ԹՈՂ ԱՄԷՆ ՏՈՒՆ ԿԱՂԱՆԴԻ ԾԱՌ ՈՒՆԵՆԱՅ…

-Մեծ մամա, մենք ալ Կաղանդի ծառ պիտի զարդարե՞նք…

Առաջին տարին էր, որ դպրոց կը յաճախէր եօթ տարեկան Նարօտը։ Թէեւ անծանօթ էր միջավայրը, սակայն ուրախ էր ան։ Այնտեղ ընկեր-ընկերուհիներ ունեցաւ, խաղալիքներ կային եւ իրենց տունին ճնշուածութիւնն ու տխրութիւնը չկար։ Ուսուցչուհին հեքիաթներ կը պատմէր իրենց, ինք շատ կը սիրէր այդ հեքիաթները եւ շատ կը զարմանար, թէ ինչո՞ւ մեծ մօր պատմութիւնները նման չէին այս հեքիաթներուն… Ինչո՞ւ մեծ մօր պատմութիւնները ուրախ աւարտ չունէին… Եւ ան հասկցաւ, որ մեծ մօր պատմութիւնները հեքիաթ չէին։ Ինք շատ սիրեց հեքիաթը, ուր գորտը մէկ համբոյրով իշխան կը դառնայ… Ուր թագաւորին աղջիկը կախարդանքէն ազատուելով սիրածին կը դառնայ… Ուր սուտերը գաղտնիք չեն մնար եւ բարին մի՜շտ կը յաղթէ չարին…

Իսկ իրենք հեքիաթ չունէի՞ն… Ինչո՞ւ հօրը չճանչցաւ երբեք, ինչո՞ւ եղբայրը պատերազմէն չդարձաւ ինչպէս իրենց դրացիին տղան, ինչո՞ւ ետքը մայրը հիւանդացաւ եւ երեք սեւ քարեր շարուեցան կողք-կողքի, ուր մեծ մօր հետ այցելութեան կ՚երթային ամէն շաբաթ։ Մեծ մայրը դառնագին կու լար այդ պաղ եւ անարձագանգ քարերուն դիմաց, որոնց վրայ կը տեսնէր իր հօր, մօր եւ եղբօր նկարները։

-Մեծ մամա, ո՞ւր գացին մամաս, պապաս եւ եղբայրս։

-Իրենք չգացին Նարօտ, պատերազմը տարաւ…

Շուարեցաւ տիկին Մարիամը, Կաղանդի ծառ… Ի՞նչ Կաղանդի ծառ… Ի՞նչ սրտով Կաղանդի ծառ պիտի զարդարէր… Նարօտին հայրը Ապրիլեան պատերազմին երկրորդ օրը զոհուած էր։ Եղբօր դիակը քառասունչորսօրեայ պատերազմէն տարի մը ետք միայն կրցած էին գտնել այլայլուած վիճակի մէջ… Իսկ իր աղջկան՝ Նարօտի մօր սիրտը չդիմանալով այս բոլորին, հինգ տարեկան Նարօտը իրեն ձգելով միացեր էր ամուսնոյն եւ զաւկին…

Ի՞նչ սրտով Կաղանդի ծառ զարդարէր… Նոյնիսկ չէր յիշեր, թէ ո՞ւր պահած էր Կաղանդի ծառը… Յանկարծ յանցաւոր զգաց Նարօտին դիմաց, որ մինչեւ դպրոց յաճախելը՝ ինք ալ մոռցած էր այս բոլորը։ Իր մանկական աշխարհը նուազագոյնով գոհացած էր միշտ։ Հօրը չէր յիշեր, բայց անդադար կը հարցնէր մօրն ու եղբօրը մասին եւ կը սպասէր բոլորին։

Եւ հիմա՞…

Հիմա դպրոց կ՚երթար Նարօտը եւ հարցումները շատցած էին։

Դպրոցը Կաղանդի ծառ զարդարած էին, դասընկերուհիները պատմած էին իրենց տուներու Կաղանդի ծառերուն մասին։ Պատմած էին, թէ Կաղանդ պապուկին նամակ գրած էին, թէ ինչ կ՚ուզեն։ Եւ ան պիտի գար, ինչպէս ամէն տարի եւ շատ նուէրներ պիտի բերէր։ Նարօտը անդրադարձած էր, որ ինք ո՛չ միայն հայր, մայր ու եղբայր չունէր, այլեւ ուրիշ շատ բաներ կը պակսէին իր կեանքին մէջ։ Սակայն, որքան ալ հետաքրքրական էին այդ բոլորը, իրեն համար հիմնականը կը մնար հօր, մօր ու եղբօր բացակայութիւնը։

Քանի մը օր ետք Նարօտը նոր հարցումով մը եկաւ դպրոցէն։

-Մեծ մամա, մեր ուսուցչուհին մեզի պատմեց Յիսուս Մանուկին մասին, թէ Կաղանդի ծառին տակ մսուր կը դնեն, որովհետեւ մեր Յիսուս Մանուկը հոն ծնաւ քարայրի մը մէջ, Ան մեծցաւ, հրաշքներ գործեց, յետոյ չար մարդիկ խաչեցին զինք, բայց Ան յարութիւն առաւ… Յարութիւնը ի՞նչ է մեծ մամա…

-Շատ ճիշդ պատմեր է ուսուցչուհիդ… Ինչպէս Քրիստոս յարութիւն առաւ՝ այդպէս ալ բոլոր մահացածները պիտի արթննան եւ միանան մեզի եւ այլեւս բաժանում պիտի չըլլայ…

-Ուրեմն ես դարձեալ պիտի տեսնե՞մ մամաս, պապաս եւ եղբայրս…

-Անշուշտ պիտի տեսնես…

-Եւ այլեւս պիտի չբաժնուինք…

-Այո՜, մի՜շտ միասին պիտի ըլլանք…

 Նարօտը անսահման ուրախութիւն զգաց… Իրենք Կաղանդի ծառ պիտի զարդարէին, անպայմա՛ն պիտի զարդարէին, չէ՞ որ մսուրը Կաղանդի ծառին տակ կը դնեն… Կաղանդ պապուկն ալ պիտի այցելէր… Չէ՞ որ ան բարիներուն կ՚այցելէ…

-Մեծ մամա, եկուր արագ նամակ մը գրենք Կաղանդ պապուկին։

Եւ դպրոցական պայուսակէն հանելով թուղթ ու մատիտ մեկնեց մեծ մօրը.

Սիրելի Կաղանդ պապուկ,

Մենք ալ Կաղանդի ծառ պիտի զարդարենք… Այս տարի անպայմա՛ն այցելէ մեզի, ես շա՜տ բարի եմ եւ Յիսուս Մանուկը շա՜տ կը սիրեմ… Ինչ կ՚ըլլայ, թող այլեւս պատերազմ չըլլայ, թող բոլորը մամա, պապա եւ եղբայր ունենան։ Եւ Կաղանդ պապուկ, թող բոլորը, բոլորը Կաղանդի ծառ ունենան…

Քեզի շատ կը սիրեմ՝

Նարօտ

ԱՆՈՅՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

(Երուսաղէմ)

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022