ՃԱԶԻ ԵԶԱԿԻ ՄԵՂԵԴԻՆԵՐ

Ճա­զի մի­ջազ­գա­յին օ­րը ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րե­ւա­նի մէջ նշուե­ցաւ խան­դա­վա­ռու­թեամբ։ 2011 թուա­կա­նէն ի վեր Ապ­րի­լի 30-ը կը նշուի որ­պէս ճա­զի մի­ջազ­գա­յին օր։ Այս տա­րի ար­դէն չոր­րորդ ան­գամ Ե­րե­ւա­նի մէջ ալ նշուե­ցաւ այս օ­րը՝ հրա­շա­լի ե­լոյթ­նե­րով։ Ե­րե­ւա­նի մէջ գոր­ծադ­րուած ծրագ­րին կար­գա­խօսն էր՝ «Ճա­զը յա­նուն հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րու»։ Ա­րուես­տի վաստակաւոր արուեստագէտ Ե­րուանդ Երզն­կեա­նի խօս­քե­րով, Ե­րե­ւա­նի մէջ ճա­զի օ­րը ա­ւե­լի լաւ կը նշուի՝ աշ­խար­հի այլ շարք մը եր­կիր­նե­րուն բաղ­դատ­մամբ։

Մի­ջազ­գա­յին ճա­զի օ­րուան շրջագ­ծով Ե­րե­ւա­նի մէջ ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան յայտ­նի ա­նուն­ներ. օ­րի­նակ՝ Ռի­շար Պո­նա եւ Ռո­պեր­թօ Քէլ Թո­րէս։

Այս ո­ճի յա­ռա­ջա­տար ա­նուն­նե­րէն դաշ­նա­կա­հար Կա­րի Քէօ­սեանն ալ Ե­րե­ւա­նի մէջ յայտ­նեց, թէ ճա­զը հո­գի է։ 19-րդ դա­րու վեր­ջին եւ 20-րդ դա­րու սկիզ­բին այս ո­ճը զար­գա­ցած է որ­պէս հա­մադ­րու­թիւն՝ Ափ­րի­կէի եւ Եւ­րո­պա­յի մշա­կոյթ­նե­րու։ Կա­րի Քէօ­սէեան յայտ­նեց, թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ ճա­զը այդ­քան ալ տա­րա­ծուած չէ, բայց ի­րեն հա­մար ու­րա­խա­ռիթ է, որ իր ե­լոյ­թի ունկն­դիր­նե­րու շար­քին կը գտնուէին զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 4, 2016