ԵԶԱԿԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական մարմնամարզը եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» խորագրեալ ցուցահանդէսին բացումը։ Ծիծեռնակաբերդի թանգարանի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահին մէջ կազմակերպուած է այս ցուցահանդէսը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբերի 1-ը։ Նոյն թանգարան-կաճառի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի համանուն մենագրութեան հիման վրայ պատրաստուած ցուցահանդէս մըն է այս մէկը։ Հարկ է նշել, որ Հայկ Դեմոյեան համանուն գիրք մըն ալ հրատարակած էր 2009 թուականին։ Սոյն գիրքին մէջ առաջին անգամ համադրուած ու ներկայացուած են Օսմանեան կայսրութենէն ներս հայկական մարմնամարզի եւ մարմնակրթութեան ձեւաւորման նախապատմութիւնը, արեւմտահայ շրջանակներէ ներս մարմնամարզի զարգացման ընթացքը, առաջին հայ մարմնամարզական ակումբներուն գործունէութիւնը եւայլն։ Լուսանկարչական նիւթերով հարուստ այս հրատարակութիւնը ընթերցողներուն կը ներկայացնէ հայկական մարմնամարզի պատմութեան ցարդ անյայտ, բայց չափազանց հետաքրքրական դրուագները։
Գիրքի հիման վրայ պատրաստուած ցուցահանդէսը ունի տասներկու առանցքային բաժին։ Այցելուներուն ներկայացուած են բացառիկ նիւթեր եւ լուսանկարներ։ Ցուցահանդէսի երէկուան բացման պատուոյ հիւրերն էին նշանաւոր մարզիկներու եւ սկաուտապետներու՝ հանգուցեալք Գրիգոր Ճոլոլեանի, Շաւարշ Քրիսեանի եւ Վահան Չերազի ժառանգորդները։
Այս եզակի ցուցահանդէսին բացումը պատուեց նաեւ Հայաստանի Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան։
Ցուցահանդէսի բացման հաւաքոյթին ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան, որ Հայկ Դեմոյեանին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ այս մեծածաւալ աշխատանքը իրականացուցած ըլլալուն համար։ «Եթէ պատմական ակնարկ մը ընենք ու երթանք ետ, ապա պիտի տեսնենք, որ հայերը տակաւին հին յունական խաղերուն ժամանակ, երբ Տրդատ եւ Վարազդատ թագաւորները դարձան ողիմպիական ախոյեաններ, շատ լաւ պահած են հայկական մարմնամարզի պատիւը։ Ինչ կը վերաբերի այս ցուցադրութեան ու գիրքին, ապա մենք չունինք նման նախադէպ, սա իսկապէս առաջին գիրքն է, որ ունի պատմական բնոյթ», ըսաւ նախարարը։
Մարզիկ ու լուսանկարիչ հանգուցեալ Գրիգոր Ճոլոլեանի որդին՝ ֆրանսահայ ազգային գործիչ Փաթրիս Ճոլոլեան եւս իր սրտի խօսքը արտասանեց ցուցահանդէսի բացման ժամանակ եւ մեծ ուրախութիւն յայտնեց ձեռնարկին մասնակցած ըլլալու համար։ Փաթրիս Ճոլոլեան, որ իր հօրմէն ժառանգած ամբողջ հաւաքածոն նուիրաբերած է Ծիծեռնակաբերդի թանգարան-կաճառին՝ նշեց, թէ փափաքած է այդ բոլորը չպահել իր բնակարանին մէջ ու սեփականութիւնը դարձնել ապագայ սերունդներուն։
«Մարմնամարզ» թերթի խմբագիր հանգուցեալ Շաւարշ Քրիսեանի եղբօրորդին՝ Շաւարշ Քրիսեանն ալ դիտել տուաւ, որ ցուցահանդէսն ու գիրքը կու գան ապացուցանել, թէ ովքեր եղած են հայերը եւ ինչպիսի կարեւոր ժառանգութիւն մը ունին։ Հաւաքոյթի ընթացքին արտայայտուեցաւ նաեւ Հայկ Դեմոյեան, որ ըսաւ. «Գիտական հետաքրքրութիւնները իմ մօտ շատ են, բայց որեւէ հետաքրքրութիւն չի կրնար մնալ հետաքրքրութեան մակարդակով, եթէ չես գիտակցիր, որ կրնաս այդ մէկը բարձրակարգ ձեւով վերածել առարկայական իրի մը։ «Մարմնամարզ» հանդէսի համարներուն ծանօթանալով՝ սկսաւ հետաքրքրութիւնը դէպի հայկական մարմնամարզութեան ակունքները»։ Դեմոյեանի քայլերը աւելի առարկայական դարձան, երբ Ֆրանսայի մէջ հանդիպեցաւ մարզիկ ու լուսանկարիչ Գրիգոր Ճոլոլեանի մերօրեայ շառաւիղներուն։ Ան այդ հանդիպումը որակեց ցնցիչ իրադարձութիւն։ Արդարեւ, Ճոլոլեանի ամբողջ հաւաքածոյին թանգարան նուիրաբերուիլը դարձաւ թէ՛ ցուցադրութեան եւ թէ գիրքի ստեղծման առանցքը։
Հարկ է նշել, որ մինչեւ տարեվերջ կը նախատեսուի նաեւ այս գիրքին անգլերէն, ռուսերէն եւ թրքերէն թարգմանութիւններուն լոյս տեսնելը։