ՄՈՒՐԱՔԱՄԻԻ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐ ԱՂԲԻՒՐԸ

Հարուքի Մուրաքամի... 1949 թուականին ծնած ճաբոնցի գրող, գրականութեան ասպարէզէն ներս մոգական իրապաշտութեան շարժման ամենաստեղծագործ անուններէն մէկը դարձած է։ Թէեւ Մուրաքամիի անունը վերջին տարիներուն կը յիշուի գրականութեան Նոպելեան մրցանակի հետ, սակայն յիշատակելի են Ճաբոնի կամ այլ երկիրներու մէջ ստացած միւս նշանաւոր մրցանակները եւ իր երկրպագուներու հետ ունեցած սերտ կապը: Անշուշտ, կան նաեւ Մուրաքամիի կարգ մը յատկութիւնները, որոնք որոշ ընթերցողներու կողմէ կը գերագնահատուին. իր հերոսներու զուգահեռ տիեզերքներու մէջ ճանապարհորդութիւնները, սիրահարներու/ընկերներու անհաւանական վերամիաւորումները անհնարին պարագաներով, տարօրինակ հանդիպումներ, պատմութիւններ, որոնք կ՚աւարտին անտրամաբանականօրէն։ Կը կարծեմ, որ որեւէ ընթերցող հեշտութեամբ կրնայ տեսնել, որ այս ամբողջ «տարօրինակութիւններու շարքը» կը պարունակէ երեւակայութեան եւ արտայայտման ուշագրաւ ուժ եւ կրնայ շարունակել կարդալ Մուրաքամիի ստեղծագործութիւնները ճիշդ այս պատճառով: Կարդալէ յետոյ կա՛մ կը սիրէք, կա՛մ կ՚ատէք, բայց Մուրաքամին մեծ յարգանքի արժանի է իր կերտած աշխարհներով, իրադարձութիւններով եւ հերոսներով։

Մուրաքամիի յօրինած պատմութիւններու մէջ յաճախ կը հանդիպինք խաբուած կնոջ կամ մահացած դեռահաս աղջկան: Բացի այս կիներէն, առեղծուածային եւ հզօր տղամարդու կերպարներու կրկնութիւնն ալ գրաւեց իմ ուշադրութիւնը: Յամենայնդէպս, ես չէի կարծեր, որ այս կերպարները ներշնչուած ըլլան իր իսկ կեանքէն: Բայց եւ այնպէս, Մուրաքամիի գիրքերու նիւթերու հաւանական աղբիւրը իր հայրը՝ Պենշիքի Մուրաքամին կարելի է համարել։ «Beoning» անունով ժապաւէնը դիտելէ յետոյ կասկած չունէի, թէ իր կեանք տուած կերպարները ստեղծելու ժամանակ Մուրաքամի ներշնչուած է իր հօրմէն:

Թէեւ ան չէ ըսած, որ իր հայրը հարբեցող է, սակայն երկու յիշողութիւն կը պատմէ իր հօր մասին։ Առաջինը՝ հօր հետ հեծանիւով ճամբորդութեան մը մասին է՝ իրենց կատուն ծովու ափին ամայի վայր մը թողելու համար: Ան կը խօսի իր հօր վճռական դատողութեան մասին, որ անոնք պէտք է լքէին կատուն եւ յայտնած էր իր ափսոսանքը, որ ան առանց առարկութեան ենթարկուած է այդ որոշման՝ մանուկ հասակին։ Երկրորդ յիշողութեան մէջ ան կը պատմէ իր կատուի մասին, թէ ան բարձրացած էր իրենց այգիի շատ բարձր ծառի մը վրայ եւ հօրմէն օգնութիւն խնդրած էր, սակայն հայրը ըսած էր, որ սա անհնար է եւ կատուն կ՚անհետանայ ամբողջ գիշեր պոռալէ յետոյ։ Այս մանկութեան յիշողութիւններու հետքերը Մուրաքամիի ստեղծագործութիւններուն մէջ երեւելի են ո՛չ միայն իր հօր, այլեւ կատուներու պարագային։

Ան իր հայրը կը նկարագրէ որպէս յամառ ու սառն անձնաւորութիւն։ Բացի այս ցաւերէն, որ ան փոխանցած է որդիին պատմած պատերազմական յիշողութիւններով, Մուրաքամին միշտ հիասթափեցուցած էր իր հայրը զանազան հանգամանքներով: Սակայն ան կը յիշէ իր հայրը հանդարտ ձեւով եւ ոչ թէ ըմբոստութեամբ կամ զայրոյթով: Ան կ՚ըսէ, որ անոնց կեանքին մէջ տեղի ունեցածը պատահական էր։

Ան իր հայրը եւ ինքզինք նմանցուցած է անձրեւի կաթիլներուն. «Որպէս անձրեւի անանուն, աննշան եւ անփոխարինելի կաթիլներ՝ մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի զգացումներ, անցեալ եւ պարտականութիւն՝ շարունակելու համար այդ կեանքը: Եւ երբ մենք կ՚իյնանք հողը, մենք կը կորսուինք, աւելի ճիշդ՝ կը դառնանք աւելի մեծ բանի մը մասը»:

Թէեւ ան կարծէք ներած է հայրը, սակայն այն փաստը, որ ան միշտ կը խօսի իր հօր մասին իր գեղարուեստական ​​գրականութեան մէջ, կը յիշեցնէ հետեւեալ ասացուածքը. «Անցեալը երբեք չի մեռնիր, ան նոյնիսկ չ՚անցնիր» (Ուիլիըմ Ֆոլքնըր)։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2023