ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան երէկ յետմիջօրէին հանդիպում մը ունեցաւ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի հետ։ Ծանօթ է, որ Արա Կիւլէր նախանցեալ տարի այցելած էր Երեւան եւ այդ ժամանակ այցելութեան կազմակերպման աշխատանքներուն մասնակցած ըլլալով Արսէն Աւագեան ջերմ ծանօթութիւն մը հաստատած էր Արա Կիւլէրին հետ։ Հարկ է նշել, որ Աւագեան այդ շրջանին կը գլխաւորէր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան սահմանակից երկիրներու վարչութիւնը։ Նկատի ունենալով որ Արսէն Աւագեան ներկայիս սկսած է պաշտօնավարել քաղաքիս մէջ՝ փափաքած էր մեծանուն վարպետին հետ մէկտեղուիլ վերստին, այս անգամ արդէն իր արտադրանքի բո՛ւն միջավայրին մէջ։ Կիւլէրի առողջութեան թոյլ տուած սահմաններուն ներքեւ, այդ տեսակցութիւնը ի վերջոյ տեղի ունեցաւ երէկ յետմիջօրէին, անշուշտ, Կալաթասարայի «Արա» սրճարանի երդիքին տակ։
Անմիջական զրոյցի մթնոլորտին մէջ, Արա Կիւլէր եւ Արսէն Աւագեան ապրեցան զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը՝ մանաւանդ, որ երկուքն ալ ջերմ յուշեր կը պահէին Երեւանի օրերէն։ Աւագեան նշեց, որ իր պաշտօնավարութեան սկիզբէն ի վեր անցած կարճ ժամանակաշրջանին յաջողած էր հնարաւորինս կապերը թարմացնել համայնքէն ներս եւ այս շրջագծով բարոյական պարտք մը համարած էր՝ տեսնել Արա Կիւլէրը ու կրկնել իր յարգանքն ու համակրանքը։ Արդարեւ, Կիւլէր որպէս պոլսահայութեան ծոցէն հասած մեծութիւն, իսկական հանճար՝ համայնքի խորհրդանշական եզակի դէմքերէն մին է։
Աւագեան տեղեկացուց, որ ընթացքի մէջ է Երեւանի սրտին վրայ Արա Կիւլէրի տուն-թանգարան մը հիմնելու ուղղեալ ծրագիրը։ Մայրաքաղաքի կեդրոնին տարածք մը յատկացուած է այս նախագիծը կեանքի կոչելու առաջադրութեամբ։ Արա Կիւլէր գոհունակութեամբ վերահասու դարձաւ այս թարմ տուեալներուն եւ աւելցուց, որ կանոնաւոր ձեւով կապի մէջ է Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնատարներուն հետ։ Ան կարեւորութեամբ մատնանշեց նաեւ նախարարութեան կողմէ իր հետ պահուած շփումներուն շրջագծով ցուցաբերուած հետեւողականութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը։ Արա Կիւլէր յայտնեց նաեւ, թէ այնպէս կը պատկերացնէ՝ որ իր ժառանգութիւնը կը պատկանի ընդհանրապէս Թուրքիոյ ամբողջ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն, սակայն միեւնոյն ժամանակ մեծապէս կը կարեւորէ, որպէսզի այդ աւանդը առաւելագոյն համեմատութեամբ ցոլացած ըլլայ Հայաստանի մէջ։ Այս պատճառով է, որ ան իր նկարահանած գործերուն ամենայատկանշականները ուղարկած է նաեւ Հայաստան՝ եւ թէ ոչ նուազ քանակութեամբ, այդ աւանդի լաւագոյնս պահպանման ակնկալիքով։
Զրոյցի տեւողութեան Արա Կիւլէր խօսեցաւ նաեւ իր արխիւի ճակատագրի հարցին շուրջ. նիւթ մը, որ վերջին օրերուն յաճախ առարկայ կը դառնայ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան, արձագանգ գտնելով նաեւ Հայաստանի հանրային կարծիքին մօտ։ Մեծանուն վարպետը դիտել տուաւ, որ չեղեալ յայտարարած է «Տողուշ» խմբակին հետ կնքուած համաձայնութիւնը, իսկ այժմ կը պատրաստուի նոր պայմաններով գտնել հասարակաց յայտարար մը՝ նոյն մարդոց հետ, որպէսզի Կալաթասարայի ընտանեկան ժառանգ իր շէնքը վերածուի տուն-թանգարանի։ Աւագեան յաջողութիւն մաղթեց հռչակաւոր վարպետի նախաձեռնութիւններուն համար։
Արսէն Աւագեանի հետ սրճելու ժամանակ Արա Կիւլէր ցոյց տուաւ նաեւ իր լուսանկարներով հրատարակուած վերջին ալպոմները՝ մանրամասնութիւններ փոխանցելով անոնց բովանդակած գործերուն շուրջ։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024