ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԷՆ ԹԱՆԿԱՐԺԷՔ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ՝ ՄՕՏԱԼՈՒՏ

2023 թուականին համաշխարհային հանրութիւնը ականատես կ՚ըլլայ բացումին Եգիպտոսի մէջ մեծ թանգարանի մը, որ կը միտի ըլլալ աշխարհի ամենամեծը: Եգիպտոսի իշխանութիւնները արդէն յայտարարած են, որ պատրաստ են հրամցնելու պատմական գանձ մը՝ GEM անունով, որ աշխարհի հնագոյն պատմութիւնը նոր լոյսի ներքոյ կը ներկայացնէ ժամանակակից մարդուն:

Այս թանգարանին շինարարութիւնը երկու տասնամեակ առաջ սկսած էր եւ բացումն ալ նախատեսուած էր շատ աւելի վաղ, սակայն Արաբական գարնան ապստամբութիւններուն եւ քորոնաժահրին պատճառով յետաձգուած է: 2002 թուականի յունուարին Եգիպտոսի նախագահ Հիւսնի Մուպարէք թանգարանի հիմքին մէջ դրած է առաջին քարը։ Քսան տարիներու ընթացքին թանգարանը ստացած է արդիական կառոյցի մը տեսք, որուն բացումին անհամբեր կը սպասեն գիտական, զբօսաշրջային եւ այլ ոլորտներու հանրութիւնները: Եգիպտոսի իշխանութիւնները իրենց կարգին յոյսեր յայտնած են, որ այս թանգարանին բացումը կը դառնայ Եգիպտոսի համար տարուան կարեւորագոյն իրադարձութիւնը եւ աշխարհին ուշադրութիւնը աւելիով կը սեւեռէ եգիպտական զբօսաշրջութեան վրայ, որ ծաղկուն օրեր կ՚ապրի:

Եգիպտական մեծ թանգարանին կառուցման համար կատարուած ներդրումները գերազանցած են մէկ միլիառ ամերիկեան տոլարը: Այսպէսով, թանգարանը պիտի ըլլայ ո՛չ միայն ամենէն թանկարժէքը աշխարհի վրայ, այլեւ՝ աշխարհի ամենէն մեծ հնագիտական թանգարանը:

Եգիպտոսի երրորդ խոշորագոյն քաղաքի՝ Կիզէի սարահարթը, Մեծ բուրգերէն ոչ շատ հեռու կը գտնուի Եգիպտական ​մեծ ​թանգարանը, որ ուղիղ ճանապարհ մը ունի դէպի Կիզէի բուրգերը: Թանգարանը մաս կը կազմէ Գահիրէի գլխաւոր յատակագիծին եւ այդ առումով ներդաշնակ է պատմական քաղաքին, որուն ձուլուած է Կիզէ քաղաքը: Կիզէն արդէն իսկ աշխարհի մէջ հանրահռչակ է ո՛չ միայն երեք մեծ բուրգերով, այլեւ՝ դիցաբանական արարած Սփինքսի մեծ արձանով: Սփինքսի պատկերով շատ արձաններ կան, բայց Կիզէի արձանը՝ Նեղոս գետի ձախ ափին կառուցուած, ամենէն մեծն է ու ամենէն նշանաւորը: Բուրգերէն ու Մեծ Սփինքսէն զատ Կիզէն շուտով կը հարստանայ այս թանգարանով, որ ձեւաւորումով կը յիշեցնէ բուրգային ճարտարապետութիւնը: Ճարտարապետները չեն խուսափած բուրգերու, փարաւոններու եւ անոնց պատմութեան ստեղծած խորհրդաւորութիւնը ներառել թանգարանին արտաքին եւ ներքին ձեւաւորումին մէջ, ուրիշ ձեւով մը պարզապէս հնարաւոր չէ հնագոյն այս երկրին մէջ, ուր ամէն քայլափոխի հանդիպելով պատմութեան հետքերուն՝ կեանքի յաւերժութիւնը կարելի է զգալ:

Զբօսաշրջիկները գրաւելու համար թանգարանին մօտակայքը արդէն կառուցած է «Սփինքս» միջազգային օդակայանը, որ աշխարհի զանազան երկիրներէ ուղղակի այստեղ պիտի բերէ զբօսաշրջիկները:

300 հազար մեթր քառակուսի տարածք զբաղեցնող Եգիպտական մեծ թանգարանը կը ներառէ խոշոր ցուցասրահներ, ուր կը ցուցադրուին Եգիպտոսի նշանաւոր Թութանխամոն փարաւոնի դամբարանին գրեթէ բոլոր ցուցանմոյշները, իսկ առհասարակ, թանգարանի հաւաքածոյին մեծ մասը պիտի ցուցադրուի առաջին անգամ:

ՈՍԿԵԱՅ ԴԻՄԱԿԸ

Առաջին անգամ եգիպտական վայրի մը մէջ այցելուները կը կարողանան տեսնել 5 հազար պատմական ցուցանմոյշ, որոնց մէջ է Թութանխամոն փարաւոնի յայտնի ոսկեայ դիմակը: Գահիրէի եգիպտական թանգարանէն Կիզէի Եգիպտական մեծ թանգարան պիտի տարուի այս դիմակը՝ յաւերժական Եգիպտոսի խորհրդանիշներէն մէկը, որուն սրբութեամբ կը վերաբերին եգիպտացիները:

Հին Եգիպտոսի արհեստաւորներու կողմէ հմտօրէն պատրաստուած Թութանխամոն փարաւոնի ոսկեայ դիմակը, հազարամեակներով պահպանուելով, հասած է մեր օրեր եւ հնարաւորութիւն կու տայ ատով պատկերացում կազմել այն ժամանակ ապրած մարդու դէմքի առանձնայատկութիւններուն մասին: 

Ոսկեայ դիմակը ոչ միայն արուեստի գործ է, այլ նաեւ շատ արժէքաւոր ծիսական զարդարանք մըն է, որ նախատեսուած էր մահացած մարդու համար: Նմանատիպ դիմակներ պատրաստուած են բազմաթիւ տիրակալներու համար, բայց մեր օրեր հասած է միայն Թութանխամոնի դիմակը, իսկ մնացածներուն ճակատագիրը անյայտ է: Թութանխամոնի դիմակը մաքուր ոսկիէ եւ թանկարժէք քարերէ պատրաստուած եւ բաւականին նուրբ մշակում ունեցող զարդ մըն է, որ կը կշռէ մօտաւորապէս 10 քիլօկրամ: Ժամանակակից ոսկերիչներէն ոչ ոք համարձակութիւն ունեցած է գնահատելու այս դիմակին արժէքը՝ անոր վրայ կատարուած աշխատանքին եւ ոսկիի բարձր որակի պատճառով զայն նկատելով անգին:

Մինչեւ հիմա ոսկեայ դիմակը ուսումնասիրութեան առարկայ է հնագէտներուն, մարդաբաններուն, մշակոյթի, պատմութեան ասպարէզի մասնագէտներուն համար: Անոր վրայ եղած մանրամասնութիւնները օգնած են մարդաբաններուն մեծ ճշգրտութեամբ վերականգնել փարաւոնին դէմքը: Դիմակը յայտնաբերուած է 1925 թուականին, իսկ Թութանախամոնի դամբարանը, ինչպէս ծանօթ է, յայտնաբերուած է 1922 թուականին: 2011 թուականին Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխական իրադարձութիւններու ժամանակ դիմակը առեւանգուելու վտանգի տակ էր եւ հազիւ փրկուած է: Այսօր Եգիպտական մեծ թանգարանին բացումը ապահով կը նկատուի պատմական դիմակին համար, թանգարանը զինուած է արդիական անվտանգութեան միջոցներով եւ հնագոյն ցուցանմոյշները պահպանելու անհրաժեշտ ջերմաստիճանով ապահովելու նորագոյն սարքերով:

Թութանխամոն փարաւոնի դամբարանի գանձերուն սրահը նոր թանգարանին մէջ նախորդ սրահին համեմատ պիտի ունենայ եօթնապատիկ տարածք:

ՔԷՕՓՍԻ ՆԱՒԸ

Նորաբաց Եգիտական թանգարան պիտի փոխադրուի նաեւ Քէօփսի հանրայայտ արեւային նաւը, որ, ինչպէս նաեւ փարաւոնին դիմակը, սգոյ խորհրդանիշ մըն է, սակայն այնքան փառաբանուած է, որ եգիպտացիները անոր մէջ կեանքի եւ ապրելու մեծ իմաստներ դրած են: Արեւային նաւը, ըստ առասպելի, հոգիները կը փոխադրէ հանդերձեալ աշխարհ: Նաւին երկարութիւնը 42 մեթր է: Այն 4 հազար 600 տարեկան է եւ կը նկատուի աշխարհին մէջ պահպանուած հնագոյն փայտեայ նաւերէն ամենէն մեծը: Քէօփս փարաւոնի Արեւային նաւը կը գտնուէր նոյնինքն՝ Քէօփսի բուրգին ներսը: Մօտաւորապէս 5 հազար տարի հողին տակ թաղուած մնալով՝ 1954 թուականին յայտնաբերուած է բուրգին մօտ, փոսին խորքը՝ զատ կտորներով։ Ատոնք վերամիաւորուած եւ կազմած են նմոյշը, որուն համար բուրգին քովը Արեւային նաւու թանգարանը կառուցուած էր:

Արեւային նաւը եգիպտական առասպելաբանութեան մէջ խորհրդանշական իմաստ ունեցող առարկայ մըն է՝ կապուած օրուան արեւային փուլերու եւ անոր արարիչ արեւի աստուած Ռայի պաշտամունքին հետ։ Հին եգիպացիները մշտապէս կրկնուող արեւածագն ու արեւամուտը կը նմանցնէին կեանքի եւ մահուան հերթականութեան։ Ըստ այդ յիշատակումներու, ամէն առտու արեւը կը ծնի արեւելքէն, կը հասնի մինչեւ բարձրակէտին, ապա կը ծերանայ արեւմուտքի մէջ կամ կ՚անհետանայ մեռեալներու թագաւորութենէն ներս: Այս ճանապարհորդութիւնը արեւի աստուած Ռան, ըստ հին եգիպտացիներու, կ՚անցնէր Արեւային նաւով։ Նաւին ընտրութիւնը՝ որպէս փոխադրամիջոց, կապուած է հին եգիպտական քաղաքակրթութեան մէջ Նեղոս գետի, առհասարակ ջուրի՝ շատ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող արժէքին հետ։ Հին եգիպտացիները բոլոր երեւոյթները կը ջանային մեկնաբանել իրենց դարաւոր հաւատալիքներուն համապատասխան: Անոնց համար կարեւորագոյն հասկացութիւններէն են գիշերուան եւ ամէն առտու վերածնող արեգակին շրջապտոյտը, տարիներու շրջապտոյտը՝ կապուած Նեղոսի ջուրերուն մակարդակին հետ, որոնք կարող էին ինչպէս ուրախութեան, այնպէս ալ տխրութեան առիթ դառնալ եւ կամ կեանքին շրջապտոյտը, երբ ծնունդը կը յաջորդէ մահուան։

Եգիպտական մեծ թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին նաեւ փարաւոնի մարտակառքերը, վիմադամբարանները, ոսկեայ մահճակալները, սատափեայ զարդերը՝ դրուագուած թանկարժէք քարերով:

ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ

Թանգարանի ճարտարապետական կառուցուածքը եւ ձեւաւորումը որոշուած են 2002 թուականին կազմակերպուած մրցոյթի արդիւնքին։ Կազմակերպիչները ստացած են 1557 նախագիծ՝ աշխարհի 82 երկիրներէ։ Մրցոյթի երկրորդ փուլին ընտրուած են 20 նախագիծ, 2003 թուականին հրապարակուած է յաղթողին անունը, որ իրլանտական ընկերութիւն մըն է Տապլինէն: Օտար ընկերութիւնն ալ որոշած է, որ թանգարանին սրահները պիտի ըլլան եռանկիւնաձեւ՝ բուրգաձեւ տանիքով։ Պատերը շինուած են կիսաթափանցիկ քարէ: Գլխաւոր մուտքին մօտ պիտի ցուցադրուին ամենախոշոր ցուցանմոյշները։ Հիմնական շէնքէն զատ, թանգարանին շուրջ նախատեսուած է շարժանկարային սրահ, գրադարան, լսարաններ, գիտաժողովներու համար սրահներ, երեխաներու, սահմանափակ հնարաւորութիւն ունեցող մարդոց համար թանգարան, զուարճանքներու կեդրոն, ցուցասրահ՝ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու համար եւ զբoսայգիներ:

Զբօսաշրջիկներու յարմարութեան համար թանգարանային համալիրը Կիզէի բուրգերուն պիտի միանայ յատուկ ճանապարհով մը, որ հինը նորին միացնելու խորհրդանշական իմաստ ունի: Նորաբաց թանգարանին մէջ ալ ջանացած են հին աշխարհը նոր աշխարհին կապելու իմաստ դնել:

Թանգարանի կառուցման համար Եգիպտոսին խոշոր արտօնեալ վարկ տրամադրած է Ճաբոնը, միւս միջոցները ներդրած է պետութիւնը: Վարկին վճարումը նախատեսուած է թանգարանի բացումէն տասն տարի անց՝ թանգարանի եկամուտներու հաշւոյն:

Եգիպտոսի իշխանութիւնները յոյս ունին, որ Եգիպտական մեծ թանգարանին բացումէն հինգ տարի յետոյ արդէն զայն ամէն տարի պիտի ընդունի ութ միլիոն այցելու: Ուստի, անհրաժեշտութիւն է զբօսաշրջիկներուն համար նոր խանութներ բանալ, կառուցել քառասուն նոր հիւրանոց: Իշխանութիւնները հաշուած են, որ համալիրը՝ թանգարանով եւ մերձակայ ծառայութիւններով կը ստեղծէ 60 հազար նոր աշխատատեղ:

Հակառակ որ խոշոր ներդրումներ կատարուած են թանգարանի շինարարութեան եւ ցուցանմոյշներու պատշաճ ցուցադրութեան համար, սակայն թանգարանի մուտքին տոմսակները սուղ չեն: Երկրի բնակիչներուն համար այցելութեան արժէքը պիտի ըլլայ 60 եգիպտական ֆունտ (2 ամերիկեան տոլար), ուսանողներուն համար՝ 30 ֆունտ (1 ամերիկեան տոլար)։ Օտարերկրեայ զբօսաշրջիկները թանգարան մուտք գործելու համար պէտք է վճարեն 200 ֆունտ (6.5 ամերիկեան տոլար), օտարերկրեայ ուսանողները՝ 100 ֆունտ (շուրջ 3 ամերիկեան տոլար):

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ

Այս թանգարանը կը նկատուի Եգիպտոսի վերածնունդի խորհրդանիշը ներկայ օրերուն: Երկրի պետական ​​հեռատեսիլէն Եգիպտոսի զբօսաշրջութեան եւ հնութիւններու նախարարութեան ներկայացուցիչները ըսած են, որ GEM-ի բացման արարողութիւնը ըլլալու է «վիթխարի եւ պատմական»:

Հակառակ որ ամսաթիւ չի նշուիր, սակայն հրաւիրուած են զանազան երկիրներու առաջին դէմքեր։ Բացումը նախատեսուած է պետական տօնի վերածել՝ փարաւոններու ժամանակաշրջանը ներկայացնող թատերական ներկայացումով, համերգով եւ այլ շքեղ արարողութիւններով:

Մինչ Եգիպտական մեծ թանգարանին բացումը՝ հին եգիպտական մշակոյթի խոշորագոյն ցուցանմոյշներու թանգարան կը նկատուէր Գահիրէի եգիպտական հնագիտական թանգարանը՝ մայրաքաղաքի գլխաւոր՝ Թահրիր հրապարակին վրայ: Այդ թանգարանին հաւաքածոն կը ներառէ մօտաւորապէս 120 հազար ցուցանմոյշ՝ Հին Եգիպտոսի բոլոր ժամանակաշրջաններէն: Այն կառուցուած է 1900-ական թուականներուն՝ ֆրանսացի դասական ճարտարապետ Մարսէլ Տիունոնայի նախագիծով եւ բացուած է 1902 թուականին։ Սակայն այս թանգարանը այլեւս չի տեղաւորեր եգիպտական մշակոյթը եւ պատմութիւնը ներկայացնող բոլոր նմոյշները: Նորագոյն պեղումներու ժամանակ ի յայտ կու գան նոր նմոյշներ, աշխարհի զանազան երկիրներէ Եգիպտոս կը գնէ եւ իր երկիր կը փոխադրէ ժամանակի ընթացքին տարբեր իրադարձութիւններու ժամանակ երկրէն տարուած հարստութիւններէն մաս մը, ուստի նոր թանգարանը անհրաժեշտութիւն էր Եգիպտոսի համար:

Եգիպտացիները յոյս ունին, որ երկրին մէջ յառաջիկային զգալի վերափոխումներ եւ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան, ինչպէս եղած է 2500 տարի առաջ՝ Թութանխամոնի օրօք, եւ կը հաւատան, որ Եգիպտոսը կրկին կը դառնայ աշխարհի գերտէրութիւններէն մէկը: Երկիր մը, որ մեծապէս կախուած է զբօսաշրջութեան եկամուտներէն, եւ ուր հնագիտութիւնն ու քաղաքականութիւնը խորապէս շաղկապուած են: Նկատելի է, որ բարձր պետական մակարդակով ջանացած են, որ GEM-ը մեծ յաջողութիւն ունենայ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2023