ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԼԻՆ
Քաղաքամայր Երեւանի սրտին մէջ կայ հոգիները զիրար կապող եւ յոյզեր ու հպարտութեան անսահման զգացումներ արթնցնող կեդրոն մը, որ տակաւին իր դռները լայն չէ բացած հանրութեան առջեւ: Աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ, դերասան, երգահան, դիւանագէտ, Հայաստանի Ազգային հերոս՝ Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանն է այդ կեդրոնը, ուր գտնուող անոր կեցավայրի խորհրդանշական բանալին օրեր առաջ հանդիսաւոր կերպով, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ձեռամբ, պետական այրերու եւ կարեւոր հիւրերու ներկայութեամբ յանձնուեցաւ Շարլ Ազնաւուրին: Նոյն հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Շարլ Ազնաւուր իր որդիին՝ Նիքոլա Ազնաւուրին հետ յայտարարեց «Ազնաւուր» հիմնադրամի ստեղծման մասին, որու նպատակն է մեծ արուեստագէտին ստեղծած ժառանգութեան պահպանութիւնն ու ծանօթացումը:
Հիմնադրամը նպատակադրած է իրականացնել նաեւ կրթական, մշակութային եւ ընկերային ծրագիրներ: Նորաստեղծ այս հիմնադրամի տնօրէնն է՝ Քրիստինա Սարգիսեան:
Սոյն կեցավայր-թանգարանի բանալիները Ազնաւուրին փոխանցելով յայտարարուեցաւ, որ նոյն շէնքին մէջ գործելու պիտի սկսի Հայաստանի մէջ առաջին անմիջական կապ ստեղծող թանգարանը՝ նուիրուած Ազնաւուրի կեանքին ու գործունէութեան։
Կեդրոնը նաեւ պիտի ըլլայ աշխարհի մէջ առաջին թանգարանը, որուն հերոսը թանգարանի այցելուներուն անձամբ պիտի պատմէ իր կեանքի պատմութիւնը: Այդ պատմութիւններու թեքստերուն ձայնագրութիւնները Շարլ Ազնաւուրի ձայնով են, միեւնոյն ատեն եռաչափ ձեւաչափով հնարաւոր պիտի ըլլայ հատուածներ դիտել Ազնաւուրի պատմական համերգներէն, շարժանկարներէն, որոնց մէջ խաղացած է:
Ազնաւուրն ու իր ընտանիքը որոշած են երեւանեան թանգարանին նուիրաբերել իրենց բոլոր պարգեւները, անձնական իրերը եւ այն կարեւոր մասունքները, որոնք կը պատմեն Ազնաւուրի կեանքին եւ արուեստին մասին: Ազնաւուրի փարիզեան գրասենեակը արդէն սկսած է մաս առ մաս Հայաստան տեղափոխել իրերը, որոնց մէջ են Ազնաւուրի առաջին դաշնամուրը, նշանաւոր համերգներու պաստառներ, ձայնասկաւառակներ… Կեդրոնը դասական իմաստով թանգարան պէտք չէ ըլլայ, անոր մէջ նաեւ ձայնագրման սթիւտիօ մը պիտի ըլլայ, ուր այցելուները կրնան Ազնաւուրի երգերէն քաղել եւ ձայնագրութիւնները տանիլ իրենց հետ:
Քասքատի ձախակողմեան հատուածին վրայ՝ Այգեձոր թաղամասին մէջ գտնուող այս կեդրոնի շինարարութիւնը սկսած է 2007 թուականին եւ աւարտած՝ 2009 թուականին, կարմիր ժապաւէնը կտրուած է 7 Հոկտեմբեր, 2011 թուականին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի ու նոյնինքն Շարլ Ազնաւուրի ներկայութեամբ։ Ազնաւուրի տուն-թանգարանին արդէն իսկ պատրաստ շէնքը հինգ յարկերէ կազմուած է, որոնց մէջ են՝ թանգարանը, 120-150 հանդիսատեսի համար բացօթեայ համերգասրահը, ընդունելութիւններու սրահը, ինչպէս նաեւ երգիչին կեցավայրը՝ բնակութեան համար յարմարաւէտ ննջարանով, խոհանոցով եւ այլ կենցաղային հատուածներով: Շէնքը կը նայի դէպի Արարատ լեռ:
Այս կեդրոնին մէջ այցելուները հնարաւորութիւն կ՚ունենան տեսնելու Ազնաւուրի ընտանիքին անցած ուղին, թէ ինչպէ՛ս անոնք Պոլիսէն նաւով հասած են նախ Սալոնիկ, ապա Մարսէյլ, այնուհետեւ՝ Փարիզ, արտապատկերուած կը ներկայացուի այս ընտանիքին առաջին բնակարանը Փարիզի մէջ: Հիմնադրամի նախագահ Քրիստինա Սարգիսեան ըսած է, որ կեդրոնի առաջին սենեակը աւազէ պատկերներով պիտի ըլլայ, քանի որ աւազը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ խորհրդանշական նշանակութիւն ունի այն իմաստով, որ գաղթի ճանապարհին շատ ընտանիքներ մնացած են անապատներուն մէջ:
Տաղանդաւոր եւ հռչակաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուր Հայաստանի մէջ իր բարեսիրական գործունէութեան սկսած է 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժէն ետք: Ատոր յաջորդող երեսուն տարիներուն ընթացքին, անոր կողմէ ներդրուած ջանքերը ուղղուած եղած են երկրին մէջ իրականացուող բազմաթիւ բարեսիրական ու մշակութային ծրագիրներու: 2016 թուականին Ազնաւուրն ու իր որդիներէն՝ Նիքոլա Ազնաւուր որոշած են նոր լիցք տալ արուեստագէտին հայաստանեան գործունէութեան:
Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանը իր դռները կը բանայ 2018 թուականին, մինչ այդ երգիչը հայաստանեան այցերուն ժամանակ արդէն կրնայ բնակիլ իր հայրենի տան մէջ:
Իսկ Ազնաւուրի այս հայաստանեան այցը շատ յագեցած էր եւ երգիչը տուն կը վերադառնայ մեծ տպաւորութիւններով: Ան ոչ միայն ներկայ եղաւ «Աւրորա» մրցանաբաշխութեան եւ բեմին վրայ յայտարարեց այս տարուան մրցանակակիրին անունը, այլեւ այցելեց Տաթեւի վանքը, «ՏաԹեւեր» ճոպանուղին, Երեւանի մէջ ներկայ եղաւ «Պոհէմ» պալէին, որ բեմադրուած էր իր երգերու հիման վրայ, իր երգերու կատարման այլ համերգի մը նոյնպէս ներկայ եղաւ, հանդիպումներ ունեցաւ եւ ամէնուր յուզեց բոլորը, իր մէջ անգամ մը եւս հաստատելով հայ ըլլալու հպարտութիւնն ու փառքը:
ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԱԿՈՒՆՔՆԵՐ
(Հատուած՝ Շարլ Ազնաւուրի «Անցած օրեր» յուշագրութենէն, որ կը վերաբերի Հայաստան անոր առաջին այցին՝ 1967 թուականին):
Հիւրախաղերէն մէկուն աւարտին որոշած էինք երթալ Հայաստան: Պայմանագիրը կնքելու պահուն ստիպուած էի պնդել, որպէսզի տեսնեմ իմ նախնիներուն երկիրը: Կը զարմանայի, թէ ինչէ՞ն կը վախնան իշխանութիւնները: Ճիշդ է, որ հրաժարած էի երգերուս թեքստերը յանձնել գրաքըն-նութեան: Սակայն, ի դէպ, ի՞նչ բան գրաքննութեան պիտի ենթարկէին: Ծայրայեղ պարագային՝ «Սէրէն յետո՞յ»ն: Ճիշդ ատոր համար ալ չէի ուզեր յանձնել: Այդպէս, մինչեւ վերջին րոպէն չներկայացուցի կատարելիք երգերուս թեքստերը:
Երեւանի օդակայանը հասնելով, օդակայանի դռնակը բացուելուն պէս, երեսիս այնպիսի պաղ մը զարկաւ, որ չէի կրնար երեւակայել: Ի՜նչ միամիտ էի: Ի՜նչ անտեղեակ: Կը կարծէի, թէ Հայաստանը աւելի տաք երկիր է: Ձիւնը կը տեղար խոշոր փաթիլներով: Ի՛նչ փոյթ, կը փափաքէի գալ այս երկիր, ահա եւ եկած եմ:
Աստիճաններով իջած ատենս ձեռքերուս մէջ դրին մեծ ծաղկեփունջ մը: Արդէն իսկ շատ բան չէի կրնար տեսնել առատ տեղացող ձիւնին պատճառով, հիմա արդէն ոչինչ կրնայի տեսնել: Ծաղկեփունջս դրի զիս դիմաւորող կոմիտէի առաջին քարտուղարին գիրկը ու անոր երեսներուն երկու սառած ճողփիւն դրոշմելէ ետք ջանացի ետ չվերցնել անյարմարաւէտութիւն պատճառող նուէրս, դարձայ դէպի պաշտօնեաները, որոնք եկած էին զիս դիմաւորելու՝ «բարի եկար»ի խօսքերով, անշուշտ՝ հայերէն, վրան ալ՝ «Բարի եկաք ձեր տուն, ուրախ ենք, որ վերադարձած էք»:
Ի՞նչ վերադարձ: Ես հոս երբեք ոտք չէի կոխած, ոչ ալ՝ ծնողքս: Անոնք ինծի նման օտար երկիրներու ծնունդ էին: Հազիւ անջատուած էի պաշտօնեաներէն, մէյ մըն ալ ինկայ երկու հարիւր հոգիի մէջ, բոլորը՝ ազգականներ, այդպէս ըսին ինծի: Չէի երեւակայեր, որ այս երկրին մէջ, ուր նոյնիսկ իմ մեծ հայրերս չեն եղած, այդքան շատ ազգական ունիմ: Եւ սկսան «Շարլ ճան»,«սիրելի Շարլ», «ախպար ճան»երը, ձեռքսեղմումներ, վիզէս կախուիլ, պաչպչոց: Իւրաքանչիւրը բան մը ունէր ըսելիք, ամէնքն ալ հանդիպումներ կ՚ուզէին, որ ծանօթանամ գերդաստանի միւս անդամներուն՝ երախաներ, մեծահասակներ, ալ չեմ գիտեր ո՞վ:
Կը հրմշտէին, կը քաշքշէին, շատ աւելի գէշ, քան՝ «Օլիմփիա»էն դուրս եկած ատենս: Զիս ձեւով մը խցկեցին սեւ «Լիմուզին»ի մը մէջ, այն տեսակներէն, որ կը գործածէին կուսակցութեան կարկառուն անդամները: Այտան, գլխարկն ու մուշտակը ծուռ ու շիտակ, նմանատիպ «Այտա ճան», «սիրելի Այտա»ներէն ետք վերջին վայրկեանին նոյնպէս ինկաւ «Լիմուզին»ին մէջ:
Վերջապէս մեկնեցանք պանդոկ, ուր կը կարծէինք, թէ հանգիստ կ՚ըլլանք: Երանի՜: Սրահը պայթելու չափ լեցուն էր, բոլորն ալ՝ հեռաւոր ազգականներու շառաւիղներ: Չէինք երեւակայեր, որ Եղեռնէն յետոյ, որ այնուամենայնիւ ոչնչացուցած էր մեզէ հազարաւոր մարդ՝ երկրի բնակչութեան կէսը, յաջողած էր ցեղը նորացնել այդ աստիճան: Անուանենք այդ մէկը օրօրոցներու վրէժ: Անլուր տառապանքներով վերջապէս հասանք մեր սենեակ: Հազիւ ուֆ մը քաշած էի, երբ հեռաձայնը սկսաւ զարնել, զարնել եւ զարնել: Քաշեցինք բոլոր լարերը:
Լոգնալէ յետոյ կը մտածէի հանգիստ պատառ մը ուտել քրոջս եւ երաժիշտներուն հետ: Ա՜յդ պակաս էր, մենք պաշտօնական հրաւիրեալներ էինք: Այլեւս չեմ յիշեր, թէ ի՞նչ կերանք, բայց ինչ կը վերաբերի արմուկը բարձրացնելուն, գործ ունէի մեծ մասնագէտներու հետ: Աշխարհի ախոյեաններ էին: Ամէն մէկ գաւաթ, որ կը բարձրացուէր, պիտի ուղեկցուէր կենացով մը, հետեւաբար անհրաժեշտ էր, որ ես ալ իմ բաժին կենացը ըսէի:
Սակայն սեղանի մարզանքի այս տեսակը ծանօթ էր մեզի: Այդ գրեթէ անհնար վիճակէն դուրս գալու համար յիշեցի հայրս, որ իմ կարծիքով իր ամենէն յիշարժան կենացը ըսած էր աղջկանս՝ Սեդային, զոր այն ատեն տակաւին Փաթրիսիա կը կոչէինք, կնունքին առթիւ: Ուրեմն, 1956 թուականին Սեդան ինը տարեկան էր, երբ վերջապէս օր մը յարմարցուցինք զայն մկրտելու համար: Պարտադիր կերպով Հայ Առաքելական Եկեղեցի այցելելու համար մօտ քառասուն հոգիով՝ ազգականներով ու ընկերներով հաւաքուեցանք Լամարթին փողոցին վրայ, «Լիլա» հայկական նշանաւոր ճաշարանին մէջ:
Հօրս կազմակերպչական ջիղին պարտական էինք որկրամոլական այդ ճաշի ու վոտկայի, րախիի ու կարմիր գինիի անվերջանալի շիշերուն համար: Ան սեղանը կը գլխաւորէր որպէս կատարեալ սեղանապետ մը՝ ոեւէ հայու ու վրացիի համար անհրաժեշտ արարողապետ մը: Ոչ մէկ գաւաթ կը բարձրացուէր առանց վերջինիս հրամանին, անոր խօսքը պարտադիր պայման էր խմելու համար, եւ տակաւին պէտք էր սպասել կենացի աւարտին: Թամադանը պէտք է ըլլայ քերթող, հռետոր, քիչ մը դերասան, փափաքելի են նաեւ երգիչի եւ աշուղի շնորհները: Հայրս վարպետ էր այդ գործին մէջ, ունակ էր գաւաթը ձեռքին ժամեր շարունակ շունչը պահած ձգել ներկաները: Փաթրիսիայի մկրտութեան ընթացքին ան մեզի պարգեւեց իր լաւագոյն ելոյթը: Ամէն դաւանանքի եւ ազգի մարդիկ հաւաքուած էին սեղանին շուրջ: Նախուտեստներով, ազգային կերակուրներով, պանիրներով, աղանդերներով, սուրճով եւ քոնիաքով ինը ժամ նստած մնացինք սեղանին շուրջը եւ ոեւէ մէկուն միտքէն չանցաւ բողոքել: Հայրս գործի դրած էր իր ողջ գիտելիքն ու տաղանդը՝ յուզելու, զուրաճացնելու եւ հետաքրքրելու լսարանը եւ այս բոլորը՝ վերընթաց կերպով: Նախ այդ մէկը սեղանին շուրջ գտնուողներուն կենացներն էին, անոնց լաւ կողմերուն գովքն ու թերացումներուն նզովքը: Յետոյ խմեցինք Եղեռնի դժոխքին զոհ գացածներու հոգիի հանգստութեան համար, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր գինիի գաւաթին մէջ թաթխեց հացի պզտիկ կտոր մը եւ դրաւ պնակին ծայրը: Կը խմէինք բոլոր անոնց համար, որոնք արժանի էին հայ ըլլալու եւ որոնք հայրս կը հայացնէր նոյն դիւրութեամբ, որով ինք կ՚ուզէր ֆրանսացի դառնալ: Իւրաքանչիւր կենացէ յետոյ գաւաթները նորէն կը լեցուէին, յիշատակն ու գովքը անդադար կը յաջորդէին իրարու: Խմեցինք թաղին կենացը, ուր կը բնակէինք, քարէ կամուրջին, ուրկէ անցած էին, նաւուն, որ մերինները փոխադրած էր Մարսէյլ, երկաթուղիին, որ զիրենք հասցուցած էր Փարիզ, եւ անշուշտ՝ Ֆրանսային, զիրենք հիւրընկալած արուարձաններուն, Ալֆորվիլին, Իսի-լէ-Մուլինոյին եւ այլ վայրերուն կենացները: Հետաքրքրական էր, թէ մեզ մինչեւ ո՞ւր պիտի տանէր հօրս երեւակայութիւնը: Այս ամէնը կ՚ուղեկցուէր բանաստեղծութիւններով եւ երգերով, ինչ որ կը կատարէին հիւրերէն ոմանք:
Ի՜նը ժամ: Ինը ժամ նստած, ինը ժամ խմելով ու ամէնքն ալ կրնային հիանալիօրէն մարսել թէ՛ կենացները, թէ՛ խմիչքը:
Նայուածք մը նետելով այն շիշերուն վրայ, որ սպասաւորները կը շարէին ետեւս, զիս կը հետաքրքրէր, թէ հայրս ինչպէս պիտի աւարտէ իր ելոյթը: Եւ հայրս փայլուն կերպով եզրափակեց այդ օրը՝ վերջին երեք գաւաթը բարձրացնելով ջուրի, կազի եւ ելեկտրականութեան համար: Ֆրանսայի սեղանապետերը այլ երկիրներու սեղանապետներուն նախանձելու առիթ ունին, եւ ես վստահ եմ, որ այդ առաջին եւ շատ գեղեցիկ ելոյթը երբեւէ իրեն նմանը չունեցաւ:
Հայրս սովորոյթ մը ունէր ածականներ տալու իր ծանօթներուն եւ ընկերներուն, օրինակի համար՝ «արջ Պետրոս», «էշէկ Սիմոն» եւ շատ ուրիշներ: Սիմոնը երբեք յիմար մարդ մը չէր, ո՛չ, ուղղակի անոր այդ մէկը բաժին ինկած էր եւ Ֆրանսա ապրելու տարիներուն բոլոր ընկերները անոր «էշէկ Սիմոն» կ՚ըսէին: 1947 թուականին Հայաստան գալէ ետք, ան պանդոկի ճաշարանը աւագ մատուցող էր:
«Ես էշէկ Սիմոնն եմ», ինծի մօտենալով ըսաւ ան: Այտան ու ես զինք ճանչնալով ու տեսնելով շատ ուրախացանք: Ան ականջիս ըսաւ. «Մեծ մայրդ պանդոկի սրահն է, բայց պաշտօնեաները գոցած են ազգականներուդ ճանապարհը»:
Այտային հետ ելանք ու գացինք ծանօթանալու հօրս մօրը հետ, որ իննսունվեց տարեկան, շատ բարձր ձայնով, ժիր ու մնլիկ կին մըն էր, զոր կրնայի մէկ ձեռքով բարձրացնել: Պաչպչոցէն ետք ան մեզի ըսաւ, թէ Օփերայի մէջ, ուր պէտք էր ելոյթ ունենայի, բոլոր տեղերը բաժնուած էին կուսակցականներուն, իսկ իմ ընտանիքիս անդամները նոյնիսկ աթոռի մը չէին արժանացած:
Կուսակցական թէ անկուսակցական, յաջորդ առաւօտեան վերջնագիր մը, աւելի ճիշդ՝ երկու վերջնագիր ներկայացուցի: Օփերայի բեմին վրայ դրուած էին ամենէն միջակ կարգի դաշնակ մը ու Սթէյնուէյ տեսակի դաշնակ մը, ինծի յատկացուցին միջակը, քանի որ ես դասական արուեստագէտ չէի: Օփերայի մէջ շատ արագ հասկցան, որ հայկական ծագումս չի խանգարեր խիստ տաքարիւն կերպով բանեցնել պոռալու եւ ձայնս բարձրացնելու զուտ փարիզեան արուեստը: Հայաստանի մէջ, ինչպէս ամբողջ Խորհրդային Միութեան մէջ, մարդիկ ակնածալից վախ ունէին պոռացողներէն: Դաշնակը փոխուեցաւ, ինչ կը վերաբերի մերձաւորներուս տեղերուն, եօթը տեղ պոկեցի առաջին կարգին ճիշդ մէջտեղը ու կուսակցական որոշ ջոջեր ղրկուեցան աւելի համեստ տեղեր:
Այդ պահէն սկսեալ՝ բոլոր համերգներուն փոքրամարմին մեծ մայրս վեց ուրիշ ազգականներուս հետ առաջին կարգի վրայ էր: Այսպիսով, այնտեղ ըլլալուս ողջ ընթացքին մեծ մայրս դահլիճին մէջ՝ իմ դիմացս նստած էր:
Երեւանի մէջ ուսանողները Օփերայի պատերը խծփծած էին. «Տեղերը կուսակցութեան համար են, սակայն Ազնաւուրը մերն է»:
Այդ կարճ ճամբորդութեան ընթացքին ես չկրցայ Երեւանը տեսնել: Առատ ձիւնը կը պղտորէր տեսողութիւնս: Զիս մխիթարելու համար կը կրկնէի Համայն Ռուսաստանի ցարին խօսքերը, որ համանման պայմաններու ներքոյ Հայաստան կատարած ճամբորդութեան ընթացքին ըսած էր. «Ի՜նչ ընենք, ես չտեսայ Արարատը, սակայն Արարատ լեռն ալ ցարը չտեսաւ»: Այդպիսի իշութիւն մը դուրս տալու համար կարիք չկար ցար ըլլալու, ես կ՚ըսէի՝ «Ձիւնը չձգեց տեսնեմ Արարատ լեռը, այդ օրուընէ ետ կը բերեմ կորսնցուցածս»:
Ասիկա Բրուստ չէ, ասիկա չի մնար տարեգրութեան մէջ, բայց ասիկա ճշմարտութիւն է:
ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԽՕՍՔԸ
Մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարեմ Հայաստանի մէջ «Ազնաւուր» հիմնադրամի ստեղծման մասին։ Համահիմնադիրը որդիս է՝ Նիքոլա Ազնաւուրը: Հիմնադրամը կը շարունակէ 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժէն ի վեր իմ կողմէ իրականացուող բարեսիրական գործունէութիւնը: Հիմնադրամի նպատակը պիտի ըլլայ աջակցիլ Հայաստանի բնակչութեան աւելի խոցելի խաւերուն, ինչպէս նաեւ Շարլ Ազնաւուրի երեւանեան կեցավայրին մէջ թանգարան ստեղծել: Այս թանգարանը կը հիւրընկալէ մշակութային ու կրթական միջոցառումներ եւ կը դառնայ Երեւանի կարեւորագոյն տեսարժան վայրերէն մին: Այս նախաձեռնութիւնը Հայաստանի ապագային հանդէպ իմ նուիրուածութեան վկայութիւնն է, որ յոյսով եմ, կը խրախուսէ Սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը եւ կը հետաքրքրէ աշխարհի բոլոր կողմերէն այցելուները:
Այս որոշումը կայացուցած եմ մեծագոյն վստահութեամբ՝ տեսնելով վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ իրականացուած հրաշալի կրթական ծրագիրները, պատմական յուշարձաններուն վերականգնումն ու նոր ենթակառուցուածքներու ստեղծումը: Ամէնքս մեր համատեղ ջանքերը պէտք է ուղղենք հայրենիքի զարգացման, որպէսզի հայ երիտասարդներուն հնարաւորութիւն ընձեռնենք հայրենի երկրին մէջ, հարազատ մարդոցմով շրջապատուած, իրենց երազանքները կեանքի կոչելու:
Կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել այս նախագիծի բոլոր աջակիցներուն՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ անոր աշխատակազմին, մշակոյթի եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն։ Այս նախագիծը իրականութիւն չէր դառնար առանց մեր գործընկերներուն, որոնց մէջ՝ մեր ռազմավարական գործընկեր IDeA հիմնադրամի համահիմնադիրները, մեր բարեկամներ՝ Ռուբէն Վարդանեանի, Վերոնիքա Զոնապենտի եւ Նուպար Աֆէեանի, որոնք կը սատարեն այս ճանապարհին առնուած մեր ամէն մէկ քայլին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024