ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԳԱԼԴ ԲԱՐԻ

Կար ու չկար Երկիր մոլորակի երեսին պզտիկ դրախտավայր մը կար: Դրախտի համն ու հոտը իր մէջ պահած այդ բուրաստանը այնքան պզտիկ ու աննշան էր, որ երկրագունդի վրայ նորածնի սրտի չափ տեղ մը կը զբաղեցնէր: Թէպէտ դարեր առաջ այդ երկիր դրախտավայրը իր չափերով շատ աւելի մեծ էր, կը նմանէր յաղթանդամ ու բարձրահասակ տղամարդու մը:

Երկրի երեսին գոյութիւն ունեցող այդ միակ դիախտավայրը այնքան դիւթիչ էր, որ եկող-գացողները չէին կրնար իրենց աչքը կտրել անկէ: Անգամ մը տեսնողին միտքը կը մնար այնտեղ: Մասնաւորապէս դրացիներունը, որոնք ամէն ամգամ ու ամէն կերպ կը փորձէին բան մը պոկել: Դրացիները կը փոխուին, սակայն ինքը միշտ նոյն տեղն էր, կիսատ-պռատ բայց կար:

Հարիւրամեակներ շարունակ այնքան քաշքշեցին, բզկտեցին, որ բուրաստանէն մնաց միայն սիրտը:

Աշխարհով մէկ ցիրուցան եղած անոր զաւակները տարին քանի մը անգամ կը վերադառնային վերջինիս գիրկը: Ոչ մէկը կ՚ուզէր ինքնակամ լքել իր հայրենիքը: Զանազան հանգամանքներու բերումով, յաճախ նիւթական միջոցներու խիստ սահմանափակ ըլլալու կամ բացակայելու պատճառաւ կը բռնէին պանդխտութեան ուղին: Ֆիզիքապէս կը բացակայէին երկրէն, սակայն իրենց սիրտն ու հոգին, իրենց միտքը կը ձգէին հայրենի լեռներու մէջ: Օտարութեան մէջ ծանր քրտինքով ապրուստի միջոցներ հայթայթելէ վերջ, խնայողութիւններ ընելով կ՚այցելէին իրենց մայր հայրենիքը: Այստեղ է, որ լիաթոք կը շնչէին, կը ժպտէին ու կը հանգչէին:

Անցեալ տարի ինծի պէս շատեր ունեցան իրենց կեանքի լաւագոյն Նոր տարին: Տարիներ անց առաջին անգամ իմ ամենասիրելի ու սպասուած տօնը դիմաւորեցի ծննդավայրիս մէջ: Չկայ առաւել մեծ ցնծութիւն եւ ուրախութիւն, քան Ամանորը Արցախի մէջ: Դեկտեմբերի 31-ի գիշերը կրկին Արցախ աշխարհը մայրաքաղաք Ստեփանակերտով հանդերձ կը ծխար խորովածի ծուխ: 2020 թուականը խոստմնալից էր ու ոգեշնչող: «Քսան-քսան՝ գեղեցիկ թիւեր քով քովի շարուած, վստահաբար տարին ալ նոյնքան գեղեցիկ ու յաջող պիտի ըլլայ», ինծի պէս կը խորհէին շատեր։

Մեր սպասումներն ու ակնկալիքները նորամուտ տարիէն բաւական շատ էին ու խաբուսիկ: Ամանորի գիշերը կրկին պահեցինք երազ եւ ուղիղ ժամը տասներկուքին թուղթի կտորի մը վրայ գրելով մեր ամենանուիրական փափաքը վերջին վայրկեանին այրեցինք եւ մոխիրը շամփայնի հետ խառնելով ըմպեցինք:

Տօնական այդ երկու շաբաթները հեքիաթի պէս անցան: Աղուոր մը հանգչեցանք, լիցքաթափուեցանք, նոր ուժերով ու եռանդով վերադարձանք Հայաստանի առաջին մայրաքաղաք: Յունուարի կէսերն էր: Առհասարակ Կաղանդէն եւ Սուրբ Ծնունդէն վերջ յունուար եւ փետրուար ամիսները աննկատ կ՚անցնին: Գրեթէ մինչեւ յունուարի կէսերը կը տօնես Նոր տարին, այնուհետեւ մինչեւ ամսու վերջ կը հաւաքես տան ամանորեայ զարդարանքն ու եղեւինը: Կու գայ տարուայ ամենակարճ ամիսը: Մինչեւ քնանաս ու արթննաս ամիսը կը վերջանայ:

Եկաւ մարտը՝ գարնան առաջին ամիսը: Մայր բնութիւնը արթնցաւ ձմրան խոր քունէն: Ծառերն ու ծաղիկները փթթեցան, մեր մտքերն ալ սկսան փայլատակելու: Ոգեւորուած քսան-քսան գեղեցիկ թիւերէն, պատրաստուեցանք խոշոր քայլերով ընդառաջ երթալու մեր նպատակներուն: Աւա՜ղ, եկուր ու տես, որ տարին այնքան ալ բարեբեր ու յաջող չէ: 2020 թուականը նմանեցաւ «Թաւշեայ յեղափոխութեան»: Մարդիկ կուրօրէն տարուեցան արտաքին ազդակներով առանց թափանցելու խորքը:

Համայն մարդկութեան ու աշխարհին առաջին հարուածը հասցուց աներեւոյթ թշնամին՝ թագաժահրը: Սա նորաթուխ ու դաժան համաճարակը կաթուածահար ըրաւ աշխարհի տնտեսութիւնը: Խլեց միլիոնաւոր մարդոց կեանքեր: Պահ մը մեզի կը թուէր, թէ ասկէ վատ բան այլեւս չի կրնար պատահիլ: Կը խորհէինք, թէ աւելի լաւ է պայքարիլ տեսանելի թշնամիի դէմ՝ քան աներեւոյթի: Սակայն եկուր ու տես, որ կրկին սխալեցանք, այն ալ չարաչար: Քորոնաժահրը չարեաց փոքրագոյնն էր: Այն մեզմէ խլեց ու կը շարունակէ խլել կեանքեր, սակայն ոչ երբեք հայրենիք, տուն ու տեղ: Ան չի գերեվարեր, շրջափակման մէջ չի ձգեր, կտտանքներու չ՚ենթարկեր...

Հազիւ ամրան վերջին ամսուն սկսանք խելքերնիս գլուխնիս հաւաքել ու շունչ առնել: Թագաժահրը սկսած էր նահանջել: Հայաստանի մէջ հիւանդներու թիւը զգալիօրէն կը նուազէր: Բացուեցաւ դէպի Արցախ ազատ ելումուտը. թագաժահրի պատճառաւ սահմանուած էին կարգ մը սահմանափակումներ: Օգոստոս ու սեպտեմբեր ամիսներուն ես անընդհատ կը պատրաստուէի այցելել իմ տուն, սակայն ամէն անգամ խոչընդոտ մը կը յառաջանար: Ամէն անգամ մեր ճանապարհորդութիւնը կը յետաձգուէր: Մտքով ու հոգւով կը հասնէի այնտեղ, բայց ոտքերս չէին յառաջանար: Այսպէս սեպտեմբերի վերջին կիրակին դարձաւ ճակատագրական՝ համայն արցախահայութեան համար:

Շատեր անգիտակցաբար, առանց հրաժեշտ տալու խուճապահար լքեցին իրենց տունն ու բնօրրանը, ուր այլեւս թերեւս երբեք պիտի չկարողանան վերադառնալ: Մայր հայրենիքի հեռաւոր անկիւններու մէջ ապաստան գտան յոյսով, որ շուտով պիտի վերադառնան իրենց տունը: Սակայն կիրակին շաբաթունէ կանուխ եկաւ:

Արցախն ու արցախցիին դաւաճանելէ, վաճառելէ վերջ մենք մտովի սկսանք թերթելու հայոց պատմութեան էջերը: Դպրոցի մէջ մեր սերտածը զգացինք մեր սեփական մորթի վրայ: Մինչեւ այս դաժան ու անարդար պատերազմը հայու վիշտը կը վերապրէինք, իսկ այսօր մեր մարմնի ամէն մէկ բջիջով կը զգանք այդ դառնութիւնը: Մենք այլեւս առաջուանը չենք: Մեզմէ գողցան մեր ժպիտը, անհոգ օրերը, ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը, մեր հողն ու ջուրը: Այլեւս շնչելու ժամանակ կը զգանք ցաւ մը, ծանրութիւն մը, յաճախ ալ շունչդ կը կտրի, սիրտդ կը կենայ: Կ՚ուզես պոռալ, ոռնալ, ցնորիլ: Սակայն յաջորդ վայրկեանին կը հասկնաս, որ քու խելացնորումը վնասէ զատ ոչ մէկ օգուտ պիտի բերէ ընտանիքիդ ու վիրաւոր հայրենիքիդ:

Ձմեռ է, ցուրտ ու խստաշունչ: Արցախի մէջ տիրող մշուշոտ ու մառախլապատ եղանակը իւր արտացոլումը գտած է մեր վիրաւոր հոգիներու մէջ: Դուրսը երբեմն կը ծագի արեգակ: Ձմրան արեւը կը փորձէ աննշան ջերմացնել մեր սրտերը, սակայն սառցաբեկորը ոչ մէկ կերպ կը հալի: Օրը մշուշոտ է, ապագան ալ հետը: Եռաբլուրը դարձած է մեր երկրորդ տունը: Այնտեղ կը հանգչին հինգ հազար եւ աւելի մարտիկներ, որոնք իրենց կեանքի գնով զոհ գացին անիրաւութեան, դաւաճանութեան ու ստորութեան: Վիրաւոր Հայաստանի եղանակն ու տրամադրութիւնը իրենց լաւագոյն արտացոլումը գտած են Լիւտմիլա Շահումեանցի բանաստեղծական տողերուն մէջ:

Զգոյշ թափուէ՛ք, փաթիլներ
Հողի գրկում կան կեանքեր,
Այնտեղ տղերքն են մեր
Յաւերժին ձուլուած՝ պառկել...
Փաթիլներ ճերմակ մաքուր
Թափուէք կամաց ու տխուր,
Ծածկէք ամէն շիրմաթումբ
Սպիտակ վերմակով փափուկ:
Զոհուած տղերքն են մեր
Որ չտեսան էլ ձմեռ,
Իջէք հանգիստ ու շատ մեղմ
Որ չզգան ցուրտ՝ սառնաբեր:
Վէրքերը թարմ են շատ դեռ
Յանկարծ ցաւ չպատճառէք,
Ամուր, ջերմօրէն փարուէք
Ինչպէս մայրը կը փարուէր...
Զգոյշ թափուէ՛ք, փաթիլներ
Հողի գրկում կան կեանքեր,
Ա՜խ ինչքան անցնի ձմեռ
Պարտքը չենք կարող մարել...

Անգամ մեր վատագոյն երազի մէջ չէինք կրնար պատկերազնել Արցախի ու Հայաստանի կարգ մը սահմաններու յանձնումը՝ վաճառքը, հինգ հազար հերոս մարտիկներու արեամբ գծուած սահմաններու նուիրաբերումը: Այսօր մեզ ոտքի վրայ կը պահէ միայն հաւատքն առ Աստուած: Կը շարունակենք անդադար աղօթել ու խնդրել ապաշխարութիւն: Ոչ մէկ կենդանի արարածի կը վստահինք ու կը հաւատանք: Սակայն վստահ ենք, որ Աստուած մեզ մինակ չի ձգեր, չէ՞ որ Հայաստանը Աստուծոյ մատանին է, իսկ Արցախը՝ մատանիի քարը: Եւ Տէրը չի ձգեր, որպէսզի երկար ժամանակ իր մատանին մնայ առանց քարի:

Ահաւասիկ չարաբաստիկ տարին կը մօտենայ իր աւարտին: Նոր տարին այլեւս մեր դրան շեմին է: Սակայն Հայաստանի, Արցախի, հայու հոգիի մէջ չկայ տօնական տրամադրութիւն: Վիշտն ու կսկիծը բոյն հիւսած է մեր հոգիներու մէջ: Այս տարի Ամանորը մեզի համար կորսնցուցած է իր գոյներն ու կախարդանքը: Տօնական տրամադրութեան փոխարէն սուգը պատած է մեր երկիրը: Այս տարի՝ դեկտեմբերի 31-ին Արցախը պիտի չծխայ խորովածի բոյրով… Պատերազմի ուրուականը տակաւին կը շրջն իմ սրբավայր ծննդավայրիս մէջ: Պատերազմը չէ աւարտած... Խորովածի փոխարէն կ՚առնենք արեան հոտ, այն դեռ շատ մօտ է:

Հաւատալով Աստուծոյ զօրութեանը հոգուոյս խորքին մէջ կը հաւատամ մեր պայծառ ապագային: Նորէն գարուն պիտի բացուի, հայը՝ արցախցին նորէն անհոգ պիտի ապրի իր սրբավայրի մէջ...

2021 թուականը պիտի դիմաւորեմ ՝

Լուռ
Աղօթելով
Ապաշխարհելով
Խոնարհելով բոլոր անմահներու վառ յիշատակի առջեւ
Եռաբլուրի մէջ յարգանքի տուրք մատուցելով մեր բոլոր զոհերուն:
Մաքուր, ազնիւ ու անկեղծ սրտով
Առողջ մտքով
Յոյսով, սիրով ու հաւատքով
Լաւատեսութեամբ, հանդուրժողականութեամբ ու ներողամտութեամբ:
Սեղանս պիտի ըլլայ պարզ ու համեստ:
Տանս զարդարանքը՝ համահունչ մեր հոգեվիճակին:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020