ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՒ ԹԱՆԿԱՐԺԷՔ
«Էրեբունի». այս վեհանունը տուած են իրենց գաղափարին այն մարդիկ, որոնք մտայղացած են հայկական բնաբանով թանկարժէք գրիչները։ Այս գրիչները վերջերս թողարկեց եւ արդէն վաճառքի հանեց նշանաւոր իտալական ընկերութիւն մը: Անոնք գրիչ ըլլալէ առաջ արուեստի եզակի նմոյշներ են եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը աշխարհին ներկայացնող իրեր: Հայոց գրիչը գրականութեան, գրչութեան ու պատմական հարուստ անցեալի վկայութիւնն է 21-րդ դարուն: «Էրեբունի» անունը կրող գրիչի արմատները անցեալի մէջ են, սակայն ապագային միտուած նշաններ կան անոր պատեանի քանդակներուն վրայ: Գրիչի վրայ պատկերուած ամէն մէկ տարր կը կրէ հարուստ խորհրդաբանութիւն եւ ածանցուած է Վերապատուելի Հայր Տքթ. Մեսրոպ Թոփալեանի աստուածաբանական եւ իմաստասիրական քննախօսութիւններով: Այն, ինչ որ պատկերուած է գրիչին վրայ, առընչութիւն ունի մահկանացութեան, յաւերժութեան, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցւոյ, պետութեան եւ հայ ժողովուրդի ազգային նիւթերուն:
Հայկական թանկարժէք գրիչը արտադրած է գրչաստեղծ ամենանշանաւոր ընկերութիւններէն մէկը՝ աշխարհահչռակ իտալական «Մոնթեկրափփա»ն (Montegrappa)՝ 100-րդ տարելիցի առթիւ: «Մոնթեկրափփա»ն զայն թողարկած է Զուիցերիոյ BaselWorld տօնավաճառին մէջ, որ ժամացոյցներու եւ ոսկերչական իրերու աշխարհի ամենամեծ տօնավաճառն է:
«Մոնթեկրափփա» ընկերութիւնը հիմնուած է 1912 թուականին: Նոյն թուականէն սկսեալ՝ ընկերութիւնը Պրենտա գետի ափին եղող նոյն պատմական շինութեան մէջ գրենական պիտոյքներ կ՚արտադրէ: Պրենտա գետը կ՚անցնի Իտալիոյ հիւսիսարեւելեան ամենագեղատեսիլ վայրերէն մէկուն՝ պատմական Պասսանօ Տէլ Կրափփա քաղաքի միջով: Ընկերութիւնը Իտալիոյ մէջ առաջին գրիչ արտադրողն է: «Իտալականութիւնը» «Մոնթեկրափփա»ի աւանդոյթի սիրտն է: Այդ է, որ դրուած է ընկերութեան գաղափարին մէջ եւ կը հմայէ դասականութեան եւ իտալականութեան սիրահար մարդիկը՝ աշխարհի ողջ տարածքին:
Ի սկզբանէ հիմնուած ըլլալով որպէս «Manifattura pennini d’oro e penne stilografiche» («Ոսկեայ գրչածայրերու եւ ինքնահոս գրիչներու արտադրող»)՝ «Մոնթեկրափփա»ն հետագային կատարելագործած է իր արտադրանքի ձեւը՝ հասնելով գերազանցութեան եւ այսօր կը նկատուի աւանդական ու ժամանակակից գրիչ արտադրող ամենանշանաւոր ընկերութիւններէն մին:
«Մոնթեկրափփա»ն առաջին ընկերութիւնն է, որ տարբեր նիւթեր գործածեց գրիչի արտադրանքի մէջ՝ կատարելութեան եւ արուեստի հասցնելով գրիչ արտադրելու գործը: Զանազան հարիւրամեակներու ժամանակ արտադրուած անոր գրիչները ներառուած են նշանաւոր հաւաքածոներու, գրիչի ու գրասեղանային որակեալ ու արժէքաւոր պիտոյքներու սիրահար մարդոց անձնական ժողովածոներու մէջ:
«Մոնթեկրափփա»ի գրիչները պատմութեան մէջ իրենց ուրոյն դերը խաղցած են, պատմական արժէք ներկայացնող շատ վճռորոշ ու պատմական փաստաթուղթեր ստորագրուած են նոյնինք՝ «Մոնթեկրափփա»ի գրիչներով: Հռչակաւոր իտալացի առաջնորդները, որոնց շարքին են Վիքթոր Էմմանուէլ Գ. եւ Պենիթօ Մուսոլինի, գործածած են «Մոնթեկրափփա»ի գրիչները: Դարավերջի ռուս ղեկավարներէն Պորիս Ելցին իր «Վիշապ» անունով «Մոնթեկրափփա»ի գրիչը 2000 թուականի 2 Յունուարին տուած է Վլատիմիր Փութինին եւ այդ գրիչով խորհրդանշականօրէն իր իշխանութիւնը յանձնած է անոր: Ռուսաստանի նախկին նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ բոլոր պաշտօնական փաստաթուղթերը «Մոնթեկրափփա Էքստրա 1930» գրիչով ստորագրած է:
ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՂՆԵՐ
«Մոնթեկրափփա» ընկերութեան դիմելու եւ հայկական նիւթով գրիչ ունենալու գաղափարը կը պատկանի խումբ մը հայերու: Միացեալ Արաբական Էմիրութիւն բնակող երկու գործարար՝ Գրիգոր Ճապուրեան եւ Տիգրան Չապլաքեան որոշած են նշանակալի ներդրում կատարել հայոց պատմութիւնը օտարներուն ներկայացնելու գծով եւ այդ մէկը ընտրած են գրիչ ստեղծելու եւ զայն տարածելու միջոցաւ: Անոնց հետ համատեղ աշխատած են Վերապատուելի Հայր Տքթ. Մեսրոպ Թոփալեան եւ Լիբանան բնակող արուեստագէտ Գօգօ Կարապետ Սագայեան: Այս խումբն ալ մէկուկէս տարուան աշխատանքի արդիւնքին ձեւաւորած է «Էրեբունի» գրչանախագիծը:
Գաղափարին մասնակցած են տարբեր խաւերէ ներկայացուցիչներ՝ հոգեւորական, ձեռներէց եւ արուեստագէտ, ինչ որ հայ ժողովուրդի տարբեր շերտերու համախմբման եւ միասնականօրէն գործ մը ձեռք բերելու վկայութիւնն է:
Վերապատուելի Հայր Մեսրոպ Թոփալեան, աստուածաբանութեան տոքթոր է, ծնած է Լիբանան: Իր լիսէի ուսումը աւարտելէն ետք ան Վիեննայի համալսարանին մէջ աստուածաբանութիւն եւ իմաստասիրութիւն ուսումնասիրած է եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան մէջ ձեռնադրուելէ ետք հին եւ նոր հայերէն դասաւանդած է: Ան «Հանդէս ամսօրեայ» պարբերականի հայկական լեզուաբանութեան բաժնի գլխաւոր խմբագիրը եղած է: Հայր Մեսրոպ Թոփալեան նոյն համալսարանին մէջ ստացած է աստուածաբանութեան մագիստրոսի (1986 թ.) եւ տոքթո-րականի կոչում (1987 թ.): Որպէս օգնական ու քարոզիչ՝ ան ծառայած է Վիեննա, Լոս Անճելըս, Լիբանան: Հայր Թոփալեան բազմաթիւ հայկական թերթերու մէջ յօդուածներ կը ստորագրէ Մեսրոպ Հայունի ծածկանունով: Ան հեղինակ է աւելի քան յիսունհինգ գիրքերու, որոնց գլխաւոր նիւթերը հոգեւոր կեանքը, լեզուաբանութիւնը, Տիրամօր վերաբերող աստուածաբանութիւնն ու անոնց մասին գրականութիւնն են: 2003 թուականէն սկսեալ ան՝ որպէս հիմնադիրխմբագիր, կը տպագրէ «Մուսալեռ հայկական կաթողիկէ» ամսագիրը եւ «Մարիամ Տիրամօր աստուածաբանութիւն» տեղեկագիրը: Վերապատուելի Թոփալեան այս գրչանախագծի առթիւ հեղինակած է «Վերածնունդով դէպի յաւերժութիւն» գիրքը, որ կը ներկայացնէ հայոց պատմութեան նշանաւոր դէմքերը։ Գիրքն արդէն թարգմանուած է եօթ լեզուով եւ կը տրուի գրիչին հետ: Գիրքը նոյնպէս հրատարակած է «Մոնթեկրափփա»ն, հովանաւորները զայն ձօնած են իրենց ծնողքին՝ Քերովբ Ճապուրեանին եւ Ալեքս ու Թարա Չապլաքեանի յիշատակին:
Այս գրիչ եւ գիրք միացեալ նախագիծը նիւթապէս հովանաւորած գործարարներէն Գրիգոր Ճապուրեան համաշխարհային ձեռնարկատէր մըն է, որ հիմնադրած է եւ կ՚աշխատցնէ կարգ մը գործարարութիւններ, որոնք կ՚ընդգրկեն Միջին Արեւելքը: Ան Gulf Computer Support Systems-ի հիմնադիրն է, որու գրասենեակները տարածուած են Պարսից ծոցի համագործակցութեան երկիրներու բոլոր գլխաւոր քաղաքներուն մէջ: Ան միաժամանակ հիմնադիրն է առանձին ընկերութեան մը՝ Airpo-Tech-ի, որ կը զբաղի օդակայաններու ցամաքային ծառայութիւններու սարքաւորումներու ապահովմամբ:
Անոր ընկերացած միւս գործարարը՝ Տիգրան Չապլաքեան նոյնպէս նշանաւոր անդամն է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայկական համայնքին, միաժամանակ՝ արհեստագիտութեան մէջ յառաջացած գործարար՝ արաբական աշխարհին մէջ: Ան բջիջային հեռակապի ժամանակակից խանութներու մեծ ցանց մը ունի, TecBuy ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնն է:
Այս գործարարներու գաղափարին ձեւով մը միս եւ արիւն տուած է արուեստագէտ Գօգօ Սագայեան, որ գծագրած է գրիչներու տակառիկներու վրայի ողջ նրբակերտ աշխատանքը: Գօգօ Սագայեան ծնած է Լիբանան, ուսանած է Վենետիկ: 2013 թուականի ընթացքին Գօգօ Սագայեան աշխատած է Լիբանանի Այնճարի Ռոզարիոյ եկեղեցւոյ Ս. Մարիամի խորանի տասներկու նկարներու իրագործման վրայ: Իր գեղարուեստական ասպարէզի ընթացքին բազմաթիւ պարգեւներ եւ հաւանութիւններ ստացած է:
ԵՐԵՔ ԳՐԻՉ, ԲԱԶՈՒՄ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԵՐ
«Էրեբունի» գրիչը ունի երեք թողարկում` «Հոգեւոր», «Յաւերժ» եւ «Գրական» անուանումները կրող:
Առաջինը, որ կը կրէ «Հոգեւոր» անունը, ամենասուղն է, եւ այդ տեսակէն թողարկուած է հարիւր հատ: «Հոգեւոր» գրիչի վրայ կատարուած աշխատանքը նկատի առնելով, «Մոնթեկրափփա»ն բաւականին սուղ գնահատած է անոր գինը։ Գրիչը կ՚արժէ 52 հազար 999 տոլար: 18 քարատ մաքուր ոսկիէ՝ ցպահանջ, պատրաստուած այս գրիչը ունի նաեւ մաքուր ոսկեայ ծայր, որուն ուրոյն ձեւ տրուած է «Մոնթեկրափփա»ի պատկերանիշով եւ երկգոյն «խաղաղութեան աղաւնի» նախշանկարով: Գրիչի սեղմակը զարդարուած է կապոյտ խորանարդաձեւ, Swarovski zirconia քարերով: Այս ինքնահոս տեսակի թանկարժէք գրիչը յարմարեցուած է մխոցալից համակարգով: Անոր արծաթագոյն գեղազարդ մետաղաձոյլ տակառիկ-պատեանը կը ներկայացնէ Հայաստանի պատմութիւնը եւ մշակոյթը:
«Մոնթեկրափփա»ի պատկերանիշը զետեղուած է կափարիչի վրայ, եւ տակառիկի վերջնամասի վրայ կայ ապրանքատեսակի սահմանափակման նիշը: Հարիւր սահմանափակ քանակէն զատ, այս գրիչէն թողարկուած է քսանհինգ հատ եւս, որ նախատեսուած է իբրեւ յուշանուէր բաժնել հայութեան կեանքի մէջ ներդրում ունեցած նշանաւոր մարդոց: Առաջին ստացողները վերջերս եղած են Հռոմի Ֆրանսիսքոս Սրբազան Պապն ու ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր: Նախագծի հեղինակ-գործարարները անձամբ Վատիկանի եւ Փարիզի մէջ յանձնած են այս թանկարժէք նուէրը:
«Հոգեւոր» անունով շարքը ունի նաեւ արծաթեայ տարբերակ, որ կ՚արժէ 5 հազար 999 տոլար, ինչպէս նաեւ ասոր կող-քին կայ արծաթեայ այլ տարբերակ մը՝ 5 հազար 699 տոլարանոց:
«Էրեբունի» գրիչի երկրորդ կարգը «Յաւերժ» անունը կը կրէ, որոնք կ՚արժեն 3000-3700 տոլարի միջեւ: Այս շարքէն թողարկուած է միայն 1915 հատ: «Յաւերժ»ը արծաթեայ պատեանով, ոսկեայ ծայրով գրիչ մըն է, որու կափարիչն ու պատեանը նոյնպէս հայոց պատմութեան նշաններով եւ թանկարժէք քարերով զարդարուած են:
Եւ վերջին գրիչը «Գրական»ն է, որ առաւել ամենօրեայ գործածութիւն ունի եւ որմէ ընկերութիւնը թողարկած է անսահմանափակ: «Գրական»ը վաճառքի մէջ կ՚ըլլայ Յունիս ամիսէն սկսեալ։ Ան ունի գնդապտոյտ եւ գնդեզր տարբերակները, գիները կը սկսին 360 տոլարէն եւ կը հասնին մինչեւ 790 տոլարի:
Յատկանշական է, որ «Մոնթեկրափփա»ն գրիչներուն հետ միասին թողարկած է նաեւ ոսկեայ եւ արծաթեայ ճարմանդներ, որոնք նոյնպէս պատուած են գեղազարդ քանդակներով եւ հարազատ մնացած՝ «Էրեբունի»ի նիւթին: Ասոնք նոյնպէս բարձրաշխարհիկ իրեր նախընտրողներու համար են, այնքանով, որ «Մոնթեկրափփա»ն կը նկատուի բարձրաշխարհիկ եւ շքեղ իրերու եւ պերճանքի առարկաներու արտադրութեան յառաջատար: Անոր արտադրած գրիչները, կրակնհանները, մետաղեայ ծխախոտատուփերը, գրասեղանի եւ նամակագրութեան իրերը, ժամացոյցները, ճարմադներն ու այլ պիտոյքներ կը նախընտրեն նշանաւոր մարդիկ եւ հանրային դէմքեր:
ՊԱՏԿԵՐՆԵՐԸ
Հայ հոգեւորականութեան, տաղանդաւոր պատկերազարդողներու եւ հայ գործարարներու, նոյնինք՝ մեծահամբաւ գրչաստեղծ «Մոնթեկրափփա»ի միջեւ կայացած անհաւատալի, իր տեսակով աննախադէպ համագործակցութեան որպէս արգասիք՝ «Էրեբունի»ն ստեղծուած է խորին թեմաթիք միտքով եւ իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն մշակուած եւ գործի դրուած է համակ ուշադրութեամբ:
«Էրեբունի» գրիչի վրայի գլխաւոր պատկերը «Զուարթնոց» եռագմբէթ եկեղեցին է՝ հայկական ճարտարապետութեան եօթներորդ դարու գլուխ գործոցը, որ կը խորհրդապատկերէ հայոց հաւատքն առ Սուրբ Երրորդութիւն՝ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին: Գրիչի վրայ պատկերուած է նաեւ յաւերժական կրակը՝ ի յիշատակ նահատակներու:
Իսկ նուռը, որ իր կարմիր գոյնով ակնառու է գրիչի բոլոր տարբերակներուն վրայ՝ հայկական մշակութային կեանքի խորհրդանշանն է եւ կենաց ծառի պտուղը:
Կռունկը՝ պանդուխտ հայու աւանդական խորհրդանիշն է, որ նոյնպէս տեղ գտած է այս թանկարժէք իրին վրայ:
«Յաւերժութեան անիւը»՝ ութ ծաղկող անւաճաղերով, յաւերժութեան հայկական խորհրդանիշն է: Գրիչի վրայ կարելի է տեսնել նաեւ հայոց այբուբենի առաջին երեք տառերը եւ վերջապէս նկատելի է «Է» տառը, որ Աստուծոյ ներկայութեան խորհրդանիշն է, որով ալ կ՚ամբողջանայ գոց գրչամարմինը: Միաժամանակ «Է» տառով կը սկսի գրչի անունը՝ «Էրեբունի»ն՝ Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Երեւանի հին անունը, որ տրուեցաւ հայ ազգային եւ կրօնական նշանակութեամբ բնազարդերով զարդարուած, հայ հոգեւոր եւ աշխարհիկ մշակոյթի, նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենայատկանշական խորհրդանիշները կրող «Էրեբունի» գրիչին, որ պիտի ճամբորդէ աշխարհով մէկ եւ պիտի պատմէ հայու մասին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ