ԱԴԱՄԵԱՆ ԻՐ ՄՏԵՐՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ - ՏԻԳՐԱՆ ԵՍԱՅԵԱՆԻ «ԱԴԱՄԵԱՆ ԻՐ ՄՏԵՐՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Դարասկիզբի հայկական գեղանկարչութեան յայտնի դէմքերէն Տիգրան Եսայեան (1874-1921թթ.) ծնած է Պոլիս, ապրած ու գործած է Փարիզի մէջ, սակայն կանխահաս մահը հարուածած է զինք։
Եսայեան մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Գեղարուեստներու վարժարանէն ներս։ Երիտասարդ հասակէն եղած է գծագրութեան ուսուցիչ Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ։ 1896 թուականին անցնելով Փարիզ, կատարելագործած է արուեստը, հետեւած Գեղարուեստի ազգային վարժարանի դասընթացքներուն՝ աշակերտելով Ժան Փոլ Լորանին եւ ուսանած Ժիւլիէն ակադեմիոյ մէջ։
Անոր ուշագրաւ նկարներէն են «Բիւզանդական գերեզմանատունը», «Սկիւտարի սեմին վրայ», «Պոլսի փողոցներէն մէկը», «Արեւելեան փէյզաժ» եւ այլն։ Հեղինակ է նաեւ գիրքի ձեւաւորումներու, թարգմանութիւններու։ Զբաղած է նաեւ քանդակագործութեամբ։
Եսայեան կը ճանչցուի նաեւ իբրեւ գրող, հրապարակախօս Զապէլ Եսայեանին ամուսինը: Նկարիչը մտերմիկ յուշագրութիւն ունի դերասան, նկարիչ, գրող, հասարակական գործիչ Պետրոս Ադամեանին մասին:
*
Հինգ տարեկան հազիւ կայի, երէկուան չափ լաւ կը յիշեմ դեռ Ադամեանը երիտասարդ, գեղեցիկ այնպէս, ինչպէս կը տեսնենք իր Համլէթի լուսանկարին մէջ: Ամէն անգամ, որ մեզի կու գար, առաջին գործս էր թուղթի կտոր մը գտնել ու երթալ նստիլ ծունկներուն վրայ՝ խնդրելով, որ բան մը գծագրէ. չափազանց երես տուած էր ինծի. ձանձրացնելու աստիճան կը նեղէի զինքը: Կը յիշեմ, որ ժամերով երեսն ի վեր զմայլած կը դիտէի, իր գալուստը մեծ տօնէ մը աւելի կ՚ուրախացնէր հոգիս. կը յիշեմ առատ արցունք թափած ըլլալս, երբ Օրթագիւղի թատրոնը ներկայացման մը վերջը Ադամեան մեռած կը փռուէր բեմին վրայ: Նոյն տարին յանկարծ օր մը Ադամեան կու գար ըսել, թէ Ռուսաստան պիտի երթար: Միտքս է իր վերջին համբոյրը, միտքս է դուռը գոցելէն մինչեւ փողոցին անկիւնը դառնալը, պատուհանէն աչքովս իրեն ընկերանալս: Զիս շատ սիրող ու իմ շատ սիրած մարդս գացած էր: Մանկական կեանքը բնականաբար շուտ թեթեւցուց այն բուռն զգացումը, որ ունէի սրտիս մէջ: Ալպոմին մէջ գտնուած Ադամեանի դէմքը ու երբեմն իր վրայ խօսելնին կ՚արթնցնէին միայն իր յիշատակը, ու երբեմն շատ կարօտցած կը խորհէի, թէ մէյ մըն ալ պիտի տեսնե՞մ արդեօք ալ զինքը:
Օր մըն ալ ըսին, թէ Ադամեան Պոլիս պիտի դառնայ: Իր մեծ յաջողութեանցը ու տարած յաղթանակներուն լուրերը արտակարգ անհամբերութեամբ մը սպասցնել տուին իր գալուստը, մասնաւորապէս Կեդրոնական վարժարանին մէջ, խանդավառ պատանիներէ ձեւացած սիրուն խմբակ մը գրեթէ իր ամենօրեայ խօսակցութեան նիւթը ընտրած էր Ադամեանը, առանց տեսած ըլլալու մեծ մարդը՝ համակրած էր իրեն արդէն. զմայլմամբ կը լսէր կամ կը պատմէր Ադամեանին վերաբերող ոեւէ դէպք մը, ու այսպէս ինքնիրեն կը պատրաստուէր երիտասարդութիւն մը, որ պիտի գիտնար գնահատել ազգային մեծագոյն անձնաւորութիւն մը եւ թերեւս ամենէն աւելի պիտի աշխատէր վառ պահել այդ սիրելի անձնաւորութեան յիշատակը: Արդէն նոյնիսկ Ադամեան ալ հասկցած էր այդ երիտասարդութեան իր մասին տածած զգացումները ու հոգեկան մասնաւոր գոհութեամբ մը կը յիշէր ատիկա. «Որո՞նք են Պոլսի մէջ ամենէն աւելի զիս հասկացողները, կ՚ըսէր, եթէ ոչ բարի ու անկեղծ պատանեկութիւն մը, որ չի գիտեր ինչ ձեւով ցոյց տալ իր համակրանքը», եւ ինքն ալ նման զգացումներով կը քաջալերէր կամ կը քննադատէր երիտասարդութիւնը: Ամառուան վերջերը կը հասնէր Ադամեան, իր գալուն անմիջապէս երկրորդ օրը կը պատրաստուէի երթալ տեսնել զինքը: Մեծ արուեստագէտին ներկայանալու գաղափարը բնական երկչոտութիւն մը կու տար քայլերուս, հակառակ մանկական հին բարեկամութեանս: Առաջնորդուեցայ վերջապէս իր սենեակը, գետինը ձգուած անկողնի մը մէջ պառկած էր Ադամեան, նշան ըրաւ գլխովը, որպէսզի մօտենամ, ու կարօտով գրկեց զիս:
Ուշադրութեամբ զիրար դիտելէ ետքը, «Ինչչա՜փ փոխուած ես», կ՚ըսէր, ես ալ իմ մասիս չափազանց փոխուած կը գտնէի զինքը. իմ առաջին տպաւորութիւնս տխուր բան մը ունեցաւ, այդ լաթով մը կապուած ծնօտը, չափազանց նիհարցած ու գունատ դէմքը, ցցուած այտերը ու տառապող աչքերը կը տարբերէին բոլորովին մանկութեանս յիշատակովը դրոշմուած պատկերէն: Այն գրեթէ կանացի, նուրբ ու փայլուն դիմագծութիւնը չափազանց խանգարուած կը գտնէի: Շատ չէր կրնար խօսիլ, ակռայի ուժով ցաւէ մը կը տանջուէր: Իր նայուածքը, գլխուն քանի մը շարժումները, ձայնի ելեւէջը կ՚ամբողջացնէին հետզհետէ յիշողութեանս մէջ ժամանակէն աւրուած պատկերը: Թէեւ հիւանդ էր, բայց ոչ այն հիւանդը, որ սովորած ենք տեսնել ամէն օր. այդ անկողինը ու հիւանդը, բնականէն շատ մեծ շինուած արձան մը խորհել կու տային, որուն ամբողջութիւնը իր համեմատութիւններովը մէկ նայուածքով տեսնել անկարելի կ՚ըլլայ, երբ շատ մօտէն կը դիտուի, եթէ մարդ զայն ամէն օր մօտէն տեսնելու վարժուած չէ. իր մեծութենէն տարօրինակ տպաւորութիւն մը չկրելու համար թատերաբեմը ժողովուրդէն բաժնող միջոցը անհրաժեշտ է, դերասանը ամէն օր տեսնելու վարժութիւն չունեցողները չափազանց հսկայ պիտի գտնեն զինքը մօտէն: Այդ էր Ադամեանի թողած առաջին տպաւորութիւնը: Մէկ ժամէ աւելի դիտեցի, գրեթէ լուռ, դերասանին տառապանքը, հետեւեցայ իր բոլոր շարժումներուն, իր առաջին ներկայացումը եղաւ ինծի այդ օրը, որ փոխանակ թատերասրահ գտնուելու, բեմին ներքնակողմէն հանդիսատես եղայ: Այդ օրէն սկսեալ մինչեւ իր վերջին օրերը իրեն հետ հաստատած սերտ կապերս առիթ ընծայեցին մօտէն թափանցել ու ճանչնալ իր նկարագիրը, իմանալ իր կեանքէն զանազան դէպքեր, գործերուն յաջող կամ անյաջող ելքերէն կրած տպաւորութիւնը, իր ֆիզիքական վիճակին բարոյականին ու մտաւորականին վրայ ըրած ազդեցութիւնը: Այդ բոլոր կենսագրական զանազան տեղեկութիւնները, որ սովորական մահկանացուի մը կեանքին մէջ անծանօթ անցնելու կը դատապարտուին, շահեկան ու կարեւոր աղբիւրներ կը դառնան, երբ կը պատկանին մեծ մարդուն, ասոնցմէ կարելի կ՚ըլլայ քաղել հոգեկան զանազան վիճակներ, որոնց անմիջական առընչութիւնը իր գործունէութեանը հետ ցոյց պիտի տայ մարդը իր գործովը: Ամէն անոնք, որ վայելեցին իր մտերմութիւնը, գտան ամէն բանէ առաջ իր մէջ հոգի մը գերազանցապէս բարձր, բարութիւն մը հազուագիւտ. այսպէս ողբերգուն, իր տաղանդին բարձրութեանը զուգընթաց բարոյական յատկութիւններով ալ օժտուած, սիրելի էր դարձած իր բոլոր հիացողներուն: Բայց վերջին ծայր ալ զգայուն ու դիւրագրգիռ, իր չափազանց ջղուտ կազմուածքովը ամենազգայուն ջերմաչափի մը չափ կ՚ազդուէր. բառ մը, անուղղակի ակնարկութիւն մը բաւական էր հազար կասկած արթնցնելու իր մէջ. երբեմն ալ զարմանալի հակասականութեամբ մը իր սովորական վիճակին, կը ցուցնէր այնպիսի համոզման զօրութիւն մը, որ որեւէ կերպով կարելի չէր խախտել, երբ կը համոզուէր անձի մը անկեղծութեանը, նոյնիսկ եթէ այդ մարդը զինքը իր խարդախութեանը գործիք ըրած ըլլար, կը վստահէր իրեն իր շահերը, զարմանալի միամտութեամբ մը կը պաշտպանէր զայն. «Նա՜, ազնի՜ւ մարդ» կը կրկնէր այն շեշտով, որ կ՚ըսէր Օթելլոյի դերին մէջ Եակոյին համար: Կը վիրաւորուէր ու կը նեղանար, եթէ հակառակը պատասխանուէր. երբեք չէր կրնար երեւակայել, որ զինքը խաբած ըլլային: Հարիւր որոշողութիւն կ՚առնէր մէկ օրուան մէջ ու իր որոշողութեանցը մէջ այնքան բուռն ու ծայրայեղ էր, որ զինքը լսողը պիտի խորհէր անշուշտ, թէ համոզում մը աւելի վերջնական ձեւ մը չի կրնար ստանալ, շատ անգամ վայրկենական տպաւորութեան մը տակ փոթորիկ մըն էր, որ կ՚ելլէր, բայց որ քանի մը րոպէ ետքը կ՚անցնէր: Երբ Քինի ներկայացման օրը իր արդուզարդի սենեակը զինքը տեսնելու գացի, առաջին խօսքը սա եղաւ. «Վերջին ներկայացումս թող լինի այս Քինը: Ես Ադամեան չլինիմ, եթէ երկրորդ անգամ մը ներկայանամ բեմի վրայ ձեր հասարակութեան: Ես Քի՜ն ներկայացնեմ ու թատրոնը պարա՜պ»:
Զայրոյթէն կը դողար ամբողջ մարմնովը: Բայց, հակառակ իր գտած այս ընդունելութեանը, շաբաթ մը յետոյ նորէն յանձն առաւ Քինի երկրորդ ներկայացում մը, ազգային հաստատութեան մը ի նպաստ: Ողբերգուին Ռուսաստանէն դարձէն ետքը, մեր մօտը անցուցած քանի մը տարիները կարելի է երկու ժամանակամիջոցի բաժնել, առաջինը՝ իր գալուստէն մինչեւ իր Յոբելեանը, ու երկրորդը՝ Յոբելեանէն մինչեւ իր մահը: Առաջինը՝ կարելի է ըսել հրապոյրով այնչափ լեցուն, որչափ երկրորդը՝ դառն ու տխուր: Ռուսաստան մեծ յաղթանակներ տարած, աշխարհահռչակ դերասանի մը վայելող ընդունելութիւններէ գրեթէ գինովցած, կը հասնէր Պոլիս՝ խորհելով առ առաւելն ամիս մը մնալ իր ծննդավայրը, տեսնել իր սիրելի ազգականները ու երթալ յետոյ Անգլիա, ու Շէյքսփիրի հայրենիքը փայլեցնել հայ հանճարը: - Նման երազներով օրօրուած, Ադամեան կ՚անցընէր Պոլիս՝ իրեններուն մօտ, ամենահրապուրիչ կեանք մը, եւ անջնջելի յիշատակ մը կը թողուր ամէն անոնց, որոնք վայելեցին զինքը այդ օրերուն: Ռուսաստանի զանազան քաղաքներուն մէջ գտած պատիւները, տուած ներկայացումները, զանազան անձերու հետ ունեցած յարաբերութիւնները ու վերջապէս իր բոլոր տպաւորութիւնները կը պատմէր իրեն յատուկ համակրելի շեշտովը. ճշմարիտ հաճոյք մըն էր զինքը լսելը: Շատ անգամ իր՝ բանաստեղծի երեւակայութեամբը իրերը խոշորացոյցով ցուցնելու յատկութիւնը այնպիսի վարպետութեամբ մը կը միացնէր իր կէս ճշմարիտ, կէս կատակ պատմութիւններուն, որ կարելի չէր չծիծաղիլ. կը պատմէր, թէ անգամ մը, չեմ յիշեր ուր, երկու ամիսէն աւելի իշու ձագ մը պահած է եղեր իր պառկելու սենեակը. իրեն այցելող բարեկամները, իր ու ընկերին առողջութեանը մասին տեղեկութիւններ հարցնելէն ետքը, ինքն ալ փոխադարձաբար իրենցը ու յետոյ եղբայրներուն կամ քոյրերուն որպիսութիւնը կը հարցնէ եղեր:
Կը պատմէր, թէ անգամ մըն ալ Պալթիքի եզերքը բարեկամներու հետ որսի գացած ըլլալով, ճերմակ արջի մը յանկարծ հանդիպեր են, ինքը լեղապատառ հազիւ կրցեր է փախչիլ գազանին ճիրաններէն. մեզի ծանօթ Ադամեանը, որ յանձն չէր առած գիշեր մը բարեկամի մը սենեակը պառկիլ պատէն կախուած հրազէնի մը պատճառաւ, եւ որ իր սենեակէն զատ, տարբեր տեղ մը երբեք չէր ուզեր սենեակի մը մէջ մինակ քնանալ, փոքր տղու մը նման վախկոտ էր. ինքը անձամբ կ՚ըսէր, թէ բնաւ չէր ախորժեր, երբ քամին պատուհաններուն վարագոյրները կ՚ուռեցնէր: Կը յիշեմ, որ օր մըն ալ մեզ ամենքս խնդացուց՝ պատմելով, թէ ինչպէս Կովկասի մէջ ազգային դերասան մը, երբ Թրիպուլէի դերին մէջ իր սրտին կսկիծէն մազերը կը քաշէր, խլած էր յանկարծ իր կեղծամը. «Երեւակայեցէ՛ք, կ՚ըսէր, դերասանին ու ժողովուրդին դրութիւնը, երբ դերասանը բեռուքան ձեռքը, իր խավունի պէս ճերմակ գլուխովը, բերանը բաց կը մնար բեմին վրայ»: Չարամտութեամբ չէ, որ կը պատմէր մեր դերասաններուն նմանօրինակ անկարգութիւնները, ցաւելով կը յիշէր իրենց արուեստին ունեցած քիչ փոյթը. «Բեմին վրայ արիւն քրտնցուցած են ինձ, կ՚ըսէր, դիմացս ունենալով դերասաններ, որ դերերնին չեն սերտած, գէշ զարդարուած են»: Կը յիշէր, թէ Համլեթի մէջ Ռոզէնկրանցի դերը ստանձնող դերասան մը «երկու մատ թրաշը եկած» ներկայացած էր հանդիսատեսներուն:
Դիւրին է երեւակայել, թէ ինչ անտանելի բան կ՚ըլլայ Ադամեանի նման բծախնդիր ու խղճամիտ արուեստագէտի մը համար, այդպիսի ընկերակիցներ ունենալը թատերաբեմին վրայ: Խոստովանելու է այս առիթով, որ չափազանց անիրաւ եղաւ Պարոնեան իր քննադատականին մէջ, երբ գրեց Բերայի թատրոնը Օթելլոյի առաջին ներկայացումէն ետքը, թէ դերասանը իր հսկայութիւնը աւելի զգալի ընելու համար գաճաճներ ժողված էր իր շուրջը: Յայտնի էր մեր թատերական արուեստագէտներուն վիճակը, երկրորդ՝ պէտք է գիտնալ, որ Ադամեան, հանգուցեալ Պ. Մաղաքեանի եւ իր բարեկամներուն դրդմամբը յանձն առաւ հոս բեմի վրայ երեւալ: Ներկայացում տալու դիտաւորութիւն չունէր բնաւ. Մաղաքեան իր բեմական երկար գործունէութեան փորձառութեամբը ստանձնեց խումբ մը կազմակերպելու պաշտօնը, ինք ընտրեց դերասանները, ինք համաձայնեցաւ իրենց հետ, ու Ադամեան գոհացաւ գտնուածներով: Պարոնեանի կարծիքը աններելի էր, չճանչնալ էր դերասանը. արուեստագէտը շատ մեծ էր սրտով այսպիսի գձուձ միջոցի մը դիմելու համար. ընդհակառակը, միջակ կամ յոռի դերասաններու աշխատակցութիւնը կը պակսեցնէր իր տաղանդին փայլը, կ՚այլայլէր խաղին ընդհանուր բարձրութիւնը, Ադամեանի մեծութիւնը բնական անհամեմատութիւն մը կը ստանար, ու ասոր համար ալ շատերը չափազանցութիւն կ՚ուզէին գտնել իր արուեստին մէջ, որոնցմէ մէկն ալ Պարոնեանն էր:
Քանի՜ցս լսած եմ իրմէ այն գոհութիւնը, որ կը բացատրէր Օտեսսայի օրինաւոր դերասաններու մասնակցութենէն, «Զիս էլ խաղին հետ բարձրացնում են, կ՚ըսէր: Սառում է արիւնս, սպաննում են իմ մէջս արթիսթը, երբ վատ դերասանների հետ կը լինի գործս»: Ի՜նչ սիրուն կը պատմէր իր ծառային զարմանալի մէկ սխալ հասկացողութիւնը, երբ իր հոս Օթելլոյի առաջին ներկայացման օրը, մորթը գունաւորելու ներկին մէջ դրուելիք ջուրին համար, հրամայած էր ծառային երկու շիշ բերել. «Մէկ ժամէն աւելի կար որ մեկնած էր, անհամբեր սպասում էի, կ՚ըսէր, երբ վերջապէս ծառաս հեւալով հասաւ, երեւակայեցէ՛ք, ձեռքը երկու հատ քեպապի շիշ բռնած, երբ բարկութեամբ հարցուցի, թէ «Անիծեա՛լ, ի՜նչ են ասոնք», խեղճը շփոթած, «Աղա՛, Պէյօղլու շիշ չկար, ինչուան Թօփխանէ գացի ասոնք գտնելու համար», պատասխանեց: Անվերջ էին իր այսպիսի կատակները, իր զուարթ բնութիւնը տարբեր հրապոյր մըն ալ կ՚աւելացնէր իր ընկերակցութեանը: Օր մըն ալ կը յիշեմ. երբ միասին փողոցէ մը կ՚անցնէինք, պատուհանի մը առջեւ նստած կին մը «Քա՛ Ադամեանը նայէ՛, Ադամեա՛նը», կը պոռար: Ինքն ալ, ինծի դառնալով, կնոջմէն լսելի ըլլալու աստիճան բարձր ձայնով մը «Եսայեանը նայէ՛, Եսայեանը», ըսաւ:
Ժամերով կը խօսէր Ադամեան, անսպառ էին իր խօսակցութեան մթերքը, ինք չէր պատկաներ այն կարգ մը մասնագէտ արուեստագէտներուն, որոնց սահմանափակ հորիզոնը չի ներեր իրենց շրջանակէն դուրս ոեւէ խնդրով մը զբաղելու. իր գեղեցիկի ըմբռնման բազմակողմանի կարողութեամբ իր իւրաքանչիւր քայլափոխին կը գտնէր գեղեցկագիտական կամ մտաւորական վայելք մը, կը խորհրդածէր ամէն բանի վրայ. կեանքի մէջ ամէն օր կրկնուող ոեւէ միջադէպ մը, որ կրնայ անտարբեր ձգել շատերը, ինք զօրաւոր տպաւորութիւն մը կը կրէր ադկից: Կը դիտէր, կը քննադատէր զանազան խնդիրներ: Կը բացատրէր իր գեղեցկագիտական եւ իմաստասիրական ըմբռնումները. կը բաղդատէր իր կարծիքները ուրիշներու կարծիքին հետ, կը բացատրէր իր ստեղծագործած դերերուն հոգեբանութիւնը, իր այսինչ կամ այնինչ կերպով ներկայացնելու պատճառները: Պէտք էր զինքը մտիկ ըրած ըլլալ՝ հասկնալու համար իր մէջ՝ քննող մարդուն կորովը: «Տասը տարի Համլեթ ներկայացուցի, կ՚ըսէր. ներկայացնելէ առաջ տասը տարի ուսումնասիրեցի եւ մինչեւ այսօր կ՚ուսումնասիրեմ դեռ այդ տիպարը»: Կարելի է ըսել, որ Ադամեան իր գեղեցկագիտական ըմբռնումներովը իրապաշտ էր ու այս պատճառով չէր սիրեր ֆրանսացի ողբերգու դերասանները: Տեսած էր Սալվինին Օթելլօյի մէջ, ինչպէս Օլտրիճը իր շատ երիտասարդութեանը: «Աստուածային է Սալվինիի Օթելլոն», կ՚ըսէր. բայց իր հագուելու ու արդուզարդի եղանակէն, որ իր բառով «անտանելի» գտած էր: «Ֆրանսացիք իրենց conservatoire-ի դրութեամբ մեքենաներ կը շինեն, կեանքը այդպէս չ՚ըլլար, կ՚ըսէր. դպրոցը բնութիւնն է»:
Նոյնիսկ Սառա Պեռնարի մասին, զոր տեսաւ հոս Adrienne Lecouvreur-ի դերին մէջ, «կը խօսի ծառային հետ այն շեշտով, որ խօսեցաւ քիչ առաջ Մորիս տը Սաքսի հետ շատ արուեստ ու քիչ բնականութիւն ունի», կ՚ըսէր, թէեւ ինքն ալ չափազանց ու տափակ իրականութենէն կը խորշէր, կը կրկնէր երբեմն «գեղեցիկը ճշմարտին ու ճշմարիտը գեղեցկին մէջ» պարբերութիւնը, առանց սակայն գեղեցիկը բնութենէն ու իրականութենէն դուրս բան մը երեւակայելու: Քիչ մը անիմաստ կը գտնէր ռուս դերասաններու իրապաշտութեան ծայրայեղութիւնները: «Թատերաբեմին վրայ մեկուսի խօսակցութիւնները այնքան ցած ձայնով կ՚ըսեն, որ խօսողէն զատ ուրիշ ոչ ոք կրնայ լսել», կ՚ըսէր:
Իր իմաստասիրական համոզումները առաւել կամ նուազ համաձայն էին իր գեղեցկագիտութեան: Ադամեան հիւանդանալէ առաջ շատ տարբեր էր ամէն տեսակէտով, տարբեր էին իր յայտնած գաղափարները, տարբեր էր իր իմաստասիրութիւնը, տարբեր էր իր ապրելու եղանակը, շատ աւելի առողջ մտքով ինչպէս մարմնով: Իր վերջին օրերուն մէջ ունեցած գաղափարները արդիւնքն էին միայն իր հիւանդութեան ու այդ տագնապալից հոգեկան դրութեան:
Իր ամենէն սիրելի զբաղումներէն մէկն ալ նկարչութիւնն էր. գրեթէ կանոնաւորապէս շարունակ նկարելով անցուց հոս իր վերջին տարիները, մանաւանդ որ շատ քիչ կրցաւ հոս ինքզինքը բեմական կեանքին նուիրելու: Իր արուեստին չափ կը սիրէր նկարչութիւնը եւ եթէ այդ տաղանդն ալ պէտք եղած կերպով մշակելու առիթ չէր ունեցած, գոնէ կարելի է վստահ ըլլալ, որ ունէր մեծ նկարիչ մը ըլլալու այնչափ ձիրք, որչափ իր դերասանական արուեստին համար:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
•մնացեալը վաղուան թիւով
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024