ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՍՐՈՒԱՆՁՏԵԱՆՑ
Հայաստանի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկին մէջ, անցեալ շաբաթուան ընթացքին՝ 29 եւ 30 ապրիլին, տեղի ունեցաւ առցանց գիտաժողով մը՝ նուիրուած հայ մշակոյթի երախտաւոր, հայ բանագիտութեան եւ ժողովրդագիտութեան հիմնադիր նկատուող Գարեգին Եպսկ. Սրուանձտեանցի ծննդեան 180-ամեակին։ Հայ մեծ գործիչին 180-ամեակը լրացած էր անցեալ տարի եւ գիտաժողովը նախատեսուած էր 2020-ին, սակայն համաճարակին եւ պատերազմին պատճառով յետաձգուեցաւ. այս օրերը տեղի ունենալով՝ համացանցի ճամբով, համախմբեց բոլոր այն գիտնականները, որոնք ուսումնասիրած են Սրուանձտեանցի կեանքը, գործը եւ ունեցած աւանդը հայ իրականութեան մէջ:
Այս գիտաժողովին զեկուցումները, ինչպէս յայտարարեցին կազմակերպիչները, ունին բանագիտական, հնագիտական, բարբառագիտական, գրականագիտական, պատմագիտական եւ աւելի լայն՝ մշակութաբանական ուղղուածութիւն։
Գիտաժողովին նիւթերը յոյժ հետաքրքրական էին, բանախօսները հետաքրքրական եւ աշխոյժ ձեւով մատուցեցին նիւթերը եւ ատով արժեւորուեցաւ ոչ միայն Սրուանձտեանցը, այլեւ՝ անոր գործը ժամանակակից Հայաստանի մէջ ուսումնասիրող հայ գիտնականը:
Գնահատելի է, որ հակառակ այս օրերու ծանր ու դժուարին պայմաններուն, հայ մտաւորականը, գիտնականը կառչած կը մնան իրենց առաքելութեան եւ գիտութեան միջոցով կը ջանան թօթափել հայ իրականութիւնը պատած վիշտը: Այդ պատճառով նաեւ կ՚արժէ յիշատակել գիտաժողովի բոլոր մասնակիցներուն անունները եւ անոնց կարդացած նիւթերուն խորագրերը, սակայն, տեղի սղութեան պատճառով, կ՚անդրադառնանք միայն քանի մը զեկոյցի:
Պաւէլ Աւետիսեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու տոքթոր - «Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի հնագիտական պրպտումներուն մասին»:
Վարդան Դեւրիկեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Գրականութեան կաճառի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր - «Հայ գրականութեան պատմութեան հարցերը Գ. Սրուանձտեանցի գործերուն մէջ»:
Ազատ Եղիազարեան, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, Հայ-ռուսական սլաւոնական համալսարան - «Սասնայ ծռեր» էպոսի յայտնագործումը եւ Գարեգին Սրուանձտեանցը»:
Արմէն Պետրոսեան, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառ - «Գ. Սրուանձտեանցի գրի առած «Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի Դուռ» պատումը եւ Միհր-Մհերի կերպարը»:
Արուսեակ Սահակեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառ - «Գարեգին Սրուանձտեանցի տեղն ու դերը հայ բանաւոր աւանդներու ուսումնասիրման գործին մէջ»:
Սուսաննա Յովհաննիսեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, Գրականութեան կաճառ - «Գարեգին Սրուանձտեանցը Յովհաննէս Թումանեանի բանահիւսական ակունքներու մշակման շրջագիծին մէջ»:
Թամար Հայրապետեան, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, Հնագիտւթեան եւ ազգագրութեան կաճառ - «Գարեգին Սրուանձտեանցի բանահաւաքչական-բանագիտական գործունէութիւնը»:
Տորք Դալալեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառ - «Թոնիրի առասպելոյթը Գ. Սրուանձտեանցի գրառումներուն մէջ»:
Սիմոն Հմայեակեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, Ինեսա Յովսէփեան, Հնագիտեութեան եւ ազգագրութեան կաճառ - «Շիրինի կերպարը Գ. Սրուանձտեանցի «Գրոց ու բրոց…» աշխատութեան եւ այլ ժողովրդագրական նիւթերու մէջ»:
Նուարդ Վարդանեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, Երեւանի Պետական համալսարանի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառ - «Գ. Սրուանձտեանցը որպէս հարսանեկան երգեր գրի առնող»:
Յասմիկ Գալստեան, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառ - «Գ. Սրուանձտեանցը որպէս դիւական ոգիներու մասին աւանդազրոյցներու բանասաց եւ բանահաւաք»:
Կարէն Յովհաննիսեան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառ - «Թուխ մանուկ» սրբավայրին էութիւնը ըստ Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի»:
Յասմիկ Մատիկեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, Շիրակի Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոն - «Գարեգին Սրուանձտեանցի մանուկներուն հասցէագրուած բանահիւսական պատառիկները (ժողովրդական եւ բանահիւսական նիւթերու համադրութեամբ)»:
Սերկէյ Վարդանեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառ - «Գարեգին Սրուանձտեանցի գրի առած Համշէնի բարբառով ժողովրդական երգերը»:
Հայկանոյշ Մեսրոպեան, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, Լեզուի կաճառ - «Գ. Սրուանձտեանցը որպէս արեւմտահայ բարբառները ուսումնասիրող»:
Աննա Պօղոսեան, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառ - «Գարեգին Սրուանձտեանցը՝ «Ռուստամ Զալ» վէպը առաջին գրի առնող»:
Լիլիթ Սիմոնեան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառ - «Արդեօ՞ք Գ. Սրուանձտեանցն է «Մշոյ աշխարհ» յօդ-ւածաշարին հեղինակը»:
Լուսինէ Վարդանեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, Գրականութեան կաճառ - «Գ. Սրուանձտեանցի երկու պատմական թատրերգութիւնները»:
Ալինա Կիրակոսեան, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառ - «Գ. Սրուանձտեանցի կենսամատենագիտութիւնը»:
Լուսինէ Հայրիեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառ - «Ժամանակակիցներուն արձագանգը Գ. Սրուանձտեանցի բանագիտական եւ բանահաւաքչական գործունէութեան առընչուող»:
Լուսինէ Ղռեջեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառ/Գաւառի Պետական համալսարան - «Կարճասոյթ բանաձեւային կառոյցները Գ. Սրուանձտեանցի գրառումներուն մէջ»:
Եսթեր Խեմչեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառ - «Կայուն բանաձեւերը Գ. Սրուանձտեանցի գրի առած հեքիաթներուն մէջ»:
Յակոբ Չոլաքեան, պատմական գիտութիւններու տոքթոր, Հնագիտութեան եւ ազ-գագրութեան կաճառ - «Գարեգին Սրուանձտեանցի գրի առած «Բիւրապատիկը» հեքիաթին քանի մը տարբերակները»:
Մարինէ Խեմչեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառ - «Գ. Սրուանձտեանցի գրի առած հեքիաթներուն նուիրատու եւ խորհրդատու կերպարները՝ հայ ժողովրդական եւ միջազգային հեքիաթներու համաթեքստին մէջ»:
Անժելա Ամիրխանեան, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառ - «Բոյսերու մասին տեղեկութիւնները Գ. Սրուանձտեանցի աշխատութիւններուն մէջ»:
Պետրոս Տեմիրճեան, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, Գրականութեան կաճառ - «Արաբկիրի նկարագրութիւնը ըստ Գ. Սրուանձտեանցի»:
Սիրանոյշ-Նռանէ Առաքելեան, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառ - «Արեւմտեան Հայաստանի տնտեսական ու քաղաքական վիճակը Գարեգին Սրուանձտեանցի երկերուն մէջ (19-րդ դարու երկրորդ կէս)»:
ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Լեզուի կաճառի աշխատակից, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր Հայկանուշ Մեսրոպեան մանրամասն ուսումնասիրութեամբ ներկայացուց Գարեգին Սրուանձտեանցը՝ իբրեւ արեւմտահայ բարբառներու գիտակ: Զեկոյցէն անգամ մը եւս կարելի է համոզուիլ, որ հայ բարբառագիտութեան զարգացման գործին մէջ հայ հոգեւորականին, մանկավարժին, գրական-հանրային գործիչին, բանահաւաքին եւ ազգագիրին՝ Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցին դերը մեծ ու անչափելի եղած է: Ան քաջատեղեակ էր արեւմտահայ բարբառներուն:
Սրուանձտեանց նոյնպէս բարբառակիր էր, Վանի բարբառն էր անոր մայրենին, բայց աշխատանքի բերումով՝ ապրելով եւ շրջագայելով պատմական Հայաստանի զանազան վայրերուն մէջ (Մուշ, Կարին, Ակն, Բաղէշ, Խարբերդ, Ամասիա, Սեբաստիա, Տրապիզոն եւ այլուր), մօտէն ծանօթացած է հայոց բարբառներուն:
Հայկանոյշ Մեսրոպեան կը մէջբերէ Աւետիս Ահարոնեանի մէկ խօսքը, որով վերջինս բարձր գնահատած է Սրուանձտեանցի բանահիւսական հրապարակումները օրուան մամուլին մէջ. «…Շատ կանուխէն ըմբռնեց, թէ հայ վարդապետի մը պարտականութիւնն էր մտածել նաեւ խեղճ, տգէտ ժողովուրդին սրտին համար։ Այդ պարտականութիւնը կատարելու համար գաւառացի վարդապետը պատրաստեց գաւառական բարբառով գիրքեր»:
Հայկանոյշ Մեսրոպեան կը նշէ, որ այդ գիրքերուն կից Գ. Սրուանձտեանցը կը ստեղծէր բարբառային բառարաններու մասնակի տարբերակներ, բացառելով թրքերէն բառերը: Կենդանի օրինակներով՝ գիրքերէն, մամուլէն եւ հայ մեծերու աշխատութիւններէն մէջբերումներ կատարելով իր զեկոյցին մէջ Հայկանոյշ Մեսրոպեան լաւագոյն կերպով ներկայացուց Սրուանձտեանցի դերը հայ բարբառագիտութեան զարգացման մէջ:
Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի աշխատակից, ազգագրագէտ-բուսաբան Անժելա Ամիրխանեան իր զեկոյցին մէջ յիշատակեց, թէ Գարեգին Սրուանձտեանց առաջիններէն էր, որ կարեւորութիւն տուած է բուսական աշխարհի ուսումնասիրութեան եւ մեծարժէք ազգագրական ու բանահիւսական նիւթեր հաւաքած ու հրատարակած է իր «Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի Դուռ» (1874), «Մանանայ» (1876), «Համով-հոտով» (1884) աշխատութիւններուն մէջ։
Ինչպէս բանախօսը նշեց, այսպիսով ան կորուստէ փրկած է հայ ժողովուրդի աւանդական մշակոյթէն կարեւոր շերտ մը, որ կ՚առընչուի բուսանուններուն, բոյսերու կիրառութեան ոլորտներուն ու եղանակներուն եւ անոնց շուրջ ստեղծուած բանահիւսական պատումներուն։
Անժելա Ամիրխանեան նշեց, որ «Բուսոց անուններ» բառարանէն զատ, Գ. Սրուանձտեանց բոյսերու մասին գրած է «Բառարան» եւ «Բառեր»ուն եւ իր միւս աշխատութիւններուն մէջ: Բոյսերուն վերաբերող տեղեկութիւններ ան կը հաղորդէ նաեւ տնտեսութեան, կենցաղի, բնաշխարհի վերաբերող զանազան առիթներով։ Բանախօսը յայտնաբերած է, որ բոյսերու մասին Գ. Սրուանձտեանցի հաւաքած ազգագրական ու բանահիւսական նիւթերը հիմնականօրէն կը վերաբերին Վասպուրականին, Տարօնին եւ Արարատեան դաշտին, եւ այդ տեղեկութիւնները գիտական ուսումնասիրութիւններու համար կարեւոր սկզբնաղբիւր են:
Անժելա Ամիրխանեան դիտարկեց, որ Սրուանձտեանցի նկարագրած բոյսերուն բարբառային անուանումները, լեզուի մեծագոյն հարստութիւնը ըլլալէն զատ, նաեւ լեզուաբանական, ազգագրական եւ մշակութաբանական ուսումնասիրութիւններու առարկայ են։
Զեկոյցէն կը տեղեկանանք, որ Սրուանձտեանց նկարագրած է բոյսերու կիրարկութիւնը ուտեստեղէնի մէջ եւ անջատած պահքին եւ ուտիսին գործածուող բոյսերը, ձիթատու, համեմունքային, պահածոյացուող բոյսերը: Նկարագրած է տնտեսական կենցաղի մէջ ներկեր, խեժեր, օճառ եւ այլն պատրաստելու մէջ բոյսերուն կիրարկութիւնը, որպէս անասնակեր գործածուող բոյսերը, ժողովրդական բժշկութեան մէջ կիրարկուող բոյսերը եւ այլն: Ըստ բանախօսին, Սրուանձտեանցի գործերուն մէջ բոյսերու մասին տեղեկութիւնները կը բացայայտեն բոյսերուն առընչուող հաւատալիքներ, որոնք արտացոլուած են աղօթքներու, հանելուկներու, երգերու, հեքիաթներու, եւ աւանդազրոյցներու մէջ։ Կարեւոր են նաեւ այդ տեղեկութիւնները բոյսերու հաւաքման մէջ, նկարագրուած են բոյսեր հաւաքելու ժամանակը, կերպը, հաւաքման համար անհրաժեշտ պարագաները։
Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի ուրիշ աշխատակից մը՝ պատմաբան Կարէն Յովհաննիսեան, Սրուանձտեանցի 180-ամեակի գիտաժողովին ընթացքին անդրադարձաւ «Թուխ Մանուկ» սրբավայրերուն էութեան եւ իր զեկուցման մէջ յիշեցուց, որ «Թուխ Մանուկ» սրբավայրերուն մասին հայագիտութեան մէջ արտայայտուած առաջին կարծիքի հեղինակը հայ ազգագրութեան եւ բանահաւաքչութեան նահապետ Գարեգին Սրուանձտեանցն է:
Բանախօսը նշեց, որ Սրուանձտեանցին յաջորդող հաւաքորդներ եղած են, բայց Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի մօտեցումը ի սպառ զերծ է օտար՝ արեւմտեան գիտական որեւէ տեսութեան ազդեցութենէն, որ սկսած է իր ժամանակէն եւ ցարդ կը շարունակուի: Կարէն Յովհաննիսեան վստահ է, որ Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանց, ոչ միայն բանահաւաք, այլ բանարուեստի կրող մը ըլլալով, անկողմնակալ կերպով կը ներկայացնէ այս նիւթը եւ բնազդօրէն կը զգայ նրբերանգները։
«Թուխ Մանուկ» սրբավայրերուն մասին Սրուանձտեանցին եւ անոր գործը անմիջապէս շարունակող հայ անուանի բանահաւաքներուն նիւթերը ամբողջութեամբ կը հաստատուին մեր օրերուն Հայաստանի տարածքին սփռուած շուրջ 200 «Թուխ Մանուկ» սրբավայրերու ուսումնասիրութեան արդիւնքներով։
Հայագէտ, համշէնագէտ, գրող եւ հրապարակախօս Սերկէյ Վարդանեան հետաքրքրական նիւթ մը պատրաստած էր Սրուանձտեանցի գրի առած Համշէնի բարբառով ժողովրդական երգերուն մասին: Տրապիզոնի թեմի առաջնորդ եղած ժամանակ եւ Տրապիզոն իր այցելութիւններուն ընթացքին Սրուանձտեանց բանահիւսական մեծաքանակ նիւթեր հաւաքած էր, բայց ինչպէս կը նշէ Սերկէյ Վրադանեան, դժբախտաբար, Համշէնի բարբառով ան տպագրած է միայն հինգ երգ, որոնք լոյս տեսած են 1886 թուականին Կ.Պոլսոյ «Մասիս» շաբաթաթերթի մայիս 24-ի, 31-ի եւ յունիս 14-ի թիւերուն մէջ: Այդ հրապարակման խորագիրն է՝ «Ժողովրդական խաղասացութիւնք Կալաֆկայի եւ Սիւրմենիոյ բնակչաց»։
Վարդանեան կը յիշեցնէ, որ Կալաֆկա գիւղը Տրապիզոն քաղաքէն հարաւ-արեւելք գտնուող Եոմուրայ գիւղախումբին մէջ էր՝ ոտքով 5 ժամ հեռաւորութեան վրայ, իսկ Սիւրմենէ գաւառակը կը գտնուէր Տրապիզոն եւ Ռիզէ քաղաքներուն միջեւ, կեդրոնը նաւահանգստեան Սիւրմենէ աւանն էր, որուն բնակիչները, ըստ Վարդանեանի, թուրքեր, լազեր, յոյներ եւ բռնի կրօնափոխուած համշէնահայեր էին։ Միաժամանակ Վարդանեան կը դիտարկէ, որ գաւառակին մէջ կային քրիստոնեայ եւ կրօնափոխ հայերու՝ շուրջ երկու տասնեակ գիւղեր, իսկ թէ ո՞ր երգը, ո՞ր գիւղին մէջ գրի առած է եւ ո՞վ եղած է զայն ներկայացնողը, Սրուանձտեանց չէ նշած։ Սակայն, Սերկէյ Վարդանեանի զեկոյցէն կը տեղեկանանք, որ ընդհանուր 89 տող կազմող այդ երգերուն տակ բանահաւաքը գրած է դժուար հասկնալի 30 բառերու բացատրութիւնները. եւ Վարդանեան ասիկա կը նկատէ Համշէնի բարբառին առաջին փոքր բառարանը։
Վարդանեան մատնացոյց կ՚ընէ Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանէն ներս Գարեգին Սրուանձտեանցի արխիւին մէջ պահուող Համշէնի բարբառով երկու երգ եւս, սակայն կրկին նշուած չեն փոխանցողին եւ գրառման վայրին մասին տուեալները։ Բանախօսը կը յիշեցնէ, որ այդ երգերը «Ծննդեան աւետիսներ Համշէնի գիւղացւոց» եւ «Հարսանեկան երգ» խորագրերով հրատարակուած են «Նշխարհներ Համշէնի եւ Տրապիզոնի բանահիւսութեան» (Երեւան, 1986) ժողովածոյին մէջ, զոր կազմած եւ ծանօթագրած է համշէնցի ազգագրագէտ եւ բանահաւաք Բարունակ Թոռլաքեան:
Յատկանշական դրուագի մը մասին իր զեկոյցին մէջ խօսեցաւ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի տնօրէն Պաւէլ Աւետիսեան, անդրադառնալով Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի հնագիտական պրպտումներուն՝ նշեց, որ հնութիւններուն եւ հնագիտական արժէքներուն հետ պատանի Սրուանձտեանցը շփում ունեցած է Վարագավանքի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ ուսանած տարիներուն։ 1858 թուականին Խրիմեան Հայրիկը Վարագավանքի մէջ սաներուն, այդ կարգին՝ Սրուանձտեանցին մասնակցութեամբ, ստեղծած է հնութիւններու փոքրիկ թանգարան մը, եւ շատ կարճ ժամանակ գործած այս թանգարանը, Պաւէլ Աւետիսեանի դիտարկամբ, Հայաստանի թանգարաններու առջինեկը պէտք է նկատել: Ինչպէս յայտնի է, Վարագավանքի թանգարանին փորձառութեան հիման վրայ էր, որ 1896 թուականին Խրիմեան Հայրիկ Էջմիածինի մէջ հիմնադրեց թանգարան մը՝ ներկայիս Մայր Աթոռի Խրիմեան թանգարանը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024