ԳՈՂՑՈՒԱԾ ԿԱՐՕՏ

Ճիշդ ինն տարիներ առաջ՝ Սուրիոյ պատերազմի սկզբնաւորութեան, ընտանեօք Հալէպը լքողներու առաջին շարքերէն եղանք, ետին թողելով ամէն ինչ: Տասնամեակներէ ժառանգուած, անթեղուած անապահովութեան նորայայտ բարդոյթը մեզ մղեց նոր ափեր որոնելու պարտադրանքին: Մեր նախապատուութիւնը, բնականաբար, գնաց հայրենի հողին, հատուցման գէթ բարոյահոգեբանական տարբերակ մը գտնելու յոյսով: Չէ՞ որ կար մէկդարեայ աւանդուած կարօտախտը մեր հոգիներուն մէջ: Սակայն ունենցաք մեծ կսկիծը բաժանումին: Գաղթաշխարհի մեր նորաստեղծ «հայրենիքը» տեղ մը արդարօրէն պարտադրած էր իր սէրը մեզի: Չորս իրերայաջորդ սերունդներու կեանքի ոդիսականը իր գոյատեւելու վճռորոշ կամքով, մաքառումներով, քաղաքացիական պարկեշտութեան բոլոր յանձնառութիւններով, մեզի տուած էին արժանապատիւ հայեցի գաղութ մը ըլլալու առիթը: Եւ մեր ցեղին, սուրիահայ Սիզիփոսները աստուածներու պատիժին հլու, կրցած էին լերան գագաթը բարձնացնել հսկայածաւալ ժայռը, մոռնալով անոր կրկին վար գլորելու հրամայականը: Ֆրանսացի գրող Ալպեր Քամիւի խօսքերով՝ «Սիզիփոսը պէտք է պատկերացնել երջանիկ»: Մեր գաղութը երջանիկ էր յանձին այդ մագլցումին՝ այն տարբերութեամբ, որ պատրանքը ունեցաւ գագաթին յաւէտ մնալու գաղափարին:

Զինուորական թէժ գործողութիւններու դադարէն ետք, ես եւ որդիս այցելեցինք մեր լքած քաղաքը, հասու ըլլալու տիրող իրավիճակին եւ մեր հոն թողած ունեցուածքին:

Տեղին չէ մանրամասնել կորուստներու չափն ու եղանակը: Աղէտը համամարդկային տարողութեամբ հասած էր իւրաքանչիւր քաղաքացիի, այդ մեծ երկրի ամբողջ տարածքին: Մէկ բան կարելի է յստակ հաստատել: Պարտուած էր մարդկային պատմութիւնը՝ հազարամեակներու իր յառաջխաղացքին անյարիր, յետադիմական նահանջով: Պարտուած էր քաղաքակրթութիւնը՝ ի տես հրեշային, քաղաքական հաշիւներու եւ ի վերջոյ պարտուած էր մա՜րդը ի տես անոր բարոյական քայքայումին: Ականատես եղանք իրերայաջորդ բացայայտումներու ցաւալի հարուածներուն, գործարաններու, արհեստանոցներու եւ առեւտրական կեդրոններու համատարած աւերման: Մեզի ալ բաժին ինկած՝ Քեսապի առանձնատան ամբողջական քանդում եւ ապրանքային պահեստանոցին ալան-թալանը, պարտականներու երկրէն մէկընդմիշտ փախուստը եւ այլն: Հալէպի մեր բնակարանը նոյնպէս զերծ չէր մնացած հրթիռներու թիրախէն, այնտեղ տարիներու փայփայուած կահ-կարասիները լացակումած կը համենային փոշիի եւ քարի խառն հանդերձանքին տակ:

Սրտաճմլիկ այս հետաքննութիւնս կը շարունակեմ ուղղուելով Խամըն Մարիկին (կեսրոջս) տունը, ուր անցուցած էի ամուսնութեանս առաջին հինգ տարիները եւ այնտեղ բախտաւորուած զաւակներուս ծնունդով: Կեսուրս՝ գաղթական որբուկ մը Տիգրանակերտի շրջակայքի Ակլ գիւղէն, չորս տարեկանին ծնողքը կորսնցուցած, մեծցած էր որբանոցներու տխուր, բայց փրկարար երդիքին տակ: Պարմանուհիի տարիքը բոլորած, ամուսնութեան առաջարկ կը ստանայ տիգրանակերտցի վերապրած պարկեշտ երիտասարդէ մը, որը անպայմանօրէն փնտռած եւ գտած էր իրեն համաքաղաքացի կողակիցը: Եւ այնուհետեւ նորաստեղծ համեստ օճախը կը սկսի շնչաւորուիլ եւ խօսիլ Տիգրանակերտի բարբառով, երկնելով հայ ազգի յառնումի մատենագրութեան հրաշափառ տողերէն մին: Նորապսակները մի քանի տարի ետք, պիտի յայտնաբերէին իրենց ճակատագրակից համաքաղաքացիները եւ ո՜վ զարմանք, Խանըմին մօտիկ ազգականներէն մին իրեն պիտի յանձնէր հայրենական օճախէն փրկուած քանի մը պղնձեայ իրեր եւ մօրը տախտակեայ օժիտի սնտուկը: Ծպտեալ վիճակով իրենց կեանքը փրկած այդ հարազատները քսանականներուն կը գաղթէին դէպի Սուրիա, իրենց սայլակներուն մէջ բեռցնելով այն՝ ինչ որ կրնային բերել: Եւ այդ բախտակից փրկուողներուն մէջ էր Խանըմին ծնողքին պղնձեայ սպասքը: Կեանքին մեծագոյն երջանկութիւններէն մին եղած էր այդ դէպքը, թերեւս համազօր իր զաւակներուն ծնունդի ուրախութեան:

Եւ այնուհետեւ լոգանքի ու լուացքի տաշտը, «տուզմա»ներու տարաչափ «նքրայ»ները, բաղնիքի թասը, «հաուան»ը եւ կաթսաները, կեսրոջս սրբութիւն-սրբոցն էին եւ անոնք իր արտակարգ մաքրասիրութեան կիզակէտը դարձած էին եւ կալայագործին յաճախակի այցելութիւններով միշտ նորահարսի փայլք կը ստանային:

Այս սպասքին ընդմէջէն կեսուրս գծեց իր կեանքի պատմութիւնը: Նորածին երեխաները լոգցուց անոնց մէջ, Տիգրանակերտի համադամ ճաշերը մատուցեց ընտանիքին՝ այդ ամանեղէններու ընդմէջէն, իր նոր կեանքը հանգուցելով մշուշոտ անցեալին հետ:

Անասելի տանջանք, աղօտ վերյիշում, հարիւրաւոր անգամ կրկնուած թերեւս նշանակալի եւ աննշան մանրապատումներ կու գային սնելու իր ներընդիր կարօտը: Տարերային զգացում մը, որ թերեւս ճշգտիտ հոմանիշ բառ չունի ուրիշ լեզուի մէջ: Հայու հոգիին բաղադրիչը եւ անոր աննիւթական հիւսկէններու աւիշը, զոր նկարագարելու մենք սոսկական «կարօտ» բառը կը գործածենք:

Եօթանասունականներու կէսերուն էինք եւ արդէն ընտանիքը ճիւղաւորուած էր նորածին թոռներով, բայց կարօտի այդ պղնձեայ առարկաները եւ օժիտի սնտուկը մնացին Խանըմին փայլատակող երջանկութեան ակունքը: 

-Մայրիկ, ինչո՞ւ նոր կաթսաներու մէջ չես եփեր ճաշերը: Տես ինչ գեղեցիկ եւ գործնական են Թեֆալը, Սթանլէս-Սթիլը, Փայլեքսը...:

-Օ՜հ.... պարապ բաներ մի խօսա:

-Գոնէ ելեկտրական լուացի մեքենան գործածէ: Ինչո՞ւ տաշտին մէջ տակաւին լուացք կ՚ընես:

-Աղջիկսի, ես չիմ կարա ձեռքիս նետիմ նուր բաներին: Ըսունք կը նեղանան: Իմ մամու-պապու հոտն իլան-համը իկան մէջէրնին:

Մեր այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին մտանք տարիներէ ի վեր որբացած Խանըմ մայրիկիս տունը: Իր մանկութեան տեսած կոտորածին նման նոր տեսակի ջարդ մը վիճակած էր տան, երբ հրթիռ մը ինկած էր պատկից շէնքին վրայ եւ մեծ վնասներ հասցուցած տան ներքին կահաւորումին: Պատէն վար գետին ինկած սիրելիներու մեծադիր նկարներ, փշրուած ապակիներ, կոտրտուած կահ-կարասի: Արտասուախառն աչքերով վազեցի խոհանոց եւ անոր կից փոքրիկ նստասենեակը, որուն պատի պահարաններուն մէջ զետեղուած էր օժիտի սնտուկը Խանըմ մայրիկին:

Անհետացած էին պղնձեայ անօթները եւ օժիտին սնտուկը: Վերաթարմացած յուշերով բացայայտեցինք տարբեր տեսակի այլ գողութիւններ: Բայց զիս մեծապէս ցնցողը եղաւ մայրիկին նշխարներուն անհետացումը: Հրթիռի պայթումէն տեղաշարժուած էր տան մուտքի դուռը եւ դիւրացուցած գողերու թափանցումը ներս:

Պղնձեղէնը շուկայէն փնտռուած ու գնահատուած գողօն էր թալանիչներուն համար, իսկ հինցած սնտուկը հաւանաբար իր խորհրդաւորութեամբ գրգռած էր անոնց ախորժակը, անսպասելի գանձ մը գտնելու յոյսով:

Մեծ կորուստներ ունեցանք ինչպէս իւրաքանչիւր հալէպահայ, բայց ամենածանրը եղաւ երկրէն եկած սրբութիւններուն անհետացումը: Խանըմ մայրիկիս կարօտի մասունքները գողցուած էին...

Կարօտը կեանքի ամենաանբացատրելի զգացումներէն է, կարօտ՝ սիրելի անձին, հողին, տան, բնութեան եւ նոյնիսկ արարիչին, անմեկնելի ու խորհրդաւոր բաղադրատոմս մը՝ սիրոյ, կապուածութեան, ժամանակի հետ միաձուլման: Կարօտը՝ վերապրումի ձգտում է, կորնչելին վերագտնելի դարձնելու անյոյս պատրանք, կարօտը՝ յուզող եւ միաժամանակ երջանկացնող ապրում մըն է, որուն առարկաները նիւթականէն ոգեղէնի կը ձեւափոխուին:

Խանըմ Մայրիկիս կարօտը գողցած էին, այդ կարօտը անանձնական զգացում էր, մասնիկը մեր ժողովուրդի հաւաքական կարօտի ամբողջութենէն: Ան ապրեցնող ու սնող զգացողութիւն էր՝ յանձինս կեանքի շարունակելիութեան: Գողերը հաւանաբար ճիշդ կռահած էին հին սնտուկին մէջի գանձին գոյութեան մասին, հոն էր մեր ազգի հաւաքական կարօտի անգնահատելի գանձը, ոգեղէն եւ անմարմին, որը երբեք չի թալանուիր...:

ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Դեկտեմբեր 2021

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021