ՍԻՊԻԼԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ ներկայիս կը գտնուի Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Շաբաթավերջին ան Պրազիլիոյ մէջ մասնակցեցաւ Բարեկենդանի աւանդական մեծ ձեռնարկին։ Սաու Փաոլոյի մէջ ան մասնակցեցաւ «Կեցցէ՛ Հայաստան» խորագրեալ շքերթին, որ մաս կազմեց Բարեկենդանի խրախճանքին։ Այս ծրագիրը կազմակերպուած էր սամպայի աւանդական եւ կարեւորագոյն դպրոցներէն մէկուն՝ «Ոսկէ վարդեր» խումբի նախաձեռնութեամբ։ Սիպիլ գտնուեցաւ այն կառքին մէջ, որ գլխաւորեց հայկական շքերթը։ Հայաստանի մշակոյթն ու պատմութիւնը ցոլացնող նախաձեռնութիւն մըն էր այս մէկը։

«Ինձ համար շատ յուզիչ է այստեղ գտնուիլ։ Հազարաւոր մարդիկ հայկական տարազներ կը կրեն եւ «Կեցցէ՛ Հայաստան» կը վանկարկեն։ Կը կարծեմ՝ լաւ առիթ մըն է, որպէսզի անգամ մը եւս ամբողջ աշխարհի մէջ լսեն Հայաստանի անունը», ըսաւ Սիպիլ, որու մասնակցած ձեռնարկը հեռարձակուեցաւ շուրջ 200 երկրի մէջ։

Պրազիլիոյ մէջ յառաջիկայ օրերուն Սիպիլ պիտի այցելէ Արժանթին եւ Ուրուկուայ։ Ներկայ ամսուան վերջաւորութեան ալ իր մասնակցութեամբ երեք համերգներ նախատեսուած են Ֆրանսայի մէջ։

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2019