ԱՐԴԵՕՔ ՀՐԱՇՔ ԿԱ՞Յ

Մեզմէ իւրաքանչիւրը, գուցէ ամէն տարի ունեցած է եւ կ՚ունենայ երազանքներ եւ միշտ փափաքած է անոնց կեանքի կոչուիլը, իրականանալը։ Բայց եւ այնպէս, անտանելի դարձած կեանքի սղաճին դիմաց դադրած է երազելէ եւ անսկիզբ ու անվերջ ժամանակի մէջ կեդրոնացած ենք «ուղղակի» նպատակներուն վրայ։ Ի՞նչ կը նշանակէ «երազանք»։ Շատեր երազանքը կ՚ընկալեն՝ որպէս անիրականանալի, անհաւանական երեւոյթ, որ կրնայ տեղի ունենալ միայն մեզի հետ։ 

Իսկ ինչ է «հրաշքը»։ Արդեօք մեր օրերուն դեռ հրաշքներ կը պատահի՞ն, թէ ոչ այդ գերբնական երեւոյթին կը հանդիպինք միայն սուրբգրային մեկնութիւններու մէջ։ Ամէն վայրկեան պատուհասի ենթակայ մարդիկ կը հաւատային եւ կը հաւատան հրաշքի զօրութեան, սակայն այժմ սկսած է վաղ տարիքէն սկսեալ չհաւատալ հրաշքներուն։ 

Բնութեան կանոններուն համաձայն, ամէն արդիւնք ունի պատճառ եւ փոխադարձաբար՝ ամէն պատճառ ծնունդ կու տայ արդիւնքի մը։ Բնութեան այս ընթացքը երբ շեղի իր սովորական ուղղութենէն եւ արդիւնք մը արտասովոր կերպով յառաջանայ, այս երեւոյթը կարելի է համարել «հրաշք», քանի որ «բացառութիւն» է։ Հրաշքը եզակի է, հազուադէպ եւ արտակարգ։ Հրաշքը նաեւ այն բոլորն է, որ տեղի կ՚ունենայ մեր շուրջը, ինչ որ մեր պատկերացումներէն անդին է։ 

Այո՛, հրաշքներ տեղի կ՚ունենան, երբ մենք հաւատանք անոնց։ Անոնք կրնան տեղի ունենալ ակնթարթի մը ընթացքին եւ անսպասելիօրէն երջանկութիւն պարգեւել ու երկար ժամանակ յիշողութեան մէջ մնալ մարդոց։ Կարելի է ըսել, թէ հրաշքներ կեանքին կու տան այնպիսի ուղղութիւն մը, որ անոնց շնորհիւ մարդիկ կը զարթնուն իրենց հոգեկան եւ մտային թմրութենէն, ամայութենէն, գոնէ նուազագոյնս դուրս կու գան կեանքի ընկճուածութենէն եւ կ՚անդրադառնան իրենց «անտեսած» աշխարհին։ 

Կան նաեւ մարդիկ, որոնք բոլորովին կ՚անտեսեն եւ չեն հաւատար հրաշքի գոյութեան, մինչդեռ ամէն օր հրաշքներ տեղի կ՚ունենան. անբուժելի համարուած անողոք հիւանդութիւններ կը բուժուին, յուսալքուած, ուժասպառ եղած դժնդակ կեանքեր կ՚ամոքուին, կը բարելաւուին, կը նորոգուին, կեանքի անգութ հոսքին մաշած «հեւքեր» նոր շունչ մը կ՚առնեն…

Բոլորիս ծանօթ է այն իրողութիւնը, թէ մարդկութիւնը դարերէ ի վեր դիմագրաւած է որոշ դժուարութիւններ, փորձութիւններ, սակայն տարիներու թաւալումով իրարու վրայ եկած փոթորկալից օրեր, աշխարհի կենցաղը տակնուվայ ըրած եղելութիւններ այս տարի ա՛լ աւելի վրդովիչ բնոյթ ստանալով խորացուցին անդունդը։ Մարդոց դէմքին վրայ ժպիտի պակասը, թախիծն ու մռայլութիւնը, դժգոհութեան տարատեսակ դրսեւորումները, ապագայի անորոշութիւնը հիասթափութեան գիրկը կը նետեն ամբողջ աշխարհը ակամայ։ Մարդիկ տեսնել կ՚ուզեն միշտ արտաքին տեսանելի աշխարհը եւ կը խուսափին նայելու իրենց ներաշխարհին, կը հրապուրուին «արուեստական լոյսով» եւ կ՚անտեսեն ճշմարիտ լոյսը…

*

Հակառակ կեանքի տարաբնոյթ դժուարութիւններուն, ամէն տարի, Ամանորի ուրախութիւնը ըմբոշխնած, միշտ դրական զգացումներով տոգորուած հայութիւնը այս տարի տարբեր տրամադրութեամբ պիտի դիմաւորէ նոր տարին։ Անկասկած, 2020 թուականը սկիզբէն մինչեւ վերջը մարտահրաւէր մըն էր աշխարհի համար։ Խօսքը, անշուշտ, միայն չի վերաբերիր քորոնաժահրի համաճարակի… Մանաւանդ համայն հայութեան տեսակէտէ մղձաւանջային այս անիծեալ տարին յորձանուտի նման տակնուվրայ ըրաւ հայոց հայրենիքը՝ Հայաստանն ու Արցախը։ Ատրպէյճան լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններ իրականացուց Արցախի Հանրապետութեան դէմ։ Ատրպէյճանի բանակը մէկ կողմէ շարունակեց սահմանի շփման գիծ ներթափանցելու փորձերը, իսկ միւս կողմէ՝ թիրախաւորեց մայրաքաղաք Ստեփանակերտը եւ Լեռնային Ղարաբաղի այլ քաղաքներու խաղաղ բնակավայրերն ու ենթակառուցուածքները, ինչ որ աւելի խորացուց Արցախի մէջ առկայ մարդասիրական ճգնաժամը։ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ Արցախի քաղաքացիական խաղաղ բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու դիտումնաւոր թիրախաւորումը նաեւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումն էր, սակայն ամբողջ մարդկութիւնը «աչքերը փակելով» դիտեցին պատերազմի բոլոր ընթացքը, նոյնիսկ պատահածներուն արձագանգողներ, աւա՜ղ, չկրցան յաջողիլ լսելի ու ազդեցիկ դարձնել իրենց ձայնը։

Պատերեզմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան բօթը ամբողջ հայութեան կուրծքը ջարդեց սուրի մը նման։ 

Ամբողջ հայաշխարհի մատնուած այս ծանր, ցաւալի եւ դժբախտութենէ աւելին՝ ալեկոծեալ լլկանքը քանդած ու կազմալուծած է հայերը թէ՛ մարմնապէս եւ թէ հոգեպէս։ Իրենց կեանքն հայրենիքին՝ ի մասնաւորի Արցախին առանց վարանելու նուիրաբերած հերոսներ իրենց արիւնի մինչեւ վերջին կաթիլը անվերջ պայքար մղեցին, որպէսզի անառիկ պահեն սահմանները, պապենական հողերը, ապահովեն հայոց ինքնութիւնն ու պատմամշակութային ժառանգութիւնները… Պատերազմէ աւելին էր սա, «գոյապայքար»… Փարոսի մը սփռած լոյսի հասնելու ակնկալութեամբ համայն հայութիւնը սուզուեցաւ ծովածաւալ անորոշութեան մէջ՝ առանց գիտակցելու, թէ ո՞ւր կը տանէին այդ ծովու ալիքները, հոսանքը։ Դարերէ ի վեր տառապած, դժբախտ ճակատագրէն փրկուելու չկարողացած հայութիւնը գոնէ այս անգամ խոր շունչ մը քաշելու, լուսաւոր ապագայի եւ բարօր ու համակեցիկ կեանք մը ունենալու յոյսով աչքերը կը բանար պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, սակայն, աւա՜ղ, այդ ոգեւորութիւնն ու դրական սպասումները չարդարացան կատարուած իրողութիւններուն պատճառով։ Իշխանութիւններու անկազմակերպ ու անորակ աշխատանքը խորտակեց բոլոր յոյսերը ու տերեւաթափ ըրաւ երկրէն ներս։ 

Անցեալը անցեալ է այլեւս։ Երկիրը փոքրացաւ, Եռաբլուրը մեծցաւ… Կատարուածը կատարուեցաւ։ Կը մնայ, որ ապագային անցեալէն դասեր քաղելով, ճատրակի վարպետի մը ձեռնհասութեամբ քայլեր առնուին առանց արտաքին «հրաշքներ»ու սպասումով։ Հայ ժողովուրդը դարերու խաւարէն եւ դաժանութիւններէն ելքի ճանապարհը գտած է իր մտքի ուժով։ Հայ ազգային ինքնութեան ներշնչումով, հայը պիտի առաջնորդուի հայակերտումի «զէնքի»՝ մտքի լոյսով եւ անխորտակելի ուժով։ «Հրաշքը» ինք պիտի ստեղծէ։

Այս տարուայ վերջին էջը թերթելով զայն կը յանձնենք պատմութեան։ Թէեւ մարդոց խաղաղութեան մասին փափաքները մինչ այժմ մնացած են ապարդիւն, սակայն սա պատճառ մը չէ յոռետեսութեան մատնուելու։ Անկասկած, խաղաղութեան, համակեցութեան, համերաշխութեան պակասը կը խանգարէ առօրեան բազում առումներով, այս պատճառով իմ մեծագոյն մաղթանքն է ամբողջ աշխարհի վրայ խաղաղութեան հաստատուիլը։ Թող նոր տարին մխիթարանք ըլլայ բոլոր ցաւերուն եւ ամոքէ ու սպիացնէ 2020-ի եւ անցեալի բացած բոլոր վէրքերը։ 

Թէեւ կը թուի դժուար, բայց նոր յոյսերով, բարի ակնկալիքներով եւ բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորենք նոր տարին՝ հրաժեշտ տալով հայ ժողովուրդին համար այս թէժ տարուան։ Հայ ժողովուրդի կորուստներու ցաւերը, պատերազմի, ռազմական սադրիչ գործողութիւններու տագնապները անցեալի գորշ էջերուն թաղուին եւ վճիտ, մաքուր էջ մը բանայ համայն հայութիւնը։ 

Կը մաղթեմ «հրաշքներով» լի տարի մը ամբողջ աշխարհին, մանաւանդ՝ համայն հայութեան վերականգնումի եւ յառաջընթացի յոյսով։ 

Շնորհաւոր Ամանոր։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020