130-ԱՄԵԱՅ ՊՈՂՊԱՏԵԱՅ ԳԵՂԵՑԿՈՒՀԻՆ
Աշխարհի ամենանշանաւոր աշտարակը կը տօնէ իր ծննդեան 130-ամեակը: Պողպատեայ գեղեցկուհին դար մը եւ երեսուն տարի կանգուն կը մնայ եւ ծերութեան նշաններ ցոյց չի տար: Իր ծննդեան օրէն՝ մարտի 31-էն սկսեալ Փարիզի մէջ սկսած են Էյֆէլ աշտարակի կառուցման 130-ամեակի տօնակատարութիւնները: Քաղաքի գլխաւոր խորհրդանիշը նոր լոյսերով եւ գոյներով պիտի պարուրուի եւ գրաւէ ուշադրութիւնը միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներու, որոնք Փարիզ կը փութան մանաւանդ յոբելեար աշտարակը տեսնելու համար:
Բայց Էյֆէլը միայն Փարիզի խորհրդանիշը չէ, այլ կը խորհրդանշէ 19-րդ դարավերջի գիտական եւ արհեստագիտական մտքի փայլուն համադրութիւնը եւ ժամանակի գիտա-արհեստագիտական նորամուծութիւններու կենսական արտայայտութիւնը: Աշտարակը կառուցուած է Փարիզի մէջ 1889 թուականին, Համաշխարհային 12-րդ ցուցահանդէսի կազմակերպման համար որպէս ժամանակաւոր շինութիւն, բայց իր ժամանակաշրջանին համար անսովոր մետաղեայ այդ կառոյցը, անցած է ժամանակի ստուգումը եւ ժամանակաւորէն վերածուած է ամուր եւ մնայուն կառոյցի: Երբ ֆրանսացի նշանաւոր ճարտարագէտ-շինարար Կիւստաւ Էյֆէլի նախագիծով կը սկսէին աշտարակի շինարարութեան՝ այդ ժամանակ աշխարհի ամենաբարձր շինութիւնները տակաւին Քէոփսի բուրգը, Քէօլնի եւ Ուլմի տաճարներն էին, իսկ Էյֆէլը առաջարկած էր կառուցել շինութիւն մը, որ անոնց կրկնակի բարձրութիւնը ունէր: Ոչ ոք կը կասկածէր, որ կարելի է շինել այդպիսի կառոյց մը, բայց շատեր կը կարծէին, որ նման կառոյց մը դժուար թէ կարենար զարդարել Փարիզը, որ այդ ժամանակ արդէն կը նկատուէր համաշխարհային քաղաքաշինութեան մարգարիտը եւ կարծես զարդարանքի կարիք չունէր:
Ժամանակի ամենաբարդ կառոյցներէն մէկը ըլլալով նոր աշտարակին կառուցումը կը պահանջէր նախքան շինարարութիւնը ժամանակակից գիտութեան նուաճումները կիրարկելով լուծել բազմաթիւ այլ հարցեր, ինչպէս օրինակ՝ կառոյցի հիմքի բնահողի շերտերուն եւ այդ շերտերու յատկութիւններուն մանրամասն ուսումնասիրումը՝ խտացուած օդի եւ սուզարկղերու միջոցով, 800 թոն զանգուածով շարժական կամուրջներու տեղադրումը աշտարակի կարգաւորման նպատակով, յատուկ կռունկներու գործածումը բարձրութեան մէջ աշխատելու համար եւ այլն: Էյֆէլի առաջարկած այս բոլոր միջոցները, այդ ժամանակ, նորարարութիւններ էին եւ սարքաշինական գիտութեան զարգացման լուրջ քայլեր:
Երբ 1889 թուականին որոշուեցաւ համաշխարհային արդիւնաբերական 12-րդ ցուցահանդէսը կազմակերպել Փարիզի մէջ, ֆրանսացիներուն ինքնասիրութիւնը կրկին շոյուեցաւ, որովհետեւ Ֆրանսայի մայրաքաղաքը չորրորդ անգամն էր, որ կ՚արժանանար այդ պատուին: Բայց պէտք էր ոչ միայն ցուցադրել ժամանակի գիտութեան եւ արհեստագիտութեան նուաճումները, այլ Փարիզը ինքն ալ իր կարգին աշխարհին պէտք է ներկայանար նոր կառոյցով մը, որ պիտի զարմացնէր աշխարհը: Այդ մէկը որոշուեցաւ նաեւ այն պատճառով, որ ցուցահանդէսի կազմակերպման տարին կը համընկնէր ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան 100-ամեակին…
Նախագիծերու եւ ճարտարագիտական աշխատանքներու համար յայտարարուած մրցոյթին ներկայացուած էր 107 աշխատանք, որոնց մէջ էր նաեւ Կիւստաւ Էյֆէլի՝ 300 մեթր բարձրութեամբ աշտարակին նախագիծը: Ի սկզբանէ, ծրագրուած էր զայն կառուցել այնպէս, որ կարելի ըլլայ որեւէ պահ հանել: Եւ եթէ այդ ժամանակ շատեր կողմ էին աշտարակը ցուցահանդէսի աւարտէն ետք հանելու միտքին, ապա այսօր դժուար թէ ոեւէ մէկը նման ցանկութիւն յայտնէ:
1887 թուականի յունուարին՝ Էյֆէլը, ֆրանսական կառավարութեան եւ Փարիզի քաղաքապետարանին ներկայացուցիչները ստորագրեցին պայմանագիր մը, որու համաձայն քսանհինգ տարիով յատկապէս Էյֆէլին կը տրուէր կառուցուելիք աշտարակի շահագործման վարձակալութեան իրաւունքը, նաեւ կը նախատեսուէր 1.5 միլիոն ոսկեֆրանք յատկացնել կառոյցի շինարարութեան, ինչ որ անհրաժեշտ գումարին քառորդն էր: 1888 թուականին, որպէսզի աշտարակի շինարարութեան համար միջոցները բաւականացնեն, կը հիմ-նըւի բաժնետիրական ընկերութիւն մը՝ 5 միլիոն ֆրանք հիմնադիր դրամագլուխով: Գումարին կէսը երեք դրամատուներու տրամադրած միջոցներն էին, միւս կէսը՝ Էյֆէլի անձնական միջոցները: Շինարարութեան ընդհանուր գումարը կը կազմէր 7.8 միլիոն ֆրանք:
Աշտարակին կառուցումը սկսած է 1887 թուականի յունուարի 28-ին: Երկու տար-ւան ընթացքին հանգուցուած է 7 միլիոն 300 հազար թոն ընդհանուր զանգուածով մետաղեայ մաս, որուն 450 թոնը միայն գամերն էին: Գործածուած է 12 հազար սիւն, որոնցմէ իւրաքանչիւրին զանգուածը առաւելագոյնը 3 թոն էր, եւ 2.5 միլիոն գամ: Աշտարակը լուսաւորելու համար տեղադրուած է 10 հազար կազային լապտեր, իսկ փարոսի գագաթին՝ երկու լուսարձակ, որոնք կ՚արձակէին Ֆրանսայի ազգային դրօշի գոյները՝ կապոյտ, ճերմակ եւ կարմիր լոյսը:
1889 թուականի մարտի 31-ին ամէն ինչ աւարտին հասցուած էր: Համշխարհային ցուցահանդէսին 25 միլիոն այցելուներուն համար Էյֆէլի աշտարակը ցուցահանդէսի ամենատպաւորիչ ցուցանմոյշն էր: Մասնագէտները այդ կառոյցին մէջ գտան ամբողջ դարու մը ընթացքին շինարարական միտքին ծնած նորութիւնները: Ցուցահանդէսի այցելուները եւ զբօսաշրջիկները աշտարակին գագաթը բարձրանալով ապշած կը մնային՝ թռչունի բարձունքէն տեսնելով Փարիզը եւ նոյն խանդավառութեամբ կ՚իջնէին եւ այս անգամ հեռուէն կը դիտէին կառոյցը: Աշտարակը ամբողջ աշխարհին յայտնի դարձաւ ընդամէնը երկու օրուան ընթացքին:
Փարիզեան ցուցահանդէսի առեւտրային յաջողութիւնը այնքան հսկայական էր եւ աշխարհի նոր հրաշալիքին համբաւը այնպէս տարածուած էր աշխարհով մէկ, որ համաշխարհային արդիւնաբերական յաջորդ՝ 13-րդ ցուցահանդէսը նոյնպէս տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ, եւ անմիջապէս՝ յաջորդ տարին:
Կիւստաւ Էյֆէլ այն ժամանակ աշխարհի ամենանշանաւոր անձն էր. իր նախագը-ծած կառոյցը տեսնելու համար, միայն վեց ամիսներու ընթացքին, Փարիզ այցելած էր 2 միլիոն հոգի: «Պողպատեայ տիկին»ն ալ պարտքի տակ չէր մնացած. տարեվերջին ան յաջողած էր փոխհատուցել շինարարութեան ծախսերուն երեք քառորդը:
Էյֆէլի աշտարակի պատմութեան մէջ անոր բուռն ընդունելութեան հետ միշտ կը յիշուի նաեւ բուռն հակադարձումը: Ֆրան-սայի մայրաքաղաքին գլխաւոր խորհրդանիշը տասնամեակներ շարունակ օտար կը մնար տեղացիներուն: Փարիզի բնակիչներէն շատեր վստահ էին, որ անիկա կը ճնշէ իրենց քաղաքին դասական ճարտարապետութեան, դէմ էին անոր գոյութեան: Մանաւանդ ֆրանսացի մտաւորականներու խումբ մը չէր թաքցներ իր հակակրանքը: Մեծն Հիւկոն ու Վերլէնը, Էմիլ Զոլան, Շարլ Կիւնոն, Ալեքսանտր Տիւմա-որդին, մշակոյթի ուրիշ նշանաւոր գործիչներ զայրալից նամակներ կը գրէին՝ պահանջելով Փարիզի փողոցներէն անյապաղ մաքրել այդ շանթարգելը: Կառավարութեան յղուեցաւ հաւաքական բողոքի նամակ մը, որ ստորագրած էին արուեստի երեք հարիւր նշանաւոր գործիչներ, եւ այդ նամակը այսօր կը պահպանուի աշտարակի թանգարանին մէջ: Բողոք-նամակին մէջ անոնք աշտարակը անուանած են անպէտք ու հրէշաւոր, ծիծաղաշարժ կառոյց մը, որ կ՚իշխէ Փարիզի վրայ գործարանի մը հսկայական ծխնելոյզին պէս: Այդ ժամանակ անոնք գիտէին, թէ միայն քսան տարի պիտի մնայ աշտարակը եւ նոյնիսկ այդ քսան տարուան համար բողոքի ալիք մը յառաջացուցին, նամակին մէջ գրելով. «Քսան տարի շարունակ մենք ստիպուած պիտի ըլլանք նայելու պողպատով ու գամերով կազմուած զազրելի յենասիւնի ստուերին, որ կը տարածուի քաղաքին վրայ, ինչպէս թանաքին հետքը՝ թուղթին վրայ: Յանուն իրական ճաշակի, յանուն արուեստի, յանուն Ֆրանսայի պատմութեան, որ վտանգուած է, մենք՝ գրողներս, նկարիչներս, քանդակագործներս, ճարտարապետներս՝` մինչ այժմ Փարիզի անթերի գեղեցկութեան կրքոտ երկրպագուներս, խոր զայրոյթով կը բողոքենք մեր մայրաքաղաքի սիրտին մէջ կառուցուած անպէտք ու հրէշաւոր Էյֆէլեան աշտարակին դէմ: Միայն մէկ վայրկեանով պատկերացուցէք, թէ ինչ կ՚ըլլայ, եթէ այդ թեթեւամիտ եւ ծաղրական աշտարակը վեր խոյանայ Փարիզի կեդրոնին մէջ, ինչպէս հսկայական սեւ ծխնելոյզ մը, իր բարբարոսական շղարշին տակ ձգելով Փարիզի Աստուածամօր Տաճարը, Սեն-Ժագ աշտարակը, Լուվրը, Հաշմանդամներու տունը, Յաղթանակի կամարը։ Բոլոր այս համեստ յուշարձանները կ՚ոչնչանան այդ գէշ երազին ետին»:
Կիւստաւ Էյֆէլ սովորաբար անտարբեր կը գտնուէր քննադատութիւններուն հանդէպ, բայց անգամ մը պատասխանած է անոնց՝ համեմատելով իր աշտարակը եգիպտական բուրգերուն հետ. «Իմ աշտարակը կ՚ըլլայ մարդուն կողմէ կանգնեցուած ամենաբարձր երեւոյթը»: Տարիներ շարունակ աշտարակը պահպանած է աշխարհի ամենաբարձ կառոյց ըլլալու համբաւը, մինչեւ ուրիշ երկիրներու մէջ ալ սկսած են ճարտարապետական բարձր կառոյցներ վեր խոյանալ, ինչպէս նաեւ ստեղծուած են Էյֆէլի աշտարակի փոքր նմանակները:
Ժամանակին կառոյցին գոյութեամբ ամենաշատ զայրացած էր հռչակաւոր գրող Կի տը Մոփասանը: Աշտարակը ան արհամարհանքով կմախք անուանած էր եւ մշտապէս կը նստէր աշտարակին սահմաններէն ներս գտնուող սրճարաններէն մէկուն մէջ, ըսելով. «Փարիզի մէջ ատիկա միակ վայրն է, ուրկէ այդ երկաթներուն կոյտը չ՚երեւիր»:
Յատկանշական է, որ փարիզեան մտաւորականութեան զայրոյթի այս ալիքները հասած են քաղաքապետին ականջին եւ կառավարութիւնը մտադիր էր քանդել աշտարակը: Սակայն Էյֆէլի հետ պայմանագրին ժամկէտը տակաւին չէր լրացած: 1906 թուականին աշտարակին գագաթը դարձաւ ձայնասփիւռի հեռարձակման ալեհաւաքի յենարանը, եւ ձայնասփիւռը, փաստօրէն, քանդումէ փրկեց Էյֆէլի ստեղծագործութիւնը: 1910 թուականին ճարտարագէտը եօթանասուն տարիով երկարաձգեց աշտարակի վարձակալութեան պայմանագրին ժամկէտը:
Յետագային Էյֆէլի աշտարակը դիմացաւ նաեւ պատերազմին: 1940 թուականին գերմանական գրաւումին ժամանակ, ֆրանսացիները Հիթլէրի մուտքէն առաջ վնասեցին Էյֆէլի աշտարակին վերելակի ճոպանը, եւ պատերազմի պատճառով կարելի չեղաւ վերականգնել: Նոյն տարուան մէջ նացի զինուորները Էյֆէլի վրայ ամրացուցին կեռ խաչով դրօշը, բայց շատ մեծ էր, եւ քանի մը ժամ անց քամին քշեց զայն, ու հիթլէրականները ստիպուած եղան զայն փոխարինել փոքր դրօշով մը: Գալով Փարիզ՝ Հիթլէր չկարողացաւ հասնիլ աշտարակին գագաթը, եւ այդ առիթով ֆրանսացիները կ՚ըսէին՝ Հիթլէրը գրաւեց Փարիզը, բայց չգրաւեց Էյֆէլի աշտարակը:
Որոշ ժամանակ անց, ֆրանսացի մը աշտարակի գագաթին դարձեալ ամրացուց ֆրանսական դրօշը: 1944 թուականին, երբ դաշնակիցները մօտեցան Փարիզին, Հիթլէր զայրացած՝ Փարիզի ռազմական կառավարիչ Տիթրիխ ֆոն Կոլտիցին հրամայեց ոչնչացնել քաղաքի նշանաւոր կառոյցները, այդ կարգին՝ Էյֆէլը, բայց ընդհանուր զօրավարը չենթարկուցաւ Հիթլէրի հրամանին: Զարմանալի է, բայց Փարիզի ազատագրումէն ետք Էյֆէլի վերելակը սկսաւ կրկին գործել:
Ելեկտրական լամբերը աշտարակին մէջ յայտնուած են 1910 թուականին, իսկ 1925 թուականին մեքենաշինական հսկայ Անտրէ Սիթրոէն աշտարակին վրայ լուսային գովազդ մը տեղադրեց, զայն անուանելով՝ «Էյֆէլեան աշտարակը՝ լոյսի մէջ»: Աշտարակին վրայ տեղադրուած շուրջ 125 հազար ելեկտրական լամբերը բոցավառելով կը ստեղծէին իրերայաջորդ լուսաւոր պատկերներ՝ Էյֆէլի աշտարակին, աստղային անձրեւին, գիսաստղերու թռիչքին, համաստեղութիւններու նշաններուն, աշտարակի հիմնադրման տարեթիւին, ընթացիկ տարեթիւին, վերջապէս, Սիթրոէն մականունին տեսքով: Այդ գովազդային արշաւը տեւեց մինչեւ 1934 թուականը, իսկ աշտարակը աշխարհի ամենաբարձր գովազդային վահանակն էր:
Ինք՝ Կիւստաւ Էյֆէլ մահացած է Փարիզի մէջ 1923 թուականին, 91 տարեկանին եւ երեսունչորս տարի վայելելած է իր ստեղծագործութեան փառքը:
Այսօր պողպատեայ գեղեցկուհին այդպիսին մնալու համար, մեծ ծախսեր կը պահանջէ, բայց եւ այնպէս, զբօսաշրջային գումարները կը բաւարարեն ծախսերը:
Հաշուարկուած է, որ ամէն տարի աշտարակ կ՚այցելէ մօտաւորապէս 7 միլիոն զբօսաշրջիկ, եւ անոնց համար այցետոմսեր տպելու նպատակով տարեկան կը ծախսը-ւի շուրջ 2 թոն թուղթ:
Իբրեւ աշխարհի մէջ ամենաշատ այցելւող զբօսաշրջային կեդրոն, աշտարակը կը պահանջէ ամէնժամեայ խնամք եւ մաքրութիւն: Տարեկան քանի մը հարիւր լիթր լուացող հեղուկ եւ 25 հազար աղբի պարկ կը գործածուի պողպատեայ գեղեցկուհիին տեսքը կոկիկ պահելու համար:
Աշտարակին գունաւումը նոյնպէս ծախսատար է. եօթ տարին անգամ մը աշտարակին 250 հազար քառակուսի մեթր տարածքը կը ներկուի: Յուշարձանին միատեսակ գոյն տալու նպատակով գործածուած ներկը կը դասակարգուի ըստ գունայնութեան, որ շինութեան կու տայ մթնոլորտային տեսարանին հակազդելու նշանակութիւն։ Ատոր իմաստն այն է, որ աշտարակի ստորին մասը պայծառ էր եւ հետզհետէ կը մգանար՝ գագաթին հասնելուն զուգընթաց։ Երբեմն-երբեմն ներկին գոյնը կը փոխուի: Առաջին յարկին վրայ կը գործէ քուէարկութեան արկղ մը, ուր ամէն մարդ կրնայ ընտրել, թէ ի՛նչ գոյնով կը փափաքի տեսնել Էյֆէլի աշտարակը յաջորդ թարմացումէն ետք: Ներկելու աշխատանքը կը կատարեն քսանհինգ ներկարարներ, որոնք նախ աշտարակէն կը քերեն ներկին մնացորդները, ապա նոր գոյնով կը թարմացնեն, եւ այդ ամէնը կ՚ընեն վրձիններով: Աշտարակին հիմնական գոյնը ստացած է «Էյֆէլի շագանակագոյն», որ ձեռք կը բերուի շագանակագոյնի երեք երանգներուն խառնուրդով: Աշտարակը ներկելու համար քաղաքային իշխանութիւնները ամէն անգամ կը ծախսեն 4 միլիոն եւրօ: Ներկն ալ, բնականաբար, պարզ շինարարական խանութէ չեն գներ, կը գործածուի բացառապէս գերմանական ծանօթ Lanxess ընկերութեան արտադրանքը:
Տեսաբաններ աշտարակը իր խնամքին, ծախսերուն համեմատ գնահատած են 435 միլիոն եւրոյով, որ այսօր Եւրոպայի ամենաթանկարժէք խորհրդանիշն է:
Հակառակ որ տարուէ տարի աշտարակին վրայ աւելի կ՚աշխուժանայ անվտանգութիւնն ու վերահսկողութիւնը, սակայն, շատեր կեանքին հրաժեշտ կու տան աշտարակէն: Առաջին անձնասպանութիւնը աշտարակէն 1898 թուականի յունիսի 15-ին եղած է, եւ այդ օրուընէ՝ աւելի քան մէկ դարէ ի վեր, Էյֆէլի աշտարակէն անձնասպանութիւն գործած է շուրջ չորս հարիւր հոգի։
Բայց դժբախտութիւններուն զուգահեռ, Էյֆէլը միլիոնաւոր սիրահարներու հանդիպումներու վայրն է: Սիրոյ եւ երազանքներու քաղաքին կեդրոնը գտնուելով, բազմաթիւ սիրահարներ իրենց սիրոյ երդումները աշտարակին քով կամ աշտարակին վրայ կու տան իրարու:
Հետաքրքրական է, որ աշտարակը ինքը այդքան սիրոյ ականատես ըլլալով, թերեւս պէտք չէր որ առանձին մնար եւ 2007 թուականի ապրիլի 8-ին տեղի ունեցած է Էյֆէլի աշտարակին եւ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքէն 34-ամեայ ամերիկուհի Էրիքա Լապրիին պսակադրման արարողութիւնը: Տարօրինակ այս պսակադրութիւնը անձնական նախաձեռնութիւն մըն էր, եւ քաղաքային իշխանութիւնները պսակադրութիւնը օրինական չեն նկատած, բայց արտօնած են, որ Էրիքան փոխէ իր մականունը ու դառնայ Էրիքա Լապրի Էյֆէլ: Հակառակ որ հոգեբոյժներ ապացուցած են, որ կինը անշունչ առարկաներու հանդէպ սէր տածելու հոգեկան հիւանդութեամբ կը տառապի, բայց այս ամուսնութեան մասին նոյնիսկ գիրք գրուած եւ վաճառուած է աշխարհով մէկ:
Աշտարակի կեանքին մէջ շատ տարօրինակութիւններ եղած են. ինչպէս՝ 1920 թուականին, երբ Վիքթոր Լիւթուիք փորձած է զայն իբրեւ մետաղի կտորտանք վաճառել մետաղի մնացորդ հաւաքող ընկերութեան մը: Ան խաբէութեամբ ընկերութիւնը համոզած է, որ աշտարակը աճուրդի հանուած է, նոյնիսկ նախնական գումար մը ստացած է ընկերութենէն, բայց խաբուած ընկերութիւնը խայտառակ չըլլալու համար ամչցած է դիմելու ոստիկանութեան, եւ Վիքթոր Լիւթուիք չէ պատժուած:
Ի դէպ, յանուն արդարութեան պէտք է ըսել, որ Էյֆէլի աշտարակին իսկական անունը Պենիկհաուզէնի աշտարակ է: Աշտարակի ճարտարապետին՝ Կիւստաւ Էյֆէլին նախնիները գաղթած են գերմանական փոքրիկ քաղաքէ մը, որ կը գտնուի Էյֆէլի սարի մօտակայքը: Անոնց իսկական մականունը եղած է Պենիկհաուզէն, սակայն նոր վայրին մէջ անոնք որոշած են փոխել իրենց մականունը՝ նկատի առնելով այն փաստը, որ Էյֆէլը աւելի գեղեցիկ կը հնչէ:
1989 թուականին՝ ծննդեան 100-ամեակին առթիւ, աշտարակը վերակառուցուած է. հին մետաղական կառուցուածքները փոխարինած են նոր՝ աւելի թեթեւ ու ամուր կառուցուածքով: Եւ առհասարակ, եօթ տարին մէյ մը, Էյֆէլը կը փոխէ նաեւ իր գունային հանդերձանքը՝ կը թարմացուի ներկով ու նորովի կը ներկայանայ այցելուներուն:
Հետաքրքրական է, որ սկիզբէն ոչ ոք մտածած էր, թէ ինչ կիրառական նշանակութիւն պիտի ունենայ աշտարակը, բայց այսօր օգտակար կիրառութիւն նոյնպէս ունի՝ անոր գագաթին կան օդերեւութաբանական եւ ձայնասփիւռային կայաններ, հեռատեսիլային ալեհաւաք, ուրկէ հեռատեսիլային հաղորդումներ կը հեռարձակէ փարիզեան հեռուստատեսութիւնը: Աշտարակին վրայ տեղադրուած է նաեւ հաղորդակ մը, որ կ՚ապահովէ ոստիկանութեան եւ հակահրդեհային անձնակազմին կապը:
Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ այս տարին յոբելենական է Փարիզի համար ոչ միայն Էյֆէլի ծննդեան 130-ամեակով, այլեւ քաղաքին միւս կարեւոր խորհրդանիշին՝ Լուվրի բուրգին հիմնադրման 30-ամեակով: Եթէ Էյֆէլը կառուցուած է ֆրանսական յեղափոխութեան 100-ամեակին, ապա Լուվրի կառուցման գաղափարն ալ առաջարկուած է յեղափոխութենէն երկու հարիւր տարի ետք: Ապակեայ բուրգը երկաթեայ աշտարակի պէս նոյնպէս քննադատութեան ենթարկուած է, սակայն այսօր երկուքն ալ տիրականօրէն բազմած են Փարիզի կեդրոնը եւ դարձած՝ քաղաքի երկու գլխաւոր խորհրդանիշները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ