ՆԱՀԱՆՋ ՏԱՐԻ՝ ԱՌԱՆՑ ՆԱՀԱՆՋԻ
Կը դիմաւորենք 2020-ը: Երկու քսաններու միացութիւն է այս տարին: Գեղեցիկ թուական մը: Թուականին արտաքին գեղեցկութիւնը յոյս կը ներշնչէ բոլորիս, նաեւ կ՚ակնկալենք բարի բովանդակութիւն, որ կը բերէ իրեն հետ:
2020-ը 21-րդ դարու 20-րդ տարին է: Այսինքն 20 տարիէ ի վեր մենք 21-րդ դարու մէջ կը բնակինք: Կը յիշէ՞ք ինչ յոյսերով, երազներով, սպասումներով դիմաւորեցինք 21-րդ դարը: Որքա՜ն խորհրդաւոր էր դար դիմաւորելը: Կարգ մը մարդոց համար մնաց այդ խորհուրդը, իսկ որոշ մարդոց համար սովորական տարեթիւ մըն էր թերեւս անիկա, շատերու համար ալ սովորական տարեթիւ մը կրնայ ըլլալ 2020-ը: Բայց մարդը՝ միշտ յուսացող, միշտ սպասող, լաւին տենչացող եւ բարիք փնտռող էակը, կը փորձէ խորհուրդ մը գտնել նաեւ այս թուականին մէջ:
Նոր տարուան հետ մարդը կախարդանքի սպասումով կը լեցուի եւ այս տարին ալ բացառութիւն չէ. օդին մէջ դիւթանքի շերտերը կ՚աւելնան, հոգիները հրապուրանքով կը լեցուին. տուները, փողոցները թովչանք մը կ՚առնեն… Տարուան ընթացքին, գոնէ այս քանի մը օրը կարծես, ամէն մարդ բարիք կը սփռէ ու կ՚ակնկալէ բոլորէն՝ կը ջանայ իր ներսը եղած տհաճութիւնները վանել, կը շռայլէ բարեմաղթանքներ եւ պատրաստ է անվերջ լսելու լաւ ու տաքուկ խօսքեր, շնորհաւորանքներ… Մարդկային բնոյթն է այս՝ ձգտիլ դրականին, լաւին: Կաղանդին, պզտիկներուն հետ նաեւ մեծերը ներքուստ հրաշքի ակնկալիք կ՚ունենան: Մանաւանդ այս օրերուն, երբ պատերազմ, ճգնաժամ, հակամարտութիւն կայ ամէն կողմ ու հրաշքի եւ հեքիաթի սպասումը անհրաժեշտութիւն է:
Տարեմուտը լաւագոյն շրջանն է, երբ մասնաւոր ուշադրութիւն կը սեւեռուի նաեւ աստղագուշակութիւններուն: Եթէ տարուան ընթացքին աստղերուն յուշումները անհետաքրքիր կը թուին, տարուան աւարտին անոնք տեսակ մը հաւատք կը ներշնչեն: Որպէս կանոն, աստղերը պարգեւատրումներ, յաջողութիւններ, անձնական կեանքին մէջ յառաջընթաց, առողջութիւն ու այլ եւ այլ բարիքներ կը խոստանան ամէն մարդու, բայց նաեւ կը զգուշացնեն, որ վտանգները միշտ առկայ են, պէտք չէ կորսնցնել սթափութիւնը եւ ապրիլ անհոգ եւ յոյլ:
Նոր տարուան տարեթիւին մէջ նոյն թիւերուն կրկնութիւնը աստղագուշակները մղած է ամէն մարդու համար կրկնակի պարգեւատրում եւ յաջողութիւն գուշակել: Ամէն ինչ՝ կրկնակի ձեւով, քանի որ այդպէս կազմուած է թուականը՝ 2020:
Ըստ արեւելեան օրացոյցին, այս տարին ճերմակ առնէտի տարի է: Տարին գուշակութիւններու եւ սպասումներու ոսկեայ առիթ տուած է ամէն մարդու, մանաւանդ որ չինական օրացոյցով առնէտը կենդանիի պատկերով իրարու յաջորդող 12 ամիսներէն առաջինն է եւ շատեր կը մտածեն, որ առաջինը ըլլալով ան նոր սկիզբ կը խոստանայ եւ ճերմակ էջ մը՝ նոր գործերու սկսելու:
Իսկ թէ ինչպէ՛ս առնէտը դարձաւ առաջին նշանը, այդ մասին արեւելեան առասպել մը կայ: Անգամ մը Պուտտան իր ծննդեան օրը բոլոր կենդանիները կը հրաւիրէ, բայց անոնցմէ միայն 12-ը կ՚երթան: Պաղ օր մըն էր, իսկ Պուտտային հասնելու համար լայն գետ մը պիտի անցնէին: Անոնք կարգով կ՚անցնին, կը հասնին Պուտտային եւ իւրաքանչիւր հասնողին հերթականութեամբ Պուտտան կը շնորհէ մէկ տարի կառավարելու իրաւունք:
Ըստ առասպելին, առաջինը առնէտը հասած է եւ անոր ալ բաժին ինկած է առաջին տարին կառավարելու իրաւունքը:
Բայց կայ առասպել մըն ալ, ուր կը հաղորդուի, թէ առաջինը ցուլը հասած է, իսկ առնէտը գետին մէջ թրջուելէն խուսափելու համար ցուլէն խնդրած է, որ շալակը առնէ զինք եւ բարի ցուլը չէ մերժած: Գետը անցնելէն ետք արագավազ առնէտը վազած եւ հասած է Պուտտային: Երրորդ հասնողը կ՚ըլլայ վագրը: Հանդիսատեսները, հիացած վագրին եւ ցուլին մրցակցութեան, չեն նկատեր, թէ ո՞վ կը հասնի չորրորդը՝ կատո՞ւն, թէ՞ ճագարը: Այդ իսկ պատճառով արեւելեան տարբեր ժողովուրդներու մօտ չորրորդ տարուան տիրակալը տարբեր է՝ կարգ մը ժողովուրդներ կատուն կը նկատեն, ուրիշներ՝ ճագարը:
Հինգերորդը վիշապն էր, վեցերորդը՝ օձը, եօթներորդը՝ ձին:
Ճաբոնական տարեդիտակին համաձայն՝ ձին անցնելէն ետք մշուշը կը պատէ գետը եւ հանդիսատեսները կրկին չեն տեսներ, թէ ո՞վ հասաւ ութերորդը՝ ա՞յծն էր, թէ՞ ոչխարը: Այծին ու ոչխարին նախընտրութիւնը կրկին առկայ է արեւելեան ժողովուրդներուն մօտ:
Իններորդը կապիկն էր, որ ձեռնարկին ապահովութիւնը ստուգելէն ետք միայն մտաւ ջուրին մէջ եւ ներկայացաւ:
Տասներորդը աքաղաղն էր, որ ուշացած հասաւ, քանի որ իր բազմանդամ հաւնոցին կը բացատրէր, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ապրին իր բացակայութեան:
Տասնմէկերորդը շունն էր, որ նոյնպէս տնային գործերը աւարտեց, ապա հասաւ ձեռնարկին:
Վերջապէս, վերջինը՝ տասներկրորդը, Պուտտային ներկայացաւ վարազը եւ Պուտտան կարգով անոնց տարի մը շնորհեց:
Չինական ժամանակագրական այս համակարգը, որ երեք հազար տարի առաջ յայտնուած է, շատ աւելի առաջ, քան՝ եւրոպական աստղաբանութիւնը, լուրջ մրցակցութեան մէջ է արեւմտեան կենդանակերպի միասնական համակարգին հետ: Այսպէսով, ճերմակ՝ գետին մէջ չթրջուած, առնէտը դարձած է առաջին տարուան խորհրդանիշը: Այսօր Արեւմուտքն ալ Արեւելքին հետ հաւասար տուրք կու տայ իրարու յաջորդող տասներկու նշաններու հերթականութեան: Մեծ արդիւնաբերութիւն մը հիմնուած է՝ տարուան կենդանիին նշանով իրեր արտադրելու եւ կենդանիին պատկերը ամէն տեղ դրոշմելու: Այս տարուան մետաղեայ երանգով ճերմակ առնէտը արդէն Կաղանդի շուկային մէջ գլխաւոր դեր ունի: Նորաձեւութեան մասնագէտները նաեւ մետաղեայ իրերը առաջ կը մղեն, իբրեւ տարուան գլխաւոր նիւթ: Անոնք կ՚առաջարկեն Կաղանդի գիշերը տօնական հագուստներուն վրայ անպայման մետաղեայ իր մը աւելցնել՝ ճարմանդ մը կամ կրծքազարդ մը, աւելի ապահով դիմաւորելու տարին եւ տարուան կենդանիին հաճոյանալու ձեւով մը:
Ճերմակ գոյնը շքեղութեան եւ մաքրութեան նշան է, մետաղը՝ ամրութեան եւ պաշտպանութեան: Ինչ կը վերաբերի մետաղեայ ճերմակ գոյնը կրող առնէտին, ապա ան աշխատասէր, նպատակասլաց կենդանի մըն է, որ յամառութեան տիպար կը սեպուի: Մէկ տարի մետաղեայ փայլքով, ճերմակ մուշտակով, պրպտուն աչքերով այդ կենդանին մեզի հետ պիտի ըլլայ, իբրեւ տարուան կենդանակերպ:
Թերեւս կան մարդիկ, որ չեն սիրեր այս կենդանին, բայց խորհրդանշական կերպով առնէտը կը նկատուի խելացի կենդանի մը, որ կրնայ գոյատեւել որեւէ միջավայրի մէջ, ան նաեւ շարժուն է, արագ կողմնորոշուող… Առնէտը նաեւ կրծող է, բան մը, որ գիտնականներուն, հետազօտողներուն բնորոշումը դարձած է, նկատի ունենալով, որ անոնք գրադարաններու եւ աշխատասենեակներու մէջ երկար ժամանակ գիրքերու եւ թերթերու մէջ ժամանակ կ՚անցընեն: Ահա յատկանիշներ, որոնք կ՚արժէ որդեգրել եկող տարուան մէջ: Ոչ ոքի կը խանգարէ կրկնակի ճիգն ու յամառութիւնը, առնէտին կրծողականութեամբ գիտելիք եւ իմացութիւն ստանալը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, անցեալ դարու կէսերուն, հիմնուած «Փանթոն» միջազգային հետազօտական կեդրոնն ալ իր կարգին նշանակած է տարուան գոյնը: Արդէն մօտաւորապէս քսան տարիէ ի վեր այդ կեդրոնը գոյներ կ՚ընտրէ եւ անոնք միջազգային մակարդակով տարուան գոյներ կը յայտարարուին: Ընտրուած գոյները ո՛չ միայն նորաձեւութեան մէջ կը գործածուին, այլ՝ անոնք մարդոց հոգեբանութեան, խառնուածքին, արարքներուն կը ներդաշնակեն եւ կը փորձեն գերիշխել:
Հետազօտական հիմնարկը 2020-ի համար կապոյտը ընտրած է իբրեւ գլխաւոր գոյն եւ աշխարհին առաջարկած է ներշնչուիլ այդ գոյնէն: Կեդրոնը կապոյտին հետ նաեւ առաջարկած է համադրել ջրիմուռներուն, աւազի ու ովկիանոսի խորքերուն գոյները: Ահաւասիկ, խաղաղութիւն բերող նշաններ, որոնք մեղմագոյն տրամադրութիւն կը հաղորդեն նոր տարուան սեմին:
Անցեալ տարուան ամփոփումներուն հետ կը նայինք Նոր տարուան՝ տեսնելու, թէ ի՞նչ կը խոստանայ մեզի տարին թէ՛ ազգային, թէ՛ միջազգային մակարդակներով:
Արդէն իսկ յայտարարուած է, որ 2020 թուականին Լուսին պիտի ղրկուի առաջին մասնաւոր տիեզերանաւը: Մինչ անցնող տարուան՝ 2019-ին նշուեցաւ մարդուն Լուսնի վրայ ոտք դնելուն 50-ամեակը, նոր դարաշրջանին մարդը նորանոր նուաճումներու կը պատրաստուի դէպի տիեզերք, դէպի Լուսին եւ մոլորակներ:
Արհեստագիտութեան եւ կապի նոր ասպարէզներ բանալով, մեր ժամանակներուն մարդը հերոսական եւ փառաւոր ուղի մը գծած է պատմութեան մէջ: Արհեստագիտութիւնը կը զարգանայ ոչ թէ տարուէ տարի կամ ամիս առ ամիս, այլ՝ օր առ օր: Նոր տարին ալ պատրաստ է իր մէջ ներառնել բոլոր զարգացումները եւ յառաջ երթալ:
2020-ին նախատեսուած է նաեւ առաջին զբօսաշրջային խումբին ուղեւորումը տիեզերք: Տիեզերք մեկնողներուն հնարաւորութիւն կը տրուի առաջին տիեզերագնաց Եուրի Կակարինի երթուղիով թռիչք իրականացնել: Այս երթուղին ռուս-ամերիկեան համատեղ ծրագիր մըն է, եւ անիկա իրականացնողները նաեւ եկամուտ կը նախատեսեն եւ կը յայտարարեն, որ Կակարինի երթուղին տարեկան հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ կրնայ ապահովել, սակայն պայման դրուած է, որ տիեզերք մեկնիլ փափաքողներուն անուններն ու անոնց վճարած գումարին չափը գաղտնի պիտի պահուին:
Արհեստագիտութեան նուաճումներու ասպարէզին մէջ ուրիշ նորութիւններու եւս կը սպասուին 2020-ին: Միշտ սպասում կայ, որ տիեզերքը հետազօտելէ ետք, գիտնականները Երկիր մոլորակին համար տարբեր փորձառութիւն մը պատրաստեն՝ դրական ու լաւ իմաստով: Յոգնած, ծեր թուացող մեր մոլորակը թարմ աւիւնով լեցուելու կարիք ունի եւ յոյսը գիտնականներն են, որոնք միշտ պրպտումներու մէջ են: Տարի մը եւս պտտեցաւ մեր սիրելի ու հարազատ մոլորակը եւ կը պատրաստուի կատարել հերթական պտոյտը՝ անվերջութեան եւ դարերու յաւերժութեան մէջ…
ՆԱՀԱՆՋ ՏԱՐԻ
2020-ը, իբրեւ նահանջ տարի, սպասուած է մանաւանդ փետրուար 29-ին ծնածներուն համար, որոնք չորս տարի կը սպասեն իրենց տարեդարձը լիարժէք տօնելու համար, մինչ այդ ձեւով մը իրենց ծննդեան օրը կը նշէին մարտ 1-ին կամ փետրուար 28-ին: Ահաւասիկ, երջանիկ տարի մը նահանջ տարիին ծնածներուն համար, որոնց թիւը քիչ չէ աշխարհի տարածքին: Նահանջ տարիին ծնածները Կաղանդի գիշերը յաւելեալ շնորհաւորանք կը ստանան՝ 366 օրերէն մէկը իրենցը ըլլալուն համար:
Ի դէպ, աշխարհի տարածքին նահանջ տարուան առընչուող շատ հետաքրքրական պատմութիւններ կան: Անոնցմէ մէկը այն է, որ 13-րդ դարուն Սկովտիոյ Մարկարէթ թագուհին 5 տարեկան եղած ժամանակ՝ փետրուար 29-ին առիթով հրովարտակ մը արձակած է: Այդ հրովարտակով կիները իրաւունք ունէին փետրուար 29-ին տղամարդոց ամուսնութեան առաջարկ ընելու: Եթէ տղամարդիկ մերժէին առաջարկը, ապա կը տուգանուէին համբոյրով, մետաքսեայ զգեստով կամ 12 զոյգ ձեռնոցով: 1288-ին արձակուած այդ հրովարտակը մինչեւ հիմա ինքնատիպ ձեւով կը նշեն Սկովտիան ու դրացի երկիրները:
Ըստ աւանդութեան, այդ օրը առաջարկ կատարող կիները Բրիտանիոյ մէջ պէտք է կամ տաբատ, կամ կարմիր շրջազգեստ կրէին` առաջարկութիւն կատարելու ժամանակ:
Ուսումնասիրութիւններ կան այն մասին, թէ տղամարդիկ սովորաբար չեն մերժեր այդ օրը իրենց առաջարկ կատարողները: Այնպէս որ այս տարին նման առիթներու համար բացառիկ տարի մըն է:
Իսկ այս դարուս, Միացեալ Նահանգներու Թեքսասի Էնթընի քաղաքը ոչ-պաշտօնապէս հռչակուած է աշխարհի նահանջ տարուան մայրաքաղաքը: Այդ մէկը ինքնահռչակ կոչում մըն է, որ քաղաքը ինքն իրեն տուած է: Փետրուար 29-ին քաղաքին մէջ փառատօն տեղի կ՚ունենայ, ապա փառատօնին մասնակիցները կ՚ուղեւորուին դէպի նախաբնիկ ցեղերէն մէկուն՝ ազթէքներուն քարանձաւը:
Աշխարհի մէջ փետրուար 29-ը նաեւ ինքնատիպ ձեւով կը նշուի որպէս Հազուադէպ հիւանդութիւններու օր: Օրը ընտրուած է այն տրամաբանութեամբ, որ փետրուար 29-ը արդէն իսկ հազուադէպ օր է:
Որպէս ցատկող օրուան նշան, փետրուար 29-ին հետ համադրուող խորհրդանիշը գորտն է: Կ՚ենթադրուի, որ եթէ նահանջ տարին նշելու ձեռնարկներուն համար յատուկ սնունդ մը ըլլար, ապա այդ մէկը կ՚ըլլար գորտի տոտիկները:
ՁԻՒՆԷ ԳՈՒՆԴԸ
Այս տարուան խորհրդանիշ առնէտը յայտնուած է ձիւնէ գունդին մէջ: Սուրբ Ծննդեան սպասուած նուէրը՝ արհեստական թափուող ձիւնով եւ թափանցիկ, շարժուն հեղուկով լեցուած գունդը, ամէն տարի նոր ձեւաւորում կը ստանայ: Ըստ ուսումնասիրութիւններու, Արեւմուտքի մէջ ձիւնէ գունդը Կաղանդի ամենասպասուած նուէրն է, մանաւանդ որ անոր ներսը հեքիաթային տուն մը կամ Կաղանդի մարդուկ մը կ՚ըլլայ: Այս տարի նաեւ առնէտը «մտած» է ապակեայ գունդին մէջ, եւ տեղացող արհեստական ձիւներուն մէջ գլուխը աջ ու ձախ կը շարժէ:
Այս ձիւնէ գունդերուն պատմութիւնը սակայն նոր չէ, 19-րդ դարուն առաջին ձիւնէ գունդերը յայտնուեցան նուէրներու վաճառքին մէջ եւ հիացուցին շատերը: Անոնք 1889 թուականին՝ Փարիզի համաշխարհային ցուցահանդէսի ընթացքին ցուցադրուած եւ այդ ժամանակ զարմանալի նկատուած իրերէն եղած են: Այդ ցուցահանդէսին ապակեայ գնդակներուն ներսը կային շատ փոքր շէնքեր, որոնց կարգին՝ Էյֆէլի աշտարակը:
Յուշանուէրը Ֆրանսայէն անցած է Վիքթորիայի ժամանակաշրջանի Անգլիան, իսկ 20-րդ դարուն կտրած է ովկիանոսն ու տարածուած Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այսօր ան յուշանուէրի հաւաքածուներուն մէջ գլխաւոր տեղ գրաւող զարդ մըն է:
19-րդ դարու վերջաւորութեան աւստրիացի Էրվին Փերցին ստեղծած է այն ժամանակ Schneekugel անունով տարածուած այս իրը եւ ստացած՝ արտադրութեան առաջին արտօնագիրը: Անոր նպատակը սակայն յուշանուէր ստեղծելը չէր, այլ ան փորձած է մշակել լոյսի լրացուցիչ պայծառ աղբիւր մը՝ վիրաբուժական լամբ մը: Առաջին ձիւնէ գունդը, որ ան ստեղծած է, կը պարունակէր Մայր Աստուածածնի Ս. Ծննդեան տաճարը: Այս գիւտը շատ արագ յայտնի դարձաւ եւ արտադրողը իր եղբօր հետ, Վիեննայի մէջ, ընտանեական խանութ մը բացաւ, ուր մինչեւ այսօր ձիւնէ գունդեր կը պատրաստեն եւ կ՚արտահանեն բազմաթիւ երկիրներ: Նիւթը, որմէ անոնք կը պատրաստեն արհեստական ձիւնը, կը նկատուի սերունդէ սերունդ փոխանցուող ընտանեկան գաղտնիք: Անշուշտ, աշխարհի մէջ զանազան ձեւերով ընդօրինակուած է ձիւնէ փաթիլներ պատրաստելու կերպը, բայց վիեննական փաթիլները կը մնան անկրկնելի եւ չգերազանցուած:
Միացեալ Նահանգներու մէջ ձիւնէ գունդերուն արտադրութեան արտօնագիրը տրուած է Ճոզըֆ Կարաչին, 1927 թուականին, Փենսիլվանիա նահանգին մէջ: 1929-ին Կարաչ այս գունդերը սկսած է պատրաստել զանազան մանրանկարներով, որոնք կը պատկերէին արուեստի յայտնի գործերէն դրուագներ: 1940-ական թուականներուն ձիւնէ գունդերը սկսած են լայնօրէն գործածուիլ գովազդներու մէջ, յայտնուած են քանի մը շարժանկարներու մէջ, որոնցմէ է, օրինակ՝ «Քաղաքացի Քէյն» ժապաւէնը, որ 1941-ին յայտնուած է պաստառներուն վրայ:
20-րդ դարու կէսերուն ձիւնէ գունդերը սկսած են արտադրուիլ մեծ քանակութեամբ եւ վաճառուիլ որպէս նուէր: Կրօնական եւ Ս. Ծննդեան նիւթը հիմնականն է, որ տեղ կը գտնէ գունդին ներսի պատկերներուն մէջ: Երբեմն կատակային դրուագներ կը սողոսկեն ձիւնէ գունդին մէջ, իսկ «Սիմփսընները»՝ ամերիկեան ծաղրաշարքի հերոսները, յաճախ կը ծաղրապատճէնեն ձիւնէ գունդը:
1950-ական թուականներուն ապակեայ գունդերուն փոխարինեցին կերպընկալէ գունդերը, որոնք այսօր հեղեղած են շուկան: Կերպընկալէ գունդերու զանգուածային արտադրութեան կեդրոնը Չինաստանն է, իսկ Գերմանիոյ մէջ կարելի է հանդիպիլ այս գունդերու բացառիկ, շքեղ արտադրանքին: Մինչեւ այսօր կերպընկալէ գունդերը լայն տարածում ունին, առաջին գունդերը պատրաստուած են նուրբ բիւրեղապակիով, որ յատուկ պատուանդանի վրայ կը զետեղուէին եւ գլուխ գործոց էին այդ տարիներուն:
Կաղանդի, Սուրբ Ծննդեան համաշխարհային հեքիաթային, երազային այս պատկերներուն, կերպարներուն կ՚աւելանայ հայկական աւանդականը, որ ոչ մէկ ձեւով կը զիջի միջազգային հակումներուն: Հայերը ունեցած են եւ առ այսօր կը պահեն Կաղանդի սովորոյթները, խորհրդանիշները եւ այն մեծ խորհուրդը, որուն հինէն ի վեր մեր ժողովուրդը Կաղանդի եւ Սուրբ Ծննդեան առիթներուն սպասած եւ հաւատացած է:
ՈՒՐԱԽ ԽԱՂԵՐ
Հեռաձայնի գործիքները դարձած են մեր առօրեայի անբաժանելի մասը: Նոյնիսկ տօնական օրերուն, երբ անհրաժեշտ է մէկ կողմ նետել ատոնք եւ զբաղիլ հարազատներու հետ, տեսակ մը կախեալ վիճակի մէջ կը յայտնուինք այդ գործիքներէն՝ շնորհաւորական խօսքեր գրելով ծանօթներուն, սպասելով անոնցմէ շնորհաւորանքներու եւ դիտելով ուրիշ մարդոց տօնական նկարները: Մասնագէտները արդէն հաստատած են, որ սովորական օրերուն սովորական դարձած այդ գործողութիւնը առաւել ճնշումի կ՚ենթարկէ մարդը տօնական օրերուն, ուստի խորհուրդ կու տան՝ մէկ կողմ դնել ձեռքի սարքերը: Հեռաձայնը մէկ կողմ նետելու եւ մշակուած են երեխաներու հետ տօնական օրերուն ժամանակ անցընելու խաղեր, որոնք օգտակար են նաեւ մեծերու համար, քանի որ բարձր տրամադրութեան մէջ կը պահեն մեծերն ու փոքրերը: Այս խաղերուն կրնան մասնակցիլ թէ՛ մեծերը, թէ պզտիկները: Ահա քանի մը խաղ՝ տօնական օրերը աւելի յիշարժան դարձնելու համար: Իսկ հեռաձայնները կրնան ծառայել զանոնք նկարելու եւ յետագային դիտելու համար.
Կը փչենք փաթիլներուն վրայ
Նախապէս պատրաստենք ափսէ մը, որուն վրայ լեցուած կ՚ըլլայ մանրացուած ճերմակ թուղթի կտորներ: Երեխաներուն ըսեք, որ Կաղանդ պապուկը, որ շուտով պիտի գայ, շատ կը սիրէ ձիւն եւ փաթիլ, եւ պէտք է փչենք այս թուղթէ փաթիլները այնպէս, որ բոլորը թռչին սկուտեղի վրայէն: Կարելի է կարգով փչել կամ խումբով: Հոգ չէ, որ ամէն կողմ թուղթ ըլլայ, յետոյ կարելի է թեթեւօրէն լծուիլ զանոնք հաւաքելու գործին:
Բռնէ փաթիլը
Նախապէս պատրաստեք գեղեցիկ գունաւոր փաթիլներ՝ գործածելով գունաւոր թուղթը: Այդ փաթիլները քանի մը հատով անհրաժեշտ է նետել օդ, իսկ երեխաները պարտաւոր են զանոնք որսալու: Կը յաղթէ այն մասնակիցը, որ աւելի շատ փաթիլ կը հաւաքէ:
Հաւաքէ ձիւնագունդերը
Գետնին լեցուած են ճերմակ թուղթէ կամ բամպակէ պատրաստուած գնդիկներ: Երաժշտութիւնը միանալուն պէս երեխաները իրենց քով նախապէս ունեցած գեղեցիկ տուփերու մէջ կը հաւաքեն ձեռակերտ ձիւնագնդիկները: Կը յաղթէ ամենաշատ գնդիկ հաւաքողը, իսկ որպէսզի խաղը ուրախ շարունակութիւն ունենայ, կարելի է այդ գունդերը նետել միմեանց վրայ կամ ալ արկղ մը հեռու դնել եւ դիպուկ կերպով նետել անոր մէջ:
Տօնածառեր
Երեխաները իրարու ձեռք բռնած շրջան կը կազմեն: Անոնց կը պատմենք, որ տօնածառերը սովորաբար կ՚ըլլան բարձր եւ կարճ, լայն եւ նեղ: Երբ դուք կ՚ըսեք «բարձր տօնածառ», փոքրիկները պէտք է ձեռքները վեր բարձրացնեն, երբ կ՚ըսեք «կարճ տօնածառ», փոքրիկները ծունկերը ծալած՝ կէս կը նստին: Երբ լսեն «լայն տօնածառ»՝ միմեանց ձեռքերը առանց ձգելու, մէկ քայլ ետ կ՚երթան՝ լայնցնելով շրջանը, իսկ նեղ տօնածառի պարագային՝ հակառակը՝ մէկ քայլ առաջ: Երբ մասնակիցները խաղի կանոնները իւրացնեն, կարելի է զանոնք շփոթի մատնել՝ խառնելով տօնածառերու հերթականութիւնը:
Խնդա՛
Կաղանդ պապուկը շատ կը սիրէ, երբ երեխաները կը խնդան: Երբ փչուկը օդ նետենք, երեխաները պէտք է խնդան այնքան, քանի դեռ փչուկը օդին մէջն է: Երբ փչուկը վար իջնէ եւ դպչի գետնին, ծիծաղը պէտք է դադարեցուի: Խաղէն դուրս կը մնայ այն մասնակիցը, որ չի կրնար զսպել ծիծաղը:
Կը պաղեցնեմ
Կաղանդ պապուկի հագուստով կամ գլխարկով մէկը կը փորձէ բռնել երեխաները՝ ըսելով. «Կը պաղեցնեմ, կը պաղեցնեմ քիթիկը», իսկ երեխաները պէտք է փախչին՝ ձեռքերով թաքցնելով իրենց քիթը: Այնուհետեւ Կաղանդ պապուկը կ՚ըսէ. «Կը պաղեցնեմ-կը պաղեցնեմ այտիկները», այս պարագային երեխաները կը փախչին՝ ձեռքերը դնելով իրենց այտերուն վրայ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024