ԱՆՄԱՀԱԹՈՒՓԸ

-Ո՛չ, այդ բոյսը պէտք չէ ջրես...

Իսկոյն կ՚ըսէ Յասմիկ Ցօղիկին, որուն այցելութեան համար եկած ու նոր ներս կը մտնէր, երբ տեսաւ որ Ցօղիկը կը ջրէ իր տան բոյսերը:

-Բարի եկար, Յասմիկ, նախ բարեւ մը ըսէ, գիտեմ որ բոյսերը շատ կը սիրես ու գիտես խնամել զանոնք. ես ամէն օր այս ժամուն կը ջրեմ բոլորը, բայց այս թաղարը, որուն ակնարկեցիր, նոր բերաւ ամուսինս, դեռ չեմ ջրած. ինչո՞ւ պէտք չէ ջրել:

Ու կը սկսի հաճոյախօս Ցօղիկը պատմել իր գիտցածը այս բոյսին՝ Aloe vera-ին մասին.

-Այս բոյսը եթէ չջրես՝ աւելի օգուտ կը քաղես իրմէ: Ընկերուհի մը ունիմ՝ Սօֆին, տարի մը առաջ անհանգստացաւ, արեան քաղցկեղ յայտնաբերեցին բժիշկները քննութիւններէն ետք. Սօֆին ոչ մէկ դեղ օգտագործեց, գնաց փնտռեց ու գտաւ տասն տար-ւան ցանուած ու ջուր չտեսած այս բոյսէն: Տերեւները՝ ինչպէս կը տեսնես, հաստ ու ջրառատ են ու դիւրաւ կը կեղուըւին, մէջի հեղուկը, բազմաթիւ հիւանդութիւններու համար, բուժիչ է: Սօֆի կը խմէր, ամէն օր մի քանի անգամ կ՚օգտագործէր հեղուկը՝ երբեմն մեղրով կը լուծէր, քանի շատ լեղի է, երբեմն լեմոնի հիւթ կ՚աւելցնէր, այսպէս շարունակեց մինչեւ բժիշկին որոշած քննութեան օրը եւ երբ վերաքննութեան ներկայացաւ, բժիշկը նոր արեան ստուգումներ խնդրեց իրմէ, որոնց արդիւնքին մէջ կը բացակայէր չարորակ բջիջը: Բուժուեցաւ Սօֆին, դեռ երէկ խօսեցանք, շատ լաւ ու առողջ է եւ կը շարունակէ այս բոյսին հեղուկէն օգտուիլ:

-Ի՞նչ կ՚ըսես, ես ալ կը կարծէի, որ միայն արեւային այրուծքներէն պաշտպանուելու, դէմքը թարմացնելու եւ հերաթափութիւնը արգիլելու համար կը գործածուի,- զարմացած կը շարունակէ Ցօղիկ:

-Ես շատ կը կարդամ բոյսերու մասին, կը պրպտեմ համացանցի մէջ, գիրքերս տեսած ես կը կարծեմ: Այս բոյսը դարերու պատմութիւն ունի Եգիպտական փարաւոններու շրջանէն ի վեր. այն ատեն կը հաւատային, որ այս բոյսը կը պաշտպանէ զիրենք չարութիւններէ եւ ապարանքներուն դրան մուտքը կը դնէին Aloe-ին թաղարները: Կարծեմ հայերէն հոմանիշն ալ ունի, նայինք ի՛նչ է,- կը սկսին պրպտումները համացանցային էջերուն վրայ...

Ցօղիկ կը գտնէ ու կարդացածը կը մեկնէ - Անմահաթուփն է այժմեան անունը Aloe-ին, իսկ Ա. Ամասիացիի եւ Մ. Հերացիի գիրքերուն մէջ՝ սապռ կոչուած է: Անմահաթուփի բուժիչ յատկութիւնները բացայայտուած են շումերներու, աքքատներու, հնդիկներու, եգիպտացիներու, բաբելոնացիներու, ուրարտացիներու, ասորիներու եւ խեթերու մօտ: Եգիպտական մագաղաթներուն վրայ կան արձանագրութիւններ այս մասին, ինչպէս նաեւ հնդկական սուրբ գիրքին մէջ:

Յասմիկ կը շարունակէ՝ - Այս բոյսին հիւթով, հազարամեակներ շարունակ, զինուորներուն մահաբեր վէրքերը բուժած են, հին ատեն պատրաստուող անմահական բալասանին մէկ բաղադրիչն է նաեւ այս բոյսին հիւթը:

-Տե՛ս ես ինչ գտայ,- կը շարունակէ Ցօղիկ,- Ք. Քոլոմպոսը անմահաթուփին յատկութիւնները գնահատած է՝ «Մարդուն կեանքին համար անհրաժեշտ են ցորենը, ձիթապտուղը, խաղողը եւ Aloe-ն» խօսքով:

-Այս յղումը քեզի ղրկեմ, միասին կարդանք,- կ՚ըսէ Յասմիկ ու,- Ա. Ամասիացի սապռին մասին իր «Օգուտ բժշկութեան» գիրքին տարբեր բաժիններուն մէջ կ՚անդրադառնայ եւ կու տայ բոյսէն օգտուելուն մանրամասնութիւնները ըստ հիւանդութեանց, ինչպէս, օրինակ, սապռը ունի չորցնող յատկութիւն, գլուխը աւելորդ հեղուկներէն կը մաքրէ, կը բուժէ քիթի վէրքերը, կը սրէ տեսողութիւնը, կը կանխէ մազաթափութիւնը։ Երբ մարմնին քսուի՝ կը թեթեւցնէ շնչարգելութեամբ տառապողներուն վիճակը, կը մաքրէ լեարդը: Իսկ դեղնախտի պարագային եթէ մեղրին հետ խառնեն եւ ուտեն, կը տարրալուծէ դեղին մաղձը։ Կը Բուժէ խոցերը եթէ օգտագործուի կարագին հետ. կը բուժէ էքզէման եւ չորութիւնը կը վերացնէ:

-Ինչե՜ր, ինչե՜ր,- կը լսուի երկուքին գոհունակ ձայնը, եւ,- Շատ օգտակար է ոսկորներու ցաւի եւ յօդացաւի համար։ Սապռը ստամոքսի լաւագոյն դեղամիջոցներէն է, կը հանգստացնէ ցաւերը, կը բանայ ախորժակը, կը նպաստէ մարսողութեան...։

... Եւ կը շարունակուին բացայայտումները՝ դրականը կը նախորդէ բացասականին, պատմականը՝ բժշկականին, բոյսին հազարամեայ գոյութեան փաստն ու արժէքը պարզ կը դառնայ ու Ցօղիկ ակնթարթով մը թաղարին կը նայի՝

-Մեծ մայրս կը բարկանար վրաս, երբ բողկին կանաչ տերեւները թափէի, ես ալ զարմանքով կը դիտէի, թէ ինչպէս կ՚ուտէ զանոնք, մինչ ինք ծամծմելով կը կրկնէր՝ «բնութեան բոլոր բարիքները օգտակար են եւ կ՚ուտուին»...:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2019