ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏԻ ՎԻՄԱԳՐԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Հրա­տա­րակ­չա­կան բա­ժի­նը լոյս ըն­ծա­յած է «Վա­ղար­շա­պատ. վան­քե­րը եւ վի­մա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը» աշ­խա­տու­թիւ­նը՝ հե­ղի­նա­կու­թեամբ վի­մագ­րա­գէտ, պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծու Ար­սէն Յա­րու­թիւ­նեա­նի:

Գիր­քը նուի­րուած է Վա­ղար­շա­պա­տի վան­քե­րու վի­մագ­րա­կան ժա­ռան­գու­թեան հա­մա­կող­մա­նի քննու­թեան: Ան ա­ռա­ջին հա­մալ­րուած ու­սում­նա­սի­րու­թիւնն է, ուր վի­մագ­րե­րու (քա­րի վրայ փո­րագ­րուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու, քա­րի վրայ փո­րագ­րուե­լով ստա­ցուած տպագ­րու­թիւն­նե­րու) հի­ման վրայ ըն­թեր­ցո­ղին ներ­կա­յա­ցուած են Վա­ղար­շա­պա­տի, մա­նա­ւանդ 17-19-րդ դա­րե­րու քա­ղա­քա­կան ու ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քը, հա­յոց հայ­րա­պետ­նե­րու շի­նա­րա­րա­կան ու նո­րոգ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը, վան­քե­րու ստա­ցած նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րը, վա­նա­կան միա­բա­նու­թիւն­նե­րու կազ­մա­ւո­րու­մը, ինչ­պէս նաեւ՝ միա­բա­նա­կան գե­րեզ­մա­նոց­ներն ու ար­ձա­նա­գիր խաչ­քա­րե­րը:

Ար­սէն Յա­րու­թիւ­նեան շուրջ հինգ տա­րի ա­ռաջ սկսած է զբա­ղիլ Վա­ղար­շա­պա­տի վի­մագ­րա­կան ժա­ռան­գու­թեամբ, այս թե­ման ե­ղած է ա­նոր ա­տե­նա­խօ­սու­թեան նիւ­թը: Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Հնա­գի­տու­թեան եւ Ազ­գագ­րու­թեան հիմ­նար­կի եւ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի անուան Մա­տե­նա­դա­րա­նի ե­րի­տա­սարդ աշ­խա­տա­կից՝ Ար­սէն Յա­րու­թիւ­նեա­նի հետ հան­դիպ­ման ա­ռի­թը թէ՛ ա­նոր այս ծա­ւա­լուն աշ­խա­տու­թիւնն էր, թէ՛ ալ վի­մագ­րու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ կա­տա­րած իր շա­րու­նա­կա­կան աշ­խա­տան­քը: Շու­տով նոյն հե­ղի­նա­կէն լոյս կը տես­նէ «Խոր Վի­րա­պ»  խո­րագ­րով գիր­քը, որ նոյն­պէս վի­մագ­րա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ կը պար­զէ Խոր Վի­րա­պի պատ­մու­թիւ­նը:

Ար­սէն Յա­րու­թիւ­նեան հե­տաքր­քա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ պատ­մեց ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին գի­տա­կան այդ ուղ­ղու­թեան եւ իր բա­ցա­յայ­տում­նե­րուն մա­սին։

-Ինչ­պէ՞ս յղա­ցաք Վա­ղար­շա­պա­տի վի­մագ­րե­րը ու­սում­նա­սի­րե­լու աշ­խա­տան­քը:

-Այս գիր­քի հիմ­քին մէջ ին­կած էր իմ թեկ­նա­ծուա­կան ա­տե­նա­խօ­սու­թիւ­նը: Ա­մէն ինչ սկիզբ ա­ռաւ ան­կէ, երբ ես Ա­կա­դե­միոյ մէջ սկսայ զբա­ղիլ վի­մագ­րու­թեամբ, հե­տաքրք­րուե­ցայ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ: Պար­բե­րա­կան այ­ցեր կը կա­տա­րէի Մայր Ա­թոռ եւ այն­տե­ղի վի­մագ­րե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րէն պարզ դար­ձաւ, որ այդ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րէն շատ-շա­տեր մինչ օրս ու­սում­նա­սիրուած չէին: Այ­սինքն, ե­թէ իմ այս գիրքս դնենք մէկ կողմ եւ ու­զենք Էջ­միած­նի վան­քե­րուն մա­սին հա­մա­պար­փակ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը վերց­նել, այդ մէ­կը կ՚ըլ­լայ Յով­հան­նէս Ե­պիս­կո­պոս Շահ­խա­թու­նեան­ցի աշ­խա­տու­թիւ­նը, որ հրա­տա­րա­կուած է 1842 թուա­կա­նին եւ կը կո­չուի՝ «Ստո­րագ­րու­թիւն Կա­թու­ղի­կէ Էջ­միած­նի եւ հինգ գա­ւա­ռացն Ա­րա­րա­տեայ»: Բա­րե­բախ­տա­բար Շահ­խա­թու­նեան­ցի այդ աշ­խա­տու­թիւ­նը վե­րահ­րա­տա­րա­կուե­ցաւ 2014 թուա­­կա­նին, բայց այն­տեղ շատ հա­մա­ռօտ ներ­կա­յա­ցուած է եւ ժա­մա­նա­կի պա­հանջ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան, ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը ընտ­րուած են սի­րո­ղա­կան կար­գով, ընտ­րուած են ա­նոնք, ո­րոնք լաւ պահ­պա­նուած են, դիւ­րըն­թեռ­նե­լի են:

Սա­կայն նմա­նա­տիպ աշ­խա­տու­թիւն­ներն ալ, ինչ խօսք, ու­նին կա­րե­ւո­րու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ մեր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար ա­նոնք կը ծա­ռա­յեն որ­պէս սկզբնաղ­բիւր, ո­րով­հե­տեւ ար­դէն կան ա­ւե­լի քան տասն ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք մե­զի հա­սած են նոյ­նինք Շահ­խա­թու­նեան­ցի աշ­խա­տու­թեան մի­ջո­ցաւ եւ ո­րոնք իմ գիր­քին մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցած եմ փոք­րա­գի­րով, որ­պէս­զի ըն­թեր­ցող­նե­րը զա­նոնք տար­բե­րեն այ­սօր պահ­պա­նուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րէն:

Ա­տե­նա­խօ­սու­թե­նէն ետք շա­տեր փա­փա­քե­ցան, որ ան գիր­քի տես­քով հրա­տա­րա­կ-ւի, քա­նի որ մեր հո­գե­ւոր կեդ­րո­նի պատ­մու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ վի­մագ­րա­կան նիւ­թի հի­ման վրայ, ցայ­սօր ամ­բող­ջո­վին ու­սում­նա­սի­րուած չէր, եւ պա­տա­հա­կան չէ, որ եօթ-ութ հա­րիւր ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն մեծ մա­սը՝ հինգ հա­րիւ­րէն ա­ւե­լին, ա­ռա­ջին ան­գամ հրա­տա­րա­կուե­ցաւ, ո­րոնց մէջ՝ տա­պա­նագ­րե­րը եւ խաչ­քա­րա­յին յի­շա­տա­կագ­րու­թիւն­նե­րը: Խաչ­քա­րե­րու ա­ռու­մով տե­ղա­կան ծագ­ման խաչ­քա­րեր հոն փաս­տագ­րուած չեն, ա­նոնք հիմ­նա­կա­նօ­րէն բե­րուած են զա­նա­զան վայ­րե­րէ, բայց այդ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու հա­մա­հա­ւաք ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը եւս կա­րե­ւոր են, ո­րով­հե­տեւ շատ ցա­քուց­րիւ էին եւ ամ­բող­ջա­կան չէին հրա­տա­րա­կուած: Ե­թէ ա­նոնց­մէ մի քա­նին հրա­տա­րա­կուած է թե­րեւս «Դի­ւան հայ վի­մագ­րու­թեան մա­տե­նա­շա­րեր»ուն մէջ, բայց ար­դէն վա­ղա­շա­րա­պա­տեան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու հա­մա­թեքս­տին մէջ կա­րե­ւոր էր, որ ի մի բե­ր-ւէին, ո­րով­հե­տեւ այդ խաչ­քա­րե­րը Էջ­միած­նի մէջ կը գտնուին եւ պէտք էր որ անպայման ի­րենց գտնուած վայ­րին մէջ ու­սում­նա­սի­րուէին:

-Ի՞նչ թուա­կան­նե­րու կը վե­րա­բե­րին վի­մագ­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ամ­փո­փած էք գիր­քին մէջ:

-Էջ­միած­նի մէջ հա­յե­րէն ա­մե­նա­հին ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը ե­րեք հատ են, ե­րեքն ալ կը թուագ­րուին եօթ­նե­րորդ դա­րով: Ա­ռա­ջին եր­կու­քը Կո­մի­տաս Աղ­ցե­ցի Կա­թո­ղի­կո­սի ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներն են, ո­րոնք պահ­պա­նուած են Հռիփ­սի­մէի տա­ճա­րին մէջ, մէ­կը կը գտնուի ա­րեւմ­տեան պա­տին, միւ­սը՝ ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­սը, ա­ւագ խո­րա­նի գմբէ­թար­դին: Եր­կուքն ալ եօթ­նե­րորդ դա­րու վա­յել­չա­գիր եր­կա­թա­գի­րով գրուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ են, ու­նին շի­նա­րա­րա­կան բնոյթ, այ­սինքն կը վկա­յեն այն մա­սին, որ Կո­մի­տաս Կա­թո­ղի­կո­սը կա­ռու­ցեց Սուրբ Հռիփ­սի­մէի տա­ճա­րը, ինք՝ Կո­մի­տաս կը յի­շա­տա­կուի իբ­րեւ ե­կե­ղե­ցա­պան՝ վա­նա­հայր, ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր ի­մաս­տով: Միւս ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը, որ կրկին եօթ­նե­րորդ դա­րուն կը պատ­կա­նի, յայտ­նա­բերուած է Վա­ղար­շա­պա­տի մշա­կոյ­թի տան մօտ 1979 թուա­կա­նին հնա­գի­տա­կան պե­ղում­նե­րու ըն­թաց­քին՝ պա­զի­լիք ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւե­րակ­նե­րէն:

Շատ հե­տաքրք­րա­կան են այդ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու պահ­պա­նու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ Վա­ղար­շա­պա­տի մէջ ան­կէ ա­ւե­լի վաղ պահ­պա­նուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ եւ ան­կէ ա­ւե­լի ուշ ալ՝ տասն­մէկ, տաս­ներկ­րորդ դա­րե­րու ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ ալ չու­նինք: Այ­սինքն եօթ­նե­րորդ դա­րու ե­րեք ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն գիւ­տը բա­ւա­կան կա­րե­ւոր է եւ ա­նոնց պահ­պա­նու­թիւ­նը մե­ծա­պէս կ­­՚ար­ժե­ւո­րուի: Գիր­քին մէջ այդ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը հրա­տա­րա­կած եմ ըստ այ­սօ­րուան պա­հանջ­նե­րուն՝ գրչան­կար­նե­րով, լու­սան­կար­նե­րով, ե­թէ ա­նոնք հրա­տա­րա­կուած ալ էին նախ­կի­նին, ա­պա այլ մա­կար­դա­կով տպուած էին, այ­սինքն ըն­թեր­ցո­ղը կը տես­նէր թեքս­տը, բայց վի­ճա­կին մա­սին գա­ղա­փար չէր կազ­մեր, թէ ինչ­պի­սի՞ վի­ճա­կի մէջ է հի­մա, կամ ալ զա­նա­զան թեր­թե­րու, յօ­դուած­նե­րու մէջ ե­ղած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը շատ խառն էին… Այդ ա­ռու­մով այս գիր­քը հա­մա­կար­գեց ամ­բող­ջը եւ ոչ միայն մաս­նա­գէտ­նե­րուն հա­մար շատ կա­րե­ւոր է, այլ՝ զբօ­սա­վայ­րե­րու եւ յա­րա­կից ո­լորտ­նե­րու մաս­նա­գէտ­նե­րուն հա­մար եւ մա­նա­ւանդ կա­րե­ւոր դրոյթ­նե­րու անգ­լե­րէն եւ ռու­սե­րէն թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րը դրած ենք գիր­քին մէջ, ու­րեմն նաեւ օ­տար մաս­նա­գէտ­նե­րուն ալ հա­սա­նե­լի է:

Այս գիր­քին մէջ ան­ջատ բա­ժին­նե­րով ներ­կա­յա­ցու­ցած եմ վան­քե­րը, բնա­կա­նա­բար սկսե­լով Մայր Ա­թո­ռէն, Մայր Տա­ճա­րի պատ­մու­թե­նէն: Գիր­քին մէջ միայն վի­մագ­րա­կան նիւ­թը չէ, ես ամ­բող­ջա­ցու­ցած եմ նաեւ վան­քե­րուն պատ­մու­թիւ­նը, սկսած Ա­գա­թան­գե­ղո­սէն, ա­ռաս­պե­լա­կան պատ­մու­թիւն­նե­րէն եւ վի­մագ­րա­կան նիւ­թի վկա­յա­կոչ­մամբ, ե­կած-հա­սած եմ մեր օ­րե­րուն՝ Վազ­գէն Կա­թո­ղի­կո­սի օ­րե­րուն կա­տա­րուած գոր­ծե­րուն, Գա­րե­գին Ա.-ի օ­րով ի՞նչ կա­տա­րուե­ցաւ եւ Գա­րե­գին Բ.-ի օ­րով ի՞նչ կը կա­տա­րուի: Այ­սինքն ժա­մա­նա­կագ­րա­կան ա­ռու­մով հի­նէն կու գանք մին­չեւ մեր օ­րե­րը:

Երկ­րորդ գլու­խին մէջ Հռիփ­սի­մէի վան­քի պատ­մու­թիւնն է, եր­րորդ գլու­խին մէջ Գա­յիա­նէի վանքն է եւ այդ­պէս շա­րու­նա­կա­բար: Բո­լոր գլուխ­նե­րուն մէջ նախ վան­քին պատ­մու­թիւնն է, յե­տոյ ար­ձա­նա­գիր կո­թող­նե­րը՝ խաչ­քա­րե­րը եւ գե­րեզ­մա­նոց­նե­րը, ուր տա­պա­նագ­րե­րը քննած եմ: Գա­յիա­նէի վան­քին մէջ մեծ թիւ կը կազ­մեն կա­թո­ղի­կո­սա­կան տա­պա­նագ­րե­րը, ուր, ինչ­պէս գի­տէք, կա­թո­ղի­կո­սա­կան դամ­բա­րան կայ: Մենք Վա­ղար­շա­պա­տի մէջ ոչ միայն վան­քեր ու­նինք, այլ նաեւ՝ վաղ միջ­նա­դա­րեան պա­զի­լիք ե­կե­ղե­ցի­ներ, ո­րոնք ի յայտ ե­կած են հնա­գի­տա­կան պե­ղում­նե­րով:

-Այս­պի­սի ծա­ւա­լուն գի­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն պատ­րաս­տե­լու ըն­թաց­քին ի՞նչ դժուա­րու­թիւն­նե­րու հան­դի­պած էք:

-Գոր­ծը դիւ­րին չէ, քա­նի որ ա­ռան­ձին եմ, սկսած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը տեղ­ւոյն վրայ հա­ւա­քե­լէն, ո­րով­հե­տեւ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րէն շատ-շա­տեր բա­ւա­կան վատ վի­ճա­կով պահ­պա­նուած են, մամ­ռա­կա­լած են, ա­նոնք պէտք է փայ­տէ ձո­ղիկ­նե­րով հատ-հատ մաք­րել, խո­զա­նա­կով սրբել, ա­պա լու­սան­կա­րել, որ­պէս­զի կար­դամ ու վեր­ծա­նեմ: Ետ­քը կը պատ­ճէ­նեմ, ու կը կա­տա­րեմ ա­նոնց գրչան­կար­նե­րը: Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան հա­մար ար­ժա­նա­հա­ւատ սկզբնաղ­բիւր­ներ են, նոյ­նը չենք կրնար ը­սել ձե­ռա­գիր­նե­րուն մա­սին, ո­րով­հե­տեւ զա­նա­զան դա­րե­րու ըն­թաց­քին ձե­ռա­գիր­նե­րը ըն­դօ­րի­նա­կուած են, զա­նա­զան գրիչ­նե­րու կող­մէ մի­ջամ­տու­թիւն­ներ ե­ղած են, բայց ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք փո­րագ­րուած են ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տին, այդ մէ­կը ան­փո­փոխ եւ փաս­տա­կան վա­ւե­րա­գիր կը հա­մա­րուի: Այս տե­սան­կիւ­նէն ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը կը հա­մա­րուին ան­փո­փոխ սկզբնաղ­բիւր­ներ, իսկ Վա­ղար­շա­պա­տի պա­րա­գա­յին, ե­թէ ա­նոնք հա­ւա­քուած եւ ու­սում­նա­սի­րուած չէին, բաց մը կար: Էջ­միած­նի Միա­բա­նա­կան գե­րեզ­մա­նո­ցը ու­սում­նա­սի­րած եմ եւ պարզ դար­ձած է, որ Միա­բա­նա­կան գե­րեզ­մա­նո­ցին մէջ մեծ թի­ւով մար­դիկ թա­ղուած են, հոն թա­ղուած է՝ Եփ­րեմ Ձո­րա­գեղ­ցի Կա­թո­ղի­կո­սը, կա­թո­ղի­կո­սի մայ­րեր թա­ղուած են հոն, Սի­մէոն Ե­րե­ւան­ցիին մայ­րը՝ Գա­յիա­նէ, Աս­տուա­ծա­տուր Ա. Հա­մա­դան­ցի Կա­թո­ղի­կո­սին մայ­րը, նշա­նա­ւոր՝ Ա­բէլ Արք. Մխի­թա­րեան­ցը թա­ղուած է հոն, Մա­կար Եպսկ. Բար­խու­տա­րեան­ցը, նշա­նա­կա­ւոր կոն­դա­կա­գիր­ներ, ծաղ­կող­ներ, կա­թո­ղի­կոս­նե­րու դպիր­ներ, սպա­սա­ւոր­ներ, ո­րոնք զա­նա­զան ժա­մա­նակ­նե­րու կը յի­շա­տա­կուին պատ­մու­թեան մէջ, եւ այդ մար­դոց ա­նուն­նե­րը մենք կը գտնենք տա­պա­նագ­րե­րուն մէջ, ո­րոնք չա­փա­ծոյ են՝ քեր­թո­ղա­կան, այդ ալ հե­տաքրք­րա­կան է, այ­սինքն 17-19-րդ դա­րե­րու վի­մագ­րու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան հա­մար Էջ­միած­նի դպրո­ցը բա­ւա­կան ներ­կա­յա­նա­լի է, ինչ­պէս՝ Ե­րե­ւա­նի դպրո­ցը կրնայ ըլ­լալ: Հե­տաքրք­րա­կան է, որ ա­նոնք կրնան փո­րագ­րուած ըլ­լալ նոյն գրիչ­նե­րու ձե­ռամբ: Ես այդ մէ­կը կը փաս­տեմ տա­ռա­ձե­ւե­րու նմա­նու­թե­նէն, Ե­րե­ւա­նի եւ Էջ­միած­նի մէջ գոր­ծած է միեւ­նոյն փո­րագ­րիչ­նե­րու դպրո­ցը: Ցաւ ի սիրտ, ե­թէ մենք այ­սօր ու­նե­նա­յինք պահ­պա­նուած Կո­զեռ­նի գե­րեզ­մա­նո­ցը, ա­ւե­լի շատ զու­գա­հեռ­ներ կա­րե­լի էր անց­ը­նել, քա­նի որ նոյն դա­րաշր­ջա­նի մա­սին է խօս­քը:

-Ու­րիշ ի՞նչ հե­տաքրք­րա­կան վի­մագ­րու­թիւն­նե­րու հան­դի­պած էք:

-Հե­տաքրք­րա­կան գիւտ մը, որ աշ­խա­տան­քի շրջա­նակ­նե­րուն մէջ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ենք, կ­­՚ու­զէի ա­ռանձ­նաց­նել Հռիփ­սի­մէի տա­ճա­րի ա­րեւմ­տեան մուտ­քի բա­րա­ւո­րի ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը, թուագ­րուած 1302 թուա­կա­նին, որ ցարդ չէր ու­սում­նա­սի­րուած, եր­կար տա­րի­ներ ծե­փի տակ ե­ղած է եւ բա­ցուած է միայն 1950-ա­կան­նե­րուն, Վազ­գէն Վե­հա­փա­ռի կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մի­ջո­ցին: Ան ե­զա­կի է ա­նով, որ նմա­նա­տիպ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ շատ քիչ են Վա­ղար­շա­պա­տի մէջ: Ան եւ այլ նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց­մէ կրկին Հռիփ­սի­մէի վան­քէն, կը վկա­յեն այն մա­սին, որ գո­նէ 12-13-րդ դա­րե­րուն Հռիփ­սի­մէի վան­քը ո­րո­շա­կի ա­ռա­ւե­լու­թիւն ու­նե­ցած է Վա­ղար­շա­պա­տի միւս վան­քե­րու նկատ­մամբ, ու­նե­ցած է ստուա­րա­թիւ միա­բա­նու­թիւն, տնտե­սու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ այդ յայտ­նա­բե­րուած ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը նուի­րա­տուու­թեան մա­սին է, ա­պա­հար­կու­թեան մա­սին, իսկ ե­թէ վան­քը ա­պա­հար­կուած է, ա­պա այդ մէ­կը կը վկա­յէ այն մա­սին, որ այդ վան­քը տուեալ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին աշ­խու­ժու­թիւն ու­նե­ցած է: Յի­շա­տա­կուած է ոմն՝ Սար­գիս Մոնթ, այ­սինքն՝ ա­շա­կերտ, ծա­գու­մով Կօ­շե­ցի, որ միա­բա­նած է Սուրբ Հռիփ­սի­մէի գե­րեզ­մա­նին, եւ նուի­րա­տուու­թիւն կա­տա­րած է հա­զար սպի­տակ, ո­րուն դի­մաց պա­տա­րագ­ներ ստա­ցած է… ու շատ այլ հե­տաքրք­րա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ կան ար­ձա­նագ­րու­թեան մէջ:

-Հնա­րա­ւո՞ր է, որ այս­պի­սի աշ­խա­տանք մը նաեւ Սփիւռ­քի տա­րած­քին կա­տա­րէք, նկա­տի ու­նե­նա­լով այն հնա­գոյն յու­շար­ձան­նե­րը եւ ա­նոնց վրա­յի գրու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կան Սփիւռ­քի տա­րած­քին եւս:

-Ա­յո, ան­շուշտ, շատ-շատ են պահ­պա­նուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը թէ՛ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ, թէ՛ Թուր­քիոյ տա­րած­քին, Յու­նաս­տա­նի, Կիպ­րո­սի, Լի­բա­նա­նի մէջ, մա­նա­ւանդ՝ նշեալ դա­րե­րու ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց հա­ւա­քագ­րու­մը կը կար­ծեմ, որ շատ կա­րե­ւոր է: Պէտք է եր­կուս­տեք ցան­կու­թիւն ըլ­լայ նշուած եր­կիր­նե­րու հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րէն եւ մեր կող­մէն, քա­նի որ այ­սօր շատ բարդ է, ա­մէն մարդ չու­նի այդ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, որ ա­նընդ­հատ կա­րո­ղա­նայ այդ եր­կիր­նե­րը գոր­ծու­ղուիլ, ո­րոշ շրջան մը հոն մնալ, ու­սում­նա­սի­րել, աշ­խա­տիլ: Ժա­մա­նա­կա­տար աշ­խա­տանք է, քա­նի որ ո­րե­ւէ մէկ ար­ձա­նագ­րու­թիւն նախ պէտք է մաք­րել, լու­սան­կա­րել, յե­տոյ կար­դալ տեղ­ւոյն վրայ, որ­պէս­զի ե­թէ հարց յա­ռա­ջա­նայ, նո­րէն այ­ցե­լել այդ վայ­րը եւ այլն: Դժուար է, բայց անհ­նար չէ, քիչ մը ցան­կու­թեան եւ օ­ժան­դա­կու­թեան կա­րիք ու­նի:

-Ի՞նչ է Ձեր աշ­խա­տան­քը Մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ, ին­չո՞վ կը զբա­ղիք հնա­տիպ ձե­ռագ­րե­րու ա­մե­նէն մեծ հայ­կա­կան այս կեդ­րո­նին մէջ:

-2012 թուա­կա­նէն ի վեր կ­­՚աշ­խա­տիմ Մա­տե­նա­դա­րա­նի մէջ, Ա­կա­դե­միոյ Հնա­գի­տու­թեան հիմ­նար­կի վի­մագ­րու­թեան բաժ­նի իմ աշ­խա­տան­քիս հետ հա­մա­տե­ղու­թեան կար­գով, կը զբա­ղիմ ձե­ռագ­րե­րու գի­տա­կան նկա­րագ­րու­թեամբ, կը հրա­տա­րա­կենք Մայր ցու­ցա­կի շար­քե­րը, որ կը ներ­կա­յաց­նէ ձե­ռագ­րե­րու լիա­կա­տար նկա­րագ­րու­թիւն, ըստ վի­ճա­կի, ըստ բո­վան­դա­կու­թեան, ըստ յի­շա­տա­կա­րան­նե­րու, այ­սինքն ամ­բող­ջա­կան նկա­րագ­րու­թիւն, որ­պէս­զի ե­թէ ըն­թեր­ցո­ղը ձե­ռագ­րի մը հետ գործ ու­նի, այդ ցու­ցա­կը բա­ւա­րար ըլ­լալ ի­րեն, այ­սինքն ա­մէն ին­չը ար­տա­յայ­տուած ըլ­լայ, որ­պէս­զի ձե­ռագ­րին դի­մե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն չըլ­լայ: Այս աշ­խա­տան­քը ին­ծի կ՚օգ­նէ այն­քա­նով, որ վի­մագ­րա­կան եւ մա­տե­նագ­րա­կան սկզբնաղ­բիւր­նե­րը մէ­կը միւ­սը կը լրաց­նեն: Շատ յա­ճախ կը պա­տա­հի, որ մենք նոյն ա­նու­նը կը գտնենք վի­մագ­րին եւ ձե­ռագ­րին մէջ:

-Ինչ­պէ՞ս է ե­րի­տա­սարդ գիտ­նա­կա­նին կեան­քը Հա­յաս­տա­նի մէջ. նկա­տե­լի է, որ կան ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք կը ձգտին դէ­պի այս աս­պա­րէ­զը:

-Մա­նա­ւանդ հնա­գի­տա­կան բնա­գա­ւա­ռին մէջ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը մեծ է, փա­փա­քող­նե­րը շատ են, գի­տու­թեան մէջ նուի­րում պէտք է հար­կաւ: Հա­յաս­տա­նեան պայ­ման­նե­րուն մէջ գի­տու­թեան հա­մար այն գո­հա­ցու­ցիչ պայ­ման­նե­րը տա­կա­ւին չկան, այ­սինքն ա­ւե­լի յա­ճա­խա­կի հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը, գոր­ծու­ղում­նե­րը, գի­տա­ժո­ղով­նե­րը, ար­տերկ­րին հետ կա­պե­րը եւ այլն բա­ւա­րար չեն, բայց փառք Աս­տու­ծոյ, կան ո­րո­շա­կի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք գոր­ծե­լու ա­ռիթ կու տան, մրցոյթ­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան, այլ ծրա­գիր­ներ կ­­՚ըլ­լան եւ ե­թէ ու­նիս աշ­խա­տան­քա­յին ուժ, պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն, քիչ մըն ալ յա­մա­ռու­թիւն, վստա­հօ­րէն կը յա­ռա­ջա­նաս: Ե­թէ ձեռ­նա­ծալ նստինք եւ ը­սենք բան մը չկայ, այդ մէ­կը հար­ցի լու­ծում չէ, քիչ մըն ալ ան­հա­տէն կա­խեալ է: Ես կը սի­րեմ իմ աշ­խա­տանքս:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017