շարժիլ։
-Հոգ մի ընէք, շուտով կ՚աղէկնայ։
-Ոչ, քանի մը ամիս այսպէս կ՚երթայ, յետոյ քանի մը տարի կը տեւէ… վերջապէս ասոնք ընտանեկան բաներ են…
Դժուար էր հաւատալ թէ նոյն բարեհամբոյր անդորրութիւնը պիտի շարունակուէր մինչեւ վերջը։ Աչքերը մոլորուն, երկու լուսաւոր խօսքի հետ՝ շատ մը անկապ թոթովանքներ, յանկարծ պղտոր նայուածք մը՝ մէկ դէմքէն միւսը եւ պատէ պատ, - այս բոլորը բաւական էին կարճ կապելու։
Ո՛վ որ առիթ ունեցած էր այցելութեան երթալու այդ օրէն ասդին, կ՚արտայայտուէր աւելի սեւ տրամադրութիւններով։
Հետզհետէ աւելի ուժաթափ, այլեւս անկարող՝ տոկալու տարիներու գալարման եւ կազմալուծման, վերջին օրերը կը մերժէր սնունդ առնել։ Գիտութիւնը շատոնց դատապարտած էր երբեմնի կաղնին, իսկ վերջին շաբթուն հրաշք մը միայն կրնար որեւէ յոյս ներշնչել։
Այնպէս որ, շաբաթ կէսօրին, երբ հեռախօսով խմբագրութեան կը հաղորդէին վիճակին ծանրացումը, բոլորս ալ նախապատրաստուած էինք անխուսափելի վախճանին։
Քստմնելի էր լուրը, - «Վէրք մը բացուած է կռնակին վրայ»։
Այդ չարագուշակ ազդանշանէն մինչեւ մահաքուն՝ ժամերու խնդիր էր այլեւս։
***
Ահա այսպէս յաւիտենական լռութեան անդունդը կը գլորի նաեւ Կոմիտասը, - այն որ մոգական գաղտնիքն ունէր ամբողջ բազմութիւններ խռովելու, ալեկոծելու, խանդավառելու կամ լացնելու։
Ճիշդ է, ան այլեւս յիշատակ մըն էր 1916-էն, այլ մանաւանդ 1919-էն ի վեր, երբ արգելափակուեցաւ Վիլժուիֆի յիմարանոցին մէջ։ Բայց մարդիկ ե՞րբ յուսակտուր քաշուած են նոյնիսկ ամենէն անյուսալի պահուն։
Կոմիտասը, այդ վիճակին մէջ, շատ կը նմանէր տաւիղի մը վերջին լարին, որ ահա պիտի փրթի։ Եւ մարդն ու գիտութիւնը անկարելին կը փորձէին, որպէսզի չփրթի։
Եւ լարը դիմացաւ ամգնէն յուսահատական պարագաներուն մէջ, միշտ իբրեւ յիշատակ։
Այդ իրողութիւնն իսկ աղբիւր մըն էր համատարած խանդավառութեան, գաղութէ գաղութ եւ մինչեւ Երեւան։
Չեղաւ եւ չի կրնար ըլլալ որեւէ հայկական համրանք, նոյնիսկ շղթայակապ, կամ աշխարհի ամենէն հեռաւոր ցամաքին վրայ նետուած, որ չյիշէ Վարդապետը եւ չպարծի անով։
1931-ին, երբ իր ծննդեան 60-ամեակը տօնուեցաւ, Հայաստանն ու գաղութները մրցումի ելեր էին իրարու հետ, պանծացնելու համար Վարպետն ու արուեստը։
Նոյնիսկ Պոլիսը չկրցաւ անտարբեր մնալ, - եւ թուրքերը այսօր ձեռնարկեր են իրենց աղճատ լեզուին վերածելու անոր դաշնաւորած երգերը, անշուշտ յառաջիկային ձայնարձակին յանձնելու եւ տարածելու համար իբրեւ թրքական ստեղծագործութիւն…
***
Վարպետը մեռաւ, կեցցէ՜ Վարպետը։ Կոմիտասը կորսնցուցինք, բայց ամէն սրտի մէջ իր երգն է որ կը սարսռայ, ամէն շրթունքի վրայ իր եղանակներն են որ կը թրթռան։
Դժուա՜ր է երեւակայել աւելի մեծ, աւելի խոր ու անմահական փառապսակ ե՛ւ իրեն ե՛ւ իր ժողովուրդին համար, քան այս յաղթանակը։
Եւ միայն հայկական չէ յաղթանակը։
Ներդաշնակելով խոնարհ ժողովուրդի մը հոգին եւ արուեստի բծախնդիր պահանջները, խանդակաթ նախանձախնդրութեամբ հաւաքելով եւ գեղարուեստական թարգմանութեան մը վերածելով երգեր ու եղանակներ, յաճախ յօրինելով եւ ստեղծագործելով, Վարդապետը հայ ժողովուրդի հանճարին առջեւ խոնարհեցուց նաեւ օտարը, ազգ թէ արուեստագէտ։
Միջազգային արժէք մըն է որ կ՚անհետանայ, իր ետին ձգելով թանկագին գանձ մը, - աշխատաւոր, ստեղծագործ ժողովուրդի մը հոգին, մերթ արեւ, մերթ խռովք, վիշտ կամ ցնծութիւն, բայց միշտ կենդանի ու հարազատ։
Բանակի մը յաղթանակն իսկ այսքան ծաւալ գտած պիտի չլլար, պահելով բոլոր համեմատութիւնները։
Երգդ մեզի օգնական, «ձայնե՜ղ» Վարդապետ…
23 հոկտեմբեր 1935
«ՍԻՐՏՍ ՆՄԱՆ Է ԷՆ ՓԼԱԾ ՏՆԵՐ»
…Վարդապետին բոլոր արժանիքներուն մէջ-տաղանդ, արուեստ, գիտութիւն, կամք եւ խանդավառութիւն-տիրական պիտի մնայ ոգին, այնքան վճիտ, խորունկ եւ ծաւալուն։
Ի՞նչ պիտի ըլլար արմատախիլ բազմութեանց հոգեկան պատկերը այսօր, եթէ Վարդապետը դուրս ելած չըլլար Էջմիածինէն կամ Կովկասէն։ Եթէ հանդիպած չըլլար Պոլիս, Բիւթանիա, Փոքր-Ասիա, Եգիպտոս եւ այլուր։
Վարդապետին առաքելութեան չէ՞ք պարտիր ինչ որ կը թրթռայ ձեր ականջին, կը սարսռայ ձեր շրթունքներուն վրայ մինչեւ այսօր։ Ծովերէ ծով եւ ցամաքէ ցամաք։
Ի՞նչ ունէինք երբեմնի սուլթանախնամ ոստանին մէջ, Կոմիտասի գալուստէն առաջ։
Եւ, բոլոր երգերուն ինչպէս երգիչներուն կամ երգչախումբերուն մէջ, ո՞րն էր այն բացառիկը, որ ամենէն աւելի ոգի, խռովք, ուժ արեւ եւ արցունք ցանեց սիրտերու մէջ, ծաւալեցաւ ու տեւեց. - Կը տեւէ՜ մինչեւ այսօր։
Երգեր շա՜տ էինք լսեր, մինչեւ Կոմիտասի գալուստը։ Ու կը լսենք մինչեւ այսօր։
Եւ սակայն, ո՞ր կանչը, նոյնիսկ մրմունջը այնքան ուժգնօրէն ճեղքեց խաւարը, անզգալաբար լեցնելով անջրպետը, փարթամ այլ սնամէջ քաղաքները խոնարհեցնելով գիւղին առջեւ։
Վարդապետը յաղթեց, վարդապետը գերազանցեց, որովհետեւ իրեն հետ ունէր լեռն ու դաշտը, հովն ու արօրը, սէրն ու աշխատանքը, ժպիտն ու արեւը, վտակն ու .Կռունկեը, խոյանք ու սարսուռ ամբողջ ժողովուրդ մը իր հարազատ յոյզերով, փոթորիկներով, ուրախութեամբ եւ տրտմութեամբ։
Սիրտս նման է էն փլած տներ,
Կոտրեր է գերաններ, խախտեր է սներ…
Նոր Կոմիտասի մը կարօտն ունինք մենք այսօր, սնուցանելու համար մեր սիրտը, որ ահա կը փլի, շատերու համար փլա՜ծ է արդէն «նման էն տներ»- հեռո՜ւ գիւղէն ու դաշտէն, աղօտ յիշատակի մը վերածելով հայրենի լեռն ու գետն ու գերանդին։
Կարօ՜տն ունինք խանդակաթ սրտի մը եւ հզօր արուեստի մը, որ կրկին ու կրկին պեղելով անսպառ ակունքը ժողովրդական երգին, քիչ մը շող, պուտ մը աւիշ հեղուկ մեր հոգիներուն մէջ։
Ո՛չ մէկ ժողովուրդ այնքան խմորուած, նոյնացած է իր երգերուն հետ, որքան այս հալածական բազմութիւնը։
Եւ ոչ մէկ ժողովրդական երգ այնքան հրաշագործ ազդակ մը եղած է ինքնապաշտպանութեան համար, որքան հայկականը։
Կոմիտաս խորապէս ըմբռնեց այդ խորհուրդը, - եւ ատով իսկ յեղափոխութիւն մը կատարած եղաւ, տիրական եւ ինքնուրոյն։
Մենք այդ յեղափոխութեան շարունակութիւնն է որ կը սպասենք տարագիր երիտասարդութենէն, - իր սաներէն, բոլոր երգչախումբերէն ու երգիչներէն։
Եթէ Անդրանիկի գործը կէս մնաց բռնօրէն, նոյն չքմեղանքը չունինք Վարդապետին ժառանգութեան համար։
Որեւէ զանցառութիւն՝ պիտի նշանակէր երկրորդ անգամ թաղել Վարդապետը։
27 հոկտեմբեր 1935
ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ
Անակնկալ պատեհութիւն մը կիրակի օր զիս տարաւ Վիլժուիֆ, այն չարաշուք հաստատութիւնը ուր տարիներէ ի վեր կը ծիւրի Մեծ Վարպետը, Կոմիտաս։
Քսան տարիէ ի վեր չէի տեսած։ Այնպէս որ, անպատում դող մը համակեց զիս, երբ վեր կ՚ելլէի յիմարանոցին սանդուղներէն։
…Ահաւասիկ դէմ դիմաց, կոկիկ սենեակի մը մէջ։ Վարդապետը ընկողմանած է, մէկ ձեռքը գլուխին։
Մի պահանջէք, որ նկարագրեմ իր դէմքը, - այնքան այլափոխուած։
Թեթեւ ժպիտ մը կը շողայ աչքերուն խորը։ Եւ ինքն է, որ խօսիլ կը սկսի, դիմացը տեսնելով քանի մը այցելուներ։ Կը ճանչնա՞յ։ Չեմ գիտեր։ Խօսքերը կը հոսին մէկ ուղղութեամբ։ Երբեմն կը փորձէ նայիլ ուրիշ դէմքի մը, բայց նորէն կ՚ամփոփուի.
-Վերջապէս դուք ալ Փարիզ ինկաք… ահաւոր վիճակ է… հայրենիքէն հեռու, թափառական եղանք։
Օրիորդ մը կ՚ընդմիջէ.
-Չկրցանք թուրքին հետ ըլլալ։
-«Դուք ձեզի երթայիք երեք-երեք…» (Ճիշդ այս բառերով)։
Յետոյ, տարօրինակ պայծառատեսութեամբ մը.
-ՄԵՆՔ ՇԱՏ ՊԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԻՆՔ. ԽԵԼՕՔ ԱԶԳ ԵՆՔ, ՊԷՏՔ Է ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՄԲ ԱՇԽԱՏԻՆՔ։ Ինչե՜ր տեսայ, ինչե՜ր տեսայ հոս գալէս վերջը…
-Պարտէզ չէ՞ք ելլեր պտըտելու։
-Չեմ կրնար, որովհետեւ ոտքս վիրաւորուած է։ Բորբոքում եղաւ, բժիշկ եկաւ, նայեցաւ, մէկ ալ տեսայ քլինիք տարին, վրաս բան մը ձգեցին, բան մը չհասկցայ, մէկ մատ խորութիւնով ոտքս կտրեցին։ Հիմա չեմ կրնար շարժիլ։
-Հոգ մի՛ ընէք, շուտով կ՚աղէկնայ։
-Ոչ, քանի մը ամիս այսպէս կ՚երթայ, յետոյ քանի մը տարի կը տեւէ։ Վերջապէս ասոնք ընտանեկան բաներ են։
-Շատ կը ցաւի՞։
-Ո՛չ, առաջուան պէս չի ցաւիր, բայց եւ այնպէս կը մզմզայ։
Քարացած կը դիտէի, առանց որեւէ բառ արտասանելու. ընդհակառակն միշտ խնդրելով կարճ կապել։
Քանի մը անգամ աչքերն ինծի ուղղեց, մոլորուն։ Յետոյ, երբ հրաժեշտ կ՚առնէինք, մէկը փափկութեամբ հարցուց թէ կը ճանչնա՞յ։ «Ինչպէ՞ս չեմ ճանչնար» մը հազիւ լսած, չդիմացայ եւ դուրս ելայ։ Նայուածքը պղտորի՜լ սկսած էր։
Օրիորդ մը, որ ամենէն վերջը դուրս ելած էր սենեակէն, պատմեց թէ արցունք մը կը կայծկլտար աչքերուն խորը…
Մի՛ երթաք, մի՛ երթաք, բարի մարդիկ։
27 օգոստոս, 1935
ԵՐԳԴ ՔԵԶ ՕԳՆԱԿԱՆ
Վարդապետին տօնն է այսօր- թէեւ ուշ մնացած- եւ պարտք սեպեցինք թիւ մը նուիրել։
Թիւ մը՝ բաբախուն կարօտի եւ փառքի արտայայտութիւններով։ Գեղարուեստական դատումներով եւ քաղցր յուշերով։ Այլ մանաւանդ ինքնաճանաչման վկայութիւններով։
Արդարեւ, Կոմիտաս Վարդապետի 60-ամեակը առիթ մը եղաւ հայկական ստեղծագործութեան փառքը երգելու։ Փառաբանելու մեր երգը։ Ինչ որ կը նշանակէ, դարձեալ, պանծացումը այս հալածական ժողովուրդին։
***
Երգ ու վէրք՝ մեր ամբողջ կեանքը։ Դարերու ընթացքին եւ մինչեւ այսօր։
Երգեր՝ ցնծութեան եւ տրտմութեան։ Ծիծաղի եւ վշտի։ Ռազմի եւ կարօտի։ Ազատութեան եւ աշխատանքի։
Ու վէրքեր՝ անսկիզբ եւ անվախճան։ Խոր եւ անչափելի։ Յարաճուն եւ մշտանորոգ։
Բայց երգերն եղան աստուածաշնչական սպեղանին մեր անասելի վէրքերուն։
Ե՛րգը փրկեց մեր ոգին, միեւնոյն ատեն պրկելով մեր ջիղերը։ Երգը՝ սարի կատարէն, գետափէն, դաշտին մէջ, ճամբուն վրայ։ Երգը՝ վճիտ եւ հոսուն, ինչպէս աղբիւրներն ու առուները մեր աշխարհին։ Երգը՝ ծաւալուն եւ գունագեղ, ինչպէս ծաղիկներն ու հորիզոնը Բիւրակնի։
Եւ ո՞վ պիտի կրնար պնդել թէ, գոնէ ոգիով, միօրինակ են կամ յետա-մընաց մեր երգերը։ Լալկան ու մեղկ։ Մաշած։ Դատապարտուած՝ կորսուելու ժամանակի ընթացքին։
Կրնայի՞ք ճշդել թուականը «Կռունկ»ին։ Ո՛րեւէ ժամանակի հետ կապել, անցեալ եւ անդարձ շրջանի մը հետ փակել զայն։ Նոյն իսկ անոր մէկ նախադասութիւնը.
Ո՛չ զլուր օրն գիտեմ, ո՛չ զկիրակին,
Զարկած է զիս շամփուրն՝ բռնած կրակին։
Լալկա՞ն։ Անո՞ր համար որ երգեցին, երէկ, մեր հողին վրայ, կ՚երգեն, այսօր, խորթ, անհաղորդ ոստաններու մէջ.
Վարդավառը գալիս ա,
. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .
Ձէնդ ծլւլալիս ա…
Եւ տակաւին «Շողեր»ը, «Հով արէք»ը, «Քելէր, ցոլէր»ը։ Յետոյ գութաներգն արու, տարբեր ուղղութեամբ։
***
Երգդ քեզ օգնական, արի ժողովուրդ։
Ինչ որ ունիս իբրեւ երգ, ամէն բանէ առաջ քու պատկերդ է։ Կեանքդ ու բաղձանքդ։ Քեզմէ բխած՝ քեզ կը յատկանշէ։
28 յունիս 1931
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ