Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՆԵՆՔ... ԵՒ Ի՞ՆՉ ԸՆԵԼ Կ՚ՈՒԶԵՆՔ
Անմեղ հարցում մը.- այս օրերուն ազգովին ո՞ւր ենք: Ո՞ւր «կ՚երթանք»: Աւելի ճիշդ՝ ի՞նչ կ՚ընենք եւ ի՞նչ ընել կ՚ուզենք: Չէք տեսներ, որ մեր հայրենիքը տակն ու վրայ է: Նաեւ տակն ու վրայ է հայու հոգեկան ատաղձը: Մեր հայրենիքէն ներս ամէն ինչ անորոշ եւ անկայուն է: Տեսանելի է, չէ՞: Կարծես, ամէն բան գորշ է: Յաճախ՝ ողբերգական: Բայց դեռ կայ աւելին: Թշնամին ոտքը դրած է հայ կուրծքին վրայ եւ պաշարած: Մեր կարգին, ոչ միայն մենք զմեզ պաշարած ենք, նաեւ հակառակորդներով ալ շրջապատուած ենք: Կ՚երեւի, թէ դարձեալ հոգեկան անապատը մեր մէջն է, եւ մահը միշտ մեզի հետ: Դարձած ենք անզօր եւ խեղճ: Որովհետեւ, պարտուած երկիր ենք:
Կ՚ուզէ՞ք աւելին շարեմ: Ցաւալի վիճակ: Յիշեցնեմ.- այս նեղ օրերուն, Հայաստանի նախագահի հրաժարականը, եւ տակաւին առանց նախապայմաններու հայ-թրքական երկխօսութիւնը... Արցախի սահմանագիծերու ճշդումը...: Այս բոլորը մեր մտքերը խառնած են: Դեռ շա՜տ ուրիշ «բաներ» ալ կան: Ո՞ր մէկը շարեմ: Դո՛ւք ինձմէ աւելին գիտէք արդէն: Ուղղակի ողբերգութիւն: Եւ չկայ աւելի մեծ ողբերգութիւն, քան մերը: Որովհետեւ, լաւ յիշէ՛ք, Արցախի երկրորդ պատերազմը, կարմիր գրիչը ձեռքին, մեր պատմութեան էջերը լեցուց: Սեւ, ցաւալի, տխուր եւ ամօթալի: Նոյն այս պատերազմը եկաւ խիստ խօսքեր ըսաւ բոլորիս, որոնք անվայել էին հայուն համար: Մահացու եւ վիրաւորական ու կտրուկ: Արդիւնք՝ մեր բոլոր հին ու նոր երազները քանդեց եւ նոյնիսկ՝ խորտակեց ու մեր երկիրը բարոյապէս ու ֆիզիքապէս ցուրտ դարձուց ու մեր կեանքը՝ հակասական: Այս բոլորը նորութիւններ չեն:
Ներկայիս, հոն պապենական մեր հողին վրայ, ինչ որ կեանք կը կոչենք, հակասական է: Մահուան դէմ ամէնօրեայ պայքար կայ: Խորունկ ցաւ: Իրապէս, որ կեանքին համը փոխուած է, կարծես անոր համար է, որ Սփիւռքը յուսահատ է, անոր համար ներկայիս յուսախաբուած կ՚երեւի:
Չենք անդրադառնար: Եւ ի տես այս բոլորին, յաճախ անտարբեր, յաճախ ալ շուարած կեցած կը նայինք մեր ճակատագրի կոյր աչքին: Նոյնիսկ չենք գիտեր ի՞նչ կ՚ընենք եւ ի՞նչ ընել կ՚ուզենք: Վերջ ի վերջոյ պէտք է հասկնանք, որ մենք զոհ ենք: Խաբուած ենք: Եւ որովհետեւ «տկար» ու մանաւանդ անմիաբան ենք, մեզ ամէն «բան» պարտադրած են: Յուսահատ ենք: Դժբախտ ազգ դարձած ենք, մեր երկրին պէս: Ու այս մէկը կը ցնցէ մեր գիտակցութիւնը: Ու ամենէն վատը, այս կացութեան մէջ հաշտ ապրիլն է:
Կարծես ամէն օր մթութեան մէջ է, որ կը քալենք: Ներքին հարցերն ալ մեզ կլանած են: Մեր գոյութեան ռիթմը տակաւին չենք գտած, իսկ միւս կողմէ ալ, մեր երկիրը նետած ենք ներքին անիմաստ եւ տաք բոցերու ծալքերուն:
Մենք այսպէս չէինք: Արդեօք այսպէս էի՞նք, եւ չէինք գիտեր: Այսքա՜ն անմիաբան եւ իրարու ոխերիմ: Այսքա՜ն աթոռապաշտ եւ նոյնքան ալ...: Չշարունակեմ: Կ՚ամչնամ:
Դժբախտաբար ամէն «բան» կայ, բացի տեսանելի նպատակէն: Նոյնիսկ ազգային գաղափարը, տարբեր ձեւով կ՚ըմբռնուի: Անհասկնալի: Ներկան մեր աչքերուն մէջ անորոշ վիհ մըն է կարծես: Ներշնչող հոգեկան իրականութիւն չկայ: Կայ կոյր ատելութիւն եւ տագնապ:
Այնպէս կ՚երեւի, թէ մարդիկ մոռցած են, որ ազատ եւ անկախ Հայաստանը միայն պարզ գաղափար մը չէ, այլ նաեւ՝ հոգեկան իրականութիւն: Նաեւ մոռցած են, թէ հայ ոգին կը զգեստաւորուի յոյսով եւ լոյսով: Ահա թէ ինչո՞ւ ունինք մտքերու պատկերաւոր ժխոռ:
Արդ, անմեղ հարցում մը.- ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի կարենանք պահել հայու հոգեկան բոլոր արժէքները: Դուք ձեզի հարցուցէ՛ք:
Իսկ եթէ կայ հայօրէն ապրելու ցանկութիւն, ուստի պայման է իջնել դարերու խորքը, մեր կամքերը կանոնաւորող լծակներ փնտռել, ըլլալու մեր կամքը հաստատել, աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւել ու մանաւանդ՝ որոնել մեր ազգային դարաւոր աւանդութիւններու բարոյական արժէքը եւ մեր հոգեկան դիմագիծը: Եթէ չգիտակցինք մեր ստեղծագործ ներքին ուժին, այն ժամանակ եւ հաստատապէս քանդած պիտի ըլլանք մեր երկիրը, մեր ապագան եւ անշուշտ կորսըն-ցուցած՝ մեր ամբողջ ցեղը:
Ժամանակն է, որ այս բոլորը բաց աւետարանի նման միասին կարդանք եւ միեւնոյն ատեն ալ միասին սորվինք: Բանգէտներով շրջապատուած ենք, դժբախտաբար: Ամէն ինչ տեսարան է: Մարդիկ կամովին, ամէնօրեայ սովորութիւններու գերին դարձած են: Իր պապենական հողերուն վրայ այս օրերուն հայը կարծես հրաւիրուած հիւրի տպաւորութիւնը ունի, որովհետեւ իր իմացականութեան մէջ նստած է օտարը: Սկսած է պայուսակները պատրաստել եւ մեկնիլ...: Ցաւալի իրողութիւն: Դարձեալ արտագաղթ:
Միւս կողմէ ալ նայեցէ՛ք ձեր չորս կողմը: Առտու կանուխ արթնցողը անպայման «բան» մը ըսելիք մը ունի: Իր «գիտցածէն» եւ «չգիտցածէն» միշտ կ՚ուզէ բաժին մը հանել, տալ, որովհետեւ ինքզինք բանգէտ նկատած է: Ի՛նք միայն գիտէ: Պարզապէս բառերու կոյտ: Բառեր ու միայն բառեր: Պարզապէս զգացումներու խաբկանք: Պարզապէս պրկուած կոկորդ, ուրկէ միշտ կը շարունակուին յոխորտող, անզուսպ եւ անիմաստ կանչեր:
Ե՞րբ պիտի սորվինք, որ բառերով երկիր կարելի չէ կառուցել-կառավարել: Այս օրերուն եւ ինչպէս միշտ,- բառը կամ բառերը ձրի են եւ առատ, հացէն, ջուրէն եւ օդէն աւելի: Մարդիկ, նման «խօսողներ» եւ կամ խրատականներ «ցանողներ», մոռցած են, որ խօսքը եւ կամ բառը, շատ յաճախ պղպջակի կը նմանի: Մոռցած են, որ կեանքի մէջ կարեւորը գործն է:
Ամէն առիթով ահազանգած ենք, թէ արդէն մեր երկիրը «անդունդի» մը եզրին կը գտնուի: Բայց երբեք չենք փորձած մօտենալ այդ անդունդին եւ փրկել պապենական այդ ամբողջ տարածքը: Ազգը, պէտք է հաւատարիմ մնայ իր ընդերքին մէջ եղած հզօր ներուժին: Պէտք է գտնել ըմբռնողութեան հարազատ ձեւ: Հեռու, թերի տեսիլքներէ: Հայ ինքնութեան դրսեւորում կը կրկնենք շարունակ, որովհետեւ նման «բանի» անմիջական կարիքը ունինք: Կարօտը, եթէ կ՚ուզէք:
Ուրեմն, եթէ ա՛յս է իրականութիւնը, ապա ի՞նչ բանի կը սպասենք եւ ինչո՞ւ:
Լրջանա՛նք, համախմբուի՛նք եւ կրկին անգամ աշխարհի ցոյց տա՛նք, որ մենք միշտ կա՛նք: Ու մի՛ մոռնաք, որ մեր մտքին մէջ կը ծփայ հայու ոգին: Մի՛ մոռնաք, որ հոն մեր երիտասարդ հայուն մօտ, ներկայ է հայ հանճարը: Ներկայ է նաեւ նոր հայու մտքի շունչը, հայ հոգիի թռիչքին հետ:
Մնացեալը՝ ձեր խղճին...:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
bedig43@aol.com