Հ. ԹԱՄՐԱԶԵԱՆԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Ե­րե­ւա­նի Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէն Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի ան­ժա­մա­նակ մա­հը խոր ցա­ւի մթնո­լորտ ստեղ­ծած է հայ­կա­կան գի­տա­կան աշ­խար­հէն ներս։ Այ­սօր, Ե­րե­ւա­նի մէջ, Նոր Նոր­քի Ս. Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ եր­դի­քին տակ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի հո­գե­հան­գիս­տը։ Իսկ վա­ղը Մա­տե­նա­դա­րա­նի ճե­մաս­րա­հին մէջ նա­խա­տե­սուած է հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան կազ­մա­կերպ­ման հա­մար ստեղ­ծուած է կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղով մը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեա­նի։

Շա­բա­թա­վեր­ջին Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիի գլխա­ւոր դէմ­քե­րը ցա­ւակ­ցա­կան­ներ հրա­պա­րա­կե­ցին Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի մա­հուան կա­պակ­ցու­թեամբ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ Թամ­րա­զեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին ու­ղար­կուած ցա­ւակ­ցա­կա­նին մէջ նշուած է հե­տե­ւեա­լը. «Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան հայ ժո­ղո­վուր­դի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան նուի­րեց իր ամ­բողջ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ միջ­նա­դա­րա­գի­տու­թեան եւ Նա­րե­կա­ցիա­գի­տու­թեան ու­սում­նա­սիր­ման եւ ար­ժա­նիօ­րէն վաս­տա­կե­ցաւ իր գոր­ծըն­կեր­նե­րու, ըն­թեր­ցող­նե­րու ու ամ­բողջ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան յար­գանքն ու հա­մակ­րան­քը։ Խո­րին ցա­ւակ­ցու­թիւն կը յայտ­նեմ ձե­զի, ձեր հա­րա­զատ­նե­րուն, մեր­ձա­ւոր­նե­րուն եւ ա­նուա­նի մտա­ւո­րա­կա­նի գոր­ծըն­կեր­նե­րուն»։

ՎԵ­ՀԱ­ՓԱՌ ՀԱՅ­ՐԱ­ՊԵ­ՏԻՆ ՑԱ­ՒԱԿ­ՑԱ­ԿԱ­ՆԸ

Միւս կող­մէ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կոսն ալ ցա­ւակ­ցա­կան մը յղեց Թամ­րա­զեան­նե­րու սգա­ւոր ըն­տա­նի­քին։ Նո­րին Սրբու­թեան ցա­ւակ­ցա­կա­նին մէջ նշուած է հե­տե­ւեա­լը.

«Ցա­ւով տե­ղե­կա­ցանք բազ­մա­վաս­տակ մտա­ւո­րա­կան, «Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց» Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէն, Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ թղթա­կից ան­դամ Տիար Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի ան­ժա­մա­նակ մա­հուան մա­սին։ Յա­նուն Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ, Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բա­նու­թեան եւ պաշ­տօ­նէու­թեան՝ կը բե­րենք մեր ցա­ւակ­ցու­թիւնն ու սրտակ­ցու­թիւ­նը հան­գու­ցեա­լի ըն­տա­նի­քին, հա­րա­զատ­նե­րուն եւ Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան ու աշ­խա­տա­կից­նե­րուն։

«Գրա­կան եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բեղմ­նա­ւոր կեանք ապ­րե­ցաւ հո­գե­լոյս Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան, աս­տուա­ծա­պար­գեւ իր շնորհ­նե­րով հարս­տաց­նե­լով հայ գրա­կա­նու­թեան եւ մշա­կոյ­թի գան­ձա­րա­նը։ Ա­նոր հե­ղի­նա­կած ա­ւե­լի քան մէկ տաս­նեակ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու ժո­ղո­վա­ծո­նե­րը, թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րը, հա­յա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը, յատ­կա­պէս Նա­րե­կա­ցիա­գի­տու­թեան նուի­րուած մե­նագ­րու­թիւն­նե­րը եւ գրա­կա­նա­գի­տա­կան բազ­մա­թիւ յօ­դուած­նե­րը խօ­սուն վկա­յու­թիւն­ներն են ա­նուա­նի մտա­ւո­րա­կա­նի եւ շնոր­հա­լի հա­յոր­դիի ար­դիւ­նա­ւոր վաս­տա­կին։ Լու­սա­հո­գի գիտ­նա­կա­նը եր­կար տա­րի­ներ աշ­խա­տե­ցաւ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծեց Մա­տե­նա­դա­րա­նի նուի­րա­կան յար­կի ներ­քեւ եւ շուրջ մէկ տաս­նա­մեակ ա­մե­նայն նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ ու սի­րով ղե­կա­վա­րեց հայ մտքի հո­գե­ւոր կա­ճա­ռի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

«Վաս­տա­կա­շատ մշա­կու­թա­յին գործ­չի վախ­ճա­նը կո­րուստ է հա­յա­գի­տու­թեան հա­մար։ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան պի­տի շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ՝ նշա­նա­կա­լի իր ա­ւան­դով ու գնա­հա­տե­լի ներդ­րում­նե­րով։

«Ա­ղօթք կը բարձ­րաց­նենք առ Աս­տուած, որ­պէս­զի ա­մե­նո­ղորմ Տէ­րը ա­րար­չա­կան սի­րով գթայ հան­գու­ցեա­լ ծա­ռա­յին եւ երկ­նա­յին ե­րա­նա­կան օ­թե­ւան­նե­րու մէջ, լոյ­սե­րու եւ խա­ղա­ղու­թեան մէջ ըն­դու­նի բա­րե­յի­շա­տակ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի հո­գին։

«Յի­շես­ցէ Տէր զհո­գի նո­րոգ ննջե­ցե­լոյն եւ հան­գուս­ցէ զնա ի լոյս ե­րե­սաց Աս­տու­ծու­թեան իւ­րոյ. Ա­մէն»։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2016