ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
«DESERT ROSE» («ԱՆԱՊԱՏԻ ՎԱՐԴԸ»). ՍԹԻՆԿ
Երբ հնչէ այս երգը, անմիջապէս ունկնդիրը կը տեղափոխէ հեռաւոր, տաք, վիպապաշտական ու խորհրդաւոր արաբական հէքեաթներու աշխարհը: Ան ունի մոգական ուժ, որ ինքնաբերաբար կը ստիպէ մտովի պատկերացնելու տաք, արաբական անապատը ու կիզիչ արեւը, արաբական «Հազար ու մէկ գիշեր» հէքեաթներու վիպապաշտական սիրային պատմութիւն ու անաւարտ, կոտրուած կամ անհասանելի սէր...
Երգը Սթինկ գրած է՝ արաբ երգիչ Շեպ Մամիի երգերէն տպաւորուած։ Սթինկ կը յիշէ. «Այդ օրը ես իմ երաժիշտներուս հետ ձայնագրութեան սթիւտիոն էի, եւ յատուկ բանով մը չէինք զբաղած: Պարզապէս իւրաքանչիւրս բան մը կը նուագէր՝ նոր միտք կամ մտայղացում փնտռելով: Ես արապեսք գրեցի, որ այնուհետեւ երգ դարձաւ «Անապատի վարդը» անունով: Այդ օրերուն ես ամբողջ օրս կ՚անցընէի արաբ երգիչ Շեպ Մամիի ձայասկաւառակին հետ: Կը քնանայի ու կ՚արթննայի՝ իր երգերը լսելով: Այդքան տպաւորուած էի: Իր ձայնը դիւթիչ էր, գերող: Ան իր ձայնի երանգին հետ կը կարողանար անհաւանական բաներ ընել: Երգը ճնշող կարօտի եւ անհասանելի սիրոյ մասին է, որ, ըստ էութեան, իր դրսեւորումին մէջ կը վերաճի սէր առ Աստուած: Երբ գրեցի երգը եւ կը փորձէի բառերը գրել, կը հասկնայի, որ անգլերէնով գրուող բառերը համահունչ չէին եւ կեղծ ու շինծու կը հնչէին: Ես հասկցայ, որ իմ պատկերացուցած կամ սպասած արդիւնքս ստանալու համար պէտք էր զայն վստահէի արաբախօս եւ արաբ մշակոյթը կրող ոեւէ մէկուն։
«Միակ մարդը, որուն կ՚ուզէի վստահիլ այդ գործը, Շեպն էր։ Ընկերս ծանօթացուց իրեն հետ: Մեր հանդիպումը «սէր էր առաջին հայեացքէն»: Մենք, սրճարանը նստած, կը քննարկէինք ապագայ երգը: Ես իրմէ խնդրեցի, որ լսէ երգի մեղեդին, գործիքաւորումը եւ ուղղակի յանկարծաստեղծութիւն մը ընէ: Իրեն չէի պատմած երգի բառերուն նշանակութիւնը: Անմիջապէս ուղեւորուեցանք ձայնագրութեան սթիւտիօ: Ան լսեց մեղեդին եւ իմ երգս, որմէ ոչ մէկ բառ կը հասկնար, եւ սկսաւ պարզապէս իր զգացումները արտայայտել երգելով: Երբ աւարտեց, հարցուցի, թէ ինչի՞ մասին կ՚երգէր: Ան պատմեց, որ կ՚երգէր աւարտած սիրոյ, կարօտի եւ կիրքի մասին: Զարմանալի է, բայց երաժշտութիւնը մոգական բան է: Այս դէպքը ապացուցեց, որ երաժշտութիւնը ազգութիւն ու մշակոյթ չճանչցող երեւոյթ է: Մենք երկուքս, ըլլալով տարբեր լեզուով խօսող, տարբեր մշակոյթներ կրող ազգերու ներկայացուցիչներ, ունեցած էիք միեւնոյն զգացումները, միեւնոյն ապրումները եւ արտայայտուած էինք միանման բառերով, բայց տարբեր լեզուներով»։
Երգը, բացի «Brand new day» ալպոմին մէջ ներառուելէ, թողարկուեցաւ նաեւ որպէս սինկըլ։
«Ձայնագրութեան սթիւտիոյի ներկայացուցիչը խորհուրդ կու տար կրճատելու արաբերէնով նախաբանը՝ ըսելով, որ վերջինս Միացեալ Նահանգներու մէջ երբեք հիթ չի դառնար, մարդիկ չեն սիրեր նման բաներ։ Բայց ես կտրականապէս դէմ էի, եւ այդ մտածուած ռիսք էր: Դէպքերու ընթացքն ալ ապացուցեց, որ ճիշդ ըրած էի յամառելով։ Հիմա ետ նայելով կը հասկնամ, որ երգը յաջողեցաւ նոյն այդ անսովոր նախաբանին շնորհիւ, որուն ռիթմով եւ հնչողութեամբ կը գրաւուէին մարդիկ», կը պատմէ Սթինկը։
Երգը շատ մեծ դժուարութիւններ ունէր՝ ռատիօեթերներու հետ կապուած։ Ան լայն զանգուածներու համար դժուարընկալելի երգ էր եւ դանդաղօրէն ու դժուարութեամբ հանրայայտութիւն ձեռք կը բերէր։ Արտադրիչ Մայլս Քոուփ-լենտ որոշեց երգին հոլովակը նկարել շատ շքեղ եւ ոճային մեքենայով։ Ընտրութիւնը կանգ առաւ Ժակուար S-Type-ի վրայ, որով Սթինկ կը սլանայ դէպի անապատ։ Հոլովակը նկարահանելէ ետք պարզ դարձաւ, որ ան աւելի շատ նման է մեքենայի գովազդի, քան երաժշտական տեսահոլովակի։ Հոլովակի տնօրէնը, հնարամտութեան մը դիմելով, առաջարկեց Ժակուար ընկերութեան նմանատիպ գովազդային հոլովակ մը թողարկել՝ անվճար օգտագործելով երգի հեղինակային իրաւունքները։ Արտադրողներուն համար հետաքրքրական էր գաղափարը: Ուստի զայն անմիջապէս կեանքի կոչեցին։ Ինչպէս երեւցաւ դէպքերու յետագայ ընթացքէն, սա փոխշահաւէտ գործարք էր։
Երգը դարձաւ հազարաւորներու սիրելին՝ իր տարբերուող մեղեդայնութեան եւ նորարարութեան շնորհիւ։ Ան գեղեցիկ է, ինչպէս իր անունը՝ «Անապատի վարդը» եւ նոյնքան ալ խորհրդաւոր։
«... Ես կ՚երազեմ սիրոյ մասին,
մինչդեռ ժամանակը կը սահի ձեռքերուս մէջէն...»։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան