ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ԱՐՑԱԽԻ ՏԷՐ ԸԼԼԱԼՈՒ ԵՒ ՏԷՐ ՄՆԱԼՈՒ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԸ
Դուք կրնաք քանի մը անձեր տեւաբար խաբել:
Դուք կրնաք ամէնքը խաբել ժամանակ մը:
Բայց դուք չէք կրնար միշտ խաբել ամէնքը:
ԱԲՐԱՀԱՄ ԼԻՆՔԸԼՆ
Արցախը գեղօր չէ, որ կոչուած ըլլայ մեր զբօսաշրջիկի յիշատակները վառ պահելու, զանազան ժողովներուն համեմ տալու, կամ մեծ ու պզտիկ հանրահաւաքներուն յուզումի ալիք ստեղծելու:
Արցախը ազատագրուած հայրենիքի բեկոր է, խորհրդանիշ, որ մեզի կը յուշէ պատմաքաղաքական այն կարեւոր իրադարձութիւնը, որ դարեր շարունակ, եւ տեւաբար, հայրենի տարածքներ կորսնցնելէ ետք, շրջելով նահանջի անիւը, հայրենի հող ազատագրեցինք:
Վերականգնուեցաւ ազգի հպարտութիւնը: Բայց պատմութիւնը հոն կանգ չ՚առներ: Հարկ է պահել հպարտութիւնը, շարունակել:
Ամերիկացիները խեղճացման պարագաներուն, առանց ձեռնոց դնելու, այս կամ այն անձը կը կոչեն լուզըր, looser, արհամարհական արտայայտութիւն մը: Արցախի ազատագրումը մեր ճակտէն սրբեց գութ հայցողի խարանը, որ որպէս մանանայ՝ երկնային պարգեւ չէր, այլ՝ նուաճում, որուն գինը վճարուեցաւ հայերու կեանքով: Յիշուած looser մակդիրը ջնջեցինք:
Բայց: Այս շաղկապով կը գրուի պատմութիւնը, կ՚իմաստաւորուի իրաւունքը: Ազատագրուած Արցախը պահելու համար յանձնառու, ներկայ եւ տէր ժողովուրդ պէտք է, այսինքն տէրեր պէտք են հողին կեանք տալու համար: Կեանք՝ մշակելով, կեանք՝ հողը պաշտպանելով ամէն կարգի չարիքի դէմ, անբարեացակամ դրացիներու եւ դրացի բռնագրաւողներու դէմ, որոնք պատմութեան ընթացքին ծուատած են մեր հայրերու հողը: Բացակայ շատախօսներով պատմութիւն չի գրուիր:
Ինչո՞ւ տեւաբար խօսիլ անցեալի մասին, ողբալ, յանցաւորներ փնտռել: Խօսինք ներկայի մէջ՝ ըլլալով ներկայ: Խօսիլ ներկային յաջորդելիք վաղուան մասին, որ պիտի ըլլայ ներկաներով եւ պիտի չըլլայ բացականերով: Զբօսաշրջիկը, ան ըլլայ հայ թէ օտար, իր քանի մը օրուան այցելութեան ընթացքին կրնայ հիանալ գողտրիկ Ստեփանակերտի տեսքով, յուզուիլ սահման այցելելով եւ հայ զինուոր տեսնելով, նոյնիսկ՝ Արցախ երթալ եւ բարեսիրութիւն ընել, ժողովներ գումարել, յուզիչ ճառ խօսիլ:
Բայց հարկ է ուղղել հետեւեալ հարցումը. այդ բոլորը բաւարա՞ր են ըսելու, որ ներկայ ենք եւ տէր: Սպասել՝ առանց ճապկումի պատասխան:
Հայութիւնը՝ պետութիւն, Հայաստանի եւ սփիւռքի կուսակցութիւններ, բարձրագոչ անուններով կազմակերպութիւններ, լուսապսակ ունեցողներ եւ փնտռողներ, ի՞նչ ըրաւ եւ ի՞նչ կ՚ընէ, որպէսզի Արցախը ըլլայ հայաբնակ, հայրենատէր ներկայ բնակիչներով: Եթէ տեղ մը Արցախի գործադրուող բնակեցման եւ ծաղկման ծրագիր կայ, լաւ կ՚ըլլայ, որ ան հրապարակուի:
Արցախի տարածութիւնը 11.500 քառ. քմ. է: Բնակչութիւնը՝ շուրջ 150.000: Հոգեպարար խօսքերէն անդին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ժողովներ եւ զբօսաշրջիկներ, բարեսէրներ եւ հայրենասէրներ, ի՞նչ ըրին եւ ի՞նչ կ՚ընեն ազատագրուած հայրենիքի այդ տարածքին բնակչութեամբ տէր ըլլալու համար: Արցախ, նաեւ՝ Հայաստան, բաւարար չափով խելք ունեցողներ կան: Արցախը պէտք ունի հայրենատէր բնակչութեան, ոչ՝ տպաւորիչ համարուող խօսքի:
Արցախի տարածութիւնը հաւասար է Լիբանանի: Լիբանան ունի շուրջ 4.000.000 բնակիչ: Ի հարկէ, ինչպէս կ՚ըսուի, բաղդատելին պէտք է բաղդատել, բայց պէտք է ընդունիլ, որ չենք յաջողած Արցախին տէր ըլլալ՝ անոր տարածքը բնակեցնելով: Բնակչութիւնը անհրաժեշտ է տնտեսութեան զարգացման եւ երկրի պաշտպանութեան համար: Իսկ ինչ որ կ՚ընենք, քաղքենիական հայրենասիրութիւն է, խիղճ հանդարտեցնող բարեսիրութիւն եւ խելքաբաշխութիւն:
Արցախ հայրենիքը կարիք ունի բնակչութեան՝ կարենալ ինքնաբաւ երկիր ըլլալու համար: Սակայն գլխաւոր ուժը, որ Հայաստանն է, ինք ալ չունի բնակեցման եւ ինքնաբաւ ըլլալու քաղաքականութիւն: Արտագաղթ-աղէտը ցնցած է Հայաստանը եւ վատ օրինակ է Արցախի բնակեցման ընթացք որդեգրելու համար:
Հայաստան, եւ անոր հունով՝ Արցախ, կանգնած են կայուն, միասնութիւն ստեղծող, ազգայինը գերադասող, հայրենատիրութիւնը համազգային զգացողութիւն դարձնող ղեկավարութեան բացակայութեան առջեւ: Ճիշդ է՝ Հայաստան խուսափեցաւ անկախացող նախկին հանրապետութիւններուն համար աղէտալի քաղաքացիական պատերազմէ, բայց դեռ չյաջողեցաւ ներքին անվերջանալի պառակտումները յաղթահարելէ:
Ազգովին դեռ քաղաքական մշակոյթ չդարձուցինք այն, որ տարբեր կարծիք ունեցողը թշնամի չէ: Այս տեսակէտէ աւելի կայուն է Արցախը: Բայց Հայաստանի պառակտումները անխուսափելիօրէն կ՚անդրադառնան Արցախի, որուն գոյութեան պահպանումը ազգի հիմնախնդիր է: Կը բաւէ լսել Ատրպէյճանի նախագահը: Ան Նախիջեւանի հետ հողային ամբողջութիւն ստեղծելու համար աչքերը յառած կը պահէ Զանգեզուրի վրայ: Չի վարանիր Զանգեզուրի հերոս Գարեգին Նժդեհը քաղաքական յելուզակ համարել:
Այս պայմաններուն մէջ ի՞նչ են եւ ի՞նչ պէտք է ըլլան ՄԵՐ իրաւ առաջնահերթութիւնները: Այս ՄԵՐ¬ը կը վերաբերի մեր իրական կամ տեսական ԱՄԲՈՂՋ¬ին: (…)
Հաստատապէսը կ՚ենթադրէ ներկայութիւն, յանձնառութիւն, մասնակցութիւն, որոնք կը չափուին թիւերով:
Սփիւռք(ներ)ի համար Հայաստան եւ Արցախ կարծէք զբօսաշրջութեան միգամածային աշխարհ մըն է, որուն վրայ կը գումարուի զանազան բանաձեւումներով բարեսիրութիւնը: Բարեսէր էին դանիացիները, զուիցերիացիները, ֆրանսացիները, ամերիկացիները: Հայը աւելին պէտք է ըլլայ, հայրենիքը աւելին կ՚ակնկալէ հայէն: Հայը աւելիին պարտքը եւ պարտականութիւնը ունի: Այս չէ իրականութիւնը: Արտագաղթողին հայրենասիրութիւնը ազգական-բարեկամի կապերու սահմանին վրայ կը ճահճանայ: Իսկ ինքնագոհ եւ ինքնաբաւ սփիւռք(ներ)ը հայրենատիրութիւն չի կրնար խաղալ՝ Պեւըրլի Հիլզ, Մանհաթըն, Քոթ տ՚Ազիւր նստելով, Փարիզ մնալով եւ Էյֆելի աշտարակը դիտելով:
Սփիւռք(ներ)ի հայրենասիրութիւնը որակական փոփոխութիւն կ՚ունենայ, երբ խորանայ հայրենատիրական գիտակցութեամբ, որ ո՛չ երգ է, ո՛չ քանդակ, ո՛չ բանաստեղծութիւն, ո՛չ իզմ եւ ո՛չ ալ իստ: Որակական փոփոխութիւնը կը սկսի, երբ սփիւռքահայը դադրի ըսելէ, որ ապահովութիւն չկայ, հետեւաբար վերադարձը անհեթեթութիւն կ՚ըլլայ: Այս ընդհանրացած վերաբերում է, հարկ է լսել մարդիկը:
Արցախի տէր ըլլալ եւ տէր մնալ՝ կը պահանջէ ներկայութիւն եւ յանձնառութիւն: Խօսուած ճառերը կ՚իմաստաւորուին միայն այն ատեն, երբ յաջողինք Արցախի 150.000¬ը բազմապատկել երկուքով, երեքով, տասնով:
Այն ատեն ամէնօրեայ զբաղում դարձած հայ դատի հետապնդումը կ՚ունենայ, յուշագրութիւններէ եւ բանաձեւերէ անդին, ազգային եւ քաղաքական հաստութիւն եւ որակ:
Այս թռուցիկ, անհանգիստ եւ անհանգստացնող մտածումներու լոյսին տակ մենք մեզմէ պէտք է ակնկալենք իսկական անկեղծութիւն:
Ինչպէ՞ս տէր պիտի մնանք Արցախին: Նաեւ՝ Հայաստանին:
Իսկ երբ բացակայ ենք Արցախէն ու Հայաստանէն, ի՞նչ նշանակութիւն կրնան ունենալ սահմանէն անդին գտնուող Արարատը եւ կորուսեալ հայաշխարհը: Անոնք կ՚ըլլան հեքիաթ, լուսանկար, տեսահոլովակ, եւ այդպէս բաներ՝ ցեղասպանութեան յիշեցման խորքի պաստառին վրայ:
Իսկ եթէ կը խորհինք, որ կրկնուող իշխանափոխութիւններով, այլ երկինքներու տակ եղածը կապկելով, առաջնորդուելով «ինձմէ ետք ջրհեղեղ»ի (չ)իմաստութեամբ, նաւապտոյտներու ընթացքին հնչած հայերէն երգերով հայրենասիրութիւն կրնանք մշակել, կ՚այլանդակուինք՝ որպէս մարդ եւ որպէս մտածող արարած:
Այս հարցերը կան: Ինքնախաբէութիւն է զանոնք չտեսնելով քալել, սպասելով…
Սպասել ի՞նչ բան:
Այսօրուան կենսականը հայրենատիրութիւնն է: Հարցումը պէտք է ուղղուի իւրաքանչիւրին, իւրաքանչիւրը զայն պէտք է ուղղէ ինքնիրեն. հայրենատէ՞ր ենք:
Կարելի կ՚ըլլա՞յ քաղքենիական զբօսաշրջական հայրենասիրութիւնը փոխարինել հայրենատիրական յանձնառութեամբ:
Դեռ ի վիճակի՞ ենք ծնունդ տալու աստուածաշնչական առաջնորդող Մովսէսի մը, կամ՝ իր անձին օրինակով ժողովուրդը միաւորող Մահաթմա Կանտիի մը:
Իսկ մենք ունի՞նք բաւարար առաքինութիւն, հոգեկան ուժ, հռոմէացիներու virtus-ը, ի վիճակի՞ ենք հանդուրժելու Մովսէս մը կամ Կանտի մը…
Անկեղծութեան հրաշք պահու մը պէտք է պատասխանել պարզ հարցումներու, երբ ամբոխները տուն երթան, ջահերը մարին եւ սելֆիները ճամպրուկ դրուին…
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
16 հոկտեմբեր 2019
Նուազի-լը-Կրան
«Ազդակ», Լիբանան