ՀԱՃԵԼԻ ԶՈՒԱՐՃԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երբ դպրոցական էի, մայրս ամէն առտու դժուարութեամբ զիս կ՚արթնցնէր։ Տաքուկ անկողինէն բաժնուիլը ինծի համար տանջագին բան մըն էր։ Գրեթէ ամէն օր, կը փորձէի պատրուակ մը գտնել՝ դպրոց չերթալու համար. «Մայրիկ, ինքզինքս լաւ չեմ զգար… Փորիկս կը ցաւի… Դուրսը շատ ձիւն կայ, կը վախնամ իյնալէ…», եւ այլն, եւ այլն…

Ի պատասխան իմ բոլոր գանգատներուն, մայրս կը պատասխանէր Յովհաննէս Թումանեանի հետեւեալ բանաստեղծական տողերով.

Ձմեռուայ բուքին,
Սառնամանիքին,
Դպրոցի ճամբան,
Դժուար է, երկար՝
Շատերի համար…

Այսօր մեծագոյն սիրով ու քնքշութեամբ կը յիշեմ դպրոցական երանելի օրերս։ Մասնաւորապէս կը վերյիշեմ բոլորիս քաջածանօթ դպրոցական կատակներ, որոնք ունակ են միայն ժպիտ պարգեւելու, բարձրացնելու մեր կեանքի որակը, չէ՞ որ ծիծաղը օգտակար է առողջութեան ու կ՚երկարէ մարդուն կեանքը։ Ահաւասիկ անոնցմէ քանի մը հատ.

*

Ուսուցչուհին կ՚ըսէ.

-Երեխաներ, այսօր մենք բայեր պիտի խոնարհենք: Ես կը խօսիմ, դուն կը խօսիս, ան կը խօսի, մենք կը խօսինք, դուք կը խօսիք, անոնք կը խօսին: Վարդանիկ, կը հաճի՞ս կրկնել:

-Բոլորը կը խօսին…

*

Մայրիկը կը հարցնէ Սարգիսին.

-Սարգիս, ո՞ւր է քու դպրոցական օրագիրը:

-Դասընկերոջս՝ Արամին տուի։ Թող քիչ մը վախցնէ ծնողքը։

*

Վարդանիկը կը գրէ շարադրութիւն մը, որուն խորագիրն է՝ «Իմ հայրիկը»։

«Իմ հայրիկը աշխարհի ամենաուժեղ ու ամենահամարձակ հայրիկն է: Ան կրնայ լողալով կտրել ու անցնիլ հսկայական գետը՝ լի կոկորդիլոսներով։ Կրնայ բարձրանալ ամենաբարձր լեռը ու մերկ ձեռքերով կռուիլ առիւծի կամ արջու հետ: Իսկ սովորաբար ան կը լուայ պնակներ, գուլպաներ ու կը թափէ մեր տան աղբը»։

*

Ուսուցչուհին կը պատուիրէ աշակերտին.

-Վաղը մեծ հայրիկդ թող գայ դպրոց։

-Թերեւս դուք ուզեցիք ըսել՝ հայրի՞կս:

-Ոչ, մեծ հայրիկդ: Ես կ՚ուզեմ իրեն ցոյց տալ, թէ ինչ սխալներ կ՚ընէ իր տղան քու փոխարէն տնային պարտականութիւններդ կատարելու ընթացքին։

*

Առաջին դասարանի աշակերտ մը կը տանին դպրոց։ Ան ամբողջ ուժով կը դիմադրէ ու կը պոռայ.

-Տասներկու տարի՜… Անմե՜ղ տեղը… Ինչո՞ւ…

*

-Ապրի՛ս տղաս,- կը գովէ հայրը որդւոյն,- ինչպէ՞ս կրցար 10 ստանալ կենդանաբանութենէն:

-Ինծի հարցուցին, թէ քանի՞ ոտք ունի ջայլամը: Ես ալ պատասխանեցի՝ երեք:

-Վայրկեան մը, բայց ջայլամը ունի երկու ոտք:

-Ճիշդ է, սակայն միւս բոլոր աշակերտները պատասխանեցին՝ չորս:

*

Առաջին բոյժօգնութեան դասաժամուն, ուսուցիչը կը հարցնէ աշակերտին.

-Ի՞նչ կ՚ընես, եթէ քու փոքրիկ եղբայրը կլլէ դրան բանալին:

-Պատուհանէն տուն կը մտնեմ:

*

-Զաւակս,- բարկացած կ՚ըսէ հայրը,- ինչո՞ւ դուն բոլոր առարկաներէն կը ստանաս երկու, բացի աշխարհագրութենէն:

-Որովհետեւ, պարզապէս աշխարհագրութենէն ինծի տակաւին դաս չհարցուցին։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2019