ԳԱՆԱՏԱՆ՝ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԼԱՍՏ, ԿԱՄ՝ ԱՒԱԶԱԽՐՈՒՄ

«Գա­նա­տա կայք հաս­տա­տե­լու ա­ռի­թը պէտք չէ վե­րա­ծել նո­րա­ձե­ւութ­եան, «մո­տա»ի հե­տե­ւե­լու հեւ­քոտ ճի­գի, ա­ւե­լին՝ ար­կա­ծախնդ­րա­կան ծրա­գի­րի մը»

Սուր­իոյ տագ­նա­պի առ­թած ան­կա­յու­նու­թիւ­նը, իր մեծ անդ­րա­դար­ձը ու­նե­ցաւ հայ­կա­կան կազ­մա­կերպ գա­ղու­թին վրայ, շա­տե­րուն մղե­լով, որ գաղ­թեն կամ ծրագ­րեն գաղ­թել հա­րե­ւան եր­կիր­ներ կամ ա­ւե­լի հե­ռա­ւոր ա­փեր, այս պա­րա­գա­յին ա­րեւմտ­եան եր­կիր­ներ:

Խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուս ա­ռանց­քը պի­տի չըլ­լայ, ի­րա­ւա­ցիու­թիւ­նը քն­­նել նմա­նօ­րի­նակ ճակ­ա­տագ­րա­կան քայ­լի մը ու ա­նոր անդ­րա­դար­ձը Սուր­իոյ գա­ղու­թա­յին ի­րա­վի­ճա­կին վրայ: Այդ մէ­կը կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ քն­­նել ա­ռան­ձին յօդ­ուա­ծով մը:

Պի­տի զանց առ­նեմ իմ մտա­ծում­նե­րուս մէ­ջէն նա­եւ բո­լոր այն վար­կած­նե­րը, ո­րոնք կը շօ­շա­փեն ուղ­ղորդ­ուած գաղթ կազ­մա­կեր­պե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը կամ գաղ­թա­կան­ներ հիւ­րըն­կա­լող եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ բաղ­դա­տա­կան­ներ ը­նե­լը եւ պի­տի կեդ­րո­նա­նամ ա­ռա­ւե­լա­բար Գա­նա­տան որ­պէս ընտ­րանք եւ կա­րե­լիու­թիւն տես­նե­լու շա­տե­րու բաղ­ձան­քին, եւ կամ ար­դէն ի՛սկ ի­րա­կա­նա­ցած ընտ­րու­թեան վրայ:

Գա­նա­տա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան գաղ­թա­կան­ներ ըն­դու­նե­լու ե­րե­ւոյ­թը, պա­տե­րազ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ան­կա­յու­նու­թե­նէ տա­ռա­պող եր­կիր­նե­րէ, նո­րու­թիւն մը չէ, ոչ ալ յա­տուկ մի­ջո­ցա­ռում: Պա­րա­գա­յա­բար, տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րած, Գա­նա­տան իր ի­րե­րա­յա­ջորդ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րով 100 առ հարիւր մի­ջոց­նե­րով ըն­դու­նած է գաղ­թա­կան­ներ՝ Սո­մալ­իէն, Վիեթ­նա­մէն, Սրիլան­քա­յէն, Պոսն­իա­յէն, Ե­գիպ­տո­սէն, Լի­բա­նա­նէն եւ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ:

Այ­ս օ­րե­րու գան­ա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կի­րա­ռած Սուր­իա­յէն գաղ­թա­կան­ներ ըն­դու­նե­լու մի­ջոց­նե­րը կը բաժն­ուին հիմ­նա­կան եր­կու են­թա­բա­ժա­նում­նե­րու: Մին ուղ­ղա­կի կա­ռա­վա­րու­թեան խնա­մա­տա­րու­թիւ­նը եւ նիւ­թա­կան հո­գա­ծու­թիւ­նը վա­յե­լող գաղ­թա­կան­ներն են, միւ­սը՝ անձ­նա­կան ե­րաշ­խա­ւո­րութ­եամբ գաղ­թա­կան­նե­րու շեր­տը, ո­րոնք կ՚ե­րաշ­խա­ւոր­ուին գա­նա­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ ան­հատ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու փո­խա­դարձ պայ­մա­նա­ւոր­ուա­ծու­թեամբ:

Երկ­րոր­դի պա­րա­գա­յին, ե­րաշ­խա­ւո­րող կող­մը պա­տաս­խա­նա­տու կը մնայ ե­կուոր գաղ­թա­կա­նին հան­դէպ լման մէկ տա­րի, ի­րեն մա­տու­ցե­լով ծա­ռա­յու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը հեշ­տաց­նեն իր կայ­քը Գա­նա­տա­յի տա­րած­քին: Հե­տե­ւա­բար ե­րաշ­խա­ւո­րող կող­մե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը շատ կեն­սա­կան է եւ եր­բեմն ճա­կա­տագ­րա­կան ու եր­բե՛ք «ձե­ւա­կան» չէ, ինչ­պէս շա­տե՜ր կը կար­ծեն:

Այս ձե­ւա­չա­փե­րով Գա­նա­տա հաս­նող հա­յոր­դի­նե­րը, մեծ մա­սամբ կը վա­յե­լեն ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րու, հա­րե­ւան­նե­րու, բա­րե­կամ­նե­րու եւ հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու նե­ցու­կը, որ եր­բեմն սահ­մա­նա­փակ չա­փե­րով կը ներ­կա­յա­նայ հա­մե­մա­տած նոր ե­կուոր­նե­րու ծով կա­րիք­նե­րուն:

Պէտք է ընդգ­ծել, որ գա­նա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ըն­ձե­ռած գաղ­թի պայ­ման­նե­րու «ա­ռա­տա­ձեռ­նու­թիւ­նը», որ իր ձե­ւին մէջ «կա­կուղ» եւ կամ ա­ւե­լի ճիշդ է ը­սել «թոյլ» կը ներ­կա­յա­նայ, պատ­ճառ կը հան­դի­սա­նայ, որ շա­տեր ա­ռա­ւե­լ քա­ջա­լեր­ուին այս «ար­կա­ծա­խընդ­րու­թեան» դի­մե­լու հա­մար, կոր-սըն­ցնե­լիք բան չու­նե­նա­լու հո­գե­բա­նութ­եամբ: Ի­րա­ւա­ցի կը թուին ըլ­լալ նմա­նօ­րի­նակ մտա­ծող­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ ի­րօք՝ Հա­լէ­պէն Պէյ­րութ եր­թե­ւե­կը ա­ւե­լի ար­կա­ծա-խընդ­րու­թիւն եւ նիւ­թա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն կ՚են­թադ­րէ, քան Գա­նա­տա հաս­նի­լը: Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէ՛ք, որ­քա՜ն ու­շագ­րաւ եւ քա­շո­ղա­կան ա­ռիթ կը թուի ըլ­լալ ա­ռա­ջարկ մը, ուր զե­րօ ամերիկեան տո­լար ծախ­սով, ըն­տա­նե­կան բո­լոր պա­րա­գա­նե­րովդ կր­­նաս հաս­նիլ եր­կիր մը, ուր ժա­մա­նած վայրկ­եա­նէդ սկս­­եալ քեզի պի­տի շնորհ­ուի լի­ի­րաւ քա­ղա­քա­ցիի կար­գա­վի­ճակ, բժշ­կա­կան լման հո­գա­տա­րու­թիւն՝ ի հար­կին, ու­սում­նա­կան ձրի ծա­ռա­յու­թիւն­ներ եւ նոյ­նիսկ կարգ մը պա­րա­գա­նե­րու դե­ռա­տի զա­ւակ­նե­րուն նիւ­թա­կան կո­կիկ օ­ժան­դա­կու­թիւն:

Շա­տեր ճամ­բայ կ՚ել­լեն պա­տե­րազ­մա­կան թէժ մթ­­նո­լոր­տէն հե­ռա­նա­լու դի­տա­ւո­րու­թեամբ, ա­պաս­տա­նե­լով ա­ւե­լի ա­պա­հով եր­կին­քի մը տակ, ուր ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն պի­տի սպա­սէ ա­ւե­լի ձեռն­տու պայ­ման­ներ՝ հա­մե­մա­տած ի­րենց տե­սած հինգ տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րած ան­նա­խան­ձե­լի կեան­քին: Ո­մանք ալ՝ Ա­ւետ­եաց Երկ­րի մէջ El Dorado գտ­­նե­լու չփախց­ուե­լիք ա­ռի­թին փաթթ­ուե­լու սին հե­ռան­կա­րով կը հաս­նին այս ա­փուն­քը: Բայց ի՜նչ ալ ըլ­լան սպա­սում­ներն ու յոյ­զե­րը եւ գաղ­թի այ­լա­զան մեկ­նա­կէ­տե­րը, պէտք է ու­շա­դիր ըլ­լալ, որ գաղ­թի ո­րո­շու­մը չվե­րած­ուի ար­կա­ծա­խնդ­րա­կան մէկ քայ­լի կամ «լա­ւա­գոյն տղոց օ­տար ա­փե­րուն բախտ ո­րո­նե­լու» ո­դի­սա­կա­նի:

Ա­րեւմտ­եան եր­կիր­նե­րու մէջ կեն­ցա­ղա­յին պայ­ման­նե­րու շռայ­լու­թիւ­նը շատ ու­շագ­րաւ ե­րե­ւոյթ է, ուր ջուրն ու ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւ­նը չեն ընդ­հատ­ուիր, ա­պա­հո­վա­կան-պա­տե­րազ­մա­կան տագ­նապ գո­յու­թիւն չու­նի, սա­կայն գոյ են կեն­ցա­ղա­յին, բնա­կա­րա­նա­յին, կլի­մա­յի, մշա­կու­թա­յին այն­պի­սի ծանր պայ­ման­ներ, ո­րոնց կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ հան­դուր­ժել ու տա­նե­լի դար­ձնել, քա­նի մը ան-հ­ըրա­ժեշտ նա­խադր­եալ­ներ ա­պա­հո­վե­լու պա­րա­գա­յին միայն: Արդ,

1- Գաղ­թող ըն­տա­նի­քը կամ ան­հա­տը պէտք է ու­նե­նայ բա­ւա­րար չա­փի նիւ­թա­կան խնա­յո­ղու­թիւն, որ կ՚ե­րաշ­խա­ւո­րէ իր կե­նցա­ղա­յին ան­հ­րա­ժեշտ կա­րիք­նե­րու բա­ւա­րա­րու­մը ա­ռա­ջին ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին:

2- Տե­ղա­կան լեզ­ուի քա­ջա­ծա­նօթ ըլ­լա­լը, կր­­նայ մեղ­մաց­նել մշա­կու­թա­յին ցն­­ցու­մը (culture shock): Մշա­կու­թա­յին ցն­­ցու­մը իր ծանր ան­դա­դար­ձը կ՚ու­նե­նայ նոր գաղ­թա­կա­նի հո­գե­վի­ճա­կին վրայ, ծնունդ տա­լով տուայ­տող նե­րաշ­խար­հի, զինք մղե­լով իր ան­ձի կա­րո­ղա­կա­նու­թեան հան­դէպ ան­վըս-տա­հու­թեան, են­թա­կան մատ­նե­լով անճր­կած ի­րա­վի­ճակ­նե­րու: Այս տի­պի դժ­­ուա­րու­թեան տե­սա­կը նուա­զա­գոյնն է կա՛մ Լի­բա­նա­նի կա՛մ Հա­յաս­տա­նի մէջ հաս­տա­տուող­նե­րու պա­րա­գա­յին, տր­­ուած ըլ­լա­լով, որ ա­րա­բա­կան եւ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին եւ կեն­ցա­ղա­յին պայ­ման­նե­րը շատ ալ հե­ռու չեն սու-ր­ի­ա­հա­յուն վար­ժու­թիւն­նե­րէն ու սո­վո­րու­թիւն­նե­րէն՝ ի մաս­նա­ւո­րի լեզ­ուի պա­րա­գան:

3- Զինք ըն­դու­նող ու ա­ռա­ջին ա­միս­նե­րու անհ­րա­ժեշտ կա­րիք­նե­րուն ցուց­մունք ու նե­ցուկ կանգ­նող մօ­տիկ պա­րա­գա­յի մը ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րուն եր­բեմն պի­տի սահ­ման­ուի՝ ե­րաշ­խա­ւոր կող­մի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը:

Ի տես գա­նա­տա­կան ի­րա­կա­նու­թեան այ­ս օ­րե­րու զար­գա­ցում­նե­րուն ու գետ­նի վրայ պար­զուող կա­ցու­թեան, դէմ յան­դի­ման կը գտն­­ուինք հե­տեւ­եալ պատ­կեր­նե­րուն:

Պատ­կեր ա­ռա­ջին՝ բնա­կա­րա­նի փնտռ­­տուք:

Metropolitan քա­ղաք­նե­րու մէջ, ինչ­պի­սիք են Թո­րոն­թոն կամ Մոնթ­ր­է­ա­լը, տուն վար­ձե­լը ու­նի իր նա­խա­պայ­ման­նե­րը, սկ­­սած սեն­եակ­նե­րու թի­ւէն, որ պէտք է հա­մընկ­նի ըն­տա­նե­կան ան­դամ­նե­րու թի­ւին: Երկ­րորդ՝ պէտք է ու­նե­նաս կա­յուն, մնա­յուն գործ, որ տան­տէ­րը ու­նե­նայ այն ա­պա­ւէ­նը, թէ դուն ա­պա­հով յա­ճա­խորդ ես: Կամ ալ, պէտք է ու­նե­նաս ե­րաշ­խա­ւոր, որ կր­նայ ստո­րագ­րել խնդ­­րոյ ա­ռար­կայ ան­ձին փո­խա­րէն՝ ներ­կա­յաց­նե­լով բա­ւա­րար ե­լեւ­մուտ­ի ա­պա­ւէ­նի փաս­տա­թուղթ: Ա­սոնց վրայ պէտք է գու­մա­րել կարգ մը ի­րա­ւա­ցի նա­խա­սի­րու­թիւն­ներ, ուր ե­կուոր հա­յոր­դի­նե­րը կը փա­փա­քին տուն ու­նե­նալ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ ա­կումբ­նե­րու մեր­ձա­կայ շր­­ջա­նի մէջ՝ վա­յե­լե­լու ջեր­մու­թիւ­նը այդ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ու պա­հե­լու այն գողտ­րիկ վա­ղե­մի հա­լէպ­եան վար­ժու­թիւ­նը ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն-հա­յոր­դի մտեր­միկ ան­քակ­տե­լի կա­պին:

Պատ­կեր երկ­րորդ՝ ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թեան փնտռ­­տուք:

Վար­ժա­րա­նը պէտք է ըլ­լայ վար­ձած տանդ մեր­ձա­կայ, որ­պէս­զի աշ­խա­տող ծնող­քը ա­ռի­թը ու­նե­նայ դե­ռա­տի զա­ւա­կը հասց­նե­լով՝ ա­րագ մը ուղղ­ուե­լու գոր­ծի: Պա­տա­հած է, որ բո­լոր պե­տա­կան վար­ժա­րան­նե­րը, ո­րոնք կը գտն­­ուին հա­յութ­եամբ հոծ շր­­ջան­նե­րու մէջ, օ­րէն­քով սահ­ման­ուած ա­շա­կերտ­նե­րու ա­ռա­ւե­լա­գոյն թի­ւը ա­պա­հո­ված ըլ­լա­լով, մեր­ժած են ըն­դու­նիլ նո­րեկ­նե­րը: Ծնող­ներ հար­կադ­րա­բար դի­մած են ա­ւե­լի հե­ռա­ւոր վայ­րե­րու մէջ գտ­­նուող վար­ժա­րան­ներ, ո­րոնք թէ՛ հե­ռա­ւո­րու­թեան ի­մաս­տով, թէ՛ ու­սում­նա­կան մա­կար­դա­կով այդ­քան ալ նա­խան­ձե­լի չեն:

Հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը նոյ­նան­ման կա­ցու­թեան մատն­ուե­ցան, ուր պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­ներ եւ դպ­­րո­ցի տնօ­րէ­նու­թիւն­ներ ի­րենց ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը ը­րին պար­փա­կե­լու հա­մար ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով սուր­ի­ա­հայ նոր ա­շա­կերտ­ներ՝ յատ­կաց­նե­լով նիւ­թա­կան ու­շագ­րաւ նպաստ­ներ: Սա­կայն տե­ղի եւ դա­սա­րան­նե­րու թի­ւի սահ­մա­նա­փա­կու­մի օ­րէնք­նե­րը պար­տադ­րե­ցին, որ յա­ւել­եալ նոր դի­մող­նե­րու փա­փա­քին չըն­դա­ռաջ­ուի:

Պատ­կեր եր­րորդ՝ գոր­ծի կա­րե­լիու­թիւն­ներ:

Փա­փա­քե­լի է, որ գաղ­թո­ղը նա­խօ­րօք պատ­կեր մը ու­նե­նայ Գա­նա­տա­յի գոր­ծի եւ ար­հեստ­նե­րու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն մա­սին: Այդ մէ­կը կա­րե­լի է ի­րա­կա­նաց­նել բա­րե­կամ­նե­րէ հա­ւաք­ուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, եւ ա­ւե­լի վա­ւե­րա­կա­նը՝ հա­մա­ցան­ցի ճամ­բով կա­տար­ուած գոր­ծի եւ ար­հեստ­նե­րու ո­րո­նու­մով, ուր ա­ւե­լի լայն տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­լով ու շօ­շա­փե­լով տե­ղա­կան շու­կա­յի պէտ­քե­րը, կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ ուղ­ղոր­դել առ­նուե­լիք քայ­լե­րը գետ­նի վրայ: Արդ, կա­րե­լի է պատ­րաս­տել CV (Resume), եւ դի­մել տու­եալ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն նախ­քան Գա­նա­տա հաս­նի­լը:

Գա­նա­տա­յի տա­րած­քին ի գործ դր­­ուած, բո­լոր հայ ազ­գա­յին գա­ղու­թա­յին ճի­գե­րը, ըլ­լան ա­նոնք միու­թե­նա­կան կամ կրօ­նա­կան, նոյ­նիսկ ան­հա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը ի մտի ու­նին, բո­լոր ե­կուոր­նե­րուն, անխ­տի՛ր, բար­ւոք ու պատ­ուա­բեր կեան­քի նոր ըն­թաց­քը հեշ­տաց­նել:

Գո­յա­ցած անն­պաստ պայ­ման­նե­րուն ա­ռըն­թեր, գա­նա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ պար­տադ­րո­ւած ու ի­րա­կա­նաց­ուած սեղմ ժամ­կէ­տով հոծ թի­ւով եկուոր­ներ պար­փա­կե­լու պա­րա­գան ստեղ­ծեց կրկ­­նա­կի դժ­­ուա­րու­թիւն­ներ: Գա­ղու­թա­յին ու­ժե­րու լա­րու­մով ու փո­խա­դարձ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, նոր ժա­մա­նած հա­յոր­դի­նե­րու ու ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու ջան­քե­րով, մի­աս­նա­կան ճի­գե­րով կը փորձ­ուի մեղ­մաց­նել ստեղծ­ուած ան­հա­մար խո­չըն­դոտ­նե­րը ու հնա­րա­ւո­րինս կար­գա­ւո­րել հա­ւա­նա­կան դժ­­ուա­րու­թիւն­նե­րը:

Վեր­ջա­պէս, հասկ­նա­լով ու յար­գե­լով հան­դերձ բո­լոր ե­կուոր­նե­րուն պա­րա­գա­նե­րը, պէտք է ընդգ­ծել, թէ Գա­նա­տա կայք հաս­տա­տե­լու ա­ռի­թը պէտք չէ վե­րա­ծել նո­րա­ձե­ւութ­եան, «մո­տա»ի հե­տե­ւե­լու հեւ­քոտ ճի­գի, ա­ւե­լին՝ ար­կա­ծախնդ­րա­կան ծրա­գի­րի մը: Նոր բաց­ուե­լիք հո­րի­զոն­նե­րը, ե­թէ չզու­գորդ­ուին չափ­ուած-ձեւ­ուած նուա­զա­գոյն պայ­ման­նե­րու գո­յա­ւո­րու­մով, կա­յա­նա­լիք նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կր­­նայ շատ ա­րագ վե­րած­ուիլ ձա­խա­ւե­րու­թեան՝ յու­սա­խա­բու­թեան մատ­նե­լով ամ­բողջ ըն­տա­նի­քի մը ե­րազ­նե­րը:

Անձ­րե­ւէն փա­խչե­լով կար­կու­տի բռն­­ուե­լու ի­րա­վի­ճա­կին չմատն­ուե­լու հա­մար, մնա­լով հե­ռու ա­ւա­զախր­ման մը հա­ւա­նա­կան ի­րա­վի­ճակ­նե­րէ, գաղ­թել փա­փա­քող­նե­րը, հար­կա­ւոր է որ շատ հան­դարտ կշ­ռոյ­թով դի­մեն նման քայ­լե­րու, ա­պա­հո­վե­լով նուա­զա­գոյն ա­ռար­կա­յա­կան կռ­­ուան­նե­րը, ո­րոնք մա­սամբ միայն կ՚ե­րաշ­խա­ւո­րեն ի­րենց հե­զա­սահ կե­ցու­թիւ­նը Նոր Աշ­խար­հի տա­րած­քին:

ԺԱՆ ՀԱԼ­ԼԱ­ՃԵԱՆ

«Ապագայ»

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016