«ԱՆՀԱԿԱԿՇՌԵԼԻ ՈՒԺ»ԻՆ ՈՒԺԸ - 1 -
ՍԹԵՆՖԸՐՏԻ ԲԱՆՏԻ ԳԻՏԱՓՈՐՁԸ
«Մարդուն իսկական նկարագիրը երեւան
կու գայ, երբ ստանձնէ «ուժի սանձը»։
ԱՊՐԱՀԱՄ ԼԻՆՔՈԼՆ
Մարդկութեան սրընթաց զարգացման ներկայ դարուն յաճախ ականատես կ՚ըլլանք այնպիսի ցաւալի դէպքերու, իրադարձութիւններու, որոնք մեզ յուսահատութեան կը մատեն՝ մարդ արարածի բարեփոխման եւ անոր ապագայի մասին։ Զանազան պայմաններու բերումով, ժամանակի ընթացքին դժբախտաբար կ՚ապականի մարդկային խիղճը, կը դրսեւորուին ատելութեան, բռնութեան կամ խտրականութեան վատ ու սխալ թշնամական ըմբռնումներ։ Թէ ինչո՞ւ։ Բաւական մտահոգիչ, երբեմն ալ անդառնալի հետեւանքներ կ՚ունենայ նոյնիսկ քաղաքակիրթ, ուսեալ անձերու «ապամարդկայնացում»ը։
Մարդ արարածը ինչո՞ւ կը բռնէ բռնութեան, արիւնահեղութեան կամ ռազմատենչ գաղափարներու ցաւալի «ճանարահ»ը։ Ինչո՞ւ կը յափշտակէ իր նմաններու իրաւունքները։ Այս հարցը տարբեր հայեացքներով խորապէս ուսումնասիրած եւ քննարկած են բազմաթիւ մասնագէտներ, որոնցմէ մին է փրոֆ. Ֆիլիփ Զիմպարտօ։
Սթենֆըրտ համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Ֆիլիփ Զիմպարտօ առաջ քշած է այն վարկածը, թէ նոյնիսկ ամենաազնիւ ու բարեսիրտ մարդը կրնայ դառնալ աշխարհի ամենաանգութ անձը, եթէ տիրանայ «անհակակշռելի ուժ»ի։ Այս տեսութիւնը փաստելու նպատակով Զիմպարտօ իրականացուցած է Սթենֆըրտի բանտի գիտափորձը, որու շնորհիւ ան ստացած է համաշխարհային ճանաչում։
Ֆիլիփ Զիմպարտօ 1971 թուականին իրականացուցած է «Սթենֆըրտի բանտային գիտափորձ»ը, որ կասկածի տակ կը դնէ անարդարութիւնը, սահմանափակ ազատութիւնը, բանտերու պայմանները եւ մանաւանդ՝ «վերագրուած ընկերային դեր»ի դրսեւորումները եւ զանազան ազդեցութիւններու տակ մարդու վարքագիծը։
Հետազօտութեան մասնակցելու նպատակով դիմած էին համալսարանի շուրջ 70 ուսանողներ, որոնցմէ թէ՛ հոգեպէս եւ թէ ֆիզիքապէս առողջ 24 հոգի արժանացաւ գիտափորձի մասնակցելու իրաւունքին։ Վիճակահանութեամբ «բանտարկեալի» եւ «բանտապահի» դերեր ստանձնած ուսանողները երկու շաբաթ պէտք է մնային համալսարանի Հոգեբանութեան կաճառի նկուղին կառուցուած «պայմանական բանտ»ին մէջ։ Զիմպարտօ մասնակիցներու համար ստեղծած էր շարք մը առանձնայատուկ պայմաններ, որոնք պէտք է պատճառ դառնային ապակողմնորոշման եւ զգօնութեան կորուստի։
Գիտափորձէն օր մը առաջ բանտապահներուն համար կազմակերպուած էր կարճատեւ նիստ մը, որու ընթացքին ըսուած էր, թէ որեւէ ֆիզիքական բռնութիւն կիրառել անթոյլատրելի է եւ բանտապահներու պարտականութիւնն է բանտէն ներս շրջայց կատարել՝ երբ կարիքը զգան։ Նիստի ընթացքին Զիմպարտօ կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Բանտարկեալները պէտք է զգան տխրութիւն, վախ, որպէսզի հասկնան, թէ իրենց կեանքը կը ղեկավարուի մեր կողմէ։ Այս մէկը, ընդհանուր առմամբ անոնց մօտ կը յառաջացնէ անզօրութեան զգացում, հետեւաբար այդ ձեւով մեր ձեռքը կ՚ըլլայ իշխանութիւնը, իսկ իրենց ձեռքը՝ ոչինչ»։
Փորձէն քանի մը օր առաջ բանտարկեալները առանց որեւէ զգուշացման, ձերբակալուեցան Փալօ Ալթօ քաղաքի ոստիկանութեան կողմէ՝ մինչ իրենց բնակարաններու մէջ կը սպասէին հետազօտութեան կանչուիլը։ Ոստիկանական ստուգումէ յետոյ անոնք փոխադրուեցան դէպի «բանտատեղի»։
Գիտափորձի առաջին օրը հաճելի էր թէ՛ «բանտարկեալներ»ու եւ թէ «բանտապահներ»ու համար։ Ուսանողներ արագօրէն իւրացուցին իրենց դերերը, սակայն օր ըստ օրէ սկսան յառաջանալ իրապէս թէժ եւ անկանխատեսելի իրավիճակներ։ Բանտապահներէն ոմանք սկսան դաժան վերաբերմունք ցուցաբերել բանտարկեալներու նկատմամբ։ Բանտարկեալներէն մի քանին փոխարինուեցան նոր անդամներու հետ, քանի որ անոնց թէ՛ հոգեկան եւ թէ ֆիզիքական առողջութիւնը խանգարուած էր։ Հետեւաբար գիտափորձը դադրեցուեցաւ նախատեսուածէն աւելի կանուխ, որովհետեւ իրավիճակը վերահսկողութենէ դուրս ելած էր։
2009 թուականին լոյս տեսաւ Զիմպարտոյի «Լուսիֆըրի ազդեցութիւն» խորագրեալ աշխատասիրութիւնը, ուր հեղինակը մանրամասնօրէն նկարագրած է գիտափորձի ընթացքը եւ արդիւնքները։ Այսպէս, արդիւնքները ցոյց տուին, որ միջավայրի պայմանները առաւել կ՚ազդեն մարդու վարքագծի վրայ, քան անձի ներքնաշխարհի գործօնները։ Ըստ գիտափորձի արդիւնքներու, իւրաքանչիւր անձ իր ներաշխարհին մէջ ունի «ննջող» սատանաներ, որոնք ի յայտ կու գան շրջակայ միջավայրի բացասական ազդեցութեամբ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ