ԿԵՆՈՎԵԶԻ ՀԱՄԱԽՏԱՆԻՇԸ

Ընկերային հոգեբաններ, որոնք տարատեսակ փորձեր կատարած են պատմութեան որոշ ողբերգական իրադարձութիւններու մասին, յանգած են այն եզրակացութեան, թէ «վկայ մը ունենալը աւելի ձեռնտու է, քան տասնեակ վկաներ»։ Ուրիշ խօսքով, առաւել հաւանական է, որ դուք օգնէք փողոցը վատ բան մը պատահած մարդու մը, եթէ առանձին էք։ Այնուամենայնիւ, եթէ ձեր շուրջը այլ մարդիկ կան, ապա աւելի քիչ հաւանական է, որ օգնէք այդ անձի, քանի որ օժանդակութեան պարտականութիւնը կը բաժնուի այդ մարդոց միջեւ։ Այս երեւոյթը ընկերային հոգեբանութեան մէջ կը կոչուի՝ պատասխանատուութեան բաշխում կամ դիտորդի ազդեցութիւն։ Նման պարագաներու մէջ, քանի որ պատասխանատուութիւնը բաժնուած է խումբի անդամներու միջեւ, մարդիկ բարեգործութեան առումով այնքան ալ շտապ չեն գործեր, նոյնիսկ երբեմն անտարբեր կը մնան։ Օրինակ՝ եթէ դուք միակ անձն էք, որ ականատես եղած էք երթեւեկի արկածի մը, անմիջապէս կ՚օգնէք տուժածներուն։ Բայց, եթէ նոյն տեսակի արկածի մը զուգադիպիք մարդաշատ փողոցի մը վրայ, ապա դուք կը շարունակէք ձեր ճամբան՝ խորհելով, թէ «մէկը անպայման կ՚օգնէ»։ Սա հոգեբանական երեւոյթ է, որ կը բացատրէ մարդոց «անուշադրութիւնը» կամ «անտարբերութիւնը» արտակարգ իրավիճակներու նկատմամբ, երբ շրջապատը կան ուրիշներ։ Ուսումնասիրութիւնները կ՚ապացուցանեն, թէ առանձին մարդիկ աւելի շատ կը ձգտին օգնելու։ Այլ խօսքով՝ դէպքի մը ականատեսներու թիւի աճը կը նուազեցնէ մարդու մը օգնելու հնարաւորութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը կը թողու այլ մարդոց վրայ։ Այլ «դիտորդ»ներու գոյութիւնը կը յառաջացնէ նաեւ անորոշութիւն, որովհետեւ ուրիշներու անգործութեան ստեղծած անորոշութիւնը կրնայ պատճառ հանդիսանալ նաեւ արհեստական օգնութեան յետաձգուելուն կամ ուղղակի տեղի չունենալուն։

Առանձին մարդ մը, բնականաբար անտարբեր չի կրնար մնալ օգնութեան կարիք ունեցող մէկ այլ մարդու նկատմամբ։ 1964 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Քիթի Կենովեզ անունով երիտասարդուհի մը յարձակման ենթարկուեցաւ, դանակահարուեցաւ եւ փողոցը մահացաւ։ Յարձակումը տեղի ունեցաւ շուրջ կէս ժամ, առնուազն 38 ականատեսի ներկայութեամբ։ Այդ վկաներէն ոչ մէկը միջամտեց դէպքին կամ փորձեց փրկել երիտասարդուհին։ 

1964 թուականին, Նիւ Եորքի մէջ, աշխատավայրէն տուն վերադառնալու ճանապարհին Քիթի Կենովեզ դանակով մը սպաննուեցաւ։ Այս աշխարհի վրայ, ուր ամէն օր հազարաւոր մարդիկ կը սպաննուին, այլեւս այդքան ալ հետաքրքրութեան չ՚արժանանար փողոցով քայլող անձի մը մահանալը։ Բայց Քիթի Կենովեզի պարագան տարբեր է։ Ան մայթի վրայ շուրջ ժամ մը տանջուեցաւ օրհասական վիճակի մէջ։ Աւելի վերջ կատարուած ուսումնասիրութիւններու արդիւնքին պարզուեցաւ, որ շրջանի առնուազն 38 բնակիչներ գիտէին, թէ Քիթին յարձակման ենթարկուած է։ Պարզուեցաւ նաեւ, որ մարդասպանը Քիթին դանակահարելէ ետք երկար ժամանակ չէ հեռացած դէպքի վայրէն։ Ան տեսնելով, որ ոստիկան չէ եկած եւ ոչ մէկը կը ցուցաբերէ աղջկան օգնելու «յանդգնութիւնը», վերադառնալով աղջկան մօտ, կրկին-կրկին դանակահարեց զայն։

Երբ Կենովեզ մայթի վրայ մահացաւ, շրջակայքի բնակիչներէն մին հեռաձայնեց ոստիկանութեան՝ բայց այդ ալ վարանումով։ Աւելի վերջ պարզուեցաւ, որ դէպքի ականատեսները «չէին ուզած դէպքին ներգրաւուիլ» կամ խորհած էին, թէ «այլ մէկը անպայման օգնութեան կը հասնի» կամ նման պատճառաբանութիւններ… Այս դէպքէն ետք բազում մարդիկ հակազդած են անոնց «անուշադրութեան» կամ «անտարբերութեան» եւ այս իրադարձութիւնը անուանուեցաւ «դիտորդի ազդեցութիւն»։

«Եթէ ձեր վրայ որեւէ տեղ յարձակում գործեն, աղօթեցէք, որ ձեր շուրջ քիչ մարդիկ ըլլան։ Աստուած բոլորս պահէ մարդասպաններէ եւ «հանդիսատես»ներէ», ըսած է ընկերաբան մը։ 

Մարդիկ, որոնք տեղեակ են այս հոգեբանական ազդեցութեան, նման պարագաներու առաւել օգնութիւն կը ցուցաբերեն, որովհետեւ անոնք չեն ուզեր մաս կազմել «արդէն մէկը կ՚օգնէ» ըսողներու շարքին։ Կարեւոր է, որ հնարաւորինս շատ մարդ տեղեակ ըլլայ այս ազդեցութեան մասին։ Այստեղ կարեւոր դեր կը վիճակի նաեւ օգնութեան կարիք ունեցող մարդուն. օրինակ՝ փողոցով քայլելու ընթացքին երբ իյնաք, ձեր ոտքը վիրաւորէք եւ շտապօգնութեան կարիք ունենաք, «շտապօգնութիւն կանչեցէք» ըսելու փոխարէն, կրնաք մէկու մը ձայնելով օգնութիւն խնդրել։ Այսպէս, պատասխանատուութիւնը կը յանձնէք անձի մը եւ ձեր օգնութիւն ստանալու հաւանականութիւնը կը բարձրանայ։

Մի գուցէ մարդկային կեանքին տրուած արժէքը հակադարձօրէն կը նուազի բնակչութեան աճին հետ։ Եսամոլութիւնը աւելի ու աւելի կը բարձրանայ։ Վերոյիշեալ դէպքին մէջ ալ անձի մը կեանքը խնդրոյ առարկայ էր։ Յայտնի ֆրանսացի գրող Անտրէ Մալրուն կ՚ըսէ. «Կեանքը ոչինչ է, բայց ոչինչը կեանք չէ»։ Թերեւս մարդկային կեանքի հիման վրայ զարգացած պատասխանատուութեան զգացումը եւ այսպէսով իրադարձութիւններու գնահատումը պիտի նպաստէ աւելի «մարդկային» որոշումներ կայացնելու եւ մարդոց միջեւ յարաբերութիւնները «բնականոնացնելու» առումով։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 5, 2021