ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ՝ ՖՐԱՆՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԻՐՏԸ

Հազարամեակ մը առաջ ֆրանսերէնը Միջերկրական ծովու ափերուն փռուած, Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութենէն ներս, հայկական արքունիքի պաշտօնական գրագրութեան եւ արուեստի լեզուներէն էր: Մինչեւ 18-րդ դար, ֆրանսերէնը նկատուած է միջազգային լեզու, եւ այդ մէկը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ Ֆրանսան եղած է Եւրոպայի ամենէն շատ բնակեցուած վայրերէն մին, եւ ֆրանսերէնի տարածման առաջին պայմանը եղած է ժողովրդագրական, այնուհետեւ՝ տնտեսական եւ ռազմական: Բոլոր տուեալները կը վկայեն, որ հայերը հինէն ի վեր կը մեծարէին ֆրանսերէնը: Այսօր ալ, ժամանակակից Հայաստանը, հաստատակամօրէն եւ հպարտօրէն, կ՚իրականացնէ ֆրանսախօս երկիրներու համագործակցութեան իր անդամակցութեամբ ստանձնած ֆրանսերէնի տարածման ու խորացման յանձնառութիւնը: Իբրեւ հին ու քաղաքակիրթ ազգ, ֆրանսախօսութիւնը հայերուն հոգեհարազատ է իբրեւ մտածելակերպ, բարոյական արժէք եւ երկխօսութեան ու համերաշխութեան հասնելու միջոց:

Հայաստանի եւ ֆրանսախօս երկիրներու համագործակցութիւնը նոյնպէս հարուստ պատմութիւն մը ունի: Հակառակ անոր, որ Հայաստանը ուշ միացած է ֆրանսախօս երկիրներու համագործակցութեան, բայց կարճ ժամանակի ընթացքին նշանակալի կենսագրութիւն մը ստեղծած է այդ կառոյցին մէջ: Անոր վառ ապացոյցը այն է, որ Ֆրանսախօս երկիրներու համագործակցութեան՝ Ֆրանքոֆոնիոյ ամենէն նշանակալի հաւաքը այս տարի՝ 2018 թուականին կը սպասուի Հայաստանի մէջ: Հոկտեմբերի 11-12 թուականներուն միջեւ, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովը, որուն պիտի նախորդէ նախարարներու համաժողովը՝ Հոկտեմբերի 8-9 թուականներուն միջեւ։

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (ՖՄԿ/Organisation Internationale de la Francophonie) ֆրանսերէնի եւ համընդհանուր արժէքներու ամրագրման եւ տարածման միջազգային հաստատութիւն մըն է, որ այժմու կարգավիճակով կը գործէ 1970 թուականէն ի վեր:

Կազմակերպութեան մէջ ընդգրկուած են 57 լիիրաւ, 3 զուգորդուած եւ 20 դիտորդի կարգավիճակ ունեցող պետութիւն: Այս երկիրներէն 32-էն ներս ֆրանսերէնը ունի պաշտօնական լեզուի կամ երկրորդ պաշտօնական լեզուի կարգավիճակ։ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մէջ ընդգրկուած երկիրներու բնակչութեան ընդհանուր թիւը կը հաշուէ շուրջ 900 միլիոն, որմէ 274 միլիոնը ֆրանսախօս է։ Այդ երկիրները սփռուած են աշխարհի հինգ մայրցամաքներուն վրայ: ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն գրեթէ մէկ երրորդէն աւելին անդամ է այս կազմակերպութեան:

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւնը, որպէս իր առաջնային առաքելութիւնը կը նկատէ աշխատանքները՝ ի նպաստ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու, ֆրանսերէն լեզուի եւ մշակութային ու լեզուաբանական բազմազանութեան յառաջխաղացման, կրթութեան եւ վերապատրաստման խթանման, մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան աշխուժացման, անդամ երկիրներու եւ կառավարութիւններու միջեւ համերաշխութեան զօրացման՝ անոնց տնտեսական աճը ամրապնդելուն ուղղուած բազմակողմանի համագործակցութեան գործողութիւններով:

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան որոշում կայացնող քաղաքական մարմինը ֆրանսախօս երկիրներու եւ կառավարութեան ղեկավարներու համաժողովն է՝ գագաթաժողովը, որ տեղի կ՚ունենայ երկու տարին անգամ մը: Ողջ ֆրանսախօս աշխարհը երկու տարին մէկ կը սպասէ այդ հաւաքին, որու ընթացքին հնարաւոր կ՚ըլլայ փառաբանել ֆրանսախօսութիւնը եւ զայն դիտարկել իբրեւ ժամանակակից աշխարհի զարգացման խթաններէն մին:

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարին վերապահուած է ֆրանսախօսութեան կառուցուածքային դրոյթներու պահպանման հիմնական դերը:

2014 թուականէն ի վեր կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը կը ստանձնէ Տիկին Միքայէլ Ժան, որ այդ պաշտօնին ընտրուած է Տաքարի մէջ կայացած 15-րդ գագաթաժողովին ընթացքին։

Հարկ է ընդգծել, որ ֆրանսախօսութեան բազմակողմանի համագործակցութիւնը կ՚իրականացուի թէ՛ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան եւ թէ վերջինիս չորս գործիքներուն միջոցաւ, որոնք են՝ Ֆրանսախօսութեան համալսարանական գործակալութեան (Agence Universitaire de la Francophonie-AUF), TV5 Monde միջազգային հեռուստաալիքը, Աղեքսանդրիոյ մէջ Սենկորի անուան համալսարանը (Université Senghor d՚Alexandrie) եւ Ֆրանախօս երկիրներ ու քաղաքապետերու միջազգային ընկերակցութիւնը (Association Internationale des Maires Francophones - AIMF):

Կազմակերպութիւնը միաժամանակ իր տրամադրութեան տակ ունի խորհրդատուական մարմին մը, որ Ֆրանսախօսութեան խորհրդարանական վեհաժողովն է, որուն գործադիր ատեաններուն մէջ կազմակերպութիւնը կը ներկայացնէ ֆրասախօս ժողովուրդներու շահերն ու անկնալիքները՝ որպէս հիմնական նպատակ ունենալով սոյն երկրներու մէջ խթանել ժողովրդավարութիւնն ու իրաւական պետութիւնը եւ պաշտպանել մարդու իրաւունքները ֆրանսախօս հանրութեան մէջ:

2003 թուականին Պուրքինա Ֆասոյի մայրաքաղաքը՝ Ուակատուկուի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովին ընթացքին Հայաստանը ձեռք բերած է Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան դիտորդի կարգավիճակը, իսկ այնուհետեւ՝ 2008 թուականի Հոկտեմբերին, Քէպէքի, Գանատա, մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովին ժամանակ դարձած է Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան զուգորդուած անդամ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան մշտապէս կը մասնակցի Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան նախարարական համաժողովներուն եւ 2008 թուականի Քէպէքի գագաթաժողովէն սկսեալ, ի պաշտօնէ կ՚ապահովէ նաեւ Հայաստանի ներկայութիւնը Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գերագոյն ատեաններու ժողովներէն ներս:

Զուգորդուած անդամի կարգավիճակը ձեռք ձգելէ ետք Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան առընչուող նախաձեռնութիւնները համակարգելու նպատակով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ֆրանսախօսութեան հարցերով յատուկ խորհրդական մը կը նշանակէ:

Հայաստանը իր ներկայացուցիչը ունի նաեւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մշտական խորհուրդին մէջ:

Հայաստանի եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ կարեւոր էր 2010 թուականի Ապրիլին Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան այդ ժամանակուան գլխաւոր քարտուղար Ապտու Տիուֆի պաշտօնական այցը Հայաստան:

2010 թուականի Հոկտեմբերին Զուիցերիոյ Մոնթրէօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ֆրանսախօսութեան 13-րդ գագաթաժողովին ընթացքին Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ-երկրներու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները, ֆրանսախօսութեան տարածքաշրջանին մէջ ճգնաժամային իրավիճակէն, անկէ դուրս գալու եւ խաղաղութեան ամրապնդման մասին բանաձեւը ընդունելով, առաջին անգամ իրենց դիրքորոշումը արտայայտած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ, մասնաւորապէս նշելով.

«Կը հաստատենք մեր լիարժէք աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման նպատակով:

«Կոչ կ՚ուղղենք հակամարտութեան բոլոր կողմերուն ձեռնպահ մնալ սպառնալիքի կամ ուժի գործադրման որեւէ փորձէ, որ կրնայ վտանգել խաղաղութեան գործընթացը եւ կ՚առաջարկենք շարունակել բանակցութիւնները Մինսքեան խմբակի համանախագահներու կողմէ առաջարկուած սկզբունքներուն հիման վրայ՝ որպէս այս հակամարտութեան հաւասարակշռուած եւ տեւական լուծման հիմք»:

2012 թուականի Հոկտեմբերին Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մայրաքաղաքը՝ Քինշասայի մէջ ֆրանսախօսութեան միջազգային գագաթաժողովին ժամանակ Հայաստանը ձեռք կը բերէ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան լիիրաւ անդամի կարգավիճակ՝ դառնալով այդ կազմակերպութեան 54-րդ անդամ-երկիրը:

Քոնկոյի գագաթաժողովին ընթացքին ճգնաժամային իրավիճակներու կարգաւորման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ բանաձեւի շրջանակներուն մէջ Ֆրանսախօսութեան միջազգային անդամ-երկիրներուն եւ կառավարութիւններուն ղեկավարները կը վերահաստատեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ տակաւին Մոնթրէօի գագաթաժողովին ժամանակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքեր՝ սատարելու իրենց դիրքորոշման եւ անգամ մը եւս կը վերահաստատեն նախկին կոչը՝ ուղղուած հակամարտութեան բոլոր կողմերուն:

Սոյն դիրքորոշումը կը վերհաստատուի նաեւ 2014 թուականին՝ Տաքարի, Սենեկալ, եւ 2016 թուականին՝ Անտանանարիվուի, Մատակասքար, գագաթաժողովներուն ժամանակ:

Հայաստանը կը հանդիսանայ նաեւ 2013 թուականի Սեպտեմբերին ստեղծուած Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ֆրանսախօսութեան հարցերով ազգային կառոյցներու եւ հաստատութիւններու ցանցի (RESIFECO) անդամ, իսկ 2015-2017 թուականներուն RESIFECO-ի նախագահութիւնը ստանձնած է Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մշտական խորհուրդի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը:

Ֆրանսախօսութեան գործունէութեան իր յանձնառութիւնը վկայելու եւ անոր միջազգային տարածման նպաստելու նպատակով Հայաստանը իր թեկնածութիւնը կը ներկայացնէ 2015 թուականի Հոկտեմբերին հիւրընկալելու Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան նախարարական համաժողովի 31-րդ նստաշրջանը: 2014 թուականի Նոյեմբերին Տաքարի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան նախարարական համաժողովի 30-րդ նստաշրջանին այս առաջարկը կ՚արժանանայ ֆրանսախօսութեան անդամ երկիրներու եւ կառավարութեան նախարարներու միաձայն աջակցութեան:

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան նախարարական համաժողովի 31-րդ նստաշրջանը կը կայանայ Երեւանի մէջ՝ 10 Հոկտեմբեր 2015 թուականին: Բացման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժան, ինչպես նաեւ՝ կազմակերպութեան անդամ-երկիրներու եւ կառավարութիւններու ներկայացուցիչներ:

Այդ համաժողովին ընթացքին հարուստ եւ բեղմնաւոր քննարկումներ ծաւալուած են Հայաստանի կողմէ շեշտադրուած նիւթերուն շուրջ. ինչպէս՝ ֆրանսախօսութեան խաղաղ տարածքաշրջանի բազմազանութեան եւ երկխօսութեան, կլիմայական փոփոխութիւններուն, կոտորածներու կանխարգիլման առընչուող հարցեր, որոշ հարցերու վերաբերեալ ընդունուած են բանաձեւեր:

Կարեւոր առիթ մըն էր նաեւ Երեւանի նախարարական համաժողովը, որուն ընթացքին մասնակիցները բացայայտեցին հայկական մշակոյթի հարուստ ժառանգութիւնը:

Այս յաջող փորձէն մեկնելով ու ուղղորդուելով ֆրանսախօսութեան արժէքներուն ծառայելու մղումով՝ 2016 թուականի Մայիսին Հայաստանը կը ներկայացնէ իր թեկնածութիւնը՝ Ֆրանսախօսութեան միջազգային 17-րդ գագաթաժողովը կազմակերպելու գործին մէջ եւ 27 Նոյեմբեր 2017 թուականին Անտանանարիվուի Մատակասկար գագաթաժողովին ժամանակ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան երկիրներուն եւ կառավարութիւններուն ղեկավարները Հայաստանը կը սահմանեն որպէս 2018 թուականի Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմապերպութեան յառաջիկայ գագաթաժողովի հիւրընկալ երկիր:

Յայտնի է նաեւ, որ յաջորդ գագաթաժողովը տեղի կ՚ունենայ 2020 թուականին, Թունուսի մէջ:

ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՖՄԿ-Ի ՄԻՋԵՒ

Հայաստանը սերտ համագործակցութիւն կը զարգացնէ ՖՄԿ-ի հետ, որ կ՚արտայայտուի կարգ մը ծրագիրներու իրականացմամբ:

2009 թուականի Մայիսէն ի վեր Հայաստանի անդամակցութիւնը Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ֆրանսախօս տարածքաշրջանային կեդրոնին (CREFECO), թոյլ տուած է շուրջ 350 ֆրանսերէնի հայ ուսուցիչներուն մասնակցելու ազգային կամ տարածքաշրջանային մակարդակով վերապատրաստման՝ ուղղուած ֆրանսերէնի ուսուցման եւ ֆրանսերէնով ուսուցանուող ոչ-լեզուաբանական առարկաներու բարելաւման:

2009 թուականի Յունիսին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան, ՖՄԿ-ի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան, Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դքսութեան կառավարութիւններու եւ Պելժիոյ ֆրանսախօս համայնքի ղեկավարութեան միջեւ կը ստորագրուի Հայաստանի Հանրապետութեան պետական համակարգի պաշտօնեաներու ֆրանսերէնի ուսուցման վերաբերեալ յուշագիր մը։

2015 թուականի Հոկտեմբերին, ի շարունակութիւն նախորդ յուշագրին, «Ֆրանսերէնը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ» ծրագրին շրջանակներուն մէջ ՖՄԿ-ի, Հայաստանի եւ կազմակերպութեան անդամ ու դիտորդ 17 այլ երկիրներու կողմէ Ազգային ֆրանսախօս նախաձեռնութիւններու վերաբերեալ Գործընկերութեան յուշագիր մը ստորագրուած է՝ ուղղուած միջազգային յարաբերութիւններու հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչական համակարգի պաշտօնեաներուն, անոնց ֆրանսերէնով արտայայտուելու հմտութիւնները ամրապնդելուն ի խնդիր:

2009 թուականէն սկսեալ «Ալիանս ֆրանսէզ» միութեան կողմէ կազմակերպուած ֆրանսերէն լեզուի վերապատրաստում-դասընթացքէն կ՚օգտուին Հայաստանի պետական համակարգի քանի մը տասնեակ պաշտօնեաներ:

2012 թուականին Քինշասայի, Քոնկօ, գագաթաժողովի ծիրէն ներս Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ ՖՄԿ-ի այդ ժամանակուան գլխաւոր քարտուղար Ա. Տիուֆ Հայաստանի եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան միջեւ «Լեզուաբանական ծրագիր» կը կնքեն՝ երեք տարուան ժամկէտով:

Լեզուաբանական ծրագիրը հնարաւորութիւն մըն է Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան հետ խորացուած համագործակցութեան հիմքեր ստեղծելու կարեւոր ոլորտներու մէջ. օրինակ՝ կրթութիւնը, մշակոյթը, հաղորդակցութիւնը եւ զբօսաշրջութիւնը:

Հայաստանի Կրթութեան նախարարութիւնը ֆրանսերէնը հաստատած է որպէս դպրոցներէն ներս ընտրովի երրորդ օտար լեզու, ինչպէս նաեւ ֆրանսական կողմի օժանդակութեամբ հինգ դպրոցներու մէջ բացած է ֆրանսերէնի խորացուած ուսուցման դասընթացքներ:

Ըստ ուսումնասիրութիւններուն, 2012-2015 թուականներուն բաղդատմամբ՝ Հայաստանի հանրային դպրոցներուն մէջ ֆրանսերէն սորվողներուն թիւը աւելցած է 14.3 առ հարիւրով:

Բարձրագոյն կրթութեան ասպարէզէն ներս նոյնպէս ամրապնդուած է ֆրանսախօսութեան ուղղուածութիւնը: Այսօր Հայաստանի 5 համալսարանները կը հանդիսանան Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան համալսարանական գործակալութեան անդամ:

Ամէն տարի Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենան ֆրանսախօսութեան երկամսեայ միջոցառումներ, որոնք կը ներառնեն ֆրանսախօս մշակութային, կրթական եւ հա-մալսարանական հարիւրաւոր ձեռնարկներ:

Հարկ է նշել նաեւ, որ Հայաստանի մէջ որոշ պատմական յուշարձաններու քով նկատելի է ֆրանսերէն լեզուով վահանակներու եւ ցուցափեղկերու զետեղումը, բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծուին ֆրանսախօս զբօսաշրջիկները ընդունելու համար:

«Ֆրանսախօս գիրքի անկիւն» խորագրով ծրագիր մը իրականացուած է 2014 թուականին եւ կը ներառնէ Հայաստանի կարգ մը մեծ քաղաքները՝ Երեւան, Գորիս, Կիւմրի եւ այլն:

Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի յանձնաժողովը յանձն առած է ապահովել TV 5 MONDE հեռուստաալիքին մուտքը Հայաստան:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿ

5 Յուլիս 2009 թուականին Հայաստանի Ազգային ժողովը կը դառնայ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովին (ՖԽՎ/ APF) զուգորդուած անդամ: Մինչեւ 2014 թուականը Հայաստանը կ՚օգտուէր ՖԽՎ-ի «ՆՈՐԻԱ» ծրագիրէն, որ մասնաւորապէս կ՚իրականացնէ ֆրանսերէն լեզուի դասընթացքներ՝ նախատեսուած հայկական խորհրդարանի երեսփոխաններուն եւ խորհրդարանի պաշտօնեաներուն համար, փաստագրական հիմնադրամներուն ուղղուած նուիրաբերութիւններ, Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքէջը նաեւ ֆրանսերէն թարգմանելու եւ ֆրանսերէնով թողարկելու աջակցութիւն:

2010 թուականի Մայիսին ՖԽՎ-ի եւրոպական տարածքաշրջանի նիստը իրականացուած է Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, իսկ 2014 թուականէն սկսեալ հայկական խորհրդարանը կ՚անդամակցի ՖԽՎ-ին, որպէս լիիրաւ անդամ:

2015 թուականի Ապրիլին Հայաստանը հիւրընկալած է ՖԽՎ-ի եւրոպական տարածքաշրջանի մասնաճիւղերու նախագահներուն համաժողովը:

2016 թուականի Մայիսին ՖԽՎ-ի եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի օժանդակութեամբ խորհրդարանի դահլիճին մէջ պաշտօնապէս կը սկս հայ ֆրանսախօս երիտասարդ խորհրդարանին՝ նպատակ ունենալով խթանել երիտասարդներու քաղաքացիական ներգրաւուածութիւնը…

Գալով այս տարուան Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան երեւանեան գագաթաժողովին՝ նշենք, որ գագաթաժողովի խորհրդանշանը ընտրուած է նուռը, որ հայկական մշակոյթին մէջ խորհրդանշական համարում ունի: Տակաւին 2015 թուականին, Հայաստան ժամանելով, Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժան ըսած է. «Տեղեր կան, որոնք հարուստ են խորհրդանիշներով, ուր կը պահպանուի յիշողութիւնը: Հայաստանը այդ տեղերէն մին է, բայց Հայաստանը նաեւ խիզախութեան, ինչպէս նաեւ յաղթանակի խորհրդանիշն է, որուն ժողովուրդը կրցած է վերածնիլ»:

Ի թիւս բազմաթիւ հիւրերու, գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Հայաստանը այս Հոկտեմբերին կրկին կը սպասէ Միքայէլ Ժանին, այդ անսովոր կենսագրութեան տէր կնոջ, որ, Հայիթիէն իբրեւ փախստական հասնելով Գանատա, կերտած է իր կենսագրութիւնը՝ ներգրաւուելով խաղաղութեան, բարօրութեան կերտման, ժառանգութեան պահպանման եւ քաղաքակրթական արժէքներու հաստատման պայքարին մէջ:

Շատեր ֆրանսախօսութիւնը կը շփոթեն ֆրանսերէն լեզուի հետ, եւ կը զարմանան, որ Հայաստանը, ուր ֆրանսերէն լեզուն առաջնային չէ, ինչպէ՞ս աշխոյժ ներգրաւուածութիւն ունի Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ծրագրերուն մէջ: Սակայն, հասկնալի է, որ ֆրանսերէնը միայն գործիք է, ինչ որ գիտնալով՝ կը ճանչնաս բազմաթիւ ժողովուրդներու մշակոյթը, երկիրը, մարդոց մտածողութիւնը։ Ֆրանսախօսութեան երեւոյթը կ՚օգնէ Հայաստանին՝ բացայայտել նաեւ Ափրիկէն որպէս հիանալի մայրցամաք՝ իր մշակութային, տնտեսական, զգացմունքային, գունային բազմազանութեամբ:

Յառաջիկայ գագաթաժողովը Հայաստանի համար կարեւոր է աշխարհի համար աւելի բաց, տեսանելի ու մատչելի ըլլալու առումով, ինչ որ ալ իր կարգին հնարաւորութիւն կու տայ ներգրաւուիլ միջազգային գործընթացներէն ներս, իսկ մասնակից 84 երկիրը արդէն աշխարհի երկիրներու գրեթէ կէսն է, որոնք բարձր մակարդակով ներկայ պիտի ըլլան Հայաստանի մէջ՝ իրենց մամուլով ու ատկէ բխեալ բոլոր տեսանելիութեամբ։ Յատկանշական է, որ Հայաստանը ողջ Կովկասի մէջ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան միակ լիիրաւ անդամն է։

Ֆրանսախօսութեան միջազգային գագաթաժողովի ծիրէն ներս Հայաստանի համար պիտի իրականացուի նաեւ մեծ միջոցառում մը եւս՝ «Ֆրանսախօս լրագրողներու միջազգային միութեան» համաժողովը, որուն մասնակցելու, ինչպէս նաեւ գագաթաժողովը լուսաբանելու համար Հայաստան պիտի ժամանեն հարիւրաւոր ֆրանսախօս լրագրողներ: Երեւանի մէջ այդ օրերուն կը սպասուի շուրջ 4000 հոգիի ժամանման, որոնց մէջ կ՚ըլլան աւելի քան 600 լրագրողներ։

Հակառակ անոր, որ ֆրանսերէնը այսօր հետզհետէ իրտեղը կը զիջի անգլերէնին, բայց եւ այնպէս, կը շարունակէ մնալ աշխարհի մշակութային գանձերէն մին։ Այդ լեզուով կը գրէին եւ կը խօսէինՎոլթեր, Հիւկօ, Տիւմա, Պալզաք եւ շատ ու շատ հռչակաւոր մարդիկ, որոնց ստեղծած գործերն անմահ են ու կը կազմեն մարդկութեան հոգեւոր ժառանգութեան մէկ կարեւոր մասը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2018