«ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԸ»
Ընթերցասէրներ, անպայման պահ մը խորհած ըլլան փախչելու լճի մը մօտ գտնուող տնակ մը եւ անընդմէջ կարդալ գիրքեր՝ գիշերային խաղաղ երկնքի տակ աստղերու եւ ծղրիդներու ներդաշնակութեամբ։ Այդ գիրքերու շարքին կրնամ դասել Սըր Արթուր Քլարքի «Մանկութեան վերջը» գիրքը, որով հեղինակը միահիւսած է իւթոփիան եւ հակաիւթոփիան։
Գիրքը կը պատմէ «Իշխողներ» կոչուած խորհրդաւոր ցեղի Երկիր «խաղաղ» ներխուժման մասին, որ պատճառ կ՚ըլլայ իւթոփիայի մը ստեղծման՝ մարդկութեան ինքնութեան ու մշակոյթի գնով։
1917 թուականին ծնած Քլարք կը համարուի այն գրողներու շարքին, որոնք նոյնիսկ այսօր կ՚ուրուագծեն գիտական երեւակայական ոճով գիրքերը։ Հակառակ, որ Քլարք հեղինակած է բազմաթիւ կարեւոր ստեղծագործութիւններ, բայց կարելի է ըսել, որ ամբողջ աշխարհին յայտնի գիրքն է «2001 թուականի տիեզերական ոդիսականը»։ Հարկ է նշել, որ այս վերջինը 1968 թուականին նկարահանուած էր աշխարհահռչակ բեմադրիչ Սթենլի Քուպրիքի կողմէ։
Սըր Արթուր Քլարքի «Մանկութեան վերջը» վէպը վառ ապացոյցն է, թէ գիրք մը իր պատմութեամբ, կերպարներով եւ գեղարուեստական գրականութեամբ ի՛նչ հորիզոններ կրնայ բանալ մարդոց համար։ Քլարք 1950 թուականին «Պաշտպան հրեշտակը» խորագրեալ պատմութեամբ առաջին անգամ դրած է վերոյիշեալ գիրքի հիմքերը, իսկ 1953 թուականին պատմութեան վէպի վերածուած տարբերակը հրատարակուեցաւ «Մանկութեան վերջը» վերանուանումով։
Վէպը ունի երեք մաս։ Քլարք յաջողած է գիրքի սկիզբին ընթերցողը թողել սարսափելի երկընտրանքի մէջ՝ իր անսպասելի պատասխանով այն հարցին, թէ արդեօք մարդկութիւնը միայնա՞կ է տիեզերքի մէջ։ Մինչ մարդիկ սեփական «փոքր» խնդիրներով կը զբաղին, յանկարծ հսկայական խոչընդոտներ կը յառաջանան եւ ամէն ինչ անիմաստ կը դառնան. այս դրուագը իրօք իւրայատուկ ձեւով ու սահուն լեզուով նկարագրուած է գիրքին մէջ։
Վէպը կը շարունակուի հարցականի տակ դնելով, թէ մարդկութիւնը որքա՛ն արագ կրնայ փոխուիլ եւ յարմարիլ նոր իրավիճակներու, կ՚իջնէ «իշխողներու գոյու-թեան» ծագման եւ կ՚եզրափակուի՝ երեւան հանելով մարդոց ամենահիմնական զգացումներն ու բնազդները (գոյատեւում եւ գոյութեան հարցաքննում)։ Անթիւ հարցականներ կը ծագին՝ կարդալով մինչեւ վերջին վերջակէտը։ Քլարքի ստեղծագործութիւնը կարդալէ յետոյ անխուսափելիօրէն կը զարմանաք, կ՚անդրադառնաք, թէ գիտական երեւակայական ոճով բարոյական գիրքեր ներշնչուած են այս հատորէն։ Այսինքն Այզեք Ասիմովի ստեղծագործութիւնները կարդալէ յետոյ աւելի լաւ կը հասկնաք «Աստղային պատերազմները»։ Նոյնպէս կարելի է զգալ Ֆրենք Հերպերթի «The Dune» ստեղծագործութեան մասին։ Այս բոլորը կը տարբերին իրարմէ, սակայն իրականութեան մէջ ոչ մէկը կրնայ դասուիլ միւսէն անկախ։
Արդարեւ վարպետօրէն միահիւսուած, սահուն լեզուով հեղինակուած «Մանկութեան վերջը» անպայման կը հետաքրքրէ գիտա-երեւակայական ոճով գիրքերու սիրահարները։ Ան չափազանց կարեւոր աշխատանք մըն է մարդկութեան վարքագիծերու եւ ապագայի վերաբերեալ անդրադարձներով։
Հեղինակի գրչի ուժը կը տեսնենք գիրքի եզրափակիչ բաժնին մէջ։ Քլարք այնքան լաւ արտացոլած է պատմութիւնը, թէ գիրքը աւարտելէ յետոյ յուզական տարբեր հոգեվիճակներու մէջ կը սուզուի մարդ։ Գրելու լուրջ հմտութիւն պէտք է այդ զգացումները ընթերցողին փոխանցելու համար եւ Քլարք ցոյց կու տայ, թէ ինք հմուտ է այս բանը ընելու համար։ Թէեւ գիրքը գրի առնուած է 64 տարի առաջ, բայց նիւթի մշակումը առաւել արդիական եւ գոհացուցիչ է, քան այդ ժամանակաշրջանէն յետոյ հեղինակուած շատ մը ստեղծագործութիւններ:
«Մանկութեան վերջը» ձեւով մը նախազգուշացում է մարդոց համար, այլեւս կանգնելու ժամանակը չէ, ժամանակն է բանալ մեր փակած ճանապարհները եւ շարժիլ յառաջ: Հասուննալու ժամանակն է, քանի որ մենք չենք կրնար սպասել, որ որեւէ մէկը ընդմիշտ հոգ տանի մեզի: Ժամանակն է նստիլ եւ մտածել այն մասին, թէ ի՛նչ կ՚ընենք մենք մեզի եւ մեր շրջապատին։ Ժամանակն է կասկածի տակ դնել, թէ փորձագիտութեան հիմքի վրայ ընթանալով մեր ետին ի՛նչեր կը թողենք։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ