«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ» ՆԻՒԹՈՎ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ՝ «Հայկական պատմամշակութային արժէքները մերձաւոր Սփիւռքէ ներս» նիւթին վերաբերեալ քննարկում մը։ Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան, որ կը ղեկավարէ Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնարկը։
Հաւաքոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Սամուէլ Կարապետեանի կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։ Ըստ իրեն, պէտք է անպայման արձանագրուին աշխարհի բոլոր հայկական յուշակոթողներն ու եկեղեցիները։
Աւելի վերջ Սամուէլ Կարապետեան ներկայացուց իր հիմնադրած եւ այժմ գլխաւորած հիմնարկի ստեղծման պատմութիւնը, ծաւալած աշխատանքը եւ այդ հիման վրայ լոյս տեսած գիրքերը։ Ան անդրադարձաւ «Ատրպէյճանի քաղաքակրթութենէ դուրս» եռալեզու գիրքին։ Բանախօսը ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց այս աշխատութեան քաղաքական նշանակութեան ու կարեւորութեան։ Այդ գիրքին մէջ տեղ գտած նիւթերը կը վերաբերին 4-20-րդ դարերու 120 յուշարձաններուն։
Սամուէլ Կարապետեան նշեց, որ այդ գիրքի լուսա-նըկարներուն մեծամասնութիւնը իր կողմէ նկարահանուած են։ Անոնցմէ մէկ մասը նկարահանուած են տիեզերքէն, իսկ որոշ լուսանկարներ ալ օտարազգիներու կողմէ փոխանցուած են իր կազմակերպութեան։
Հաւաքոյթի տեւողութեան յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան ընդգծեց, որ օտարազգի ուսումնասիրողները կը հետաքրքրուին Ատրպէյճանի ներկայ տարածքէն ներս գտնուող հայկական յուշարձաններով։ «Սկովտիացի ուսումնասիրող մը, որ ունէր երեք շաբթուան վիզա, հնարաւորութիւն չունեցաւ Նախիջեւանի մէջ աշխատելու։ Երեք օրուան ընթացքին անոր հասկնալի դարձուցին, որ պէտք է հեռանայ։ Հայկական յուշարձանները մեր անձնագրերն են, Ատրպէյճան կը վախնայ մեր անձնագրերէն», նշեց Սամուէլ Կարապետեան։
Յուշարձանագէտը անդրադարձաւ նաեւ տարածքաշրջանի միւս երկիրներու, Հնդկաստանի, Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի երկիրներու հայկական յուշարձաններուն։
Ձեռնարկի ընթացքին Սամուէլ Կարապետեան պատասխանեց ուսանողներու, սփիւռքահայ մտաւորականներու հարցումներուն, որոնցմէ վերջ ներկաները դիտեցին յուշարձաններու վերաբերեալ հեղինակային ժապաւէն մը։
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024