ՆԿԱՐԻՉԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Վեր­ջերս՝ «Գա­ֆէս­ճեա­ն» ա­րուես­տի կեդ­րո­նին մէջ բա­ցուե­ցաւ «Գա­ֆէս­ճեա­ն­»ի այս տա­րուան ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը՝ «Բազ­մա­չափ Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեա­նը» խո­րագ­րով, որ նուի­րուած է մե­ծա­նուն հայ ա­րուես­տա­գէտ՝ Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեա­նի 80-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին: Ցու­ցաս­րա­հին մէջ գրե­թէ ա­մէն օր հիւ­րե­րը սի­րով կ­­՚ըն­դու­նի եւ ցու­ցադ­րու­թեան կ­­՚ու­ղեկ­ցի կեան­քէն հե­ռա­ցած ա­րուես­տա­գէ­տին դուստ­րը՝ կրկին գե­ղան­կար­չու­հի՝ Մո­կօ Խա­չատ­րեա­ն:

Ա­տե­նին, Մո­կօն ծա­ւա­լուն հար­ցազ­րոյ­ցով մը իր խո­հե­րը կի­սած էր ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ըն­թեր­ցող­նե­րուն հետ։ Ան այս ան­գամ եւս սի­րով ըն­դու­նեց մեզ «Գա­ֆէս­ճեա­ն» ա­րուես­տի կեդ­րո­նէն ներս, ուր նկա­տե­լի էր իր յու­զու­մը հօր աշ­խա­տանք­նե­րուն ցու­ցադ­րու­թեան առ­թիւ։ «Ար­դէն տասն տա­րի է, որ իմ հայրս չկայ եւ այս ամ­բողջ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին իմ ա­մե­նա­մեծ ե­րա­զանքս ե­ղած է, որ հայ­րի­կիս այս ցու­ցա­հան­դէ­սը ներ­կա­յաց­նեմ Հա­յաս­տա­նի մէջ: Մա­նա­ւանդ, որ ե­կած է նոր սե­րունդ մը, որ չի գի­տեր, թէ ո՞վ է Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեա­նը, որ այն­քան բան ը­րած է Հա­յաս­տա­նի ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տին մէջ: Այ­սօր ես եր­ջա­նիկ եմ, քա­նի որ այդ մէ­կը ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած է: Երբ սրա­հը պատ­րաստ էր եւ ցու­ցադ­րու­թիւ­նը պի­տի բա­ցուէր, ես յու­զու­մէս չկրցայ խօ­սիլ, ո­րով­հե­տեւ չէի պատ­կե­րաց­ներ, որ այս տե­սակ հա­մադ­րու­թիւն պի­տի ըլ­լայ: Կը կար­ծեմ, որ ճիշդ էր «Գա­ֆէս­ճեա­ն­»ը ընտ­րելս, ա­նոնք ի­րա­պէս ճիշդ եւ ճա­շա­կա­ւոր կեր­պով հա­մադ­րած են հօրս զա­նա­զան ժան­րե­րու գոր­ծե­րը», ը­սաւ Մո­կօ:

Ա­րուես­տա­գէ­տի խառն ու հա­րուստ կեանք մը ու­նե­ցած է Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեան. ապ­րե­լով ե­րեք քա­ղաք­նե­րու՝ Ե­րե­ւա­նի, Մոս­կուա­յի, Լոն­տո­նի մէջ, ու­նե­նա­լով եր­կու ըն­տա­նիք եւ բազ­մա­թիւ ըն­կեր­ներ։ Մո­կոն ե­ղած եւ մնա­ցած է ա­նոր սի­րե­լի դուստ­րը, թե­րեւս եւ ա­մե­նէն հո­գե­հա­րա­զատ ան­ձը, ո­րուն դի­ման­կա­րը վրձնած է քա­նի մը ա­ռիթ­նե­րով եւ ո­րոնք դար­ձած են Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեա­նի դի­ման­կա­րա­յին ա­րուես­տի գլուխ գոր­ծոց­նե­րէն: Իր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րէն ա­մե­նէն շատ Մո­կոն հա­ւա­տա­րիմ մնա­ցած է հօր գոր­ծե­րը, ա­րուես­տը տա­րա­ծե­լու, հօր մա­սին ան­վերջ խօ­սե­լու, պատ­մե­լու, զայն ա­ւե­լի ճա­նա­չե­լի դարձ­նե­լու գոր­ծին: Դուստրն ալ, մտնե­լով գե­ղան­կար­չու­թեան դժուար աշ­խար­հը, մեծ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հա­սած է եւ այ­սօր կը նկա­տուի յա­ռա­ջա­պա­հա­կան ա­րուես­տի տա­ղան­դա­ւոր ա­նուն­նե­րէն մին եւ կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ Մոս­կուա­յի եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, տա­րուան ըն­թաց­քին եր­կու քա­ղաք­նե­րուն մէջ ալ ցու­ցա­հան­դէս­ներ կազ­մա­կեր­պե­լով: Մո­կոն ցու­ցա­հան­դէս ու­նե­ցած է նաեւ Լի­բա­նա­նի մէջ, ուր հիա­ցու­ցած է տե­ղւոյն ա­րուես­տա­սէ­րնե­րը անխտիր:

Գա­լով իր հօր՝ Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեա­նին, ան կը նկա­տուէր 1960-ա­կան­նե­րու լա­ւա­գոյն նկա­րիչ­նե­րէն: Ծնած է 1937 թուա­կա­նին՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Յատ­կան­շա­կան է, որ Խա­չատ­րեան ո՛չ դպրո­ցա­կան եւ ո՛չ ալ նկար­չա­կան ամ­բող­ջա­կան ու ար­հես­տա­վարժ կրթու­թիւն ստա­ցած է: Չորս տա­րի միայն սոր­ված է դպրո­ցին մէջ, իսկ 1951 թուա­կա­նին քա­նի մը ա­միս միայն ու­սա­նած է Ե­րե­ւա­նի Գե­ղա­րուես­տի ու­սում­նա­րա­նը եւ այ­նու­հե­տեւ սկսած է նկա­րել եւ այդ­պէս ամ­բողջ կեան­քը ինք­նակր­թու­թեամբ, ինքն իր առ­ջեւ բա­ցած է դռներ եւ դար­ձած հան­րահռ­չակ։ Եւ ան ար­դէն հռչա­կա­ւոր է ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տին մէջ:

1955 թուա­կա­նին մաս­նակ­ցած է հան­րա­պե­տա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու։ 1960 թուա­կա­նին ե­ղած է Խորհր­դա­յին Միու­թեան, այ­նու­հե­տեւ՝ Հա­յաս­տա­նի Նկա­րիչ­նե­րու միու­թեան ան­դամ։ Նկա­րի­չը, Ե­րե­ւա­նէն տե­ղա­փո­խուե­լով, ապ­րած է Մոս­կուա­յի մէջ եւ 1999-2001 թուա­կան­նե­րուն նաեւ ա­նոր ան­մի­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թեամբ ստեղ­ծուած է Ռու­սաս­տա­նի Հա­յե­րու միու­թիւ­նը: Իր ա­րուես­տը հա­ւա­սա­րա­պէս ըն­դու­նուած է նաեւ Մոս­կուա­յի մէջ՝ բազ­մա­թիւ ցու­ցա­հան­դէս­ներ ու­նե­ցած է նաեւ Ռու­սաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ: 2002 թուա­կա­նին Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեան ընտ­րուած է Ռու­սաս­տա­նի Գե­ղա­րուես­տի ա­կա­դե­միոյ թղթա­կից-ան­դամ։ Մոս­կուա­յէն հե­տա­գա­յին տե­ղա­փո­խուած է Լոն­տոն, ուր նոյն­պէս ճանչ­ցուած էր: Մա­հա­ցած է 2007 թուա­կա­նին՝ Գեր­մա­նիոյ մէջ:

Իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քը բազ­մա­կող­մա­նի ե­ղած է, ու­նե­ցած է զա­նա­զան գե­ղա­ր-ւես­տա­կան շրջա­փու­լեր իր ե­տին ձգե­լով շատ հա­րուստ գե­ղա­րուես­տա­կան ժա­ռան­գու­թիւն մը: Գծած է թէ՛ մա­տի­տան­կար­ներ, թէ՛ գծան­կար­ներ, թէ՛ իւ­ղա­ներ­կեր:

Իսկ ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մէջ մեծ տեղ գրա­ւող ե­ռա­չափ պատ­կեր­նե­րը ե­կած են ամ­բող­ջաց­նե­լու իր ա­րուես­տը: Ե­ռա­չափ պատ­կեր­ներն ալ հիմ­նա­կա­նօ­րէն ցու­ցադ­րուած են «Գա­ֆէս­ճեա­ն­»ի մէջ, ինչ­պէս նաեւ ցու­ցաս­րա­հին մէջ կա­րե­լի է տես­նել նկա­րի­չի կտաւ­նե­րէն, քան­դակ­նե­րէն, այլ գոր­ծե­րէն: Ցու­ցադ­րու­թեան մէջ ընդգր­կուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս Մո­կօ Խա­չատ­րեան յայտ­նեց, մաս­նա­ւոր հա­ւա­քա­ծո­նե­րէն բե­րուած են «Գա­ֆէս­ճեա­ն», նաեւ՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հէն, Ե­րե­ւա­նի Ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տի թան­գա­րա­նէն, «Պրո­մէ­թէ­յ» դրա­մա­տու­նէն, ըն­տա­նի­քի հա­ւա­քա­ծո­նե­րէն:

«Գա­ֆէս­ճեա­ն» ա­րուես­տի կեդ­րո­նը, կազ­մա­կեր­պե­լով այս ցու­ցադ­րու­թիւ­նը, նպա­տակ հե­տապն­դած է յե­տա­հա­յեաց ցու­ցադ­րու­թեան մի­ջո­ցաւ ներ­կա­յաց­նել Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեա­նի ան­ցած ողջ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ու­ղին՝ սկսած 1950-ա­կան թուա­կան­նե­րէն մին­չեւ 2000-ա­կան­ներ, երբ ան տա­կա­ւին կը ստեղ­ծա­գոր­ծէր:

«Բազ­մա­չափ Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեա­նը» ցու­ցա­հան­դէ­սի ժա­մա­նակ այ­ցե­լու­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նին տես­նե­լու ա­նոր բո­լոր շրջա­նի գոր­ծե­րէն նմոյշ­ներ, իսկ վաղ շրջա­նին ստեղ­ծած ինք­նա­տիպ կեր­պար­ներն ու քան­դակ­նե­րը լիո­վին կը բա­ցա­յայ­տեն ա­րուես­տա­գէ­տը:

«Իր ա­րուես­տին մի­ջո­ցաւ Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեան կ՚ար­տա­յայ­տէ տե­սա­նե­լի եւ ան­տե­սա­նե­լի աշ­խարհ­նե­րու սե­փա­կան պատ­կե­րա­ցում­նե­րը, ո­րոնք կը յայտ­նուին երկ­չափ եւ տա­րա­ծա­կան յօ­րի­նուածք­նե­րու մէջ, անդ­րա­դարձ­նե­լով ա­րուես­տա­գէ­տի գա­ղա­փար­ներն ու տե­սիլ­քը բազ­մա­չափ անջր­պե­տի մա­սի­ն», կը նշէ «Գա­ֆէս­ճեա­ն» ա­րուես­տի կեդ­րո­նի գոր­ծա­դիր տնօ­րէ­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր պաշ­տօ­նա­կա­տար՝ Վա­հագն Մա­րա­բեա­ն:

«Գա­ֆէս­ճեա­ն­»ի մէջ ներ­կա­յա­ցուած են ա­րուես­տա­գէ­տին հե­ղի­նա­կած ե­րե­սուն­չորս աշ­խա­տանք­նե­րը:

Մո­կոն հե­տաքրք­րա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ պատ­մեց իր հօր կեան­քէն, մա­նա­ւանդ այն դժուար ու­ղիէն, զոր յաղ­թա­հա­րած է նկա­րի­չը եւ այ­սօր կը նկա­տուի հայ ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տի յառաջատար տա­ղանդ­նե­րէն մին:

Իր դուստ­րը ը­սաւ, որ Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեան տա­կա­ւին տասն­չորս տա­րե­կա­նին, երբ զինք նկա­տած է մեծն Ե­րուանդ Քո­չա­րը, այն ժա­մա­նակ, երբ պա­տա­նին այ­գիի մը մէջ նստած կը գծէր: Ա­նոր մէջ տես­նե­լով մեծ նե­րուժ մը, Վար­պե­տը ձե­ւով մը իր թե­ւին տակ ա­ռած է պա­տա­նի Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեա­նը: «Երբ Քո­չար տե­սած է իմ հայ­րի­կիս նկար­նե­րը, ը­սած է՝ դուն գի­տե՞ս Լէո­նար­տօ Տա Վին­չին: Բնա­կա­նա­բար պզտիկ ըլ­լա­լով, հայրս չէր գի­տեր թէ ո՞վ է ան եւ Քո­չար հայրս տա­րած է իր ա­րուես­տա­նո­ցը, բա­ցած է գիր­քը եւ ցոյց տուած է Լէո­նար­տօ Տա Վին­չիի ալ­պո­մը։ Եր­կուքն ալ ապ­շած են, թէ որ­քա՞ն իմ այդ­քան պա­տա­նի հայրս կը գծէր Լէո­նար­տօ Տա Վին­չիի նկար­նե­րուն նման: «Լէո­նար­տո­յի ո­գին վե­րած­նած է», ը­սած է Երուանդ Քո­չար եւ այս մէ­կը յատ­կան­շա­կան ե­ղած է իր հե­տա­գայ կեան­քին հա­մա­ր», կը պատ­մէ Մո­կօ: Այդ ձե­ւով Ե­րուանդ Քո­չար ա­րուես­տի աշ­խար­հը բա­ցած է Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեա­նին առ­ջեւ՝ ա­րուես­տի մա­սին զրոյց­ներ վա­րե­լով, ա­նոր ծա­նօ­թաց­նե­լով հա­մաշ­խար­հա­յին ա­րուես­տի նո­րու­թիւն­նե­րը, դա­սա­կան­նե­րը եւ այլն:

Նոյն ձե­ւով նաեւ Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեան իր դստեր ու­սու­ցի­չը ե­ղած է: Մո­կօ կը պատ­մէ, որ սկզբնա­կան շրջա­նին իր հայ­րը նկա­րած է դա­սա­կան ո­ճով, սա­կայն երբ տե­ղա­փո­խուած է Լոն­տոն եւ ար­դէն ո­րո­շա­կի տա­րի­քի հա­սած՝ յի­սու­նը ան­ցած, ան յան­կարծ վե­րա­դար­ձած է այն ո­ճին, որ­ով կը նկա­րէր Ե­րուանդ Քո­չա­րին ա­շա­կեր­տած ժա­մա­նակ: Շատ ա­րուես­տա­բան­ներ այդ ո­ճը կը նկա­տեն քո­չա­րեան, քիչ մը ազ­դուած՝ Ե­րուանդ Քո­չա­րէն, սա­կայն Քո­չար, ինքն ալ, այդ տա­րի­նե­րուն Եւ­րո­պա­յէն ե­կած էր Հա­յաս­տան եւ ժա­մա­նա­կի նկար­չա­կան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը կը կրէր: Մո­կօ սա­կայն կը մեկ­նա­բա­նէ, որ Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեա­ն հե­տա­գա­յին ստեղ­ծած է իր ո­ճը, ձե­ւա­ւո­րուած է իբ­րեւ ան­հա­տա­կա­նու­թիւն եւ ա­զա­տօ­րէն ստեղ­ծա­գոր­ծած է:

Ան­շուշտ, շատ դժուար ե­ղած է Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեա­նի հա­մար. ե­թէ ան Հա­յաս­տա­նէն եւ հե­տա­գա­յին նաեւ Խորհր­դա­յին Միու­թե­նէն Լոն­տոն տե­ղա­փո­խուած է ա­ւե­լի ա­զատ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու, ժա­մա­նա­կի ա­րուես­տի զար­գա­ցում­նե­րուն մօտ ըլ­լա­լու հա­մար, սա­կայն Մո­կօ կ­­՚ը­սէ, որ իր հօ­րը հա­մար շատ դժուար ե­ղած է Լոն­տո­նի մէջ, քա­նի որ անգ­լե­րէն չէր գի­տեր, եւ հա­ղոր­դակ­ցուե­լու կա­րիք ու­նէր, իսկ այդ տա­րի­քէն ետք ալ լե­զու սոր­վի­լը քիչ մը դժուար էր… Նկա­րի­չը սրտի եր­կու կա­թուած ան­ցու­ցած է Լոն­տո­նի մէջ, այ­նու­հե­տեւ ա­պա­քին­ման եր­կա­րա­տեւ շրջան ան­ցած է, ինչ որ ազ­դած է իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ըն­թաց­քին վրայ: Մո­կօ կ­­՚ը­սէ, որ իր հայ­րը միայն հայ նկա­րիչ չէր, ան ա­մէն ազ­գի նկա­րիչ կրնար ըլ­լալ: «Ճիշդ է՝ մա­կա­նու­նը հայ է, Հա­յաս­տա­նի մէջ ծնած է, Հա­յաս­տա­նի հո­ղէն սնած է, բայց ին­քը զուտ հայ­կա­կան բակ, հայ­կա­կան գիւղ, հայ­կա­կան խորհր­դա­նի­շեր չէ նկա­րած, եւ ե­թէ իր նկար­նե­րը տա­նինք եւ դնենք Լուվ­րի, կամ ու­րիշ նշա­նա­ւոր թան­գա­րա­նի կամ ցու­ցաս­րա­հի մը մէջ, հա­ւա­սա­րա­պէս հա­րա­զատ կ­­՚ըլ­լայ ա­մէն ազ­գե­րու­ն», հա­մո­զուած է դուստ­րը:

Մո­կօ ը­սաւ, որ իր վրայ իր հայ­րը շատ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած է, սա­կայն այդ մէ­կը չէ ե­ղած զուտ իր­մէ սոր­վե­լու, իր ը­րա­ծը շա­րու­նա­կե­լու ա­ռու­մով, այլ իր հո­գե­ւոր ներ­կա­յու­թեամբ Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեան շատ մեծ կեր­պար ե­ղած է Մո­կո­յին հա­մար: Ինք շատ կա­պուած ե­ղած է հօ­րը, հա­կա­ռակ ա­նոր որ քիչ տե­սած է զայն, քա­նի որ ան հե­ռա­ցած էր ըն­տա­նի­քէն եւ այլ ըն­տա­նիք կազ­մած: Ա­նոր մա­հէն եր­կար տա­րի­ներ ետք միայն Մո­կօ կրցած է վե­րա­դառ­նալ նկար­չու­թեան, իր առ­ջեւ ու­նե­նա­լով իր հօ­րը կեր­պա­րը, ո­րուն հա­մար կ­­՚ու­զէր լաւ բան մը ը­րած ըլ­լալ: Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեան շատ բարձր գնա­հա­տած է իր դստեր ա­րուես­տը, քա­ջա­լե­րած է զինք եւ ինչ­պէս Մո­կօ կ­­՚ը­սէ, շատ կը զար­մա­նար այն գոյ­նե­րուն վրայ, որ Մո­կօ կը գոր­ծա­ծէր, իսկ այդ զար­ման­քին պատ­ճա­ռը այն էր, որ Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեան տալ­թո­նեան էր՝ գու­նա­կոյր: Ան գոյ­նե­րը լրիւ ու­րիշ կերպ կը տես­նէր կամ ալ քա­նի մը գոյն միայն կը տես­նէր, ան ալ ի՛ր տե­սած ձե­ւով, ինչ­պէս բո­լոր գու­նա­կոյ­րե­րը:

Եւ, ան ու­նե­նա­լով այդ ա­րա­տը, ստեղ­ծած է հրա­շա­լի գոր­ծեր, ա­պա­ցու­ցե­լով, որ բնա­տուր տա­ղան­դը չի կրնար պա­հուիլ ներ­սը, ե­թէ նոյ­նիսկ այդ տա­ղան­դը կրո­ղը գու­նա­կոյր է: Թե­րեւս նաեւ գոյն տես­նե­լու պա­կա­սու­թիւ­նը պատ­ճառ ե­ղած է, որ Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեան հիմ­նա­կա­նօ­րէն աշ­խա­տի սեւ կամ միա­թոն դեղ­նա­կարմ­րա­ւուն մա­տիտ­նե­րով, բաց շա­գա­նա­կա­գոյն հե­ղուկ թա­նա­քով, կարմ­րա­ւուն կաւ­ճա­մա­տի­տով, գոր­ծա­ծած է գրիչ, ինչ­պէս նաեւ՝ ճեր­մակ կամ ե­րան­գա­ւոր խա­ւա­քարտ, աշ­խա­տած է կա­ւի­ճէ յա­տուկ շեր­տով պա­տուած տախ­տա­կի վրայ:

«Իմ հօրս մա­հէն ետք ես բա­ցուե­ցայ լիի­րաւ ձե­ւով, ամ­բող­ջո­վին: Քիչ մը կոշտ կրնայ թուիլ ը­սածս, բայց լաւ կ­­՚ըլ­լայ, որ հասկ­նա­լի ըլ­լայ, կար­ծես հայրս մա­հա­նա­լով ճամ­բայ բա­ցաւ իմ առ­ջեւս: Ես իր ող­ջու­թեան ժա­մա­նակ այս­պէս բուռն, յա­ջո­ղակ կեր­պով չկրցայ ստեղ­ծա­գոր­ծել, ո­րով­հե­տեւ ես չէի կրնար ա­զա­տիլ իր­մէ, կար­ծես կա­խար­դած էր զիս իր տա­ղան­դով, իր ու­ժով կար­ծես կա­պած էր զիս, եւ միայն իր մա­հա­նա­լէն ետք ես ամ­բող­ջու­թեամբ կրցայ դրսե­ւո­րուիլ իբ­րեւ Մո­կօ Խա­չատ­րեան, իբ­րեւ ինք­նու­րոյն ա­րուես­տա­գէտ: Ես շունչ քա­շե­ցի: Ան­շուշտ, ժա­մա­նակ ան­ցաւ, մին­չեւ իր մա­հուան վիշ­տէն ել­լելս, որ­մէ ետք ես թե­ւեր ա­ռի: Այն­քան նկար նկա­րած եմ այս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, որ ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի է: Այն­քան ցու­ցա­հան­դէս­ներ, հրա­ւէր­ներ ստա­ցած ե­մ», ը­սաւ նկա­րի­չին դուստ­րը, ա­ւելց­նե­լով նաեւ, որ սխալ է հօր եւ դստեր աշ­խա­տանք­նե­րը նմանց­նել, կամ նմա­նու­թիւն­ներ փնտռել եր­կու­քին մի­ջեւ: «Մենք տար­բեր ենք, ի­րա­րու հետ կապ չու­նինք իբ­րեւ ստեղ­ծա­գոր­ծող, եւ թե­րեւս միայն այն ներ­քին լոյսն է, որ կայ թէ՛ իմ, թէ՛ հօրս ա­րուես­տին մէջ, եւ ա­տի­կա ալ պա­տա­հա­կան չէ, քա­նի որ եր­կուքս ալ լա­ւա­տես էինք, շատ լա­ւա­տես: Ես հայ­րի­կիս նման եմ ա­մէն ին­չով, բայց ոչ՝ նկար­չու­թեամբ: Մենք չորս ե­րա­խայ ենք, ես մէջ­նե­րէն ա­մե­նէն նմանն եմ, նաեւ միակն եմ ըն­տա­նի­քէն, որ գա­ցի այս ճա­նա­պար­հով, ան-­շուշտ շատ չէր մեր շփու­մը, քա­նի որ հայրս կազ­մեց ու­րիշ ըն­տա­նիք, որ իմ վրաս իր կար­գին տխուր ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ եւ այլն, բայց այն հո­գե­ւոր կա­պը, այն ժա­ռան­գա­կան ան­բա­ցատ­րե­լի միա­ցու­մը որ կայ, անժխ­տե­լի է», իր եւ հօ­րը կա­պին մա­սին այս­պէս ար­տա­յայ­տե­ցուաւ Մո­կօ:

Հայրն է, որ զինք կո­չած է Մո­կօ, փո­խե­լով ա­նոր Մա­րիամ ա­նու­նը եւ Մո­կօ ա­նու­նը մնա­ցած է դստեր վրայ ու այ­սօր ալ հմայք կը սփռէ իբ­րեւ ա­րուես­տա­գի­տու­հի:

Ան խօ­սե­ցաւ նաեւ իր յայտ­նի դի­ման­կա­րին մա­սին, որ նոյն­պէս ցու­ցադ­րուած էր եւ ո­րուն քով ա­մէն վայր­կեան կե­ցած էր Մո­կօ: Ան ը­սաւ, որ այդ նկա­րին մէջ ինք մեծ աղ­ջիկ կ­­՚ե­րե­ւի, բայց ին­ք շատ փոքր էր, երբ հայ­րը նկա­րած է զինք։ Ին­ք այդ­քան մեծ չէր, բայց հայ­րը այդ­պէս ե­րե­ւա­կա­յա­ցած է եւ այդ­պէս զգա­ցած է իր դուստ­րը եւ տա­րի­քը ա­ւե­լի մեծ­ցու­ցած նկա­րած է: «Ո­րով­հե­տեւ երբ ին­ք մէ­կը կը նկա­րէր, ինք չէր ջա­նար ան­պայ­ման ար­տա­քին կամ տա­րի­քա­յին շատ խիստ նմա­նու­թիւն­ներ դնել ան­ձին եւ նկա­րին մի­ջեւ, ին­ք ինչ­պէս որ կը զգար, այն­պէս ալ կը նկա­րէր, եւ պար­տա­դիր չէ, որ նման ըլ­լա­յին ա­նոնք: Այդ է ա­րուես­տա­գէ­տին ու­ժը, որ ինք կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ եւ չի պատ­ճէ­ներ:

«Նոյն ձե­ւով այս ցու­ցաս­րա­հին մէջ մար­դիկ կը մօ­տե­նա­յին ին­ծի եւ կ­­՚ը­սէին՝ իսկ ին­չո՞ւ ոտ­քե­րը կարճ են այս կամ այն նկա­րին մէջ կամ ին­չո՞ւ դէմ­քը ա­սանկ է: Ա­սոնք ան­բա­ցատ­րե­լի բա­ներ են, ես չեմ կրնար բա­ցատ­րել, թէ այդ պա­հուն նկա­րի­չը ի՞նչ զգա­ցած է, նման նկար­նե­րը պէտք է զգալ եւ ոչ՝ բա­ցատ­րել: Ա­նի­մաստ է դնել եւ նկա­րի­չի մը ներ­քին ապ­րում­նե­րը, գի­ծե­րը բա­ցատ­րել: Նկա­րը կամ կը զգաս, կամ չես զգա­ր», ը­սաւ հմա­յիչ, շատ զգաց­մուն­քա­յին եւ շատ ինք­նա­տիպ նկա­րիչ Մո­կոն:

Մո­կօ նաեւ կինն է Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի մէջ նշա­նա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ Վա­հան Ռու­մե­լեա­նի, զոր շատ կը գնա­հա­տէր Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեան: Ա­նոնց որ­դին՝ մեծ­հօր ա­նու­նը կրող Ռու­տոլֆ Ռու­մե­լեան կրկին արուես­տի ճամ­բուն վրայ է, բայց ոչ՝ կեր­պարուես­տի, այլ՝ ե­րաժշ­տու­թեան, տե­սո­ղա­կան ա­րուես­տի եւ այլ բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ կ­­՚առ­նէ իր քայ­լե­րը:

Հա­ճե­լի է իր լի­բա­նա­նեան ցու­ցա­հան­դէ­սէն ետք կրկին հան­դի­պիլ Մո­կո­յին, այս ան­գամ՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ, իր տա­ղա­նա­դա­ւոր հօր կտաւ­նե­րուն եւ քան­դակ­նե­րուն առ­ջեւ ան­կեղ­ծա­ցած, ման­կա­ցած եւ յու­զում­նա­խառն վի­ճա­կով:

Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեա­նի աշ­խա­տանք­նե­րը այ­սօր կը գտնուին Հա­յաս­տա­նի եւ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ՝ թէ՛ մեր, թէ՛ այլ եր­կիր­նե­րու ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րահ­նե­րուն, պե­տա­կան թան­գա­րան­նե­րուն մէջ։ Կան նաեւ մաս­նա­ւոր ար­ժէ­քա­ւոր հա­ւա­քա­ծո­նե­րուն մէջ, դրա­մա­տու­նե­րէն, ժա­մա­նա­կա­կից կեդ­րոն­նե­րէն ներս: Ժա­մա­նա­կին քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը խօսք տուած են, որ Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նը պի­տի տե­ղադ­րեն Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեա­նի ստեղ­ծած ար­ձան­նե­րէն մին եւ ըն­տա­նի­քը տա­կա­ւին կը սպա­սէ՝ վստահ ըլ­լա­լով, որ այդ գոր­ծը եւ­րո­պա­կան ժա­մա­նա­կա­կից տեսք կը հա­ղոր­դէ մեր մայ­րա­քա­ղա­քին:

Բազ­մա­թիւ գիր­քեր, յօ­դուած­ներ, շար­ժան­կար­ներ նուի­րուած են այս տա­ղան­դա­ւոր նկա­րի­չի ինք­նա­տիպ ա­րուես­տին:

Խա­չատ­րեա­նա­կան պարզ ու յստակ ըն­կա­լում­նե­րը, մարդ­կա­յին բնա­ւո­րու­թիւն­նե­րու խո­րունկ պատ­կե­րա­ւո­րու­թիւ­նը շա­տե­րը յու­զած է:

«Գա­ֆէս­ճեա­ն­»ի մէջ գոր­ծող ցու­ցա­հան­դէ­սը Ե­րե­ւա­նի մէջ նկա­րի­չի յետ­մա­հու երկ­րորդ ցու­ցա­հան­դէսն է, ո­րով ան վերջ­նա­կա­նա­պէս վե­րա­դար­ձաւ իր երկր­պա­գու­նե­րուն եւ իր գոր­ծե­րը գնա­հա­տող­նե­րուն. 2007 թուա­կա­նին, երբ ան հե­ռա­ցաւ կեան­քէն, մէկ տա­րի ետք՝ 2008 թուա­կա­նին Ե­րե­ւա­նի Ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տի թան­գա­րա­նէն ներս կազ­մա­կեր­պուեր էր Խա­չատ­րեա­նի յետ­մա­հու ա­ռա­ջին ցու­ցա­հան­դէ­սը։

Այս ցու­ցադ­րու­թիւ­նը «Գա­ֆէս­ճեա­ն» ա­րուես­տի կեդ­րո­նէն ներս, բաց է մին­չեւ այս տա­րուան Յու­նի­սի 4-ը եւ մուտ­քը ա­զատ է այ­ցե­լու­նե­րուն հա­մար:

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2017