ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՍԵՐԿԵՒԻՉ ԲՈՒՇՔԻՆ՝ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՌՈՒՍԵՐԷՆԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ՀԱՅՐԸ
«Ընթերցանութիւնը՝ ահա լաւագոյն ուսումը: Մեծ մարդոց մտքերուն հետեւիլը ամենահետաքրքրական գիտութիւնն է» (Բուշքին)։
Ռուս գրականութեան ակնառու դէմքերէն՝ Ալեքսանտր Սերկեւիչ Բուշքինը ազնուական տոհմէ սերած է: Բուշքին բազմիցս գրած է իր տոհմաբանութեան մասին։ Ան իր նախնիներու մէջ կը տեսնէր հինաւուրց տոհմի. հայրենիքին ազնուօրէն ծառայած. բայց տիրակալներու կողմէ բարեհաճութեան չարժանացած եւ «հալածուած» իրական «ազնուականութեան» օրինակ։ Անոր մօր մեծ հայրը՝ Աբրահամ Պետրովիչ Հանիպալին Պետրոս Ա.-ի ծառան եւ դաստիարակն էր. իսկ յետոյ՝ ռազմագէտն ու զօրավարը։ Հօր կողմէ մեծ հայրը՝ Լեւ Ալեքսանտրովիչը գնդապետ էր։ Հայրը՝ Սերկէյ Լուովիչ Բուշքինը «ազնուակիրթ սրախօս» էր. սիրողական բանաստեղծ։ Հօրեղբայրը՝ Վասիլի Լուովիչը յայտնի բանաստեղծ էր։
Բուշքին նախնական կրթութիւնը ստացած է իր իսկ տան մէջ։ 1811-1817 թուականներուն ուսանած է Փեթերսպուրկի հարեւանութեամբ Ցարսկոյէ Սելոյի (այժմ՝ քաղաք Բուշքին) պետական գոլէճէն ներս եւ այնտեղ գրած առաջին բանաստեղծութիւնները: 1817-1820-ին աշխատած է արտաքին գործերու նախարարութեան մէջ. իր մասնակցութիւնը բերած «Արզամաս», «Կանաչ լամբ» գրական խմբակներուն մէջ եւ ձեռք բերած գրական մեծ համբաւ:
Ապագայ բանաստեղծի աշխարհահայեացքի ձեւաւորման համար որոշիչ դեր ունեցած են 1812 թուականի Հայրենական պատերազմին ռուս ժողովուրդի յաղթանակը եւ 1810-ական թուականներու կէսէն ետք ցարական ինքնակալութեան ու ճորտատիրութեան դէմ սկսած յեղափոխական «դեկաբրիստական» շարժումը: Ալեքսանտր «Ազատութիւն» եւ «Գիւղը» եւ այլ բանաստեղծութեանց մէջ փառաբանած է ազատութիւնը. նշաւակած բռնութիւնը. որուն պատճառով ցարական կառավարութիւնը աքսորած է զինք Ռուսաստանի հարաւ՝ Եկատերինոսլաւ. Կովկաս. Ղրիմ. Քիշնեւ. Օտեսա. ուր մնացած է 4 տարի (1820-1824): Այս շրջանը ստեղծագործական առումով բուշքինեան ռոմանթիզմի ծաղկման շրջանն է. Սերկեւիչ գրած է «Կովկասի գերին», «Աւազակ եղբայրները», «Պախչիսարայի շատրուանը», «Գնչուներ» եւ այլ գործեր։
1824-1826-ին Բուշքին ապրած է Պսկովի նահանգի Միխայլովսկոյէ գիւղին մէջ՝ տեղական իշխանութեան մշտական հսկողութեան տակ: Այս ժամանակաշրջանին ան ստեղծագործած է «Կոմս Նուլին» բանաստեղծութիւնը, «Պորիս Գոտունով» պատմական ողբերգութիւնը եւ այլ գործեր. ուր վերջնականապէս անցում կատարած է դէպի ռէալիզմ՝ ստեղծելով կեանքի առարկայական, իրական պատկերներ, ինչպէս նաեւ ներկայացնելով բազմակողմանի հանգամանքներու թելադրանքով գործող ու զարգացող միջադէպերը. պատմական անհատներու եւ անոնց սխրալի արարքները…։
Երբ Բուշքին աքսորի մէջ էր, կը տեղեկանայ դեկաբրիստներու աքսորի եւ հինգ ղեկավարներու մահապատիժի մասին։ Ուստի, հաւատարիմ մնալով իր ազատասիրական գաղափարներուն՝ համարձակօրէն անոնց կը նուիրէ «Ի Սիպիր» խորագրեալ չափածոյ-ուղերձը:
1825-1830 թուականներու ստեղծագործութիւնները Բուշքինի հանճարի բարձրագոյն արտայայտութիւնն են: 1830-ին, երբ Պոլտինօ գիւղին մէջ տակաւին աքսորի մէջ էր, 3 ամսուայ ընթացին ստեղծած է տարբեր ժանրերու շուրջ 50 երկեր՝ «Պոլտինեան աշուն», «Փոքր ողբերգութիւնները», «Ժլատ ասպետը», «Մոցարթը եւ Սալիէրին», «Քարէ հիւրը», «Խրախճանք ժանտախտի պահուն»…։ Այս ստեղծագործութիւնները առաջնակարգ տեղ գրաւած են ռուսական տրամայի եւ հոգեբանական ռէալիզմի պատմութեան մէջ: Այստեղ Բուշքին նաեւ աւարտած է իր գլուխգործոցը՝ «Եւգենի Օնեկին» չափածոյ վէպը, զոր ռուսական կեանքի գեղարուեստական հանրագիտարանը նկատուած է: Վէպին մէջ հեղինակը ներկայացուցած է մարդ անհատի հակամարտութիւնը իրականութեան հետ եւ անոր հոգեկան տրաման ներկայացուցած 1810-1820-ական թուականներու հասարակական կեանքի համայնապատկերին մէջ: Յանձին վէպի հերոսուհի Տատիանայի՝ Բուշքին ստեղծած է իր «սիրելի իտէալը»՝ ռուս կնոջ բացառիկ ամբողջական, բարոյապէս վսեմ ու հմայիչ կերպարը։ Ահաւասիկ հատ-ւած մը այդ անզուգական գործէն.
Աւա՜ղ. արտերում կեանքի անցաւոր
Բազում սերունդներ հասկերի նման
Աճում են. հասնում ու հնձուած ընկնում.
Նրանց նորերն են միշտ փոխարինում
Սէր թեթեւամիտ սերունդն էլ այդպէս
Հասակ է առնում. յուզւում ու եռում.
Պապերին դէպի գերեզման հրում:
Կը գայ. կը հասնի հերթը նաեւ մեզ.
Եւ մեր թոռներն էլ կարգով հողեղէն
Մի օր աշխարհից մեզ դուրս կը մղեն:
Մարդիկ. ըմբոշխնէք այս կեանքը թեթեւ.
Քանի ապրում էք վառ արեւի տակ:
Ես անտարբեր եմ, գիտեմ արդարեւ
Ունայնութիւնը կեանքի բովանդակ։
Պետրոս Ա. Մեծ ցարի կեանքին ու գործունէութեան, անոր մեծ բարեփոխումներուն նուիրուած ստեղծագործութիւններն են՝ «Պոլտաւա», «Պղնձեայ հեծեալը» բանաստեղծութիւնները, «Պետրոս Մեծի սեւամորթը» անաւարտ վէպը եւ «Պետրոսի պատմութիւնը» աշխատասիրութիւնը: «Պղնձեայ հեծեալը» Բուշքինի ամենաբարդ եւ խորիմաստ երկերէն է։ Փառաբանելով Պետրոս Մեծի գործունէութեան պատմական նշանակութիւնը՝ Ալեքսանտր միաժամանակ ցոյց տուած է համապետական շահերու ու «փոքր մարդու» իրաւունքներու հակասութիւնը, որմէ ծնունդ առած է բանաստեղծութեան հերոս՝ Եւգենիի ողբերգութիւնը:
1830-ին, Բուշքին յաճախ դիմած է գեղարուեստական արձակին՝ դառնալով ռուս ռէալիսթական արձակի սկզբնաւորողը։ Գրած է «Պելկինի պատմուածքները», «Պիկովայա տամա» վիպակը, «Տուպրովսկի», «Կապիտանի աղջիկը» վէպերը, «Պուկաչովի պատմութիւն» ուսումնասիրութիւնը եւ այլ աշխատասիրութիւններ:
Ալեքսանտր Բուշքինը բազմիցս անդրադարձած է ժողովրդական բանահիսութեան թեմաներուն եւ կերպարներուն, զանոնք մշակած է՝ ստեղծելով հարուստ ու կատարեալ գործեր: Յիշարժան են «Ռուսլան եւ Լիւտմիլա» ռոմանթիքական բանաստեղծութիւնը, «Տէրտէրն ու իր Պալտի ծառան», «Սալթան թագաւորի հեքիաթը», «Քնացած դշխուհին - եօթ քաջերը», «Հեքիաթ ձկնորսի եւ ձկնիկի մասին» չափածոյ հեքիաթները եւ այլ ստեղծագործութիւններ։ Բուշքին հարազատ մնալով բանահիւսութեան ոճական ու ժանրային իւրայատկութեանց՝ արտացոլած է ռուս ժողովուրդի կենցաղը. աշխարհընկալումն ու մտածելակերպը:
«Հեքիաթ ձկնորսի ու ձկան մասին» ստեղծագործութիւնը, որ առաւելապէս յայտնի է «Ոսկէ ձկնիկը» անուամբ, ամենաշատ ընթերցուող եւ սիրուած հեքիաթներէն է։ Այստեղ կ՚արժէ համառօտ ներկայացնել այս գեղեցիկ հեքիաթը.
«Ծերունի մը կար, որ իր պառաւին հետ կ՚ապրէր կապոյտ ծովի ափին: Անոնք իրենց հողաշէն տնակին մէջ արդէն 33 տարիէ ի վեր կ՚ապրէին: Ծերունին երկու անգամ իր ուրկանը ծով կը նետէ. բայց ոչ մէկ բան կ՚որսայ: Երրորդ անգամ ոսկէ ձկնիկը կը բռնէ ու դուրս կը հանէ: Ձկնիկը կը խնդրէ զինք ազատ արձակել: Ծերունին ազատ կ՚արձակէ: Տուն կը վերադառնայ եւ կնոջը կը պատմէ: Պառաւը իր ամուսինը կը կշտամբէ եւ կը հրամայէ երթալ եւ ձկնիկէն նոր տաշտ խնդրել: Ձկնիկը անոնց նոր տաշտ կու տայ: Պառաւը նոր խրճիթ կը պահանջէ, իսկ ձկնիկը անոնց նոր խրճիթ կը նուիրէ: Սակայն պառաւը չի բաւարարուիր եւ կ՚ուզէ ազնուական դառնալ։ Ազնուական կը դառնայ, իսկ իր ծերունի ամուսինը ախոռ կը ղրկէ՝ այնտեղ ծառայելու:
Պառաւը կը փափաքի թագուհի դառնալ: Ոսկէ ձկնիկը զինք թագուհի կը դարձնէ: Պառաւը կ՚ուզէ ծովերու տիրուհի դառնալ, որպէսզի ձկնիկը մշտապէս իրեն ծառայէ։ Ծերունին պառաւին խօսքը ձկնիկին կը փոխանցէ: Սակայն ձկնիկը ոչ մէկ բան կ՚ըսէ, պոչը կը շարժէ եւ ապա ջուրին տակ կը սուզուի: Ծերունին երկար կը սպասէ: Ձկնիկը չ՚երեւիր։ Տուն կը վերադառնայ եւ կը տեսնէ, որ թագաւորական պալատը վերացած էր եւ անոր փոխարէն իրենց հին հողաշէն տնակը վերստին յայտնուած էր: Իսկ պառաւը կոտրուած հին տաշտին մէջ լուացք կ՚ընէր»:
Ըստ գրականագէտներու՝ հին ժամանակ տափակաձուկը Պոմերանիոյ մէջ ընդունուած էր որպէս ծովային աստուած։ Ոսկէ ձկնիկը այս հեքիաթին մէջ հանդէս եկած է որպէս անհետացած առասպելաբանութեան օրինակ: Բուշքին այստեղ ցոյց տուած է մարդ անհատի իշխանութիւն ձեռքբերելու բուռն ցանկութիւնը, զոր բնորոշ է միապետական հասարակութեան եւ շեշտած է այն գաղափարը, որ մարդ իր ունեցածով պէտք է բաւարարուի եւ ուրիշին բարեացակամութիւնը չշահագործէ։
Ռուսական գրականութեան առաջատար ուժերը համախմբելու եւ քաղաքականութեան դէմ գրական շարժում ստեղծելու նպատակով, «Լիտերատուրնայա գազետա» թերթին եւ իր հիմնադրած «Սովրեմէննիկ» ամսագրին մէջ Բուշքին նաեւ գրած է հրապարակախօսական, գրաքննադատական յօդուածներ: Իսկ իր կեանքի վերջին տարիներուն, Սերկեւիչ իր գրութեանց մէջ բացայայտ կերպով անդրադարձ կատարած է արքունական-ազնուական միջավայրի խարդաւանքներու մասին եւ դարձած՝ իր գրութեանց եւ համարձակախօսութեան զոհը: 1837-ին, ֆրանսահպատակ Ճորճ Տանտէսի հետ մենամարտի ընթացքին մահացու հարուած կը ստանայ եւ 2 օր ետք կը մահանայ։
Պատմաբաններ հիմնուելով Բուշքինի կենսագրութեան որոշ փաստերուն եւ իր մտերիմներու վկայաբանութեանց վրայ՝ դիտել տուած են, որ մեծ գրողը իր կեանքի վերջին տարիներուն ջղուտ վիճակի մէջ էր։ Այն իրադարձութիւններու ընթացքը. որ ճակատագրական կրակոցին պատճառ հանդիսացաւ, կը խօսի այն փաստի մասին, որ ան գիտակցաբա՛ր եւ անընդհատ մենամարտի պատճառ կը փնտռէր: 1834-էն սկսեալ, Բուշքինի նամակներուն մէջ յաճախ կը հանդիպինք հետեւեալ արտայայտութեանց, «Դառնութիւնը զիս կը մտահոգէ», «Այստեղ դժուարութիւններէն երբեք չես կրնար փրկուիլ», «Նեղութիւնները զիս կ՚անհանգստացնեն», «Ամէն օր գլուխս կը ցաւի», «Շատ բան սկսած եմ. բայց ոչ մէկ բան ընելու տրամադրութիւն ունիմ», «Գլխացաւս յաղթած է ինծի»…։
Այս տողերը գրուած են հիւանդ. «կոտրուած». յուսաբեկուած, կեանքի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը կորսնցուցած եւ ջղայնութեամբ տառապող մարդուն՝ Բուշքինին կողմէ: Քաղաքական ալեբախութիւնները, անձնական բնոյթի հակադրութիւնները, ընկերային կեանքի նկատմամբ երկեակի վերաբերմունքը, նիւթական վիճակը եւ կեանքը փոխելու անկարելիութիւնը բանաստեղծի ուժերը ամբողջապէս քայքայած էին եւ զինք առաջնորդած մահուան գաղափարին, որուն մէջ Ալեքսանտր միակ ելքը կը գտնէր:
Այս բոլորին առընթեր, Բուշքին խոր երկիւղով եւ մեծ հետաքրքրութեամբ Աստուածաշունչ մատեանը կ՚ընթերցէր: Ան Ս. Գիրքը կը սիրէր ամբողջ հոգիով եւ կը մտորէր անոր բովանդակութեան շուրջ: Իր խօսքերով՝ իր «Մարգարէն» ստեղծագործութեան ներշնչանքը Եզեկիէլ մարգարէն եղած է։ Օր մը, այցելելով Սվիատոգորեան վանք, կ՚ուզէ իր բարեկամին հոգւոյն համար հոգեհանգստեան աղօթք կարդալ տալ։ Սակայն բանաստեղծը ստիպուած՝ վանականին խուցին մէջ կը սպասէ։ «Սեղանին վրայ Աստուածաշունչ մը կար։ Էջին նայեցայ՝ Եզեկիէլ մարգարէի գիրքն էր բացուած։ Հատուած մը կարդացի եւ հիացայ։ Մի քանի օր անցնելէ ետք՝ «Մարգարէ» բանաստեղծութիւնս գրեցի։ Սուրբ Գիրքը իւրայատուկ է։ Ո՛րքան խորամուխ ըլլաս անոր մէջ, այնքան աւելի կը լուսաւորէ քեզ։ Կը կարծեմ, թէ մենք մարդկութեան Աստուածաշունչէն աւելի լաւ բան չենք տար։ Կրօ՛նքն է, որ արուեստն ու գրականութիւնը ստեղծած է…։ Առանց կրօնքի ո՛չ փիլիսոփայութիւնը, ո՛չ բանաստեղծութիւնը եւ ոչ ալ գրականութիւնը կրնային գոյութիւն ունենալ», վկայաբանած է Բուշքին։
Խօսելով Ղուկասու Աւետարանին մասին՝ մեծ վարպետը ըսած է. «Ղուկասի Աւետարանը լաւագոյն բանաստեղծութիւնն է։ Ես երբեք չեմ կրնար Ղուկասի նման գէթ փոքր հատուած մը գրել»։ Ականատես մը Բուշքինը տեսած է՝ Աւետարանը ձեռքին։ Իսկ հանճարեղ բանաստեղծը անոր ըսած է. «Ահա աշխարհի միակ Գիրքը. անոր մէջ ամէն ինչ կայ»:
Յոգնա՜ծ ու տանջուա՜ծ. հոգով ծարաւի՜
Մութ անապատում թափառում էի,
Եւ ահա այնտեղ տեսայ վեցթեւեան
Ելաւ Սերովբէն իմ դէմ-յանդիման,
Եւ նուրբ մատներով թեթեւ ու քընքուշ
Շըփեց իմ աչերն. կարծես նինջ անուշ,
Եւ զարհուրանքով նոքա բացուեցան.
Ահաբեկ արծուի աչերի նման,
Եւ նա ականջիս դիպաւ կամացուկ.
Եւ իմ լսելիքն յուզեց ձայն. աղմուկ,
Անսացի երկնի սասանումն ու դող.
Հըրեշտակների թռիչք լեռներում.
Ծովի յատակին զեռունների լող.
Ողկոյզի աճումն ճոխ հովիտներում։
(«Մարգարէ», թարգմանութիւնը՝ Ալեքսանտր Ծատուրեանի)
Բանասիրութեան մէջ Բուշքին կը դիտուի որպէս «ժամանակակից ռուս գրական լեզուի հիմնադիր հայրը»։ Սերկէյ Աւերինցեւը «անոր ստեղծագործութիւնները կը նկատէ որպէս չափանիշ, ինչպէս Տանթէի ստեղծագործութիւնները՝ Իտալիոյ մէջ, կամ Կէօթէն՝ Գերմանիոյ մէջ»։ Տիմիթրի Լիխաչովը Բուշքինի մասին արտայայտուած է՝ ըսելով. «Ռուսերու մեծագոյն ազգային սեփականութիւնն է Ա. Բուշքինը»: Ալեքսանտրի կենդանութեան օրօք, շատեր եւ նոյնիսկ տպագիր յայտարարութեանց մէջ զինք կոչած են հանճար։ «Մի քանի խօսք Բուշքինի մասին» իր յօդուածին մէջ Նիքոյալ Կոկոլը գրած է. «Բուշքինը բացառիկ երեւոյթ է եւ ռուսական ոգիի միակ դրսեւորումը։ Ան ռուս մարդն է՝ իր զարգացմանը մէջ. որուն մէջ ան կրնայ յայտնուիլ նոյնիսկ երկու հարիւր տարի անց»: Քննադատ եւ փիլիսոփայ Վիսարիոն Պելինսկին զինք կոչած է «Ռուսաստանի առաջին բանաստեղծ-գեղանկարիչը»։ Իսկ Ապոլլոն Գրիգորեւը բնութագրած է՝ ըսելով. «Բուշքինը մեր ամէն ինչն է»:
Արդարեւ, Բուշքինը առաջին ռուս բանաստեղծն էր, որ մերժեց ռուսական դասական բանաստեղծութեան բարձրաճաշակ ոճը՝ կոտրելով խօսակցական լեզուի եւ անցեալի գովերգական ներբողներու, տաղերու միջեւ գոյացած պատը։ Հիմնադիր-բանաստեղծը չէ կեդրոնացած միայն գրական մէկ տեսակի վրայ, այլ իր շրջածիրը ընդարձակած է տարբեր ժանրերու մէջ եւս՝ դասական, ռոմանթիք, սիրոյ ու քաղաքական չափածոյ բանաստեղծութիւններ, վէպեր, պատմական տրամաներ, արձակ գրութիւններ, կարճ պատմուածնքեր, հեքիաթներ, ճամբորդական յուշագրութիւններ գրելով։ Այսօր անոր ստեղծագործութիւններէն շատերը դարձած են տարբեր ժանրերու հիմնարար ուղեցոյցները։
Բուշքին 19-րդ դարու առաջին գրագէտն էր, որ կրցաւ յախուռն կերպով բարձրաձայնել իր ձայնը ընդդէմ ղեկավարութեան։ Չքաւոր եւ խոնարհ խաւի տառապանքները, հասարակութեան անարդարութեան դէմ դիմակայութիւնը առաջին անգամ իր գրչով մարմին առին՝ յետագային ռուս յայտնի գրողներու գրական ուղին հարթելով։ Սէրը, քնքշանքը եւ մարդկութեան թեման Բուշքինի գրչին տակ բացին էապէս իւրայատուկ յուզաշխարհ մը, ուր կարելի է գտնել բանաստեղծի կեանքէն զրկուելու դառնութեան ու տրտմութեան զգացումը, բայց եւ այնպէս այս բոլորը չխոչընդոտեցին, չկասեցուցին անոր յարատեւ ստեղծագործելու անխոնջ ոգին։ Ճշգրտութիւնն ու պարզութիւնը Բուշքինի գրչին ուժեղագոյն բանալիններէն է։ Իր ստեղծագործութիւնները պարզ, դիպուկ եւ խորիմաստ են։ Սերկեւիչ երկու կամ երեք խօսքով վառ պատկերներ ստեղծելու ունակութիւն ունէր՝ զանոնք ընթերցողի հոգւոյն ու մտքին մէջ յաւերժօրէն դաջելով։
Բուշքին կապեր ունեցած է նաեւ հայ իրականութեան հետ։ 1829-ին այցելած է Հայաստան. որուն մասին մանրամասն անդրադարձած է «Ճանապարհորդութիւն դէպի Արզրի» հատորին մէջ: Անոր գրեթէ գեղարուեստական բոլոր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են հայերէն լեզուով՝ յաճախ մի քանի թարգմանութեամբ: 1850-ական թուականներուն եւ յետագային անոր երկերը թարգմանած են Միքայէլ Նալպանտեանը, Ռաֆայէլ Պատկանեանը, Սմբատ Շահազիզը, Ղազարոս Աղայեանը, Յովհաննէս Յովհաննիսեանը, Ալեքսանտր Ծատուրեանը, Աթաբեկ Խնկոյեանը, Եղիշէ Չարենցը, Աւետիք Իսահակեանը, Նայիրի Զարեանը եւ ուրիշներ, որոնց ստեղծագործութեանց մէջ Բուշքինի ազդեցութիւնը վառ կերպով արտայայտուած է: Յովհաննէս Թումանեանի թարգմանութիւնները իրենց հարուստ լեզուով ու պատկերներով այլ թարգմանութիւններէ կ՚առանձնանան, որոնք բնագրի ոգիին եւ ոճին ճշգրիտ վերարտադրման հրաշալի օրինակներ են: Մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Թումանեանի կողմէ թարգմանուած «Ձմեռուայ իրիկունը» բանաստեղծութենէն հատուած մը.
Հողմը մէգով երկինքն առնում.
Գալարում է բուքը ձեան.
Մին՝ մանկան պէս լաց է լինում.
Մին՝ ոռնում է զերթ գազան,
Մին՝ վայրենի սուլում պէս-պէս.
Աղմըկում է տանիքում.
Մին՝ ուշացած ճամբորդ. ասես.
Լուսամուտն է նա թակում:
Բուշքինեան թեմաներով պատկերներ նկարած են Յովհաննէս Այվազովսկին, Վարդգէս Սուրենեանցը, Մարտիրոս Սարեանը…։ Հայկական թատրոններէն ներս բեմադրուած են «Պորիս Գոտունով», «Ժլատ ասպետը», «Քարէ հիւրը», «Մոցարթը եւ Սալիէրին» եւ այլ գործեր: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ՝ քաղաքներ, գիւղեր, փողոցներ, դպրոցներ Ա. Բուշքինի անունով անուանուած են: Երեւանի, Հայաստանի այլ քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ կան Բուշքինի անունը կրող դպրոցներ, փողոցներ, պուրակներ, գիւղ (Բուշքինօ՝ Լոռի մարզ). լեռնանցք (Բազումի լեռնաշղթայ…):
Բուշքինի ստեղծագործութիւնները իրենց համամարդկային նշանակութեամբ դարեր շարունակ եղած են եւ կը մնան մարդկութիւնը ներշնչող, կոփող հիանալի գործեր: Ան ո՛չ միայն ռուսական աշխարհի հարստութիւնն է, այլեւ համաշխարհային գրականութեան նոր շունչ, թարմութիւն բերող իսկատիպ դէ՛մք մը, որուն անունը երբեք պատմութեան էջերուն մէջ չի՛ կրնար կորսուիլ ու մոռացութեան ենթարկուիլ։ Բուշքինը ապրող եւ ապրեցնող ՄԵԾ ԳՐԻՉ է…
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ