ՎԱՐԴ ՇԻԿԱՀԵՐԷՆ ՎԵՐՋԻՆ ՓՆՋԻԿ ՄԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը ներկայիս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նորոգ հանգուցեալ Վարդ Շիկահերի քերթուածներէն բաղկացեալ նոր գիրք մը, որ կը կոչուի՝ «Փնջիկ մըն ալ»։ Գիրքի մեկենասն է Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ, որ միշտ կը խրախուսէ հայերէն գիրքերու հրատարակութիւնը։ Ան այս վերջին գիրքը ձօնած է Քիւլէկէչ գերդաստանի ողբացեալ անդամներու յիշատակին։

Վարդ Շիկահերի կորուստը վերջին օրերուն խոր ցաւ պատճառեց պոլսահայ մտաւորական շրջանակներուն եւ ընթերցասէր հասարակութեան։ Յուզումը կը բազմապատկուի այն իմաստով, որ Վարդ Շիկահեր չէ կրցած տեսնել այս վերջին հատորի տարածումը, չէ կրցած հասնիլ մակագրելու իր այս վերջին քերթուածներու հաւաքածոն։

Այս քերթուածները ան պզտիկ երկտողով մը մատուցած է ընթերցողներուն։ Արդարեւ, առանձին հատորներով լոյս տեսած իր բազմաթիւ քերթուածներուն առընթեր, ցարդ անտիպ մնացած իր քերթուածները համադրուած են այս գրքոյկին մէջ։ Խօսքը կը վերաբերի Շիկահերի այն քերթուածներուն, որոնք մամուլի մէջ հրատարակուած են, սակայն ցարդ գիրքի մը ձեւաչափով չեն ներկայացուած իր գրականութեան համակիրներուն։ Ուրեմն, այս վերջին գիրքը կոչուած է այդօրինակ քերթուածները զերծ պահել ցանուցիր մնալէ։

Ուսուցչաց հիմնարկի կողմէ հրատարակուած այս գիրքը կու գայ համալրել Վարդ Շիկահերի թողած աւանդը եւ յետմահու՝ որպէս վերջին օղակ մը կը միանայ անոր կողմէ ցարդ լոյս ընծայուած բազմաթիւ գիրքերու շղթային վրայ։

Վստահաբար ընթերցասէրները հետաքրքրութիւն պիտի ցուցաբերեն այս գործին նկատմամբ, որ բոլորի գրադարանին մէջ ապահովաբար առանձնայատուկ տեղ մը ունենայ։ Արդարեւ, Վարդ Շիկահերի յետմահու լոյս տեսած այս քերթուածներու հաւաքածոն ո՛չ միայն առիթ է անոր գրականութեան հերթական անգամ հաղորդ դառնալու, այլ նաեւ՝ հնարաւորութիւն մըն է զինքը ոգեկոչելու համար՝ գիրքի հրատարակութեան ժամկէտին առումով։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020