ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին կը նշէ Յի­սուս Քրիս­տո­սի Համ­բարձ­ման տօ­նը, որ իբ­րեւ տէ­րու­նի տօն, կը նշուի Քրիս­տո­սի յա­րու­թեան 40-րդ օ­րուան հան­դի­պող  Հինգ­շաբ­թին:

«Համ­բար­ձում» կը նշա­նա­կէ բարձ­րա­ցում: Համ­բար­ձու­մը յա­րու­ցեալ Յի­սու­սի մարմ­նով եր­կինք բարձ­րա­նա­լու եւ Հօր աջ կող­մը նստե­լու յի­շա­տակն է: Այս տօ­նը կ՚եզ­րա­փա­կէ Քրիս­տո­սի երկ­րա­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան եւ ա­ւե­տա­րա­նա­կան պատ­մու­թեան շրջա­նը:

Համ­բարձ­ման դէպ­քը նկա­րագ­րուած է Նոր Կտա­կա­րա­նին մէջ (Մարկ. ԺԶ 19-20, Ղուկ. ԻԴ 50-53, Գործք Ա 9-11): Ս. Յա­րու­թեան մեծ եւ հրա­շա­փառ դէպ­քէն յե­տոյ ան­ցած էին քա­ռա­սուն օ­րեր, ո­րոնց ըն­թաց­քին յա­րու­ցեալ Տէ­րը խորհր­դա­ւոր կեր­պով, բայց միշտ մարդ­կա­յին կեր­պա­րան­քով բազ­միցս ե­րե­ւե­ցաւ վշտա­բեկ եւ յու­սա­հատ իր ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ զա­նոնք վե­րա­հաս­տա­տե­լով ի­րենց ա­ռա­քե­լա­կան կոչ­ման եւ հա­ւատ­քի մէջ: Յա­րու­ցեալ Քրիս­տոս այդ 40 օ­րե­րու ըն­թաց­քին շա­րու­նա­կեց քա­րո­զել՝ ե­րե­ւե­լով իր ա­շա­կերտ­նե­րուն: Իր հան­դի­պում­նե­րու ժա­մա­նակ Ան միշտ կը խօ­սէր երկն­քի ար­քա­յու­թեան մա­սին, կը յու­սադ­րէր, կը քա­ջա­լե­րէր եւ կը մխի­թա­րէր, որ­պէս­զի Իր՝ եր­կինք եր­թա­լուն պատ­ճա­ռով չտրտմին: Տէր Յի­սուս ա­նոնց մէջ սեր­մա­նեց նաեւ համ­բե­րու­թիւն եւ ա­րիու­թիւն. համ­բե­րու­թիւն` յոյ­սով սպա­սե­լու զԱյն` նա­խա­պէս տուած խոս­տու­մին ի­րա­գործ­ման, եւ ա­րիու­թիւն` ընդ­դէմ գա­լիք փոր­ձու­թիւն­նե­րու, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նան ա­ներ­կիւղ քա­րո­զել Ա­ւե­տա­րա­նը:

Հին ա­տեն Համ­բար­ձու­մի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը կը սկսէին Չո­րեք­շաբ­թի: Կի­նե­րը այդ օ­րը կը կո­չէին Ծաղ­կա­մօր Կի­րա­կի: Ծաղ­կա­մայ­րը, ըստ ա­ւան­դու­թեան, քրիս­տո­նեայ Վար­վառ կոյսն է, որ կռա­պաշտ հօր­մէն փա­խուստ տա­լով կ՚ա­պաս­տա­նի Աշ­տա­րա­կի մօտ գտնուող Ա­րա­յի լե­ռը: Հայ­րը կը հե­տապն­դէ աղ­ջի­կը, զայն կը գտնէ քա­րան­ձա­ւին մէջ եւ կը սպան­նէ: Մա­հա­նա­լէն ա­ռաջ աղ­ջի­կը կը խնդրէ Աս­տուծ­մէ, որ ծա­ղի­կի եւ կարմ­րուկ հի­ւան­դու­թիւն­ներ ու­նե­ցող մա­նուկ­նե­րը բժշկուին. այդ­պէս ալ կ՚ըլ­լայ, եւ այդ քա­րան­ձա­ւը կը դառ­նայ ուխ­տա­տե­ղի: Քա­րան­ձա­ւի պա­տե­րէն մնա­յուն կեր­պով ջուր կը հո­սի. ժո­ղո­վուր­դը կը հա­ւա­տայ, որ ա­նոնք Վար­վա­ռէ կոյ­սին ար­ցունք­ներն են:

Համ­բար­ձու­մին նաեւ կը կա­տա­րուի վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն եւ ծաղ­կա­հա­ւաք: Ջու­րով լե­ցուն կու­ժի կամ ա­մա­նի մէջ կը տե­ղադ­րուին ծա­ղիկ­ներ եւ ներ­կայ աղ­ջիկ­նե­րուն պատ­կա­նող ի­րեր: Դե­ռա­տի աղ­ջիկ մը ճեր­մակ զգեստ կը հանգ­նի, կը վերց­նէ կու­ժը եւ կը շրջի տան մէջ. կու­ժէն դուրս բե­րուած ա­ռա­ջին ա­ռար­կա­յին տի­րոջ մօ­տա­լուտ ա­մուս­նու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սուի: Ա­պա իւ­րա­քան­չիւր ի­րի հետ կ՚ընտ­րուի վի­ճա­կա­հա­նու­թեան տոմս մը, ուր գրուած խրա­տը կամ նա­խա­տե­սու­թիւ­նը ուղ­ղուած կ՚ըլ­լայ ա­ռար­կա­յին տի­րոջ:

ՇՈՒ­ՇԻԿ ՄԱ­ՒԻ­ՍԱ­ԳԱ­ԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մայիս 5, 2016