«ՄԱՐԱԼ»Ի ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԶՕՐԱԿՈՉԸ

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի պա­րի հա­մոյ­թը ի­րե­րա­յա­ջորդ փոր­ձե­րով կը պատ­րաս­տուի յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 28-ին՝ Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան ան­սամպ­լին հետ նա­խա­տե­սուած հա­մա­տեղ ե­լոյ­թին։ Հար­պի­յէի մէջ, Իս­թան­պու­լի Հա­մա­գու­մար­նե­րու մի­ջազ­գա­յին կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ այս ե­զա­կի ձեռ­նար­կը, ո­րուն հա­մար գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Կար­պիս Չափ­քան եւ իր սա­նե­րը կը պատ­րաս­տուին մեծ ե­ռան­դով։ Օ­րուան յայ­տագ­րին մէջ ընդգր­կուած է քսան պար։ Այս պա­րե­րուն տասն­չոր­սը պի­տի ներ­կա­յա­ցուին Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան ան­սամպ­լին կող­մէ, իսկ մնա­ցեալ վեց հա­տը՝ «Մա­րալ»ի։ Թէեւ յայ­տագ­րի գե­րակ­շիռ բաժ­նին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը պի­տի վի­ճա­կի հիւ­րե­րուն, սա­կայն «Մա­րալ»ի ըն­տա­նի­քը քաջ կը գի­տակ­ցի այս ձեռ­նար­կի կա­րե­ւո­րու­թեան։ Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան ան­սամպ­լին հետ նոյն բե­մը բաժ­նե­լը թէ՛ մեծ պա­տիւ մը եւ թէ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ե­զա­կի հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն է «Մա­րալ»ին տե­սա­կէ­տէ։ Ար­դա­րեւ, նման մա­կար­դա­կի մը վրայ ու­ժե­րը չա­փե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը մե­ծա­պէս կը խան­դա­վա­ռէ «Մա­րալ»ի ըն­տա­նի­քը։ Կար­պիս Չափ­քա­նի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ բո­լոր մա­րալ­ցի­նե­րը անս­պառ ե­ռան­դով մը կ՚աշ­խա­տին ու կը գի­տակ­ցին, թէ սոյն ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին ար­ձա­նագ­րուե­լիք յա­ջո­ղու­թիւ­նը ար­դէն նոր հար­թու­թեան մը վրայ կրնայ դնել «Մա­րալ»ի ընդ­հա­նուր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած շա­բա­թա­վեր­ջի հեր­թա­կան փոր­ձէն վերջ Կար­պիս Չափ­քան մե­զի յայտ­նեց, որ բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տանք մը կը տա­նին թէ՛ կազ­մա­կերպ­չա­կան եւ թէ գե­ղա­րուես­տա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։ Մեր հա­մայն­քի յայտ­նի բա­րե­րար­նե­րէն Ա­րէտ եւ Մո­նիք Եր­կա­նեան ա­մո­լին հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կը անգ­նա­հա­տե­լի եւ ող­ջու­նե­լի կա­րե­լիու­թիւն մըն է իս­թան­պու­լա­հայ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ «Մա­րալ»ի ըն­տա­նի­քը ջանք չի խնա­յեր, որ­պէս­զի այս ձեռ­նար­կին վրայ դրուած յոյ­սե­րը ար­դա­րա­նան լիու­լի։ Թէ՛ կազ­մա­կերպ­չա­կան ա­ռու­մով կա­տա­րեալ եւ թէ գե­ղա­րուես­տա­կան ա­ռու­մով ծա­փա­հա­րե­լի ար­դիւն­քի մը հաս­նե­լու հա­մար զօ­րա­կո­չի մէջ է «Մա­րալ»ի ըն­տա­նի­քը։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016