ԿԱՄՈՒՐՋ… -Դ-

Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող կապերու, կամուրջներու մասին։

Ըսինք, որ գիւղատնտեսութեամբ սնուող մարդիկ կարգավիճակի մտահոգութեամբ տարբեր կարիքներ ունեցան։ Երբ սնունդը դադրեցաւ նպատակ ըլլալէ, մարդիկ ժամանակ գտան այլ աշխատանքի համար: Տարբերութիւնները աւելցան, նոր կարիքներ ի յայտ եկան։ Այս միտումը գոյատեւած է մինչեւ մեր օրերը՝ որպէս կարիքներ յառաջացնող գործունէութիւն։ Հաւասարութիւնը նոյնպէս կը համարուէր բնական՝ տարբեր կարիքներն ու նպատակները հիմք ունենալով: Քանի որ իւրաքանչիւր անհատ նման չէ, հնարաւոր չէր հաւասար ըլլալ։

Մենք վաղուց գիտենք, որ կենդանի էակները հաւասար չեն։ Մարդիկ արդէն ո՛չ թէ հաւասարութեան, այլ հակառակ ուղիի վրայ են: Անհաւասարութիւնը բնական է։ Եթէ կը ձգտինք հաւասար հնարաւորութիւններ ունենալու, ապա կրնանք հասնիլ արդար եւ իրատեսական հասարակարգի։ Մենք կը նախանձինք ուրիշներու կարիքները եւ կը դիմենք շքեղութեան: Մի՛ կարծէք, որ այդպէսով տարրական կարիքները բաւարարուած կ՚ըլլան։

Անոնք, որոնք կը ձգտին հաւասարութեան, յաճախ կը պահանջեն ուրիշի շքեղութիւնը: Հիմնական կարիքները կ՚անտեսուին, անոնք չեն սահմանափակուիր միայն սնունդով կամ անվտանգութեամբ: Ժամանակակից հասարակութիւններու շքեղ կարիքներու պարագային կը խախտուին ամենատարրականները։ «Տարբեր ըլլալը» ամենատարրական իրաւունքն է մարդոց։ Մտածողութեան յանցագործութիւնը, խօսքի ազատութեան սահմանափակումը, փոքրամասնութիւններու ճնշումը, անհատի իրաւունքները չյարգելը լուծման համար պէտք է առաջնահերթ ըլլան հաւասարութեան այլ պահանջներու բաղդատմամբ: Երբ կը պահանջենք հաւասարութիւն, կ՚անտեսենք «տարբերութիւնը» պաշտպանելը։ Մենք պէտք է նպատակ ունենանք ըլլալ արդար՝ քան հաւասար եւ ապրիլ ըստ մեր կարիքներու, ո՛չ թէ ուրիշներու:

Ոչ ոք կը դադրի ձգտելէ աւելի գեղեցիկ ըլլալու։ Ոչ ոք կ՚ամչնայ բարձրահասակ կամ փոքրահասակ ըլլալէն։ Ոչ ոք կը վախնայ աւելի ուժեղ ըլլալէ։ Բայց եւ այնպէս, անարդարութիւնը կը շարունակուի՝ քանի տարբերութիւնները յարգելու փոխարէն կը նախանձինք ուրիշները:

Այս կէտին խօսքը կը վերաբերի սկիզբէն մեր կապերու խզման, մարդկութեան մէջ անհատի մոլորութեան մասին։ Կրթուած մարդոց հաղորդակցման խնդիրներու լուծումը, որ մշակոյթի փոխանցումն է, կարծես թէ հիմնական լուծումն է։ Հասարակութեան սխալները հնարաւոր է ուղղել կրթութեան միջոցով, որ մարդկային մշակոյթի փոխանցման ամենալաւ ձեւն է։ Այնուամենայնիւ, սխալ համակարգի մէջ կրթութեան ճիշդ ձեւաւորում հնարաւոր չ՚ըլլար։ «Չարերու կրթութիւնը» վատ է կ՚ըսենք բոլորս։ Ցաւօք սրտի, մենք երեխաներուն կը կրկնենք մեր տգիտութիւնը կրթական միջավայրէն ներս։ Մենք արդէն անհեթեթութիւն կ՚ընենք՝ ծիծաղելի համարելով մեծահասակներուն կրթութիւն տալը։

Կրթութիւնը պէտք է մարդիկը պատրաստէ կեանքին եւ լուծէ խնդիրները։ Ապագային արդիականացած հասարակութիւններու մէջ կրթութիւնը առաջնահերթ կրնայ դառնալ: Այստեղ պէտք է ուշադրութիւն դարձնել՝ քանի որ գրեթէ չկայ կատարելապէս յաջող հասարակութիւն մը՝ արդիականացման հարցով։ Այստեղէն կարելի է հասկնալ, որ մենք չենք կրցած հասնիլ կրթութեան։ Կրթութեան մէջ ձախողումը պայմանաւորուած է նաեւ մեր «շոու-պիզնըս»ի ըմբռնմամբ։ Քանի որ չենք գիտակցիր, որ պէտք է կրթուին ո՛չ թէ միայն երեխաները, այլ հասարակութիւնը, մենք չենք կրնար յառաջընթաց արձանագրել։

Կրթութեան այս ըմբռնումով դպրոցը «տեղեկատուական» չէ, քանի որ տեղեկատուութիւնը այժմ ամէնուր է: Կրթութիւնը պէտք է կիրառէ ժամանակակից կեանքի կրթական մեթոտները եւ ժամանակի համահունչ փոխուած ըմբռնումները։ Այս բանին համար աշակերտը պէտք է ըլլայ ցմահ սորվող, իսկ ուսուցիչը պէտք է ըլլայ ուղեցոյց, ո՛չ թէ միայն տեղեկացնող։ Հասարակութեան տարօրինակ կը թուի, որ ուսուցիչն ու ուսանողը խնդիրներ լուծեն։ Զգուշացնե՛նք. հասարակութիւնը կրնայ փճացնել աշակերտի ձեռքբերումները։ Ուստի կրթութիւնը պէտք է անդրանցէ դպրոցը եւ տարածուի հասարակութեան ամբողջ խաւերէն ներս։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•շարունակելի…

Երկուշաբթի, Մարտ 6, 2023