ՀԱՐԱԶԱՏ ԲՈՒՐՄՈՒՆՔ
1989, Վենետիկ:
Յարգելի վարդապետ մը, որուն անունը այժմ չեմ կրնար մտաբերել, եւ ես երկիւղածութեամբ մուտք կը գործենք Santa Maria Gloriosa dei Frari եկեղեցին:
Եկեղեցւոյ մէջ թուով քիչ մարդիկ ըլլալուն համար աւելի խորհրդաւորութիւն կը զգայի: Երբ լուռ կը դեգերէի, եկեղեցւոյ բոլոր մանրամասնութիւնները տեսնելու համար, եկեղեցւոյ մէջ տեղադրուած ծաւալով մեծ նկար մը զարմանալիօրէն մագնիսի պէս զիս իր քով քաշեց:
Այժմ բառեր չեն գար միտքս, որպէսզի արժեւորումս ու տպաւորութիւնս յայտնեմ, բայց մէկ բան կրնամ ըսել, թէ նկարը զիս իր դիմաց տաս վայրկեան անշարժացուց:
Ինծի ընկերակցող վարդապետը մեղմ ձայնով ինծի ըսաւ, թէ նկարին հեղինակը Թիցիանօն է եւ նկարը կը կոչուէր «Աստուածածնի վերափոխումը»: Ապա դառնալով ինծի հարցուց, թէ հայկական շունչ կը զգայի՞ նկարին մէջ: Հայկական շունչ ուրկէ՞ ո՞ւր. հազար մղոն հեռու մեր հայրենիքէն՝ Վենետիկ ապրող Թիցիանօն եւ Աստուածածնայ վերափոխումը մեզի հետ առընչուած ի՞նչ կրնար ունենալ: Հարցումը սկսաւ միտքս չարչրկել եւ սկսայ աւելի ուշադիր դիտել նկարը:
Հետաքրքրութիւնս աւելի կ՚աճէր մէջս ու սկսայ զննող աչքերով որոնել «մեր»ը, բայց ի զուր. եզրակացութեան մը չէի կրնար յանգիլ: Արդեօք Թիցիանօն Աստուածածնի կերպարը հայ կնոջ մը պատկերո՞վ արտայայտած էր: Բայց Աստուածածնի գծագրուած կերպարը շատ հեռու էր հայը բնորոշող գիծերէն: Զուտ իտալացիի կերպարով ներկայացուած էր ան:
Ես մեր Աստուածածնին կերպարը լաւ ճանչնալուս համար այդ եզրակացութիւնս ջնջեցի մտքէս:
Քիչ ետք վարդապետը դարձեալ ցած ձայնով, վստահաբար եկեղեցւոյ անդորրութիւնը չխանգարելու միտումով, աւելի մօտենալով ինծի, ըսաւ.
-Կարմիր գոյնին լաւ ուշադիր եղի՛ր: Հոն է որ պիտի զգաս հայկական շունչը...:
Անմիջապէս եզրակացուցի, թէ այդ ժամանակ Թիցիանօն ընտիր կարմիր գոյն չգտնելուն համար մեր հայոց որդան կարմիրը գործածած էր իր ստեղծագործութիւններուն համար:
Այդ վայրկեանին Աստուածածնայ վերափոխումը մուտք գործեց հոգիէս ներս: Այդ օրուընէ Թիցիանօն հարազատ դարձաւ ինծի: Որդան կարմիրին բուրմունքը առնելով հպարտօրէն դուրս ելայ եկեղեցիէն:
Վենետիկի մէջ մէկ տարուան կեցութեանս ընթացքին շաբաթը մէկ օր կ՚այցելէի Թիցիանոյին, օտար ափերու վրայ առնելու համար բուրմունքը հայոց որդան կարմիրին:
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Պէյրութ