ՅԱՐԳԱ՜ՆՔ ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻՆ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան բիւր յար­գան­քով ո­գե­կո­չեց Յա­կոբ Պա­րո­նեա­նը։ Թա­ղի «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կով ֆէ­րի­գիւղ­ցի­նե­րը պան­ծա­ցու­ցին ան­մահ եր­գի­ծա­բա­նին յի­շա­տա­կը՝ մա­հուան 125-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ։ Բազ­մա­թիւ գրա­սէր­ներ մաս­նակ­ցե­ցան այս ձեռ­նար­կին, ո­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ներ­կայ էին Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան, Ֆէ­րի­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան, այլ հիւ­րեր եւ գրա­սէր­ներ։

Յայ­տագ­րի պատ­րաս­տու­թիւ­նը վե­րահս­կած էին՝ ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Հե­րա Իս­քէն­տէ­րօղ­լու, Ար­մե­նու­հի Պա­լա­մեան, Մե­լի­սա Ֆե­րա­հեան եւ Նա­թա­լին Եըլ­մազ։ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը հան­դէս ե­կան յա­ջող ե­լոյթ­նե­րով։ Պա­րո­նեա­նի գոր­ծե­րէն դրուագ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին՝ Ար­թուն Չիք­տէմ, Մա­սիս Քա­րա, Շի­լա Եա­նար, Լե­նա Սա­րըօղ­լու, Աք­սէլ Իս­քէն­տէ­րօղ­լու, Տա­րօն Սի­րա­կա­նեան, Ա­լէն Ու­ղուր­լուեիւզ, Լիա Սա­րըօղ­լու, Ա­նի Չո­լաք, Ա­րի Հե­րոս Յա­կո­բեան, Ռոյ Այ­վա­զօղ­լու, Ա­րի Ար­ման Քա­յաօղ­լու, Մա­րալ Էօզ­պայ­սալ, Ա­լէն Հրան­դօղ­լու, Մա­րալ Էօ­զեըլ­մազ, Առ­լին Ալ­թուն­քե­սէր եւ Ա­րիս Չա­քըր։ Յայ­տագ­րի ա­ռա­ջին բաժ­նին մէջ տղա­քը դրուագ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին «Մե­ծա­պա­տիւ մու­րաց­կան­ներ»էն, իսկ երկ­րորդ բաժ­նին մէջ՝ «Քա­ղա­քա­վա­րու­թեան վնաս­նե­րը»էն։ Յա­կոբ Պա­րո­նեա­նի այս եր­կու նշա­նա­ւոր գոր­ծե­րէն ներ­կա­յա­ցուած դրուագ­նե­րը ար­ժա­նա­ցան հան­դի­սա­տես­նե­րու ծա­փա­հա­րու­թեան։ Ըն­թաց­քին մե­ծա­նուն եր­գի­ծա­բա­նի կեն­սագ­րու­թեան գի­ծե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին Էլ­լա Ե­նո­քեան եւ Ա­լեքս Տե­միր։ Հարկ է նշել, որ բե­մին կող­քը զե­տե­ղուած էր Յա­կոբ Պա­րո­նեա­նի կի­սանդ­րին։

Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին Ար­փի Մա­նու­կեան հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին շնոր­հա­ւո­րեց ա­շա­կերտ­ներն ու ու­սու­ցիչ­նե­րը։ Հուսկ բան­քը ար­տա­սա­նեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ այս ձեռ­նար­կին մաս­նա­կից ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ծրա­գի­րը վե­րահս­կած կրթա­կան մշակ­նե­րուն մա­սին։ Ան վեր­յի­շեց Ե­րու­սա­ղէ­մի վան­քի ա­շա­կեր­տու­թեան տա­րի­նե­րը, երբ Յա­կոբ Պա­րո­նեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ ըն­կեր­նե­րով կը պատ­րաս­տէին ներ­կա­յա­ցում­ներ։

Ե­րե­կոյ­թի ա­ւար­տին բո­լոր հան­դի­սա­տես­նե­րը գնա­հա­տան­քի ա­ռար­կայ դար­ձու­ցին օ­րուան յայ­տագ­րին մաս­նա­կից ա­շա­կերտ­նե­րը եւ ի­րենց ու­սուց­չու­հի­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2017