ՉՍԵՐՏՈՒԱԾ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Համրուած ժամեր մնացած են քննական շրջանին, իսկ ես տակաւին պատրաստ չեմ: Մի ամբողջ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութիւնը քանի մը շաբաթուայ ընթացքին պէտք է սերտեմ ու պատրաստ ներկայանամ քննութեան:

Ոչ մէկ կերպով կրնամ ժամանակ գտնել «Հայոց պատմութիւն» առարկայի քննութեան պատրաստուելու: Ներքին անբացատրելի անհանգստութիւն մը կայ իմ մէջ. խառնաշփոթ վիճակը եւ իմ ցիրուցան մտքերը զիս չեն ձգեր պարապելու...

Վերջին մէկ տարուայ ընթացքին, երբ գլուխս կը դնէի բարձին, յաճախ կը տեսնէի այս երազը: Այն ատեն ինծի կը թուէր, թէ նորէն պիտի ընդունուիմ համալսարան՝ պիտի ստանամ երկրորդ բարձրագոյն կրթութիւն: Սակայն ոչ... Հայոց պատմութեան մասին իմ կարդացած գրքերու, իմ սերտած պատմութեան մէջ կային կարեւոր բացթողումներ, սխալներ, զորս պէտք է ինքնուրոյն սորվիմ:

Արցախի վերջին պատերազմը ջուրի երէս հանեց դարերու, հազարամեակներու խորքէն եկող մեր արատները: Քառասունչորսօրեայ պատերազմը իսկական դաս մըն էր: Դաժան էր, սակայն շատ բան սորվեցուց: Որոշ հարցեր ստացան պատասխան, քանի մը բարդոյթներ ալ դարձան ի չիք:

-Ինչո՞ւ մեզի երբեք ոչ մէկը օգնեց...

-Բոլորն ալ օգնեցին, սակայն մենք՝ մեզի չօգնեցինք: Ամէն անգամ Փաշինեան մը կը յայտնուէր ու կը փոքրացնէր մեր հայրենիքի սահմանները: Մեզմէ ոչ մէկը խլեց: Մենք յանձնեցինք… Փոփոխուող հակառակորդներու յառաջխաղացումի համար հազարամեակներ շարունակ ստեղծեցինք նպաստաւոր պայմաններ: Վառ օրինակը Արցախի վերջին պատերազմն է,- սառնասրտօրէն կը պատասխանէ մերօրեայ պատերազմը:

-Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ազգի մէջէն արմատախիլ ընել դաւաճանութիւնը:

-Միմիայն Աստուծոյ օգնութեամբ: Պէտք է ամէն օր մեր աղօթքներու մէջ Բարձրեալէն խնդրենք, որ արմատախիլ ընէ մեր ազգի մէջէն այդ արատը, որպէսզի մեր ժողովուրդը տանի դէպի ապաշխարութիւն ու կրկին ցուցնէ ճշմարիտ ուղին: Տիրոջ պիտի աղերսենք, որպէսզի այսուհետեւ մեզի ղրկէ հաւատաւոր, հայրենասէր, բարեխիղճ, ազնիւ ու իմաստուն առոջնորդներ: Իսկ եթէ Աստուծոյ զօրակցութեամբ, սա օրհասական պահուն Հայաստանի ու Արցախի ապագայի մէջ վճռորոշ դեր կրնայ ունենալ Ռոպերթ Քոչարեան, ապա թող որ Տէրը լուսաւորէ վերջինիս միտքը եւ զայն ուղղորդէ դէպի ազնիւ ու ազգանպաստ քայլեր: Իսկ ներկայիս ազգադաւները պէտք է խստագոյնս պատժուին:

-Ինչո՞ւ այս պատերազմի ընթացքին ոչ մէկը՝ մասնաւորապէս Ռուսաստանը մեզի չօգնեց: Որպէս ռազմական դաշնակից, Ռուսաստանը ինչո՞ւ յօգուտ Հայաստանի որոշումներ չկայացուց: Ռուսաստանը ինչո՞ւ ձգեց, որպէսզի կորսնցնենք Արցախի զգալի մասը:

-Ռուսաստանը Հայաստանի գլխաւոր ռազմական դաշնակիցն է ու մեծ եղբայրը: 1990-ականներէն սկսեալ Հայաստանի Հանրապետութեան գրեթէ ամբողջ սահմանը, մասնաւորապէս Թուրքիա-Հայաստան սահմանը կը հսկեն ռուս սահմանապահները: Ռուսաստան միշտ պատրաստ էր ու է օգնելու Հայաստանին: Սակայն վերջին տարիներու հոլովոյթին սա ապիկար իշխանութիւնը ջանք ու եռանդ չէր խնայեր խարխլելու հայ-ռուսական ջերմ ու բարի յարաբերութիւնները: Ռուսաստանը ամէնակարող չէ. ամէնակարող է միայն Բարձրեալը: Մեր դաշնակիցը ստիպուած է նախ հաշուի առնել իր պետական շահը, իր տարածքային ամբողջականութիւնը, այնուհետեւ խորհելու իր պզտիկ եղբօր մասին: Անօթի մարդը նախ իր փորը կը կշտանցէ, այնուհետեւ կողքինը: Օդանաւի մէջ վտանգի պահին մայրը պէտք է նախ իր անվտանգութիւնը հոգայ, յետոյ իր զաւակինը: Կամ տկարին, ինկածին մէկ-երկու անգամ կրնաս ձեռք մեկնել, երրորդ անգամ կը թողուս ու կը հեռանաս: Նոյնն ալ պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններն են: Ռուսաստան չմոռանալով իր շահը՝ բազմիցս փորձած է օգնութեան ձեռք մեկնել Հայաստանին, սակայն դաւաճանները օդի մէջ թողած են այդ ձեռքը: Պատերազմի օրերուն այդ պատրաստակամութիւնը եռապատկուած էր, սակայն ապարդիւն: Դաժան պատերազմը մանրամասն ծրագրուած խաղ մըն էր, զոր չկրցան աւարտին հասցնել:

Յանձնել Շուշին կը նշանակէ յանձնել ամբողջ Արցախը: Այս կէտին Ռուսաստան այլեւս չկրցաւ ձեռքերը ծալած նստիլ. Արցախի անկումը կը նշանակէր Ռուսաստանի ազդեցութեան թուլացում տարածքաշրջանի մէջ: Գործին խառնուեցաւ Փութին եւ փոխեց նախապէս ծրագրուած խաղին ընթացքը. արիւնոտ Արցախէն բզկտած պատառիկ մը մնաց մեզի: Ռուսաստան կրկին հասաւ օգնութեան՝ հազարաւոր խաղաղապահներ բերելով ու տեղակայելով Արցախի անորոշ սահմաններուն: Կրնա՞ք երեւակայել, թէ ի՞նչ կրնար պատահիլ, եթէ Արցախի մէջ չըլլային ռուս խաղաղապահներ... Մտքի ծայէն անցնելն անգամ սարսափելի է: Այսօր Արցախի, արցախցիի միակ երաշխաւորը, աւա՜ղ, Ռուսաստանն է: Այդ իսկ պատճառով հիւրընկալ արցախցին իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ մեր մեծ ու հզօր դաշնակից բարեկամին...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•Շարունակելի

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 4, 2021