«ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԱՅԻՆ ՆԱՒԸ՝ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ

Մինչ աշխարհը զբաղած է քորոնա վարակի տագնապին յարուցած զանազան խնդիրներով, վերջերս Ուքրայնոյ հարաւը, Խրիմի մէջ, կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ: Հետազօտողները Խրիմի ափերուն, ծովուն խորքերը գտան պատմական «Արմենիա» ջերմանաւը: Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն գերմանացիներուն կործանած այս նաւը, որ կոչուած է «Խորհրդային Թիթանիք», գտնուեցաւ երկար տարիներու փնտռտուքէ ետք: Ըստ տուեալներուն, «Արմենիա» նաւուն մէջ աւելի շատ մարդ եղած է, քան՝ 1912 թուականին Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ խորտակուած «Թիթանիք»ին վրայ, բայց «Արմենիա» նաւուն կործանումը նոյնքան աղմկալից չէր, որքան եղաւ «Թիթանիք»ի պարագային:

Ռուսական աշխարհագրական միութեան մամուլի ծառայութեան հաղորդած լուրը՝ «Արմենիա» նաւուն վերջապէս գտնուելուն մասին, լրատուամիջոցներով իսկոյն տարածուեցաւ, շատեր անմիջապէս յիշեցին տասնամեակներ շարունակ այս նաւու որոնումներուն մասին եղած լրատուութիւնը, որ վերջերս կարծես մոռացութեան մատնուած էր: Բայց քսան տարի տեւած որոնողական ջանքերը արդիւնք տուած են եւ ստորջրեայ հնագէտները վերջապէս գտած են պատմական նաւը, որուն իսկութիւնը փաստած է նաւազանգուածին վրայ գրուած «Արմենիա» անունը: Ռուսական աշխարհագրական միութեան Խրիմի ափերէն տարածուած տեսանիւթը կարծես անդրաշխարհային կեանքին մասին է:

Այսօր աշխարհի մէջ բոլորովին ուրիշ տրամադրութիւն կը տիրէ եւ այդ մէկը չի վերաբերիր ծովային հետազօտողներուն: Քորոնա վարակին պատճառով անոնք ոչ մէկ օր դադրեցուցած էին իրենց որոնողական աշխատանքները: Գտնուած ջրամոյն նաւուն պատկերը այսօրուայ իրականութենէն դուրս է, բայց այսօր ալ աշխարհի մէջ նաւեր տակաւին փախստականներ կը փոխադրեն եւ միշտ չէ, որ բարեյաջող տեղ կը հասնին… Այդպէս եղած է նաեւ 1941 թուականին, երբ գերմանական օդուժը ռմբակոծած է Խրիմէն վիրաւորներ, փախստականներ եւ քաղաքացիներ տարհանող «Արմենիա» նաւը, որուն վրայ խորտակման ժամանակ, զանազան հաշուարկներով, 5-10 հազար մարդ կար:

Այդ մէկը մարդկութեան պատմութեան ամենամեծ նաւաբեկութիւնն էր, որուն մասին գիրքեր գրուած են, նկարահանուած են շարժանկարներ եւ ամենամեծ ծովային աղէտներէն մէկը այսօր ալ տակաւին կ՚ուսումնասիրուի, նոր փաստեր ի յայտ կու գան:

«Արմենիա» նաւուն որոնողական աշխատանքները իրականացուցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ Ռուսական աշխարհագրական միութեան ստորջրեայ հետազօտութիւններու կեդրոնին մասնագէտներուն հետ: Նաւը գտնուած է Խրիմէն 15 ծովային մղոն հեռաւորութեան եւ 1.5 քիլօմեթր խորութեան վրայ եւ այն գտնելու համար պահանջուած է 300 քառակուսի քիլօմեթր տարածքի ուսումնասիրութիւն՝ քսան տարիներու ընթացքին: Գործողութիւններէն մէկուն կը մասնակցէր նոյնիսկ ամերիկացի յայտնի ովկիանոսագէտ Ռոպերթ Պալարտ, որ 1985 թուականին յայտնաբերած էր «Թիթանիք»ը, իսկ 1989 թուականին՝ գերմանական «Պիսմարք» գծանաւուն բեկորները։

Ռուս մասնագէտներէն զատ, «Արմենիա» նաւը հետաքրքրած է նաեւ ուրիշ պետութիւններ եւ հետազօտողներ.

2000 թուականին Ուքրայնոյ Ծովային ժառանգութեան բաժինը սկսած է որոնել «Արմենիա»ի մնացորդները, սակայն ոչ մէկ արդիւնքի հասած:

Քանի որ նաւը խորտակուած է այսօրուայ Ուքրայնոյ ջրային տարածքներուն, ապա 2006 թուականին ուքրանական կողմի խնդրանքով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ովկիանոսային եւ մթնոլորտային ազգային վարչութիւնը որոնողական աշխատանքներու սկսած է նաւուն ենթադրեալ կործանման վայրին մէջ, գտած է բազմաթիւ նաւերու մնացորդներ, բայց ըստ ուսումնասիրութիւններուն, անոնցմէ ոչ մէկը «Արմենիա» նաւուն չեն պատկանած:

2008 թուականին «Արմենիա»ի որոնումներով զբաղող ամերիկեան Pathfinder նաւուն ռուսական կողմը մեղադրած է լրտեսութեան մէջ:

2014 թուականին աւստրալական GeoResonance ընկերութիւնը յայտարարած է, թէ 2005 թուականի իր գործողութիւններուն արդիւնքով գտած է «Արմենիա»ի մնացորդները, սակայն ոչ մէկ ապացոյց կայ, որ ատոնք նոյնինքն «Արմենիա»ի մնացորդներն են, քանի որ պատմական փաստերը կը վկայեն, թէ Երկրորդ աշխարհամարտի ընթացքին խորտակուած են «Արմենիա» ապրանքանիշի, բայց «Աճարիա» դասին պատկանող երեք քոյր նաւեր:

Ռուսական Պաշտպանութեան նախարարութեան մասնագէտները «Արմենիա» նաւուն հետքին վրայ կանգնած են երեք տարի առաջ՝ 2017 թուականին անոնց կատարած որոնողական գործողութիւններուն ընթացքին մագնիսաչափը ծովու յատակին մագնիսային շեղում՝ զարտուղութիւն յայտնաբերած է: Այդ մէկը հետազօտողները հանգիստ չէ ձգած. 2020 թուականի մարտին, հերթական որոնողական աշխատանքներուն ընթացքին, ստորջրեայ հնագէտները գործածեցին ջրաձայնային կայան մը եւ այդ տեղը մանրակրկիտ ուսումնասիրեցին հեռուէն կառավարուող գերժամանակակից լուսաձայնային գործիքներով: Գործիքին ուրուագծած պատկերները յիշեցուցին «Արմենիա» նաւուն պատկերը, որուն վերականգնած գծագիրը համակարգչային մասնագիտական մշակում անցած եւ հաստատուած էր մասնագէտներու կողմէ: Անհրաժեշտ եղաւ ստորջրեայ գործիքի քանի մը իջեցում՝ հաստատելու համար, որ յայտնաբերուած նաւը «Արմենիա»ն է։ Ի վերջոյ, նաւազանգուածին վրայ նաւուն արտադրական «Արմենիա» անուանումը փաստած է գտածոյին իսկութիւնը: Գտնուած նաւուն մէկ մասը պատուած է հաստ տիղմով, բայց կմախքը ակնյայտ ճեղքուածքներ չունի եւ այդ մէկը կը բացառէ, որ նաւը խոցուած է բարձր ճշգրտութեան զէնքով, որուն մասին կը նշուի նաւուն կործանման պաշտօնական վարկածին մէջ: Հետազօտողները ցոյց տուած են, թէ հակառակ որ կմախքը խոցուած չէ, բայց վերնակառոյցներուն եւ տախտակամածին վրայ աւերման անջնջելի հետքեր կան. ամուր քաշուած պարաններով կառոյցին ուղղահայեաց մասերը դէպի դուրս դարձած են: Եզրակացուցած են, որ ատիկա նաւուն վրայ նետուած օդանաւային ռումբերու պայթիւններուն հետեւանքն է: Հիմնականօրէն վնասուած են ձախ կողմի վերնակառոյցներուն միջին եւ նաւացռուկին հատուածները, որ կրնայ վկայել նաւուն ուղղութեամբ օդային ռմբակոծութեան մասին: Այս եզրակացութիւնները յայտարարած է Ռուսական աշխարհագրական միութեան ստորջրեայ հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Սերկէյ Ֆոքին։

Հաստատուած է նաեւ հարուածէն ետք անմիջապէս ջուրին յատակը ընկղմելուն վարկածը: Հրավառիչներուն մէկ մասը չէ կտրուած. ատոնք ամբողջութեամբ ներս մտած են: Այս մէկը, ըստ մասնագէտներուն, կը նշանակէ, որ սուզուելու պահուն նաւուն մէջ յատակային «օդային գրպաններ» յառաջացած են։

Այսքանը յայտարարուած է նաւը գտնելէն ետք. արշաւի մասնակիցները ըսած են, որ «Արմենիա»ի կործանած վայրին ուղղութեամբ նոր սուզումներ պիտի չըլլան եւ ատոր պատճառը միայն մեծ խորութիւնը չէ։ Ֆոքին ըսած է, որ այդ տարածքը զուտ հետազօտութեան վայր մը չէ, չմոռնանք, որ հոն, զանազան հաշուարկներով, մօտաւորապէս 7 հազար հոգի կը հանգչի եւ աւելի մանրամասն արդիւնքներ ստանալու համար տեղը պիտի չփորփրեն, ստացուած լուսանկարներն ու տեսանկարները բաւարարած են մասնագէտները: Ֆոքին յայտարարած է, որ 1500 մեթր խորութիւնը կ՚օգնէ յուսալի կերպով պահպանել հանգուցեալներուն հանգիստը՝ զգայացունց լուրերու սիրահարներուն եւ գանձեր որոնողներուն ապօրինի ոտնձգութիւններէն: Այդ պատճառով ալ նաւուն ստոյգ տեղը գաղտնի կը պահուի:

«Արմենիա» նաւը գտնուելէն ետք՝ կործանման վայրին մէջ Նովորոսիսկի ռազմածովային կայանի աւագ քահանայ Քիրիլ, ոչնչացուած նաւուն ուղեւորներուն եւ անձնակազմին համար հոգեհանգիստի արարողութիւն կատարած է: Անոնք զինուորական պատուի արժանացած են եւ զոհերու յիշատակին՝ ջուրին վրայ ծաղկեպսակներ իջեցուցած են ու մահազդի երեք համազարկ արձակած…

Կործանումէն 79 տարի ետք նաւուն յայտնաբերումը ստորջրեայ հնագիտութեան մէջ մեծ իրադարձութիւն մըն է: Ընդունուած է «Թիթանիք» նաւուն խորտակումը համարել նաւարկումներու աղէտներու խորհրդանիշ, բայց «Արմենիա» նաւուն կործանումն է, որ ամենաշատ մարդու կեանք խլած է, չորս-հինգ անգամ աւելի, քան՝ «Թիթանիք»ը:

«Արմենիա»ի ծովային աղէտը համընկնած է Մոսկուայի կողմէ Հիթլերին դէմ հակայարձկման սկիզբին հետ, ահա թէ ինչու նաւուն կործանումը համաշխարհային արձագանգ չէ ստացած: Երբ Հիթլերի Վերմախտը Մոսկուայէն ընդամէնը 27 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ էր, 7 նոյեմբեր 1941 թուականին Սթալին կը ղեկավարէր պոլշեւիկեան յեղափոխութեան տարեդարձին նուիրուած խորհրդանշական ռազմական շքերթը, որուն նպատակն էր ոգեւորել բանակը եւ բնակչութիւնը, ցրուել այն մտավախութիւնը, թէ քաղաքը կրնայ յանձնուիլ: Պատմաբանները այդ միջոցառումը կը գնահատեն որպէս զգացմունքային ձեռնարկ մը՝ Երկրորդ աշխարհամարտի օրերուն, որ սկսաւ առաւօտեան ժամը 8-ին, որպէսզի ցած տեսանելիութիւնը հնարաւորութիւն չտար գերմանական օդային ուժերուն՝ յարձակելու քաղաքին վրայ: Ճիշդ նոյն պահուն՝ Մոսկուայէն շատ հեռու, տեղի ունեցաւ «Արմենիա» նաւուն աղէտը, որ Երկրորդ աշխարհամարտի ողբերգութեան մէջ հերթական ողբերգութիւն մը դիտուեցաւ եւ որոշ ժամանակ իբրեւ առանձին իրողութիւն մոռացութեան մատնուեցաւ: Հազարաւոր կիներ, երեխաներ, վիրաւորներ եւ այլ ուղեւորներ նաւով կը ջանային փախչիլ դէպի Խրիմ յառաջացող նացիականներէն: Գերմանական օդուժը սակայն թիրախաւորած էր. հակառակ որ Սթալինին անմիջապէս զեկուցած են նաւուն կործանման մասին, բայց պատերազմող երկրի մայրաքաղաքին մէջ ուրիշ մտահոգութիւններ կային: Տօնական շքերթին մասնակցող 24 հազար զինուորներուն մեծ մասը շքերթէն ետք շտապեց ռազմաճակատ, ուրկէ ալ սկսաւ խորհրդային հակահարուածը՝ նացիականներուն:

Հայկական անունով նաւը հայութեան հետ ոչ մէկ առընչութիւն ունէր, անոր պարզապէս տեղանունի անուն մը տրուած էր, ինչպէս այդ դասի ուրիշ նաւեր կոչուած էին «Աբխազիա», «Աճարիա» եւ այլն:

«Արմենիա»ն Սեւ ծովու համար նախատեսուած խորհրդային ջերմանաւերէն մէկն էր, որ արտադրուած էր 1928 թուականին՝ Լենինկրատի Պալթեան նաւաշինարանին մէջ։ Այդ ջերմանաւերը առաջին մարդատար նաւերն էին, որոնք արտադրուած էին Խորհրդային Միութեան մէջ: Նաւը նախատեսուած էր 550 ուղեւորներ եւ 1000 թոն ուղեւորաբեռ տեղափոխելու համար, սակայն կարճատեւ ուղեւորութիւններու ժամանակ տախտակամածին վրայ կրնար տեղափոխել 400-500 ուղեւոր: Նաւուն սուզանիստը, որ 5.5 մեթր էր, հնարաւորութիւն կու տար դիւրութեամբ մուտք գործել Խրիմի թերակղզիին ծանծաղաջուր նաւահանգիստները։ 1930-ականներուն «Արմենիա»ն եւ անոր քոյրերը նկատուող «Աճարիա», «Աբխազիա» եւ «Ուքրայնա» նաւերը բեռնային եւ ուղեւորային փոխադրութիւններ կը կատարէին Օտեսայի, Մարիուպոլի, Սեւասթոփոլի, Եալթայի եւ Պաթումի միջեւ: «Արմենիա»ն Սեւ ծովու վեց լաւագոյն ուղեւորատար նաւերէն էր։

Երբ 1941 թուականին Գերմանիան յարձակեցաւ Խորհրդային Միութեան վրայ, «Արմենիա»ն գործածեցին որպէս հիւանդանաւ, ան ծովու ջուրերուն վրայ լողացող հիւանդանոց մըն էր, որուն կահաւորանքը այնպէս կազմած էին, որ կարելի էր առաջին օգնութիւն տալ եւ փոխադրել մօտաւորապէս 400 վիրաւոր: 1941 թուականի սեպտեմբերին նաւը ունէր գործող վիրահատարան եւ 11 սեղաններով 4 վիրակապարան:

1941 թուականի հոկտեմբերին Էրիխ ֆոն Մանշթայնի գլխաւորած գերմանական 11-րդ բանակը պաշարած էր Սեւասթոփոլ քաղաքը եւ քաղաքէն դուրս ելլելու միակ տարբերակը կը մնար ծովը։ Նոյեմբերին սկիզբը «Արմենիա»ն, կարմիր խաչերու նշանով կ՚ուղարկուի Սեւասթոփոլ՝ ուրկէ բժիշկներ, վիրաւորներ եւ քաղաքացիներ դուրս բերելու նպատակով: 6 նոյեմբեր 1941-ի երեկոյեան «Արմենիա»ն՝ նաւապետ Վլատիմիր Պլաուշեւսկիի հրամանատարութեամբ դուրս կու գայ Սեւասթոփոլի նաւահանգիստէն եւ հազարաւոր տեղահանուողներու հետ ուղի կը բռնէ դէպի Թուափսէ քաղաքը։ Սակայն կէսգիշերին մօտ նաւուն հրամանատարին կը հրահանգեն ուղղութիւնը փոխել դէպի Եալթա, ուրկէ նոյնպէս տարհանում կատարել: Գերբեռնուած նաւը ստիպուած էր ընդունիլ քանի մը հարիւր հոգի եւս։ Հակառակորդին կողմէն աննկատ մնալու համար Պլաուշեւսքի ջանաց մութին նաւը հանել նաւահանգիստէն, սակայն անոր հրահանգուեցաւ սպասել մինչեւ առտու, որպէսզի իրեն ուղեկցին երկու մարտանաւեր եւ երկու կործանիչներ։

Նոյեմբերի 7-ի առաւօտեան «Արմենիա»ն դուրս ելաւ նաւահանգիստէն։ Ժամեր անց գերմանական Հայնքել He 111 ռմբակոծիչը երկու թորպեդ նետեց «Արմենիա»ի վրայ եւ, ըստ վարկածներուն, չորս վայրկեան ետք նաւը ընկղմեցաւ: Կրկին վարկածներուն համաձայն, միայն ութ հոգի փրկուած է, բայց քանի՛ մարդ զոհուած է, յստակ չէ, քանի որ տեղահանուողներուն փոխադրումը անկազմակերպ ձեւով կատարուած էր, նաւը գերբեռնուած էր. յետագային, այդ տարածքաշրջանի զոհերուն թիւերը եւ այլ տուելաներ գումարելով, զոհուածներուն թիւը հասաւ մինչեւ 10 հազարի: Պատմաբանները կը նշեն, թէ հակառակ որ «Արմենիա»ն ունէր հիւանդանաւի տարբերանշաններ եւ անոր վրայ Միջազգային Կարմիր խաչի դրօշը կար, բայց խոցուեցաւ, քանի որ իր տախտակամածին վրայ կար նաեւ երկու զենիթային թնդանօթ, ինչպէս նաեւ վիրաւորներէն եւ քաղաքացիներէն զատ, նաւը զինուորականներ եւ անվտանգութեան մարմիններու ներկայացուցիչներ ունէր ու ծովուն մէջ կ՚ուղեկեցուէր մարտանաւէրով եւ կործանիչներով: Պատերազմական կանոններով, փաստօրէն, «Արմենիա»ն հիւանդանաւ ըլլալով, խախտած էր որոշ կանոններ, որուն պատճառով հաւանաբար կործանուած է: Ըստ պատմական աղբիւրներու, նաւուն մէջ եղած են նաեւ արխիւներ, թանգարանային հաւաքածոներ, որոնք բեռնուած էին նաւ՝ զանոնք հաւանական կողոպուտէն փրկելու համար: Ատոնց մէջ էին նաեւ Խրիմի թանգարանի ոսկիներն ու զարդերը:

Հակառակ որ նաւը կործանուած է, սակայն փաստուած է, թէ անիկա հինգ ամսուայ ընթացքին տասնհինգ վտանգաւոր ուղեւորութիւն կատարած է դէպի Օտեսա եւ մօտաւորապէս 16 հազար հոգիի կեանքը փրկած: Նաւուն մէջ եղած զոհուած ուղեւորներուն հարազատները տարիներ ետք բողոքած են, որ ծովային աղէտին զոհ գացած իրենց հարազատները անյիշատակ մնացած են, մինչդեռ անոնք նոյնպէս պատերազմի զոհեր են: 2012 թուականին Եալթա քաղաքին մէջ կառուցուած է յիշատակի մատուռ մը, որ կը խորհրդանշէ «Արմենիա» նաւուն մէջ զոհուածներուն յիշատակը: Ատկէ զատ, Ռուսաստանի, Ուքրայնոյ եւ պատերազմին մասնակցած ուրիշ երկիրներու մէջ կան ծովային ճանապարհով զոհուածներու յիշատակի կառոյցներ:

«Արմենիա» պատմական նաւը գտնուելու մասին Ռուսաստան պաշտօնական տեղեկութիւն պիտի հրապարակէ մայիս ամսուն եւ աշխարհին բանայ Սեւ ծովու յատակին ինկած անցեալի գաղտնիքներէն մէկը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020