ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՓՈՔՐԻԿ ՏԻՊԱՐՆ Է ԵԿԵՂԵՑԻԻ

Բոլորը գիտեն՝ ընտանիքը սրբութիւն է: Սակայն ոչ բոլորը խորիմաստ կ՚ընկալեն իրենց արտայայտած միտքը: Արհեստականօրէն կ՚արտաբերեն բառերու շարան մը: Յիրաւի, ընտանիքը սրբութիւն է եւ այն եկեղեցիի փոքրիկ տիպարն է՝ նմոյշը, ինչպէս նաեւ պետութեան:

Այր մարդն է գլուխը կնոջ, ինչպէս Քրիստոս գլուխն է եկեղեցիի:

Եւ ինչպէս եկեղեցին կը հնազանդի Քրիստոսին, նոյնպէս ալ կանայք պէտք է հնազանդին իրենց ամուսիններուն՝ ամէն հարցի շուրջ կամ փորձեն գալ ընդհանուր եզրայանգումի մը: Կինը ամուսինին պէտք է հնազանդի այնպէս, ինչպէս Քրիստոսին: Ի հարկէ՝ խօսքը առողջ, օրինակելի ընտանիքներու մասին է, ուր կը տիրէ յարատեւ անդորր, խաղաղութիւն, փոխադարձ յարգանք, վստահութիւն ու սէր: Նման ընտանիքներու մէջ ամուսինները չեն մոռնար շարունակ իրարու կրկնել՝

Ես քեզ կը սիրեմ,

Ես քեզ կը ներեմ,

Ես ունիմ քու կարիքը:

Ամուսնացեալներուն յորդոր, խորհուրդ, խրատ են այս երեք յոյժ կարեւոր արտայայտութիւնները, ինչ որ գիտնալը դժուար չէ: Դժուարը շարունակ անկեղծօրէն կրկնելն է:

«Տղամարդի՛կ, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս որ Քրիստոս սիրեց եկեղեցին ու իւր անձը զոհեց անոր համար: Նոյն ձեւով մարդիկ պարտաւոր են սիրել իրենց կիները իբրեւ իրենց մարմինները: Այն տղամարդը, որ կը սիրէ իր կինը, ըսել է, թէ կը սիրէ ինքզինք, քանզի ոչ ոք երբեք իր անձը չ՚ատեր, ընդհակառակը՝ կը սնանի անով ու կը խնամէ զայն, ինչպէս Քրիստոս՝ եկեղեցին: Քանզի մասերն ենք անոր մարմնի՝ անոր մարմինէն ու անոր ոսկորներէն: Այս խորհուրդը մեծ է, սակայն ես կ՚ըսեմ Քրիստոսի ու եկեղեցիի վերաբերեալ» (Եփեսացիներ 5):

Եւ այդ ընտանիքի մէջ (եկեղեցիի մէջ) տղամարդը առաջնորդն է, տեսուչը, հովիւը՝ եպիսկոպոս քահանան: Կինը միջնորդը՝ Աստուծոյ եւ զաւակներու միջեւ՝ քահանայ: Իսկ զաւակները՝ հաւատացեալ հօտը, որ պէտք է հովուեն ու առաջնորդուին առ Աստուած: Իսկ եթէ ընտանիքի մէջ կը բացակայի ամբողջական տիպարը՝ ծնողներէն մին, հոգ չէ: Տուեալ անձը Աստուծոյ հետ ուղղակի աղօթական կապ մը հաստատելով կրնայ դառնալ թէ՛ եպիսկոպոս՝ առաջնորդ, թէ՛ քահանայ, թէ՛ հովիւ, թէ՛ միջնորդ: Այս ամէնը հնարաւոր է Տիրոջմով:

Գրեթէ նոյն համեմատութիւնը կարելի է կատարել ընտանիք-պետութիւն նմանութեան մէջ: Այստեղ ընտանիքի սիւնը՝ տղամարդը, կը մարմնաւորէ երկրի նախագահը, կինը՝ վարչապետը, իսկ երեխաները՝ ժողովուրդը:

Ինչպէս որ Սուրբ Երրորդութիւնը մէկ ամբողջականութիւն է՝  Հայր, Որդի, Սուրբ Հոգի, այնպէս ալ մէկ ամբողջականութիւն կը համարուի՝ հաւատքը, հայրենիքը եւ ընտանիքը: Ասոնք անքակտելի կապով մը զօդուած են իրարու. անկարելի է տարանջատել:

Տեղին է յիշատակել Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի իմաստուն միտքը. «Եթէ թռչունի մը հարցնենք.

-Ո՞ր թեւդ կը նախընտրես՝ աջ, թէ ձախ:

Թռչունը պիտի պատասխանէ.

-Ինչո՞ւ ստիպուած եմ ընտրութիւն կատարելու: Երկու թեւերով ալ կը ճախրեմ: Այդպէս ալ իմ ազգութիւնն է ու հաւատքը»:

Տղամարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով, որովհետեւ ան կը կերակրէ իր ընտանիքը եւ կ՚ըլլայ պատրաստ զոհաբերուելու յանուն իր ընտանիքի, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ սակաւախօս է ու քիչ կը ժպտի:

Կինմարդն ալ նոյնպէս ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով, որովհետեւ ան կուրծքով կը կերակրէ իր զաւակը եւ գիշերը կը կանգնի լացի ձայնէն: Եւ երբ ան կը տարրալուծուի երեխաներու մէջ ու կը դադարի իր մասին խորհելէ:

Մենք՝ մարդ արարածներս ստեղծուած ենք Տիրոջ կերպարով: Եւ Տիրոջ կամքն է, որ մենք ոչ միայն արտաքուստ, այլեւ ներքուստ նմանինք իրեն: Աւա՜ղ, մարդկութիւնը երբեք չէ շարժած Բարձրեալի կամքով: Ունենալով ընտրութեան հնարաւորութիւն՝ միշտ զոհ դարձած է չարի որոգայթներուն: Եւ այդ ճանապարհին ալ մենք կորսնցուցած ենք մեր ընտանիքներու իրական պատկերը, զայն վերածելով խեղկատակութեան: Հեռանալով ազգային արժէքներէ ու աւանդութիւններէ, աւելի շատ նմանեցանք անասուններուն:

Թող ողորմած Աստուած վերացնէ մեր ազգի վրայ պատուհասած մոլորութիւնը, շնորհելով մեզի դարձի հնարաւորութիւն: Այս ճանապարհին է, որ պիտի գտնենք մեր ընտանիքի իրական կերպարը:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2021