ՄԱՀՈՒԱՆ 10-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ. «ԻՐԱՆԻ ԱՍՏՂԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՅՐ»՝ ԱԼԵՆՈՒՇ ՏԷՐԵԱՆ
«Իրանի աստղագիտութեան մայր» կոչուած մեր հայրենակցուհին՝ Ալենուշ Տէրեան, կեանքէն հեռացաւ 4 մարտ 2011 թուականին, Իրանի մէջ, 91 տարեկանին: Ան, որպէս կին գիտնական, վաստակեցաւ իր երկրին կողմէ տուած պարգեւներն ու փառքը: Ճիշդ է, որ Ալենուշ Տէրեան ընտանիք ու զաւակներ չէ ունեցած, բայց փոխարէնը սիրուած է իր բազամահազար ուսանողներուն կողմէ, որոնց նոյնպէս նուիրուած է, ինչպէս նուիրուած էր գիտութեան: Անոր ուսանողներն ու ժամանակակիցները մինչեւ օրս կը յիշեն զայն որպէս հոգատար ուսուցիչ, որ կը վայելէր իր բոլոր ուսանողներուն սէրն ու յարգանքը:
Ալենուշ Տէրեան յաճախ կատակով ըսած է. «Իմ դստերս անունը Արեգակ է, իսկ որդիիս անունը՝ Լուսին»: Իրանը, որուն հայ գիտնականը իր ամբողջ կեանքը նուիրած է, փոխհատուցած է այդ ամէնը. Ալենուշ Տէրեան Իրանի հեռատեսիլի «Իմաստուններ» ծրագրին կողմէ հռչակուած է որպէս «Գիտութեան ոլորտի մնայուն դէմք»: Իրանի հեռատեսիլին պատուէրով՝ 2003 թուականին, անոր կեանքին մասին վաւերագրական ժապաւէն պատրաստուած է «Դէպի արեւ» անունով: Թէեւ ան կեանքին վերջին տարիները հիւանդ ըլլալուն պատճառով ծերերու խնամքի կեդրոնի մը մէջ անցուց, բայց հոն իսկ, անկողինին գամուած, 90 տարեկանին արժանացաւ կեանքի վերջին պարգեւին՝ Վիքթոր Համբարձումեանի անուան միջազգային մրցանակին: Ծերանոցին մէջ անոր կեանքը շահարկուած է քանի մը անգամ, բայց Ալենուշ Տէրեան իր բնակարանը նուիրած էր Նոր Ջուղայի հայ համայնքին, որպէսզի իբրեւ կացարան ծառայէ բնակելու տեղ չունեցող ուսանողներուն: Յետագային Նոր Ջուղայի հայոց ազգային վարժարանի դահլիճներէն մէկը կոչուած է իր անունով:
2006 թուականին պարգեւատրուած է նախագահ Մահմուտ Ահմէտի Նեճատի կողմէ:
Երբ հարց տրուած է իր լաւագոյն յուշին մասին, Տէրեան պատասխանած է. «Երեսուն տարուան դասաւանդութիւնը եւ արեգակնային աստղադիտարանի հիմնադրութիւնը»:
Ալենուշ Տէրեան եղած է Իրանի մէջ Բնագիտութեան առաջին կին դասախօսը եւ Իրանի աստղագիտութեան պատմութեան մէջ առաջին արեւային աստղադիտակի եւ աստղադիտարանի հիմնադիրը։
Ծնած է 1920 թուականին թեհրանահայ ընտանիքի մէջ։ Մայրը ուսանած էր Զուիցերիոյ մէջ եւ ֆրանսերէնի ուսուցչուհի էր, իսկ հայրը՝ ծնունդով Նոր Ջուղայէն, գրող էր, ուսանած էր Մոսկուա ու կեանքին վերջին քսան տարիները ծառայած է որպէս Իրանի «Սեպահ պանք»ի տնօրէն։ Ծնողները տիրապետած են հայերէնին, պարսկերէնին եւ ֆրանսերէնին։ Հայրը նաեւ հեղինակն է Ֆիրտուսիի բանաստեղծութիւններուն հայերէն թարգմանութիւններուն, որոնք հրատարակուած են իր «Արիզարտի Պոեզիայի հաւաքածոյ» գիրքին մէջ։ Ալենուշ Տէրեան նոյնպէս կը տիրապետէր լեզուներու, որոնց մասին ըսած է. «Գիտեմ ֆրանսերէն, անգլերէն, հայերէն եւ քիչ մըն ալ պարսկերէն: Եղբայրս եւ ես ֆրանսերէն սորված ենք մեր ծնողքին գաղտնի խօսակցութիւնները իմանալու համար»: Ծնողքը՝ Արթօ եւ Վարդօ Տէրեանները, նաեւ թատրոնի նուիրեալներ եղած են եւ խաղացած են Իրանի թատրոնին մէջ: Անոնք համոզուած էին, որ իրենց դուստրը նոյնպէս արուեստի ճամբով պիտի երթայ, բայց երկինքն ու աստղերը Ալենուշ Տէրեանը գերած են մանուկ տարիքէն:
1947 թուականի մայիսին Ալենուշ կ՚աւարտէ ուսումը Թեհրանի համալսարանի գիտութեան բաժանմունքէն եւ նոյն տարուան սեպտեմբերին աշխատանքի կ՚անցնի նոյն բաժանմունքի բնագիտութեան տարրալուծարանին մէջ։ Տարի մը ետք, ան փորձասենեակի գործառութիւններու վարիչ մարմնի պետ կը նշանակուի։
Տէրեան կը փորձէ համոզել իր դասախօս Մահմուտ Հեսապը, որպէսզի օգնէ իրեն կրթաթոշակ ստանալու՝ Ֆրանսայի մէջ ուսումը շարունակելու համար։ Սակայն, իգական սեռին պատկանելուն պատճառով, կը մերժուի։ Այսուհանդերձ, հօր նիւթական օգնութեամբ, Փարիզ կը մեկնի եւ Սորպոնի մթնոլորտային բնագիտութեան բաժանմունքին մէջ կը շարունակէ ուսումը։ 1956 թուականին կ՚աւարտէ Փարիզի Սորպոնը եւ դասախօսական պաշտօնի առաջարկ կը ստանայ, սակայն, կը մերժէ՝ Իրանի մէջ ծառայելու համար։ Ան կը վերադառնայ իր ծննդավայրը եւ իբրեւ դասախօս կը սկսի ջերմուժականութիւն դասաւանդել Թեհրանի համալսարանի բնագիտութեան բաժանմունքին մէջ։
1959 թուականին, Արեւմտեան Գերմանիան կրթաթոշակ կը տրամադրէ Թեհրանի համալսարանին, արեւային բնագիտութեան աստղադիտարանին մէջ չորս ամիս ուսանելու համար։ Տէրեան կ՚ընտրուի կրթաթոշակի շահառու։
1961 թուականի մարտին Գերմանիա կը մեկնի։ Վերադարձէն ետք՝ 30 մայիս 1964 թուականին, կ՚արժանանայ փրոֆեսէօրի կոչման եւ այդպէսով կը դառնայ Իրանի առաջին կին փրոֆեսէօրը։ Շատ կիներ անոր յաջողութիւններէն եւ համարձակութենէն դրդուած իրենք ալ կը սկսին զբաղիլ գիտութեամբ:
20 նոյեմբեր 1966 թուականին կ՚ընտրուի Թեհրանի համալսարանի երկրաբնագիտութեան կոմիտէի անդամ, իսկ երեք տարի ետք կը նշանակուի Թեհրանի համալսարանի Երկրաբնագիտութեան հիմնարկի արեւային բնագիտութեան աստղադիտարանի հետազօտութիւններու խումբին նախագահ, որուն հիմնադրման մէջ մեծ դեր կատարած էր:
1961 թուականին մասնակցած է Գալիֆորնիոյ Պըրքլի համալսարանի միջազգային համագումարին, 1965 թուականին՝ Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած գիտահետազօտական դասընթացքներուն, 1970 թուականին՝ Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած համագումարին, բազմաթիւ արտասահմանեան գիտական համաժողովներու: Ան նաեւ հետազօտութիւններ կատարած էր արեւի ջերմուժին ուսումնասիրման բնագաւառին մէջ եւ հաւատացած էր, որ Իրանի մէջ տարուայ 241 օր կարելի է լիարժէք օգտուիլ արեւի ջերմուժէն:
Ալենուշ Տէրեան Իրանի մէջ աստղաբնագիտութիւն դասաւանդող առաջին անձն էր։ 1979 թուականին պաշտօնաթողման դիմում ներկայացուցած եւ ապա հանգստեան կոչուած է։
Համաշխարհային աստղագիտութեան ասպարէզին մէջ քիչ են կիները, բայց եղածները ամբողջապէս նուիրուած են իրենց ընտրած գիտական ուղիին եւ մինչեւ վերջ քալած՝ նայելով աստղերուն, արեւին, լուսինին եւ կանացի նուրբ սիրտով հաւանաբար նաեւ երազած են՝ անջրպետի անհուն խորքերը դիտած պահուն:
ԻՐԱՆԱՀԱՅ ԿԻՆԵՐ
Անցեալ տարի «Պի.Պի.Սի.»ն ներկայացուցած է զանազան ոլորտներու մէջ ներգրաւուած իրանցի 100 յառաջատար կիներու անուններուն ցանկը: Հետաքրքրական է, որ այդ ցուցակին 12 կիները իրանահայեր են։ Մամուլը նկատած է, որ խօսքը 80 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրին մէջ 50 հազար հաշուող հայ համայնքին մասին է։ Իրանահայ նշանաւոր կիներուն մեծ մասը առաջնակարգ եղած են իրենց ասպարէզին մէջ: Անոնց շարքին առաջին հորիզոնականներուն վրայ նշուած է Ալենուշ Տէրեանին անունը, որպէս Իրանի առաջին կին բնագէտ: «Պի.Պի.Սի.»ի ցուցակին մէջ յայտնուած միւս հայազգի անուններն են.
- ՔԼԱՐԱ ԱԲԳԱՐ՝ իրանահայ նկարչուհի, առաջին կին մանրանկարիչը: Քլարա Աբգարի աշխատանքները կը գտնուին Թեհրանի «Քլարա Աբգար» թանգարանին, Իրանի Մարդաբանական թանգարանին, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ: 1991 թուականին Քլարա Աբգար իր ստացուածքն ու բոլոր գործերը նուիրած է Իրանի Մշակութային ժառանգութեան հաստատութեան: 1993 թուականին Իրանի Մշակութային ժառանգութեան կազմակերպութիւնը Թեհրանի Սաադապատ համալիրի թանգարաններէն մէկը կոչած է Քլարա Աբգարի անունով:
- ՍԱԹՕ ԱՂԱՊԱՊԵԱՆ՝ առաջին դասական երգչուհին եւ Իրանի մէջ երաժշտական ակադեմական կրթութիւն ստացած առաջին կինը:
- ԱՆՆԻԿ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ՝ առաջին կին ատամնաբոյժը Իրանի մէջ: Եղած է կաթողիկէ հոգեւոր քոյրերու դպրոցի եւ Սահակեան իգական դպրոցի տնօրէնն ու արտօնատէրը, մասնակցած է Իրանի մէջ կիներու իրաւունքներու պահպանման շարժումներուն:
- ԶԱՊԷԼ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ՝ եղած է Իրանի հեռագրի ոլորտի առաջին կին մասնագէտը, որ բանեցուցած է հեռագրասարքը:
- ԼԻԼԻ ՕՓԱԼ՝ առաջին կին մարզիկը, որ մասնակցած է արտասահմանեան միջազգային մրցոյթներու:
- ՎԻՔԹՈՐԻԱ ՕՀԱՆՃԱՆԵԱՆ՝ Իրանի առաջին կին ճարտարապետը: 1999 թուականին Իրանի Ճարտարապետներու ընկերակցութեան կողմէ ընտրուած է որպէս Իրանի վաստակաւոր ճարտարապետներէն մէկը:
- ԼԻԼԻԹ ՏԷՐԵԱՆ՝ առաջին կին քանդակագործը: Եթէ Ալենուշ Տէրեանը կոչած են «Իրանի աստղագիտութեան մայր», ապա Լիլիթ Տէրեանը՝ «Իրանի քանդակագործութեան մայր»: Ան դպրոցը աւարտելէն ետք Թեհրանի համալսարանին մէջ մէկ տարի գեղանկարչութիւն ուսանած է, այնուհետեւ մեկնած Ֆրանսա, յաճախած է Փարիզի Պոզար գեղարուեստի բարձրագոյն դպրոցը: Թեհրան վերադառնալով՝ 1960-1980 ժամանակահատուածին, դասախօսած է Թեհրանի համալսարանի արուեստի բաժինին մէջ, 1994-2000 թուականներուն՝ Իսլամական Ազատ համալսարանի քանդակագործութեան եւ նախագծման բաժինը:
Իրանի գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ արուեստի բազմաթիւ անուանի ներկայացուցիչներ կը համարուին Լիլիթ Տէրեանի աշակերտները: Անոր կերտած՝ Եփրեմ Խանի կիսանդրին տեղադրուած է Թեհրանի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ, իսկ Մեսրոպ Մաշտոցի կիսանդրին՝ Սուրբ Թարգմանչաց եկեղեցւոյ բակին մէջ:
- ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՐՏԻՐՈՍ՝ առաջին կին վարորդը, որ ինքնաշարժ վարելու վկայական ստացած է:
- ԼՈՐԵԹԹԱ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ՝ առաջին կին դերասանուհին: 15 տարեկանին ան խաղացած է Սաթենիկ Աղապապեանի բեմադրած ներկայացման մէջ: Արհեստավարժ դերասանական գործունէութեան սկսած է Հայկ Գարագաշի օգնութեամբ: Մահմուտ Զահրըտտինի թատերախումբին մէջ կարգ մը ներկայացումներու դերեր ստանձնած է:
- ԲԵՐՍԱԲԷ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ՝ առաջինը, որ մանկապարտէզ հիմնած է Իրանի մէջ: Մանկապարտէզը գործած է Իրանի Մշակոյթի նախարարութեան հաւաստագրով, առարկաները դասաւանդած են պարսկերէնով: 1954 թուականին մանկապարտէզին կից հիմնադրած է տարրական, 1959 թուականին` միջնակարգ դպրոցներ: Մանկավարժութեան զուգահեռ զբաղած է հասարակական գործունէութեամբ, 1968 թուականին եղած է Հայ կիներու միութեան հիմնադիրներէն մէկը:
- ՍԱՔԻՆԷ ՓԱՐԻ՝ առաջին կին վիրաբոյժը: Անոր մայրը հայ էր: Ծնած է Խորհրդային Միութեան մէջ, 1934 թուականին վկայականներ ստացած է վիրաբուժութեան եւ քաղցկեղի հետազօտման բնագաւառներուն մէջ: Մէկ տարի անց, անցած է Իրան ու բժշկութեամբ զբաղելու իրաւունք ստացած:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024