ՆԱ­ՄԱԿ ՄԸ «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱ­Կ»ԻՆ՝ 101 ՏԱ­ՐԻ Ա­ՌԱՋ

Ա­մե­րի­կա­յի հա­յոց ա­րե­ւե­լեան թե­մին կից «Զօհ­րա­պ» տե­ղե­կա­տուա­կան կեդ­րո­նը (Նիւ Եորք) պա­հուող թղթա­կալ մը կը պա­րու­նա­կէ «Ա­մէ­նուն Տա­րե­ցոյ­ց­»ի նշա­նա­ւոր հրա­տա­րա­կի­չին՝ Թէո­դի­կի (1873-1928), եւ իր նուազ ծա­նօթ մտե­րիմ գրա­սէր ըն­կե­րոջ՝ Սար­գիս Սա­քաեա­նի վե­րա­բե­րող կամ ա­նոնց կող­մէ հա­ւա­քուած ան­տիպ նա­մակ­նե­րու եւ այլ նիւ­թե­րու լու­սա­պատ­ճէն­ներ։ Ան­շուշտ, ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չկան, թէ ինչ­պէ՞ս մէկ­տե­ղուած են այդ տա­րաբ­նոյթ նիւ­թե­րը, ո­րոնց­մէ մէկ քա­նիին քա­ղուածք­նե­րը լոյս տե­սած էին ժա­մա­նա­կին տա­րե­ցոյ­ցին մէջ եւ թե­րեւս այ­լուր, բայց բնա­գիր­նե­րը ցարդ կը մնա­յին ան­յայտ։ Կա­րե­լի չէ ե­ղած պար­զել նաեւ, թէ լու­սա­պատ­ճէն­նե­րը ի՞նչ ճա­նա­պար­հով Նիւ Եորք հա­սած են եւ թէ բնա­գիր­նե­րը ի՞նչ ճա­կա­տագ­րի ար­ժա­նա­ցած են։ Այդ թղթա­կա­լին պա­րու­նա­կու­թեան ծա­նօ­թա­նան­լէ ետք, տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով ա­նոր նիւ­թե­րուն մէկ մա­սը հրա­տա­րա­կած ենք մա­մու­լին մէջ։ Հրա­տա­րա­կու­թեան սպա­սող գրու­թիւն­նե­րուն շար­քին է ստո­րեւ հրա­տա­րա­կուող նա­մա­կը, որ կը պատ­կա­նի Յա­րու­թիւն Ալ­փիա­րի գրի­չին։

Շնոր­հա­կա­լա­կան այս նա­մա­կը եր­կու ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն ու­նի։ Ա­ռա­ջին հեր­թին՝ գրուած է 101 տա­րի ա­ռաջ՝ 1915-ի Ա­մա­նո­րի նա­խօ­րեա­կին։ Երկ­րորդ՝ ուղ­ղուած է ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի հիմ­նա­դիր­նե­րէն Սար­գիս Գօ­չու­նեա­նին (1867-1926), որ թեր­թին ար­տօ­նա­տէրն ու հրա­տա­րա­կի­չը ե­ղած է միւս հիմ­նադ­րին՝ Մի­սաք Գօ­չու­նեա­նի (Քա­սիմ, 1863-1913) մա­հէն ետք, 1913-1926 թուա­կան­նե­րուն։ Հա­շուի առ­նե­լով զոյգ պա­րա­գա­նե­րը, նպա­տա­կա­յար­մար գտանք այս նա­մա­կը հրա­տա­րա­կել ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ա­մա­նո­րեան բա­ցա­ռի­կին մէջ՝ ըն­դա­ռա­ջե­լով խմբագ­րու­թեան կող­մէ աշ­խա­տակ­ցու­թեան հրա­ւէ­րին։

Յա­րու­թիւն Ալ­փիար (1864-1919) կը պատ­կա­նի եր­գի­ծան­քի յա­տուկ մէկ հո­սան­քին, որ ծաղ­կած է ԺԹ. դա­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան եւ Ի. դա­րու սկիզ­բին, եւ որ օ­րուան ճա­շա­կին հա­մա­պա­տաս­խան կը քա­լէր՝ ա­ռանց բա­րո­յա­խօ­սա­կան ծանր յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րու։ Ան մշա­կած է ֆրան­սա­կան թե­թեւ գրա­կա­նու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան սեռ մը՝ ֆան­թէ­զին (fantaisie)։ Մա­յիս 1913-ին, ֆրան­սա­ցի գրա­գէտ Թրիս­թան Տը­րէմ (Tristan Derème) կը գրէր. «Պէտք է սահ­մա­նել ֆան­թէ­զին եւ ա­ռա­ջադ­րել, որ ան ա­նոյշ ան­կա­խու­թեան ձեւ մըն է, եր­բեմն՝ մե­լա­մաղ­ձոտ կեր­պա­րան­քով մը, որ կը քօ­ղար­կէ երկ­դի­մի ժպիտ մը»1։ Պա­տա­հա­կան չէ, ան­շուշտ, որ Ալ­փիա­րի ե­րա­խայ­րի­քը՝ «Ա­ռա­ջին ան­գա­մը» (1908), «Ֆան­թէ­զի նո­րա­վէ­պ» են­թա­վեր­նա­գի­րը կրած ըլ­լայ, իսկ եր­րորդ հա­տո­րը, որ սո­վո­րա­բար կը յի­շուի գրա­կան պատ­մու­թեան մէջ, ար­դէն «Ֆան­թա­զիօ» վեր­նագ­րով լոյս տե­սած է 1913-ին։ Ռու­տոլֆ Սա­մի­կեան՝ Պա­րո­նեա­նի եւ Ալ­փիա­րի բաղ­դա­տա­կա­նը ը­նե­լով 1911-ին, կը գրէր, թէ վեր­ջինս «ա­ւե­լի modern[e], ա­ւե­լի նրբա­ցած, հե­տե­ւած է (...) պա­ճու­ճա­զարդ ու խա­բու­սիկ գրա­կա­նու­թեան, որ «սի­կա­ռէ­թի մը լայն ծու­խին պէս կը ցնդի» ինչ­պէս գրած է Պրիւն­թիէռ, բայց այս ծու­խը մին­չեւ որ ան­հե­տա­նայ, մեր աչ­քին առ­ջեւ կը պար­զէ ցնո­րա­կան, ծաղ­րա­կան եւ այ­լան­դակ մար­դա­պատ­կեր­նե­րու ու­րուա­գի­ծե­րը»2։ Սա­մի­կեա­նի դի­տո­ղու­թիւ­նը ար­դէն ցոյց կու տար Ալ­փիա­րի գրա­կա­նու­թեան ան­ցո­ղա­կի բնոյ­թը. «Զուար­թա­ցու­ցիչ ու զո­վա­ցու­ցիչ գրա­կա­նու­թի՞ւն մը։ Ին­չո՞ւ չէ։ (...) [Ի]նչո՞ւ չի ճանչ­նանք, թէ չի հա­ւա­տանք թէ զուարթ ու աշ­խար­հիկ գրա­կա­նու­թիւն մը Ալ­փիա­րի կող­մէ մշա­կուած այն­քան ճար­տա­րօ­րէն ու այն­քան ար­ժա­նօրէն»3։ Եւ սա­կայն, ինչ­պէս որ հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մը պի­տի գար ի­րար խառ­նե­լու գրա­կա­նու­թեան բո­լոր ըմբռ­նում­նե­րը, նոյ­նը պի­տի պա­տա­հէր պոլ­սա­հայ ու ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ։ Ալ­փիար 55 տա­րե­կան հա­սա­կին մա­հա­ցած է Պո­լիս, 1919-ի ա­ռա­ջին ա­միս­նե­րուն, ու ա­նոր ա­նու­նը, ե­թէ չհա­շուենք 1986-ին Պէյ­րութ լոյս տե­սած «Ար­ձակ-հա­մար­ձա­կ» վեր­նագ­րով ժո­ղո­վա­ծուին հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը,  լրիւ մոռ­ցուած է մեր գրա­կա­նու­թեան մէջ։ 

Յ. Ալ­փիար ծա­նու­ցու­մի մը մա­սին կը խօ­սի, զոր ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ սի­րա­յօ­ժար հրա­տա­րա­կած է, բնա­կա­նա­բար՝ ի վար­ձատ­րու­թիւն ա­նոր աշ­խա­տակ­ցու­թեան։ Կ՚են­թադ­րենք, թեր­թի 1914-ի հա­ւա­քա­ծոն ձեռ­քի տակ չու­նե­նա­լով, որ ծա­նու­ցու­մը նա­խորդ տա­րի լոյս տե­սած հա­տո­րին՝ «Ֆան­թա­զիո»­յի վա­ճառ­քին կը վե­րա­բե­րէր։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով որ թեր­թի 1914-ի բա­ցա­ռի­կին հրա­տա­րա­կի­չը Թէո­դի­կը ե­ղած է, պարզ կը դառ­նայ, որ յետգ­րու­թեան մէջ ակ­նար­կուած է ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի 1915-ի Կա­ղան­դի բա­ցա­ռի­կին։

Չենք գի­տեր, սա­կայն, թէ ար­դեօք ո՞ր թեր­թը ե­րախ­տա­մոռ ե­ղած է Ալ­փիա­րի հան­դէպ ու չէ յօ­ժա­րած ծա­նու­ցու­մը տպել՝ վեր­ջի­նիս բազ­մա­զան աշ­խա­տակ­ցու­թեան փո­խա­րէն, ինչ որ ցա­սում պատ­ճա­ռած է հի­ւան­դա­նոց պառ­կած գրա­գէ­տին։

Ժա­մա­նակ­նե­րը փո­խուած են, բայց ոչ ան­պայ­ման բար­քե­րը։

ՎԱՐ­ԴԱՆ ՄԱՏ­ԹԷՈ­ՍԵԱՆ

Նիւ Ճըր­զի (ԱՄՆ)

1- Philippe Kekus et Antoine Piantoni, “Fantaisie et histoire littéraire”, 6 Octobre 2015 (www.fabula.org)։

2- Ռ. Սամիկեան, «Յ. Ալփիար», Հայ գրականութիւն, թիւ 4, 1/14 Հոկտեմբեր 1911, էջ 25։

3- Անդ, էջ 22։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015