«ՄԱ՛ՅՐ, ԽՂՃԱ ԻՆԾԻ, ՄԻ՛ ՍՊԱՆՆԵՐ ԶԻՍ» (ՎԻԺՈ՞ՒՄ, ԹԷ՞ ՄԱՐԴԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ)

Գրա­գի­տու­թիւ­նը միայն ուս­ման եւ վկա­յա­կան­ներ ստա­նա­լուն չի՛ վե­րա­բե­րիր, ոչ ալ պաշ­տօն­նե­րու հաս­նե­լու զէն­քե­րէն մին կը հան­դի­սա­նայ, այլ ան ա­ղեր­սուած է կեան­քի բազ­մաբ­նոյթ շեր­տե­րուն եւ ե­րե­ւոյթ­նե­րուն հետ։ Անգրա­գի­տու­թեան ու ան­պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան իբ­րեւ ար­դիւնք՝ այ­սօր, դժբախ­տա­բար, ա­կա­նա­տես­նե­րը կը դառ­նանք կա­մա­կա­յան հա­ճոյ­քի մը պատ­ճա­ռաւ մա­նուկ­նե­րու ար­հես­տա­կան ընդ­հատ­ման խնդրին՝ վիժ­ման ու ա­պա մահուան։ Այս ե­րե­ւոյ­թը հե­տե­ւանքն է նաեւ այ­սօ­րուայ «աշ­խար­հիկ մարդ» ստեղ­ծե­լու եւ «աս­տուա­ծաս­պան» ըլ­լա­լու ձե­ւա­ւո­րուող ար­ժե­հա­մա­կար­գին. ուր մար­դու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ մեր­ժուած է եւ ա­նոր հո­գեմ­տա­ւոր էա­կի վե­րա­ծուի­լը ոտ­նա­կո­խուած ու չա­րա­շա­հուած է։

Աղ­ջիկ­նե­րու նկատ­մամբ տղայ ե­րա­խա­նե­րու ու­նե­ցած գե­րա­պա­տուու­թեան թիւր մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, բժիշկ-հի­ւանդ «կա­շա­ռա­կե­րուած» յա­րա­բե­րու­թիւ­նը, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան զար­գա­ցած տեխ­նո­լո­կիա­նե­րու սխալ եւ ան­վե­րահս­կե­լի կի­րա­ռու­մը, մարդ­կա­յին ի­րա­ւուն­քի բա­ցար­ձա­կե­ցումն ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան ան­տե­սու­մը, կա­նանց ի­րա­ւուն­քի խախ­տու­մը եւ խտրա­կա­նու­թեան դրսե­ւո­րու­մը, աս­տուա­ծա­բա­նա­կան, մար­դա­բա­նա­կան, բա­րո­յա­գի­տա­կան եզ­րա­շեր­տե­րու լու­սանց­քայ­նա­ցու­մը, այ­սօր, տե­ղի կու տան ու կ՚ա­ռաջ­նոր­դեն ա­պա­գայ մայ­րը դէ­պի սե­փա­կան զաւ­կի սպա­նու­թեան ճա­նա­պարհ։  

Յղիու­թեան ար­հես­տա­կան ընդ­հա­տու­մը հին դա­րե­րէն սկսեալ կը կի­րա­ռուէր: Հին Յու­նաս­տա­նի եւ Հռո­մի մէջ ան սո­վո­րա­կան ե­րե­ւոյթ մըն էր, ո­րով­հե­տեւ, այդ ժա­մա­նա­կուայ մար­դոց ըն­կալ­մամբ՝ պտու­ղը միայն մարդ­կա­յին ծնուն­դէն ետքն էր, որ մարդ կը հա­մարուէր: Քրիս­տո­նէու­թեան տա­րած­ման հետ մէկ­տեղ ար­հես­տա­կան վիժ­ման նկատ­մամբ պե­տու­թեանց մօ­տե­ցու­մը ամ­բող­ջա­պէս փո­խուե­ցաւ եւ ան նոյ­նա­ցաւ մար­դաս­պա­նու­թեան հետ: 16-րդ դա­րուն եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ յղիու­թեան ար­հես­տա­կան ընդ­հատ­մա­նը դի­մող կի­նե­րը նոյ­նիսկ մա­հա­պա­տի­ժի կ՚են­թար­կուէին: 20-րդ դա­րուն կարգ մը եր­կիր­ներ վի­ժու­մը օ­րի­նա­կա­նա­ցու­ցին: Սա­կայն Լա­տի­նա­կան Ա­մե­րի­կա­յի, Ա­սիոյ, Ափ­րի­կէի եւ Եւ­րո­պա­յի ո­րոշ պե­տու­թեանց մէջ ար­հես­տա­կան վիժ­ման դի­մող կա­նանց եւ զայն կա­տա­րող բժիշկ­նե­րուն հա­մար տա­կա­ւին խիստ սահ­մա­նա­փա­կում­ներ կան։

Հա­մաշ­խար­հա­յին բժշկա­կան հաս­տա­տու­թեանց տուեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ ա­մէն տա­րի մօ­տա­ւո­րա­պէս 175 մի­լիոն յղիու­թիւն­նե­րէն առ­նուազն 75 մի­լիո­նը ան­ցան­կա­լի է, ո­րուն հե­տե­ւան­քով 40-50 մի­լիոն ար­հես­տա­կան ընդ­հա­տում­ներ կը կա­տա­րուին: Երբ հարց տանք իր զա­ւա­կը վի­ժեց­նող մօր կամ ե­րի­տա­սարդ աղջ­կան, թէ ի՛նչն էր պատ­ճա­ռը, որ զինք մղած էր նման քայ­լի։ Հե­տե­ւեալ պատ­ճա­ռա­բա­նուած-պա­տաս­խան­նե­րը կը ստա­նանք. «Անհ­րա­ժեշտ էր, քա­նի որ ու­րիշ ելք եւ այ­լընտ­րանք չու­նէի», «Ա­ռա­ջին ե­րա­խաս նոր ու­նե­ցած էի», «Խա­բուած էի», «Ա­մուս­նոյս աշ­խա­տան­քը այն­քան ալ լաւ եւ բա­րե­յա­ջող չէր», «Ֆի­նան­սա­կան խնդիր­ներ կա­յին, միակ տար­բե­րա­կը սա էր», «Եր­կու աղ­ջիկ ու­նէի, եր­րորդ աղ­ջի­կը ցան­կա­լի չէր…»։­

Ե­րա­խան կեանք է, իսկ վի­ժու­մը՝ սպա­նու­թիւն։ Քու իսկ ձեռ­քովդ կա­տա­րուած չծնած զաւ­կիդ մա­հո­վը՝ մա­հուան թոյլ տուած կ՚ըլ­լաս, որ ան ա­ռե­ւան­գէ զինք։ Այդ­պի­սով, ան­մեղ ե­րա­խադ խա­ւա­րէն մթու­թիւն կ՚անց­նի՝ Աս­տու­ծոյ պար­գե­ւած լոյ­սը չտես­նե­լով։ Պահ մը զինք ո­րո­վայ­նիդ մէջ ու­նե­ցար ու կրե­ցիր, ա­նոր գո­յու­թեամբ ու­րա­խա­ցար, բայց այ­նու­հե­տեւ գի­տակ­ցա­բար զինք մա­հուան ոսկ­րոտ գիր­կը նե­տե­ցիր։ Եր­կա­թէ մա­գիլ­նե­րով եւ կեան­քի գի­շա­տիչ ա­տամ­նե­րով ա­պա­գայ ի­մաս­տու­նը կեան­քէն կտրե­ցիր՝ մար­մինդ ա­նոր կա­ռափ­նա­րա­նը եւ ժա­մա­նա­կա­ւոր դա­գա­ղը դարձ­նե­լով։ Իւ­րա­քան­չիւր ե­րա­խայ կ՚ու­զէ իր մօր վի­զէն թա­թիկ­նե­րով փաթ­թուիլ, սա­կայն ան­խիղճ դա­հի­ճը իր եա­թա­ղա­նով ժպտա­շուրթն մա­նու­կիդ ձեռ­քե­րը կտրեց՝ հա­կա­սե­լով Աս­տու­ծոյ «Մի՛ սպան­ներ» պա­տուի­րա­նին։ Ան մայ­րա­կան կա­թը ճա­շա­կել կ՚ու­զէր, ա­նով սնա­նիլ ու մեծ­նալ, ան­մեղ սրտով կուրծ­քիդ հպիլ, բայց դա­ժան եր­կա­թի կտո­րը խո­ցեց իր փոք­րիկ աս­տուա­ծա­դիր սիր­տը։ 

Բեղմ­նա­ւո­րուած սաղ­մը եւ ա­պա զար­գա­ցող պտու­ղը ինք­նու­րոյն ապ­րե­լու կա­րո­ղու­թիւն ու­նի՝ նա­խախ­նա­մու­թեան հրաշ­քով։ Սաղ­մը իր գո­յու­թեան ա­ռա­ջին իսկ վայր­կեան­նե­րէն սկսեալ կ՚ա­ճի եւ ա­նընդ­մէջ կը զար­գա­նայ։ Ան բջիջ­նե­րու աս­տի­ճա­նա­բար զար­գա­ցող ըն­թացք ու­նի, ուս­տի, իր յատ­կա­նիշ­նե­րը հետզ­հե­տէ ար­տա­յայ­տե­լու ու­նա­կու­թեամբ օժ­տուած է: Մայր ա­րա­րա­ծը ըն­դա­մէ­նը զինք իր ո­րո­վայ­նին մէջ կը կրէ՝ իր ա­պա­գայ ե­րա­խա­յին զար­գաց­ման պայ­ման­ներ ա­պա­հո­վե­լով: Սաղ­մին՝ ան­կախ էակ ըլ­լա­լու մա­սին կը փաս­տէ նաեւ բնա­խօ­սա­կան (physiological) այն հան­գա­ման­քը, որ պտու­ղը մօր ար­գան­դի պա­տե­րուն հետ կապ չու­նի, այլ իր զար­գաց­ման սե­փա­կան մի­ջա­վայ­րը ու­նի, իսկ մօր ա­րիւ­նը պտու­ղի ա­րեան հետ եր­բեք չի խառ­նուիր։

Ա­պա­ցու­ցուած է նաեւ, որ պտու­ղը՝ այդ կեն­դա­նի էա­կը ցա­ւի, վտան­գի, ան­հանգս­տու­թեան զգա­ցո­ղու­թիւն ու­նի: Պտու­ղը միշտ իր կեան­քին ուղ­ղուած վտան­գը կը զգայ եւ կը փոր­ձէ պաշտ­պա­նուիլ: Ա­մե­րի­կա­ցի հռչա­կա­ւոր ման­կա­բարձ-բժիշկ Պեռ­նարտ Նա­թան­սո­նը հա­զա­րէ ա­ւե­լի յղիու­թեան ար­հես­տա­կան ընդ­հա­տում կա­տա­րած է եւ բա­ցա­ռիկ ֆիլմ մը նկա­րա­հա­նած է։ Ժա­պա­ւէ­նը ցոյց կու տար, թէ լոյս աշ­խարհ չե­կած ե­րա­խան՝ զգա­լով մա­հուան վտանգն ու մղձա­ւան­ջը, կը ջա­նար խոյս տալ վի­րա­բու­ժա­կան գոր­ծի­քէն։ Պտու­ղը տագ­նա­պի մատ­նուե­լով՝ այս ու այն կողմ կը նե­տուէր եւ սիր­տը շատ ա­րագ կը տրո­փէր։ Ֆիլ­մի ցու­ցադ­րու­թե­նէն ետք, բազ­մա­թիւ բժիշկ­ներ իս­կոյն հրա­ժա­րած են ար­հես­տա­կան ընդ­հա­տում, վի­ժում կա­տա­րե­լէ:

Իսկ ա­մե­րի­կա­ցի ակ­նա­ռու բժիշկ Փոլ Ռո­քուէ­նը իր կա­տա­րած եր­կու ամ­սա­կան սաղ­մի վիժ­ման ըն­թաց­քը կը նկա­րագ­րէ՝ ը­սե­լով. «­Սաղ­մը եր­կու ամ­սա­կան էր։ Ըն­կեր­քը բռնե­ցի եւ տե­սայ, թէ ինչ­պէ՛ս պտղա­պար­կի հե­ղու­կին մէջ ման­րա­դի­տա­կա­յին չա­փե­րու՝ 3.8 սմ. եր­կա­րու­թիւն ու­նե­ցող, ա­րա­կան սե­ռին պատ­կա­նող սաղ­մը բա­ւա­կան ա­րագ կը լո­ղար։ Ան լրիւ ձե­ւա­ւո­րուած էր, եր­կար կո­նա­ձեւ մատ­ներ ու­նէր։ Ա­նոր մաշ­կը հա­մա­րեա թա­փան­ցիկ էր, իսկ մատ­նե­րու ծայ­րե­րէն դիւ­րու­թեամբ կա­րե­լի էր տար­բե­րել բա­րակ ե­րակ­ներն ու զար­կե­րակ­նե­րը։ Ման­կի­կը իր շար­ժու­նա­կու­թիւ­նը կը ցու­ցադ­րէր, կար­ծես իս­կա­կան լո­ղորդ մըն էր։ Մէկ շրջապ­տոյ­տը մէկ երկ­վայր­կեան ա­րա­գու­թեամբ կը լո­ղար։ Երբ ըն­կեր­քը պատ­ռուե­ցաւ, կեան­քէն կտրուե­ցաւ ու զրկուե­ցաւ՝ կրկին սաղ­մի տեսք առ­նե­լով»։­

Աս­տուա­ծա­բա­նա­կան տե­սան­կիւ­նէն դի­տուած՝ մարդ էա­կին կեն­դա­նու­թիւ­նը, շար­ժու­նա­կու­թիւն եւ զար­գա­ցում ա­պա­հո­վո­ղը մարդ­կա­յին հո­գին է, ո­րուն մա­սին Ղա­զար Ճահ­կե­ցի կ՚ը­սէ. «­Հո­գին ան­մար­մին էու­թիւն է, ան­մահ, մշտա­շարժ։ Հո­գին կեն­դա­նի է, սկզբնա­ւոր եւ ան­մահ»: Ա­ռանց հո­գիի մար­մի­նը չի կրնար էակ հա­մա­րուիլ։ Հո­գին է մարմ­նին կեն­դա­նու­թիւն տուող նա­խա­պայ­մա­նը: Ե­թէ սաղ­մին մէջ առ­կայ չէ հո­գին, ա­պա ան կեն­դա­նի էակ չի կրնար հա­մա­րուիլ։

Խնդի­րը այլ տե­սան­կիւ­նէն դի­տար­կենք եւ պար­զա­բա­նենք. ընդ­հան­րա­պէս սկզբնա­ւո­րուած իւ­րա­քան­չիւր նիւ­թա­կան ա­րա­րած են­թա­կայ է զար­գաց­ման կամ մա­հուան: Հե­տե­ւա­բար, ե­թէ զար­գա­ցում կայ, ա­պա ան ար­դէն իսկ կեն­դա­նու­թեան առ­հա­ւատ­չեան է։ Բա­նա­կան հո­գին Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րակ­րու­թեան ա­ռա­ջին պայ­մանն է, ան յե­տոյ չի ստեղ­ծուիր։ Ե­թէ այդ­պէս ըլ­լար, մար­մի­նը ժա­մա­նա­կի ո­րե­ւէ մէկ հա­տուա­ծին մէջ ա­ռանց հո­գիի կ՚ապ­րէր: Կեն­դա­նու­թեան գրա­ւա­կան չու­նե­ցող ոե­ւէ մէկ մար­մին չի կրնար զար­գա­նալ. ա­ւե­լին՝ փտե­լու են­թա­կայ է: Այս ի­րո­ղու­թեան վկան մահն է, ո­րով­հե­տեւ երբ հո­գին մարմ­նէն դուրս կու գայ, մար­դը մե­ռած կը սե­պուի, իսկ ա­նոր ան­հո­գի մար­մի­նը կը փտի։ Յա­կո­բոս ա­ռա­քեալ կ՚ը­սէ. «Մար­մի­նը ա­ռանց հո­գիի մե­ռած է» (Յկ 2.26)։ Առ այդ, հո­գին սաղ­մին մէջ ներ­կայ է բեղմ­նա­ւոր­ման պա­հէն իսկ՝ կեն­դա­նու­թիւն ու զար­գա­ցում տա­լով ա­նոր։

Գրի­գոր Տա­թե­ւա­ցի խօ­սե­լով կեան­քի եւ բեղմ­նա­ւոր­ման մա­սին՝ գե­ղեց­կօ­րէն կը բա­ցատ­րէ. «­Քա­նի որ կազ­մա­ւո­րող զօ­րու­թիւ­նը, որ նիւ­թի մէջ է, ազ­դուե­լով ա­րար­չա­դիր հրա­մա­նէն, նախ կը կազ­մէ եւ կը պատ­րաս­տէ նիւ­թը՝ ըն­դու­նե­լու հա­մար տնկա­կա­նը (սնուն­դը) եւ ա­պա զգա­յա­կա­նը, որ­մէ ետք բա­նա­կա­նը՝ աս­տուա­ծա­յին ծա­գու­մով…։ Ինչ­պէս ցո­րե­նի հա­տի­կը իր մէջ զօ­րու­թեամբ խո­տը, ծա­ղի­կը, հաս­կը ու­նի եւ ա­սոնք հա­տի­կի մը մէջ միաս­նա­կան են (զօ­րու­թեամբ), որ ժա­մա­նակ մը ետք հեր­թա­կա­նու­թեամբ կը ծաղ­կին։ Նոյն­պէս ի­մա նաեւ հո­գին: Ինչ­պէս հո­ղի վրայ տնկը-ւած տուն­կը նախ կը դա­լա­րի, եւ երբ հաս­տա­տուի՝ կը ծաղ­կի ու կը պտղա­բե­րի: Նոյն­պէս հո­գին ան­կա­տար նիւ­թի հետ կը սնուի, եւ երբ հաս­տա­տուի զգա­յու­թեամբ՝ կը ծաղ­կի, երբ բա­նա­կա­նու­թեամբ ա­ւե­լի կը հաս­տա­տուի՝ կը պտղա­բե­րի աս­տուա­ծա­յին խնամ­քով, ինչ­պէս պտու­ղը՝ ա­րե­գա­կէն»:

Ե­թէ ա­մուս­նու­թեանդ բուն նպա­տա­կը որ­դեծ­նու­թիւ­նը չէ. այլ՝ սե­փա­կան հա­ճոյ­քը, ան եր­բեք սէր չի կո­չուիր, ո­րով­հե­տեւ սէ­րը ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն կ՚են­թադ­րէ։ Մարդ­կա­յին սէ­րը լոկ մարմ­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն չէ, այ­լեւ հո­գե­ւոր տա­րածք է։ Սէ­րը մարդ­կա­յին ա­մէն եր­ջան­կու­թեան աղ­բիւրն է եւ տար­բեր դրսե­ւո­րում­նե­րու ար­մա­տը։ Այդ դրսե­ւո­րում­նե­րէն մէ­կը քու եւ կնոջդ պտու­ղը հան­դի­սա­ցող նո­րա­կազմ ըն­տա­նիքն է, ո­րուն վար­դա­հիւ­թեղ կա­կաչ­նե­րը եւ ճռուո­ղիւն թռչուն­նե­րը նո­րա­ծին ու ան­մե­ղու­նակ ե­րա­խա­ներդ են։ Մա­նու­կիդ սպա­նու­թիւ­նը կը խե­ղա­թիւ­րէ, կը սրբապղ­ծէ քու եւ ա­մուս­նոյդ ի­րա­կան, նուի­րա­կան, փո­խա­դարձ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը՝ զայն վե­րա­ծե­լով ըն­դա­մէ­նը սե­ռա­կան կեան­քի ըն­թաց­քի։ Այդ վի­ճա­կը քեզ ո՛չ եր­ջան­կու­թիւն, ո՛չ հո­գա­տա­րու­թիւն, ոչ ալ կեան­քիդ ի­մաստ, ար­ժէք ու նպա­տակ կը հա­ղոր­դէ, այլ քեզ կը տա­նի դէ­պի ինք­նա­խա­բէու­թեամբ առլցուն բա­ւա­րա­րուա­ծու­թիւն։

Գի­տակ­ցուած վի­ժու­մը մա­հա­ցու մեղք է եւ դա­տա­պար­տե­լի է հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ կա­մա­ւո­րա­պէս գոր­ծող մօր, թէ՛ պար­տադ­րող հօր կամ ըն­տա­նի­քի ան­դա­մին եւ թէ վի­ժու­մը կա­տա­րող բժշկին։ Նման ա­րարք նե­րե­լի է այն ա­տեն, երբ զա­ւա­կի գո­յու­թիւ­նը մօր ա­ռող­ջու­թիւ­նը կամ կեան­քը կը վտան­գէ։

Պտու­ղի բեղմ­նա­ւո­րու­մը, ան­կախ սե­ռա­կան պատ­կա­նե­լիու­թե­նէն, Աս­տու­ծոյ թան­կա­գին պար­գեւն է՝ ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան թագն ու պսա­կը։ «Ա­նով էր որ Աս­տուած ա­մէն ինչ ստեղ­ծեց, ա­ռանց ա­նոր ո՛չ մէկ բան ստեղ­ծեց։ Կեան­քը ա­նով սկիզբ ա­ռաւ։ Եւ կեան­քը մար­դոց լոյսն էր» (Յհ 1.3-4)։ «­Քեզ ո­րո­վայ­նի մէջ չստեղ­ծած քեզ գիտ­ցայ, դուն քու մօրդ ար­գան­դէն չե­լած քեզ սրբե­ցի», կ՚ը­սէ Աս­տուած Ե­րե­միա մար­գա­րէի բեր­նով (Եր 1.5)։ Ե­թէ վի­ժած եւ չծնած ե­րա­խա­յիդ կեան­քը չխլէիր՝ թե­րեւս մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թեան ա­ղիւս­նե­րէն մին պի­տի դառ­նար։ Ե­թէ ա­նոր սիր­տը շա­րու­նա­կէր տրո­փել՝ կոտ­րուած ու երկ­փեղ­կուած սրտեր գու­ցէ իր­մով միա­նա­յին, ա­մո­քուէին։ Ե­թէ ա­նոր կեան­քի թե­լը չկտրէիր՝ մի գու­ցէ դառ­նար Աս­տուա­ծա­մօր նման լու­սեր­գակ բա­րի մայր մը։ Ե­թէ ա­նոր սար­սա­փա­հար ճի­չը լսէիր՝ այ­սօր կրնար շա­տե­րու կեան­քը փրկել եւ պաշտ­պա­նը դառ­նալ չծնե­լու վտան­գին մէջ ե­ղող ե­րախա­նե­րու ծնուն­դին։ Ե­թէ այ­սօր ան գիրկդ ըլ­լար, վստա­հա­բար իր­մով պի­տի պար­ծե­նա­յիր եւ ե­րա­նի տա­յիր ա­նոր գո­յու­թեան։

Սի­րե­լի՛ ըն­թեր­ցող, սրբա­կեն­ցաղ ճըգ-նա­ւոր մը կեան­քը չտե­սած եւ վի­ժուած ե­րա­խա­յի մը ձայ­նը մարմ­նա­ւո­րած է եւ զայն հաս­ցէագ­րած է այդ դժբախտ պա­հը ապ­րած ծնող­նե­րուն. «­Մա՛յր, խղճա ին­ծի, մի՛ սպան­ներ զիս։ Ես կ՚ե­րա­զէի, որ դուն զիս քու ձեռ­քե­րուդ վրայ դնե­լով՝ օ­րօ­րէիր եւ ջեր­մու­թիւնդ տա­յիր ին­ծի, բայց զիս յա­ւեր­ժա­պէս խա­ւա­րի սառ­նու­թեան մէջ նե­տե­ցիր։ Ե­րա­խա­նե­րուն օ­րօ­րոց­նե­րուն մէջ կը դնեն, իսկ իմ մար­մի­նը քա­ռա­տուած աղ­բա­մա­նի մէջ շպրտուե­ցաւ՝ ար­նա­շա­ղախ լա­թե­րու եւ հո­տած աղ­բի վրայ։ Ին­ծի հա­մար ոչ ոք լա­ցաւ։ Առ­նէտ­նե­րու ան­կուշտ ե­րա­խը իմ գե­րեզ­մանս դար­ձաւ։ Մայր բա­ռը ար­տա­սա­նե­լէն կը վախ­նամ, ո­րով­հե­տեւ միշտ կը յի­շեմ այն մա­գիլ­նե­րը, ո­րոնք պատռ­տե­ցին եւ բզկտե­ցին ամ­բողջ մար­մինս, ո­րուն պատ­ճա­ռը դուն էիր»։

Ա­պաշ­խա­րու­թեան եւ զղջու­մի ա­ղօթք­նե­րը քեզ կը փրկեն։ Ա­ղօ­թէ չծնած զաւ­կիդ հա­մար եւ ան երկն­քէն պի­տի ժպտայ։

 Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 6, 2017