ԴԱՇՆԱՄՈՒՐԻ ՄԵԾ ՎԱՐՊԵՏԸ
Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցանք նախկին պոլսահայ, այժմ նիւեորքաբնակ դաշնակահար, մանկավարժ Շահան Արծրունիի հետ։ Ան յատուկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։ Ինչպէս ծանօթ է, հռչակաւոր արուեստագէտը վերջերս Հայաստանի մէջ համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի երդիքին տակ։ Շահան Արծրունի յայտնեց, որ բազմիցս այցելած է Հայաստան, գրեթէ հարիւրէ աւելի անգամ, բայց վերջին այցը եղած է իր մեծ բարեկամին՝ Եդուարդ Միրզոյեանին մահուան տխուր առիթով։ Այդ այցելութենէն ետք ինք դժուարացած է Հայաստան գալ։ Եւ ահաւասիկ, երաժշտահանի մահէն երեք տարի ետք այս այցը դաշնակահարին առաջին անգամ ժամանումն է Հայաստան: Շահան Արծրունի պատմեց իր անցած ճանապարհի մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ներկայ տարուան ընթացքին ծրագրուած այն ձեռնարկներուն, որոնց ինք մասնակցութիւն պիտի բերէ:
-Պարոն Արծրունի, Ձեր հնագոյն տոհմական մականունը Ձեզի ի՞նչ տուած է Ձեր կեանքի ընթացքին: Պարտաւորեցնո՞ղ է կրել նման մականուն մը, որ շատ հին ծագում ունի:
-Իմ մականունը ինծի ձեւով մը ուղղութիւն տուած է, կեանքի ուղղութիւն մը, եւ ես անշուշտ շատ հպարտ եմ այդ մականունով, որովհետեւ պատմական ծագում եւ արժէք ունի: Սակայն ես անով չեմ բաւարարուած։ Ես ինքզինքս ապացուցանած եմ իմ արժէքով։ Ես պէտք է ըլլամ ինքս։ Ամէն մարդ իր արժէքով, իր աշխատանքով պէտք է չափուի:
-Արուեստի աշխարհ մուտք գործած էք պզտիկ տարիքէն: Մէկ անգամէ՞ն ընտրած էք դաշնակահարի մասնագիտութիւնը, թէ այլ ընտրանքներ եւս կային:
-Իմ մօրաքոյրս, որ թէ՛ երաժշտահան եւ թէ դաշնակահար էր, պատճառ դարձաւ, որ ես երաժշտութեամբ զբաղիմ։ Շատ փոքր տարիքէն, չորս տարեկանէն ես արդէն սկսայ դաշնակի, եւ ան զիս տարաւ իր աւստրիացի ուսուցչին, որ իր՝ մօրաքրոջս ուսուցիչն ալ եղած է: Թէ՛ Կեդրոնական եւ թէ Էսաեան վարժարաններուն առընթեր, յաճախաեցի նաեւ երաժշտանոց, զոր աւարտեցի: Բայց իրականութեան մէջ երաժշտութիւնը տղամարդու մը համար ընդունելի ասպարէզ մը չէր ի վերջոյ, գործնական չէր։ Հետեւաբար մօրեղբայրներս, որոնք Արժանթին կը բնակէին, ուզեցին, որ ես շատ աւելի պիտանի գործ մը ունենամ: Քիմիական ճարտարապետութիւն ուսանելու համար Պոլսոյ մէջ արձանագրուեցայ Ամերիկեան գոլէճը, սակայն իմ փափաքս երաժշտութեան հետեւիլ էր։ Մօրաքոյրս ալ այդպէս կ՚ուզէր եւ բարեբախտաբար «Կիւլպէնկեան» հիմնարկէն կրթաթոշակ մը ստացայ Միացեալ Նահանգներու մէջ ուսանելու համար։ Այս ձեւով գոլէճի դասընթացքները կիսատ թողուցի ու մեկնեցայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
-Գո՞հ էք ձեր անցած ճանապարհէն: Շա՞տ դժուարութիւններ կային:
-Դժուարութիւնները անհամար են, սակայն փոխադարձաբար առաւելութիւններն ալ անհամար են, որովհետեւ այն անունը, զոր ես շահած եմ որպէս երաժիշտ, դաշնակահար, դժուար թէ կարելի ըլլար ունենալ պարզ քիմիական ճարտարապետութեամբ: Երբ Միացեալ Նահանգներ գացի՝ սորվեցայ, որ պէտք է ունենամ մասնագիտութիւն մը երաժշտական աշխարհէն ներս։ Իմ մասնագիտութիւնը եղաւ հայկական երաժշտութիւնը, որուն տիրացայ իմ հրեայ բարեկամին շնորհիւ։ Ես կ՚ուզէի չինական երաժշտութիւն ուսումնասիրել, որովհետեւ այդ շրջանին՝ 1970-ականներուն, Ամերիկա եւ Չինաստան մօտեցած էին իրարու։ Սակայն հրեայ բարեկամս ինծի ըսաւ՝ «Դուն չինացի չես, չինացիներուն հետ ի՞նչ գործ ունիս, դուն հայ ես, հայկական երաժշտութիւն մշակէ»։ Ու ես այս ձեւով սկսայ ուսումնասիրել հայկական երաժշտութիւնը։ Պոլսոյ մէջ հայ երաժշտութեան հանդէպ այնքան գիտութիւն չունէի: «Կոմիտաս» երգչախումբի երգեհոնահարն էի, Խաչատուրեան անունը ծանօթ էր… Այսքան միայն։ Բացի այս տեղեկութիւններէն ոչինչ գիտէի հայ երաժշտութեան մասին։ Երբ Միացեալ Նահանգներ հաստատուեցայ, շատ աւելի հայկական մշակոյթ կար հոն, ու երբ ուսումս կը շարունակէի, այդ ժամանակ զիս խրախուսեց հրեայ երաժշտագէտը։ Ստեղծուեցան առիթներ, որպէսզի ես կարեւոր հանրագիտարաններու մէջ գրեմ հայ երաժշտութեան մասին: Սփիւռքի հետ կապերու կոմիտէին կողմէ Հայաստանէն կը ստանայի հրատարակութիւններ, որոնք շատ օգտակար եղան ինծի։ Այսօր խոշոր գրադարան մը ունիմ հայկական երաժշտութան հրատարակութիւններու:
-Առաջին համերգը միշտ մը մնայ երաժիշտին հետ. ո՞րն էր Ձեր առաջին համերգը:
-Առաջին համերգը եղաւ 1975 թուականին, կազմակերպութեամբ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան։ Այս մէկը ձեւով մը դասախօսութիւն եղաւ՝ թէ՛ կը խօսէի եւ թէ կը նուագէի: Այդ ձեւով սկսայ եւ այդ ձեւով շարունակեցի ու այսօր ալ նոյն ձեւով կ՚ընեմ ելոյթներս: Հանդիսատեսը թէ՛ երաժշտութիւն կը լսէ, թէ՛ բան մը կը սորվի: Երբ կը խօսիս եւ ետքը կը նուագես, իմաստ մը կ՚առնէ նուագածդ:
Աւելի վերջ ուրիշ կազակերպութիւններ, մասնաւորաբար օտարներ, կարեւորելով, հրաւիրեցին զիս եւ այդ ձեւով ես շարունակեցի իմ աշխատանքս: Բնականաբար կը նուագեմ Պախ, Պէթհովէն եւ Պրամս, բայց այդ գործերը նուագողներ շատ կան, հայկական երաժշտութիւն նուագողներ շատ-շատ քիչ են: 1972 թուականին ես բախտաւորութիւնը ունեցայ ծանօթանալու, նուագելու եւ աշխատելու Արամ Խաչատուրեանին հետ: Ան Նիւ Եորքի իմ տունս եկաւ եւ միասին աշխատեցանք, եւ ատիկա ալ թերեւս դրդապատճառ մը եղաւ, որ ես շատ աւելի հետաքրքրուիմ հայ երաժշտութեամբ, մասնաւորաբար` Խաչատուրեանով, սակայն, վերջիվերջոյ, գիտցայ, որ բոլորին աղբիւրը Կոմիտաս Վարդապետին երաժշտութիւնն է:
-Կոմիտասի ամբողջական գործերը ձայնագրած էք: Ձայնագրութիւններու այդ ծրագիրը շարունակութիւն ունեցա՞ւ:
-Այո: Այդ մէկը շարք մըն էր, որուն սկսած է թրքական հաստատութիւն մը: Կոմիտասի դաշնամուրային գործերով սկսաւ, քանի մը ամիս առաջ երկրորդը հրատարակուեցաւ, որ 19-րդ դարուն ծնած հայ երաժշտահաններու գործեր են: Տակաւին վերջերս սկաւառակները Միացեալ Նահանգներ հասան, շուտով պիտի սկսին տարածուիլ: 19-րդ դարուն ծնած հայ երաժիշտներու գործերէն ետք կու գան Ալան Յովհաննէսին գործերը, չորրորդը պիտի ըլլայ սփիւռքահայ յօրինողներու գործերը, հինգերորդը պիտի տրամադրեմ Խաչատուրեանի գործերուն, վեցերորդը պիտի ըլլայ Հայաստանի յօրինողներու գործերը, եօթներորդը հայ կին յօրինողներու գործերը եւ ութերորդը պիտի ըլլայ հայ խոշոր երաժշտահաններու՝ երախաներու համար գրուած գործերը: Այդ ձեւով կ՚աւարտի այդ շարքը, ամբողջը նոյն ձեւաւորումը պիտի ունենայ՝ ծիրանի գօտիի եօթ գոյներով: Թրքական կազմակերպութիւնը կարեւորեց իմ կատարած այս գործը, եւ ստանձնեց սկաւառակներուն ձայնագրութիւնը:
-Ըսիք, որ Արամ Խաչատուրեանին հանդիպած էք: Ինչպէ՞ս ծանօթացաք եւ ի՞նչ կը յիշէք մեծ արուեստագէտէն:
-Երկու անգամ հանդիպեցայ իրեն, առաջինը 1969 թուականին էր, բարեկամներու միջոցաւ իր հիւրանոցը գացի: Ես այն ատեն բաւականին յօրինումներ կ՚ընէի եւ ուզեցի իր գաղափարը առնել։ Ան լաւ տպաւորուցաւ եւ նոյնիսկ ուզեց, որ ես Մոսկուա երթամ եւ իրեն հետ աշխատիմ, սակայն ատիկա կարելի չէր, որովհետեւ Նիւ Եորքի մէջ հաստատուիլ սկսած էի, նաեւ պէտք եղած ուսումը աւարտած էի։ Ան իր լուսանկարը ստորագրեց ինծի համար, ջերմ հանդիպում էր: Երկրորդ հանդիպման առիթը եղաւ իմ առաջին ձայնագրութիւնը՝ ամերիկեան հաստատութեան մը համար, որ Խաչատուրեանի՝ մանուկներու համար գրած երաժշտութիւնն էր: Այդ գործերը երբեք ձայնագրուած չէին, առաջին անգամ պիտի ձայնագրուէին։ Երբ իմացայ, որ Խաչատուրեան քաղաքը կը գտնուի, ես խնդրեցի իրմէ, որ անգամ մը նուագեմ, որպէսզի հեղինակաւոր իր կարծիքը ունենամ, ճիշդ նուագուին այդ գործերը, ինչպէս որ ինք կը փափաքի: Ուրեմն, գացի օր մը եւ խնդրեցի, որպէսզի նուագեմ, ինծի ըսաւ՝ «Եթէ կ՚ուզես, ես սթիւտիօ մը կը վարձեմ», ես ալ պատասխանեցի՝ «Բացարձակապէս պէտք չկայ, Դուք եկէք իմ տունս, ես կը նուագեմ»: Իրապէս, շատ հետաքրքրական հանդիպում մըն էր, զանազան տեսակէտներով, երեք ժամ մնաց քովս եւ իր բոլոր գործերը գրեթէ նուագեցի իրեն, ինքը որոշ թելադրանքներ եւ քննադատութիւններ ըրաւ ու վերջաւորութեան ըսաւ, որ ամէն ինչ շատ լաւ պիտի ըլլայ։ Ու այդ հանդիպումէն քանի մը շաբաթ վերջ ես ձայնագրեցի: Արամ Խաչատուրեանի՝ երախաներու համար գրուած գործերը իմ առաջին ձայնագրութիւնս եղած է: Ցարդ 23-24 հատ ձայնագրութիւն ունիմ:
-Աշխարհի մէջ այսօր քիչ չեն հայ յօրինողները, բայց որոնք կարծես շատ ծանօթ չեն Հայաստանի մէջ, ի՞նչն է պատճառը:
-Ատիկա քիչ մը իրենց, քիչ մը Հայաստանի մեղքն է: Կան, այո, բաւականին կան: Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Հարաւային Ամերիկայի մէջ շատ կան: Խորհրդային տարիներուն սփիւռքահայ յօրինողներուն բացարձակ կարեւորութիւն չէր տրուեր: Նոյնիսկ Մանասը, որ շատ խորացուած մէկն էր, Խորհրդային Հայաստանի մէջ իր մասին կ'ըսէին «պրիվիթիւ» երաժշտահան: Այն ատեն եթէ խորհրդային վարչակարգի ժամանակ մեծցած մէկը չէ, կարեւորութիւն չէին տար: Նոյնիսկ Հայաստանի դաշնակահարները աւելի լաւ կը դիտուէին, քան՝ դուրսը ապրող հայ դաշնակահարները: Հայաստանի յօրինողներէն ալ դուրսը ամենէն ծանօթը Խաչատուրեանն էր: Իսկ հայ երաժիշտներէն դժբախտաբար, Կոմիտաս, հակառակ իր մեծութեան, այդչափ ճանչցուած չէ։ Ես շատ կը ջանամ, իմ գործունէութեամբ, Կոմիտասի գործը ծանօթացնել։ Այս ամսուան ընթացքին ալ ամերիկեան համա-լըսարաններու մէջ դասախօսութիւն ունիմ՝ թէ՛ պիտի նուագեմ, թէ՛ պիտի խօսիմ եւ թէ սահիկներու ցուցադրութիւն պիտի կատարեմ՝ իր կեանքի նկարներէն:
-Հայկական երաժշտութիւնը ճանչ-ցըւա՞ծ է աշխարհի տարածքին:
-Հետզհետէ պիտի ճանչցուի, սակայն այդ պարտականութիւնը մերն է, ուրիշինը չէ: Բացի մեզմէ, Հայաստանի երիտասարդութիւնն ալ ջանք պէտք է տանի այդ առումով: Մենք պէտք է կեդրոնանանք հայ երաժշտութեան վրայ: Աշխարհի մէջ կան իսկապէս շատ յաջող կատարողներ, որոնք օտար երաժշտութիւն կը ներկայացնեն, մենք պիտի ներկայացնենք մերը:
-Երիտասարդները հետաքրքրուա՞ծ են հայ երաժշտութեամբ, ի՞նչ ունիք ըսելու անոնց:
-Հիմա՝ այո: Կայ հետաքրքրութիւն մը: Ես իմ հովանիիս տակ ունիմ երկու հայ երիտասարդներ, մէկը` թաւջութակահարուհի, տասը տարեկան, միւսը նորէն տասը տարեկան՝ ջութակահար: Պզտիկ համերգ մը կազմակերպած ենք, մօտ ապագային անոնք Մոնրէալի մէջ պիտի նուագեն, թէ՛ իրենք առանձին ինծի հետ պիտի նուագեն, թէ՛ երկուքը միասին պիտի նուագեն ջութակի եւ թաւջութակի համար, եւ վերջաւորութեան ալ, եռեակի համար նուագ մը պիտի նուագենք երեքս միասին: Եթէ մենք կարենանք այլ վայրերու մէջ ալ ունենանք նման ելոյթներ, թէ՛ իրենք կը քաջալերուին եւ թէ ժողովուրդը կը տեսնէ, որ այդքան երիտասարդ երախաներ կը հետաքրքրուին հայկական երաժշտութեամբ: Ակը չէ փակուած, ակը կը հոսի:
Ես հայ երիտասարդ երաժիշտներուն, կամ այն երիտասարդներուն, որոնք կ՚ուզեն երաժշտութեան հետեւիլ, կ՚ուզեմ ըսել, որ իրենց տեղը գտնեն աշխարհի մէջ, եւ հնարաւորինս մօտ մնան հայ արուեստին, հայ երաժշտութեան:
Դժուարութիւններ պիտի ըլլան։ Ես ալ շատ դժուարութիւններ ունեցած եմ իմ ուղիին վրայ յառաջանալու համար, սակայն ես կրցած եմ յաղթել այդ դժուարութիւններուն: Միշտ աւելին կ՚ուզեմ, եւ ամէնքն ալ իրենց ասպարէզին մէջ, կարծեմ, միշտ աւելին կ՚ուզեն: Եթէ աւելին չտեսնես, բանի մը չես հասնիր։ Ապագայ մը պէտք է տեսնես, որպէսզի յառաջանաս:
-Ի՞նչ պէտք է երաժիշտի մը` յաջողութեան հասնելու համար:
-Բախտը շատ կարեւոր է: Նոյնպէս շատ կարեւոր է մարդոց հետ յարաբերութիւն մշակելը, կապ հաստատելը։ Եւ վերջապէս շատ կարեւոր է նաեւ հարուստ մարդիկ ճանչնալը եւ անոնց հետ կապ հաստատելը: Անշուշտ, տաղանդը եթէ չըլլայ, գործ չունիս այս ասպարէզին մէջ, բայց տաղանդը միայն բաւարար չէ: Տաղանդը տուեալ մըն է, բայց ամէն ինչ չէ:
-Առաջին անգամ ե՞րբ Հայաստան եկաք եւ ինչպէ՞ս կը տեսնէիք մտաւորականներուն վիճակը:
-1975 թուականին եկայ, եւ մղիչ ուժը Եդուարդ Միրզոյեանն էր: Այն ատեն կը տեսնէի այն խոշոր առաւելութիւնները, որոնք կային Խորհրդային Միութեան օրերուն՝ մշակոյթէն ներս: Այսօր գոյութիւն չունին այդ առաւելութիւնները, մտաւորական խաւը անտեսուած է, կառավարութիւնն ալ անհրաժեշտ ուշադրութիւնը չի դարձներ, աւելի կը հետեւին պիզնըսի: Սփիւռքը անկախութենէն ետք բաւականին օգնեց հայ երաժիշտներուն, ես ալ աջակցեցայ, որպէսզի օժանդակութիւն մը ըլլայ, եւ այդ օժանդակութիւնը Եդուարդ Միրզոյեանի միջոցով կ՚ընէինք, բայց այսօր դադրած է այդ ծրագիրը:
-Տեղեակ ենք, որ Սիրվարդ Գարամանուկն ալ սատարած է Հայաստանին, Վանաձորի մէջ գործող Տարեցներու տունը վերաբացուած է նաեւ անոր օժանդակութեամբ: Ինչպէ՞ս տեսաք տարեցներու տունը այս անգամ, երբ այցելեցիք:
-Սիրվարդ Գարամանուկը նաեւ Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին սատարած է, Պետական երաժշտանոցին մէջ ամբողջական գրադարան մը ստեղծած է: Իսկ տարեցներու տունն ալ, ուր կը հանդիպիմ իմ ամէն այցի ընթացքին, միշտ ուշադրութեանս տակ է, վերաբացուած է «Գէորգ եւ Սիրվարդ Գարամանուկ» հիմնադրամին միջոցներով։ Յիսունէ աւելի ծերեր կ՚ապրին հոն, լաւ վիճակի մէջ են, խնդումերես, ուրախ են, պետութիւնն ալ որոշ օժանդակութիւն մը ունի, աշխոյժ վիճակի մէջ է հաստատութիւնը:
-Ի՞նչ ծրագրեր ունիք այս տարուան ընթացքին:
-Հաւանաբար 22 Ապրիլին Պոլսոյ մէջ իմ մասնակցութիւնը պիտի բերեմ ձեռնարկի մը, որ թրքական կառավարութեան հասկցողութեամբ տեղի կ՚ունենայ: 6 Մայիսին ամերիկեան գրանակութեան հետեւողներու ակումբն ալ ունի ձեռնարկ մը, որուն ալ պիտի մասնակցիմ, իսկ Ուաշինկթընի մէջ 7 Մայիսին կայ Մեծ համերգը, որուն նոյնպէս մասնակցութիւն ունիմ: Բոլոր ելոյթներուն ալ պիտի ներկայացնեմ հայկական երաժշտութիւն:
-Հայ երաժիշտները համախմբուա՞ծ են աշխարհով մէկ, կը ճանչնա՞ն զիրար:
-Ես ամէնքը կը ճանչնամ, բոլորին ալ հասցէն ունիմ։ Կապի մէջ եմ Հարաւային Ամերիկայէն մինչեւ Հայաստան: Շատ հայ երաժիշտ կայ. ԱՄՆ-ի մէջ, Գանատայի մէջ, այսօր նոյնիսկ Էքուատորի մէջ շարժում մը կայ հայ երաժիշտներու, հիմնականը` հայաստանցիներ են: Համախմբուած չենք, բայց գիտեմ, որ մենք միութեամբ է, որ զօրաւոր կ՚ըլլանք, ատիկա մեր ուժն է, միութիւնը, համախմբուածութիւնը մեզ կը զօրացնէն: Բայց հայերը տգեղ սովորութիւն մը ունին, կամ ազգային գիծ մըն է ատիկա. կը նախանձին իրարու, երբ մէկը յաջողութիւն կ՚արձանագրէ: Ատիկա մեր ազգային նկարագրին մէջ է կարծես, բայց գիտակցաբար կարելի է մօտենալ այդ հարցին, եւ ջանքով յաջողցնել, որպէսզի մենք զիրար սիրենք:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ