Ս. ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏ (347-407)

Հինգշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2020-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին համաձայն յիշատակութեան օրն է Ընդհանրական Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն՝ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետին: Առ այդ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Մեծանուն Հայրապետին կենսագրութիւնը ամփոփ գիծերու մէջ եւ անոր գրական ժառանգութենէն փունջ մը:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ.

Ընդհանրական Եկեղեցւոյ սուրբերէն մին, որ ընդգրկուած է Երկոտասան Սուրբ Վարդապետք խումբին մէջ: Ծնած է 347-ին, Անտիոք: Ուսանած է ծննդավայրին աստուածաբանական դպրոցէն ներս: Ճգնողական կեանքով ապրած է: 386-ին քահանայ օծուած է: Իր պերճախօս եւ սքանչելի քարոզներուն շնորհիւ արժանացած է «Ոսկեբերան» տիտղոսին: Հակառակ իր կամքին, եղած է Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարք (398-404): Բուռն կերպով քննադատած է արքունական զեխութիւնները, ինչի պատճառով ալ 404-ին աքսորուած է, սակայն ժողովուրդին պնդումով կրկին անգամ վերադարձած է իր Աթոռին ու շարունակած է յանդիմանել արքունական զեխութիւնները: Որոշ ժամանակ ետք կրկին աքսորուած է Պոնտոս, ուր եւ վախճանած է 407-ին: Հսկայ հոգեւոր ժառանգութիւն ձգած է, յատկապէս մեկնողական, դաւանաբանական, ջատագովական, ներբողներ, քարոզներ, եւ այլն: Իր աշխատութիւններուն մէջ խիստ կերպով պայքարած է արիոսականութեան, մանիքէութեան եւ Պօղոս Սամոստացիի մոլորութիւններուն դէմ: Բազմաթիւ մեկնաբանական աշխատանքներու կողքին, ան մեկնած է նաեւ Եսայիի մարգարէութիւնը, Յոբի գիրքը, Առակացի գիրքը, չորս աւետարանները, որոնցմէ մեզի միայն հատուածներ հասած են յատկապէս Մատթէոսի եւ Յովհաննէսի աւետարաններէն:

Փունջ մը մտածումներ Ոսկեբերան Հայրապետէն.

Աստուած.

- Բազումողորմ է Աստուած, այնքան ողորմած, որ նոյնիսկ Իր Միածինին չխնայեց, որպէսզի քաւէ անշնորհակալ ծառաներուն մեղքերը։

- Սատանան կը դրդէ մեզ, բոլորին հետ թշնամանալ. Աստուած կը հրամայէ մեզի բոլորը բարեկամ համարել ու սիրել։

- Տէր Աստուած ամէն տեղ է, հետեւաբար Ան մեր իւրաքանչիւր հոգոցը կը լսէ, արցունքի ամէն մէկ կաթիլը որ կը թափենք՝ կը տեսնէ։ Մեր Աստուածը ամենակարող է, եւ հետեւաբար Ան մեզ ոեւէ մէկ թշնամիէ կրնայ ազատել ու մահուան երախէն ետ խլել։ Մեր Աստուածը բարի է, եւ հետեւաբար Ան կ՚ուզէ որ մենք Իր պարգեւած բարեկեցիկ կեանքը վայելենք։ Այդ բոլորով հանդերձ, եթէ մեզի որեւէ մէկ դժբախտութիւն կու տայ, ապա կը նշանակէ, որ Աստուած անհրաժեշտ եւ օգտակար կը համարէ այդ (դժբախտութիւնը) մեզի համար:

Աստուածաշունչ.

- Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է Ս. Գիրքին դիմէ, որովհետեւ ներկայ այս ժամանակներուն հերետիկոսութիւնը ապականեր է եկեղեցիները, եւ միայն աստուածային մատեաններն են, որոնք կրնան ապաստան ըլլալ անոնց՝ որոնք կը փափաքին ճշմարիտ հաւատքը ունենալ։ Անցեալին այլեւայլ կերպերով կ՚որոշուէր՝ թէ ո՛րն է ճշմարիտ եկեղեցին, իսկ հիմա՝ երբ [Սուրբ] Գիրքերը կանոնագրուած են, չկա՛յ ուրիշ ճամբայ, եթէ ոչ՝ նոյնինքն Սուրբ Գիրքը ձեռք առնել եւ անով ստուգել ջանալ։ …Ի՛նչ որ ալ ըլլայ՝ Սուրբ Գիրքին հարցուցէք, ինչ որ պէտք է փրկութեան համար՝ ամբողջապէս կայ Սուրբ Գիրքին մէջ:

Աղօթք.

- Ո՛չ մէկ բան աղօթքին կը հասնի: Աղօթքը անկարելին՝ կարելի, դժուարը՝ դիւրին եւ ծուռումուռ ճանապարհները շիտակ կը դարձնէ:

- Աղօթքը մսեղէն սիրտերը հոգեւորի կը փոխէ, գաղջ սիրտերը՝ ջերմեռանդ կ՚ընէ, եւ մարդկային սիրտերը՝ երկնային սիրտերու կը վերածէ:

- Աղօթքի ընթացքին բազմաթիւ խօսքերու հիւսուածքներ պէտք չեն. մաքսաւորը մէկ անգամ բարբառեց եւ անոր աղօթքը ընդունելի եղաւ եւ իր մեղքերուն բազմաքանքար բեռները թեթեւցուց:

- Ինչպէս որ ծառերը չեն կրնար պտղաբերել, եթէ իրենց արմատներէն չսնուին, այդպէս ալ մենք, չենք կրնար զօրանալ ու բարձր գինով պտուղ տալ, եթէ աղօթքով չսնուինք։ Այդ պատճառով, արեւուն ծագելուն հետ պէտք է արթննանք եւ կանուխէն սկսինք աղօթել Աստուծոյ։ Եւ միշտ Աստուծոյ աղօթենք:

- Աղօթքը կը տարբերէ քեզ անբան անասուններէն եւ քեզ հրեշտակներուն կը միացնէ։ Մարդը շատ շուտ կրնայ հրեշտակներու ճամբան բռնել եւ անոնց վարքը, պատիւը, ազնուութիւնը, իմաստութիւնն ու հասկացողութիւնը ընդօրինակել, եթէ իր կեանքը աղօթքով եւ զԱստուած պաշտելով անցընէ:

Եկեղեցի.

- Եկեղեցին ոսկի կամ ադամանդ շարելու տեղ չէ, այլ՝ հրեշտակներու հաւաքավայր:

Եկեղեցին հիւանդանոց է, ուր հիւանդները հիւանդներուն կը ծառայեն։

- Եկեղեցին պատը կամ առաստաղը չէ, այլ՝ հաւատքն ու կեանքն է: Եկեղեցին հաւատացեալներն են:

Ընկեր.

- Ինչե՞ր չ՚ըներ անկեղծ ընկերը։ Ի՞նչ հաճոյքներ չի պատճառեր ան. ինչպիսի՜ օգուտներ. ի՜նչ ապահովութիւն։ Հազարաւոր գանձեր ալ ցոյց տաս, միեւնոյնն է, ոչ մէկ բան համեմատելի է իսկական ընկերոջ հետ:

- Չէ՞ որ սէրէն աւելի քաղցր բան չկայ։ Ինչե՞ր չ՚ըներ անկեղծ ընկերը։ Ի՜նչ հաճոյքներ չի պատճառեր ան, ինչպիսի՜ օգուտներ, ի՜նչ ապահովութիւն։ Հազարաւոր գանձեր ալ ցոյց տաս, միեւնոյնն է, ոչինչ համեմատելի է իսկական ընկերոջ հետ:

- Ճշմարիտ կ՚ըսեմ, ընկերը լոյսէն ալ աւելի տենչալի է։ Մեզի համար աւելի լաւ է, որ արեգակը մարի, քան ընկերներէ զրկուինք:

- Ով որ բազմաթիւ ընկերներ ունի, ան չի՛ կրնար որեւէ վիշտ ունենալ։ Սակայն եթէ ոեւէ մէկուն ընկերութիւնը կը վնասէ քեզ, հեռացո՛ւր զայն քեզմէ:

Ճշմարտութիւն.

- Ճշմարտախօս բերանը Սուրբ Հոգիին դուռն է, իսկ ստախօս բերանը՝ դժոխքի մուտքն է։ Հետեւաբար, ձեր բերանը վարժեցուցէք ճշմարտութեան, որպէսզի Սուրբ Հոգին ձեր մէջ բնակի:

Առաքինութիւն.

- Թէեւ մէկու մը ունեցածը մեծ եւ թանկարժէք ըլլայ, սակայն եթէ ինք լեցուն չէ այդ ամէնը առաքինաբար տնօրինելու եռանդով, ամէն ինչ կ՚ոչնչանայ եւ անոր հետ ալ կը վերանայ. իսկ երբ հոգին ազնուաբարոյ է եւ իմաստութեամբ լեցուն, ապա թէեւ տան մէջ ոչինչ կուտակուած ըլլայ, աներկիւղ կրնայ տիրանալ ցանկացած բարիքի:

- Աստուծոյ՝ մեր մասին յիշողութիւնը ուրիշ բանէ չի՛ գար, քան՝ առաքինութեան մէջ վարժուելու ջանասէր վարքէն, իսկ մեզ մոռացութեան մատնելը ուրիշ բանէ չի՛ գար, քան՝ մեղքի մէջ յայտնուելէն:

Պահք - Պահեցողութիւն.

- Թոյլ է աղօթքը, եթէ այն պահքով ամրապնդուած չէ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ աղօթած ատեն՝ մենք հոգեւորապէս Աստուծոյ կը նուիրուինք, իսկ պահեցողութեան ատեն թէ՛ հոգիով եւ թէ ալ մարմինով Աստուծոյ կը նուիրուինք, որով Աստուծոյ մատուցուած անուշահոտ ողջակէզ մը կ՚ըլլանք, եւ մեր զոհը կատարեալ կ՚ըլլայ:

- ՊԱՀՔ ՊԱՀԱ՞Ծ ԵՍ

Պահք պահելուդ փաստը գործերուդ ընդմէջէն ցոյց տուր ինծի։

Բերանդ մի՛ պահեր միայն, այլ՝ պահէ աչքերդ, ականջներդ, ոտքերդ, ձեռքերդ եւ մարմինիդ բոլոր անդամները։

Ձեռքերդ պահէ՛ առնելէ, ագահութենէ եւ գէշ գործերէ։

Ոտքերդ պահէ՛ յանցանքներու եւ նեղութիւններու ետեւէ վազելէ։

Աչքերդ պահէ՛ ուրախութեամբ տեսնելէ այն ամէնը, ինչ չար է։

Ականջներդ պահէ՛ չար խօսքերէ ու բամբասանքէ։

Բերանդ պահէ՛ ատելութեան խօսքերէ, քննադատելէ եւ անիրաւելէ։

Լաւ է, որ ինքզինքդ կը զրկես թռչուններու եւ անասուններու միս ուտելէն, սակայն վա՛յ անոր որ կը շարունակէ իր եղբայրներուն միսը ուտել:

Սուրբ Հաղորդութիւն.

- Եթէ Քրիստոսին եկեղեցւոյ դրան մօտ եղող աղքատին մէջ չտեսար, Բաժակին մէջ ալ պիտի չգտնես զԻնք:

- Առանց անձնաքննութեան Ս. Հաղորդութեան մօտենալ՝ վտանգաւոր է, իսկ չհաղորդուիլը՝ սով է ու մահ:

- Կը տեսնեմ շատեր, որոնք յաճախակի չեն հաղորդուիր։ Այս մէկը սատանայէն է։ Այս մէկը անոր ըրած գործն է, որպէսզի մեզ Քրիստոսի Մարմինին հետ յաճախակի հաղորդուելէն հեռու պահէ։ Ճշմարիտ է այս բանը, թէ ով որ յաճախակի չի հաղորդուիր, ատով ինքզինք սատանային իշխանութեան տակ կը դնէ, իսկ այս ալ իր կարգին, մարդ արարածը դէպի չարը կ՚առաջնորդէ:

Հաւատք.

- Հաւատքը մեզի կը յայտնէ այն՝ ինչ ճշմարիտ է։ Անկեղծ հաւատքէն սէր կը ծնի, որովհետեւ ան որ իսկապէս Արարիչին կը հաւատայ, երբեք չի՛ համաձայնիր ՍԷՐԷՆ հեռանալ։

- Աշխարհային մտածումները միշտ մեր անսփոփ միտքը կը խռովեն եւ մեզ յուզուած ու անհանգիստ վիճակներու մէջ կը պահեն միշտ։ Միայն ճշմարիտ հաւատքն է, որ միտքը խարսխելով, զայն ալեկոծումներէն կը հանէ եւ լիակատար խաղաղ ու անվրդով վիճակի կը հասցնէ։ Այսպիսի մարդը խաղաղ նաւահանգիստի մէջ կայանուած նաւի նման է, որուն նաւապետը Ինք՝ Աստուած է։   

Սէր.

- Սէրը իրերու բնոյթը կը փոխէ եւ բոլոր բարիքներով օգնութեան կը հասնի. անիկա բոլոր մայրերէն աւելի սիրալիր է. բոլոր թագուհիներէն աւելի հարուստ է եւ բոլոր դժուարութիւնները դիւրին եւ յարմար կը դարձնէ, բոլոր առաքինութիւնները մեզի հրապուրիչ ընելով, իսկ արատները՝ շատ անհաճելի:

- Սէրը պատէն աւելի պինդ է, պողպատէն՝ ամուր, եւ եթէ դուն ուրիշ ամուր նիւթ ցոյց տայիր, սիրոյ ամրութիւնը կը գերազանցէր նաեւ ատոր:

- Սէրն է հիմքը, աղբիւրը ու մայրը բոլոր առաքինութիւններուն։

- Սէրը այն անցագիրն է, որով մարդ արարածը երկինքի բոլոր դռներէն կ՚անցնի առանց արգելքի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

26 հոկտեմբեր 2020, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2020