«Երեւան Տարազֆէստ 2016»ը՝ Արցախի Վերածնունդի Հրապարակին Վրայ
Արցախի մայրաքաղաքի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուած «Երեւան տարազֆէստ 2016» փառատօնին ծիրէն ներս՝ ուշ երեկոյեան ներկայացուած են ձեւաւորողներ Լիլիթ Մելիքեանի, Արամ Նիկոլեանի ու Վահան Խաչատրեանի տարազային եւ մանրանկարչութեան բաղադրիչ պարունակող հագուստներու հաւաքածոներու անհատական ցուցադրութիւնները, որոնք ուղեկցուած են «Միքայէլ Ոսկանեան եւ ընկերներ» երաժշտական խումբի կենդանի կատարումներով:
Փառատօնի ծիրէն ներս կազմակերպուած ցուցահանադէս-վաճառքն ու ազգային տարազի եւ արդի հագուստի ցուցադրութիւնները մեծ ոգեւորութեամբ ընդունուած են թէ՛ ստեփանակերտցիներու, թէ՛ Արցախի մայրաքաղաք այցելած զբօսաշրջիկներու կողմէ:
Կարեւոր համարելով «Երեւան տարազֆէստ 2016» փառատօնը Արցախի մայրաքաղաքին մէջ իրականացնելու որոշումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան իր հերթին համոզմունք յայտնած է, որ ձեռնարկը լրացուցիչ խթան կը հանդիսանայ երկու մայրաքաղաքներու մշակութային համագործակցութեան հետագայ խորացման եւ ընդլայնման համար:
«Տէրեան մշակութային կեդրոն»ի տնօրէն, ձեւաւորող Լիլիթ Մելիքեան նշած է, որ փառատօնը իսկապէս յաջողած է՝ տարազի տարրերու միջոցով ազգային մշակոյթի հարուստ ժառանգութեան հաղորդակից դարձնելով արցախցիներն ու քաղաքի հիւրերուն նուիրելով ազգային ինքնատիպ տօն:
«Երեւան տարազֆէստ 2016» փառատօնը, որ երկրորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ «Երեւանեան ամառ» եռամսեայ ծրագրին ծիրէն ներս, Երեւանի քաղաքապետի Լեռնային Ղարաբաղ կատարած պաշտօնական վերջին այցին ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութեամբ այս անգամ հիւրընկալուած է Ստեփանակերտի մէջ:
«Երեւան տարազֆէստ 2016» երկրորդ փառատօնին իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած են Ստեփանակերտի քաղաքապետարանը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Տնտեսութեան եւ Մշակոյթի ու երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնները։