ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱՁԱՆՁՐԱԼԻ ՕՐԸ
Նայելով այսօր ապրուած ճգնաժամերուն, կան տարբերութիւններ անցեալի եւ այսօրուաններու միջեւ. հակամարտութիւններ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մէջ, ամէնուրեք լարուածութիւն, սով եւ նման իրավիճակներ, որոնք յառաջացած են կլիմայի փոփոխութեան, պատերազմներու, համաճարակներու եւ այլն հետեւանքով։ Սակայն այսօրուան ճգնաժամերը կրնան յանկարծակի ի յայտ գալ եւ անոնց աղբիւրն ու ուղղութիւնը հնարաւոր չէ կանխատեսել։
Երկիրներու աշխարհաքաղաքական ու տնտեսական իրավիճակը, քաղաքական կառուցուածքը, վարչակարգը կարեւոր դեր կը խաղան այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններու մէջ։ Զարգացող փորձագիտութեան շնորհիւ երկիրներու միջեւ կապը աւելի հեշտ է եւ գաղափարները դուրս կու գան սահմաններէն։ Միեւնոյն ժամանակ, անորոշութիւն կը յառաջանայ փորձագիտական զարգացումներով, նաեւ կը ստեղծուի անապահովութեան միջավայր։ Երբ նայինք այսօրուան առկայ խնդիրներուն, «թիթեռնիկի ազդեցութիւնը», ինչպէս Լորենց կ՚ըսէ, յստակօրէն ի յայտ կու գայ: Սա ցոյց կու տայ կախուածութիւնը՝ մեկնարկային կէտէն: Այսինքն՝ ելակէտի ամենափոքր փոփոխութիւնը կը յանգեցնէ նաեւ արդիւնքներու փոփոխութեան: Քաոսը գոյութիւն ունի մեր կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս եւ անով ապրիլը կը նշանակէ՝ որպէս կեանքի նոր բնականոն ընթացք։
Իսկ արդեօք աշխարհի վրայ երբեք եղա՞ծ է օր մը, որ այս «թիթեռնիկի ազդեցութիւնը» չզգացուի։ Արդեօք եղա՞ծ է օր մը, որ որեւէ կարեւոր իրադարձութիւն տեղի ունեցած չըլլայ…
1930 թուականի ապրիլի 18-ի երեկոյեան, ժամը 20:45-ին, BBC-ի հաղորդավարը լուրերու հաղորդման ժամանակ ըսաւ. «Բարի երեկոյ, բարի ուրբաթ, այսօր ոչ մէկ նորութիւն»։ 15 րոպէնոց հաղորդման տեւողութեան, Վակների «Փարսիֆալ» օփերայէն դաշնամուրային երաժշտութիւնը կազմած է մնացեալ յայտագիրը։ Այս իրադարձութիւնը առաջինն է համաշխարհային պատմութեան մէջ։
Ճշմարտութիւնը այն է, որ 1930-ին 1929 թուականի տնտեսական ճգնաժամի կործանարար հետեւանքները կը շարունակէին ամբողջ աշխարհի վրայ, կային լուրջ ընկերային խնդիրներ՝ յատկապէս գործազրկութեան եւ Եւրոպայի մէջ բռնատիրութեան ազդեցութեան բարձրացման նման։ Այդ պատճառով բրիտանական կառավարութիւնը կը ճնշէր BBC-ի վրայ: Անոնք չէին ուզեր, որ փաստերը իրենց մերկութեամբ ներկայացուին հանրութեան։ Այդ պատճառով BBC-ի հաղորդավարը մօտեցաւ բարձրախօսին ու ըսաւ. «Ոչ մէկ նորութիւն»։
Ի լրումն այս պատմական իրադարձութեան, այսպիսի աշխարհի մը մէջ հնարաւո՞ր է նման անտարբերութիւն, հանգստութիւն եւ խաղաղութիւն։ Պատասխանը՝ այո է:
2010 թուականին Քէյմպրիճի համալսարանէն ներս իրականացուած է համաշխարհային մամուլի պատմութեան վերաբերեալ հետազօտութիւն մը։ Բոլոր երկիրներու հաղորդած լուրերը օրէ օր քննուած ու ուսումնասիրուծ են։
Հետազօտութիւնը իրականացուցած գիտնականը՝ Ուիլիըմ Թունսթալ-Փետօ օգտագործած է «True Knowledge» կոչուած իր սեփական որոնողական համակարգը՝ պարզելու համար այն օրը, որ արդիւնք չի տար: Իր որոնողական համակարգէն օգտուողները կը տեսնեն, թէ որեւէ օրուան ընթացքին ի՛նչ տեղի ունեցած է։
Նշեալ հետազօտութեան արդիւնքին 1954 թուականի ապրիլի 11-ը յայտարարուեցաւ անցեալ դարու ամենաձանձրալի օրը։ Արդարեւ, այդ օրը որեւէ կարեւոր, կենսական նշանակութեամբ իրադարձութիւն մը, իրականութեան մէջ, տեղի չէ ունեցած: Ո՛չ պատերազմ, ո՛չ ճգնաժամ, ո՛չ բնական աղէտ, ո՛չ ալ կարեւոր մարդու մահ տեղի ունեցաւ։ Աշխարհի ոչ մէկ երկրին մէջ պատահած են այնպիսի իրադարձութիւններ, որոնք ցնցած են հասարակութիւնները եւ յառաջացուցած՝ լուրջ մարդասիրական խնդիրներ։
Անոնք 20-րդ դարու ամենախաղաղ ու «ամենաձանձրալի օրը» հռչակած են 1954 թուականի ապրիլի 11-ը, քանի որ հետազօտութիւններ կատարուած են «նորութիւններու» առընչութեամբ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ