ԱՐԱԲ ԲՈՒՆԱՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻԻՆ

Կը բե­րէր հայ­րըս Հա­լէ­պէն տե­սակ-տե­սակ խա­ղա­լիք­ներ,
Կը վա­ճա­ռէր, հայ եւ օ­տար պաշ­տօ­նէից բա­րե­կե­ցիկ.
Ա­րաբ Բու­նար, ե­րե­կո­յեան ժամերգու­թե­նէն տուն դար­ձին,
Ընտ­րե­լա­գոյն խա­ղա­լիք­ներն կը զա­տէր ան, տուն կը բե­րէր՝

Նուի­րե­լու աղ­ջիկ-տղոց՝ մեզի եւ մեր ազ­գա­կա­նաց։
Մեծ հօրս եւ մեր տօ­նա­ծա­ռին գոյնզ­գոյն ու շող­շո­ղա­գին
Աստ­ղեր, զան­գեր, ձիւ­նի նման ճեր­մակ գնդակ կը զե­տե­ղէր։
Նա­հա­պետ մեծ հօրս տու­նը կ՚եր­թա­յինք մենք, ազ­գա­կան­ներն,

Միաս­նա­բար ճա­շա­կե­լու ու­տե­լիք­նե­րը պէս­պի­սի,
Թարմ ու չոր­ցած պտուղ­նե­րը եւ հրու­շա­կը Կա­ղան­դի։
Մթնո­լոր­տը կը շէն­նար ու կը ճո­խա­նար հետզ­հե­տէ
Երգ ու պա­րով կ՚ող­ջու­նէինք մեր ս­պա­սած նոր տա­րին,

Մեր սէ­րե­րը յա­ւե­լե­լու ազ­նիւ, բա­րի Տէր Յի­սու­սին:
Կա­ղանդ Պա­պուն նուէր­նե­րուն հրա­պոյ­րով ե­րա­զա­յին
Կը սպա­սէինք՝ ան կը մտնէր վախց­նե­լու իր չա­րա­գին
Գա­ւա­զա­նով։ Փոք­րիկ­նե­րը ի­րենց վա­խէն կը դո­ղա­յին։

Ո­րո՞ւն հո­գը՝ Կա­ղանդ Պա­պան լե­ղա­պա­տառ կ՚ը­նէր մեզի,
Հա­ճոյք կ՚առ­նէր մեր վա­խե­րէն ու մեծերն ալ՝ նման ի­րեն։
Չէր նմա­ներ մեր գ­ծագ­րած Յի­սուս ման­կան նկա­րագ­րին։
Կը պա­րէր ան, կը ծե­ծէր մեզ խա­ղա­լի­քի պար­կը շալ­կին։

Աղ­ջիկ­նե­րուն, բա­րի տղոց կու տար մաղ­թանք ու նուէր­ներ։
Ան­ցեալ տա­րուան մեր կա­տա­րած չա­րու­թիւն­ներն ալ կը յի­շէր։
Կծկուե­լու, պաշտ­պա­նուե­լու ճի­չով լալ­կան խոյս կու տա­յինք,
Կար­ծե­լով թէ ան չէր կրնար գալ մեզ հա­րուա­ծել մեծ հօրս ե­տին…։

Նուէր կու տար, երբ շատ յու­զուած գոց ը­սէինք ու եր­գէինք։
Ծա­փե­րուն մէջ ցատկռ­տե­լէն շունչ մը կ՚առ­նէր ու կը ճա­ռէր,
Ան­ցեալ տա­րուան հան­դի­սա­ւոր նոյն խօս­քե­րը ան կը կրկնէր՝
«Ա­րա­րա­տի ձիւ­նին մէ­ջէն ե­կեր եմ ձեզ նուի­րե­լու այս նոր տա­րիս»։

Վայր­կեան ա­ռաջ գա­ւա­զա­նը առ­նէր եր­թար՝ կ՚ա­ղօ­թէինք,
Ու թող եր­թար, ուր որ կ՚ու­զէր, բայց լա՛ւ ըլ­լար իր նոր տա­րին։
Մեկ­նե­լէն ետք, մեծ ու պզտիկ, կը տօ­նէինք մեր նոր տա­րին։
Մե­զի բե­րած նուէր­նե­րովն ու­րախ զուարթ կը խա­ղա­յինք,

Փոք­րիկ­նե­րուս ա­չուկ­նե­րը ե­րազ­նե­րով կը փա­կուէին,
Կ՚եր­թա­յինք տուն մէ­կուն գրկին, ան­կո­ղի­նին կը մտնէինք։
Մինչ մեծե­րը կը փոր­ձէին դրամ խա­ղալ նոր տա­րիին,
Տես­նե­լու թէ ո՞վ բախ­տա­ւոր եւ ո՞վ ան­բախտ ըլ­լայ պի­տի։

ԽԱ­ՉԱ­ՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕ­ՂՈ­ՍԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016