ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ
Հինին միջեւ,
Նորին միջեւ
Հոս ուրախանալն
Բախտն է որ կու տայ․
Ըսել է անցեալ՝
Վըստահութեամբ յար
Նայիլ դէպ՚ առաջ,
Հարկաւ դէպ՚ ետ ալ։
Հարուածի պահեր,
Ափսոս, կը քեցեն
Վստահութիւնը ցաւէն,
Սէրը հաճոյքէն.
Աւել լաւ օրեր
Նորէն մեզ խմբեն,
Զուարճալի երգեր
Կուրծքը մեր շինեն։
Տառապանք, հրճուանք
Են անհետացած
Եւ կապակցուած
Ուրախ յիշատակ։
O՜, տարօրինակ,
Ճակատագրի դարձ,
Հին սա կապակցում
Եւ նոր նուիրում։
Եղէք շնորհակալ
Կոչուածին սա բախտ՝
Փորձառու, եռանդ։
Շնորհակալ՝ ճակատագրին,
Իւրաքանչիւր բարիքի։
Ուրախացէք փոխումով
Խինդ խլրտումով
Բացայայտ սիրով
Գաղտնի կրակով։
Ոմանք տեսնեն
Ծածկող ծալքեր
Հինին վըրայ,
Ուր ցաւ, ահ կայ։
Բայց մեզի կը ճառագայթէ
Վստահութիւնը սիրազեղ։
Նորը տեսէք թէ ինչպէս
Մեզ նորովի կը գտնէ։
Ինչպէս մէջ պարին
Իսկոյն կ՚անհետի,
Դարձեալ կ՚միանայ
Զոյգը սիրահար.
Արդ ճիշդ այդպէս ալ
Կեանքի խռով թեքմամբ
Խոնարհումը մեզ
Դէպ՚ տարի կ՚ուղղէ:
ԵՈՀԱՆ ՎՈԼՖԿԱՆԿ ՖՕՆ ԿԷՕԹԷ
գերմ․ թրգմ․ Իշխան Չիֆթճեան